ԱԶԳ ՕՐԱԹԵՐԹ - ՄՇԱԿՈՒՅԹ

https://www.azg.am | WAP | WAP-CULTURE

#16, 2009-12-19 | #1, 2010-02-27 | #2, 2010-03-13


ԼՌԵԼԸ ՈՍԿԻ՞ Է

Մխիթարեան միաբանութեան ազգային գանձերուն ճակատագիրը

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐՅԱՆ

Հակառակ հայկական առածի հաւաստումին, այս պարագայինՙ անկասկած Ո՛Չ : Աւելի ուղիղ պիտի ըլլար ըսել, թէ լռելը այս պարագային անհոգութիւն է, անտարբերութիւն, անհեթեթութիւն, անհաւասարակշռութիւն, անհաւատարմութիւն, անհասկացողութիւն, անակնածութիւն, անգեղագիտութիւն, անխոհեմութիւն, սնանկութիւն, աննախատեսութիւն, անպարտաճանաչութիւն, անփութութիւն, անգթութիւն, մեղսակցութիւն, մէկ խօսքովՙ դաւաճանութիւն հայ արժէքներու հանդէպ: Դարերու ընթացքին կուտակուած հայ ժողովուրդի գանձերը ո՛չ միայն յանձնուած են բախտի քմայքին, այլեւ ենթակայ են կամաւոր լուծարքի ահհատներու կողմէ, որոնք ո՛չ միայն չեն դատապարտուիր օրէնքի առջեւ, այլեւ անուղղակի կերպով քաջալերանք կը ստանան Մխիթարեան միաբանութեան «ղեկավարութեան» կողմէ, որովհետեւ այս վերջինները իրենց անհոգութեամբ եւ դիտաւորեալ անտարբերութեամբ քաջալերած կ,ըլլան լուծարքի «ոճիրը»:

Այո, խօսքս կ,երթայ Մխիթարեան միաբանութեան հազարամեայ գանձերուն, որոնք այսօր նետուած են թէ՛ Վիեննայի եւ թէ՛ Վենետիկի վանքերու փոշեթաթախ խոնաւ սենեակներուն մէջ: Եթէ առիթը ունեցած էք տեսնելու եւ վայելելու այս գանձերէն մաս մը, չէք կրնար անտարբեր մնալ եւ չյուզուիլ այսօր, երբ կը տեսնէք ընհանուր վիճակը այդ գանձերուն, որոնք աչքի լոյսի պէս պահուած էին անցեալին, հաւատաւոր եւ նուիրեալ միաբաններու կողմէ: Իսկ այսօրՙ միաբան հայրերու թիւի նուազումով, ղեկավարութեան անհոգութեան եւ անփութութեան հետեւանքով, անգնահատելի եւ անգտանելի այս արժէքները նետուած են հոս ու հոն փոշեթաթախ խոնաւ սենեակներու անկիւնները: Ահաւասիկ մեր դարաւոր գանձերուն այս անկազմակերպ վիճակը լաւագոյն առիթը կ՛ընծայէ անխիղճ միաբաններու, եթէ կարելի է զանոնք միաբան կոչել իրենց ապրելակերպով եւ համոզումներով, որոնք անձնական շահեր ակնկալելու դիտաւորութեամբ կը ծախեն այդ անգնահատելի արժէքները: Վերջապէս, ո՞վ պիտի սաստէ զիրենք:

Եթէ ինծի պէս առիթը ունեցած էք բազմիցս մտնելու եւ աշխատելու այս գանձատուներուն մէջ, չէք կրնար լուռ եւ անտարբեր մնալ կատարուած կողոպուտներուն հանդէպ: Անցեալ տարի եւրոպական, մասնաւորաբար գերմանական եւ հայկական մամուլը լայնօրէն անդրադարձաւ (*) Վիեննայի վանքէն կատարուած լայնածաւալ գողութիւններուն մասին (մանրամասնութեանց համար կարդալ իմ նախորդ յօդուածներէսՙ «Ո՞վ է գողը» www.hetq.am կայքէջին վրայ): Անշուշտ, ոստիկանութեան եւ դատարանային հետապնդումներու շնորհիւ կարելի եղաւ յայտնաբերել եւ, դժբախտաբար միայն մասամբ, կրկին ձեռք ձգել մշակոյթի եւ արուեստի ազգային եւ միջազգային այդ անգնահատելի գանձերը, որոնք դարեր ամբողջ գուրգուրանքով պահուած, պահպանուած ու արժեւորուած էին Մխիթարեան վաստակաւոր միաբաններու կողմէ:

Երկար պիտի ըլլար թուարկումը անհետացած թանկարժէք գիրքերուն, քարտէսներուն, իրեղէններուն, արուեստի գործերուն: Զորն ասեմ, զո՛րն խոստովանիմ: Ինչպէ՞ս առաջքը առնել այս դիտաւորեալ լուծարքին, անշուշտ, աւելի ճիշտ պիտի ըլլար ըսելՙ այս կողոպուտին: Շատ մօտիկ անցեալին տեսանք, թէ ինչպէ՛ս թանկարժէք գիրքեր վաճառուեցան ձախ ու աջՙ զանազան անհատներու: E-bay ի վրայ ալ կրնաք գտնել գիրքեր, հրատարակուած թէ՛ Վենետիկի եւ թէ՛ Վիեննայի մէջ, որոնք այսօր սպառած են եւ չկանՙ ո՛չ միայն ծախու, այլեւ մատենադարաններու մէջ: Հետեւաբար, ինչպէ՞ս օգնել պարկեշտ միաբաններուն, որոնք նո՛յնքան կը տառապին ի տես այս կողոպուտին եւ դժբախտաբար անկարող են առաջքը առնելու այս լուծարքին:

Նկատի ունենալով իմ առաւել քան քսան տարիներու շատ մտերիմ կապերս Մխիթարեան միաբանութեան հետ, կը թելադրեմ անյապաղ ստեղծել մասնագէտներէ եւ իրաւաբաններէ բաղկացած արտաքոյ կարգի յանձնախումբ մը, ներառնելով պարկեշտ մէկ կամ երկու ներկայացուցիչ միաբանութենէն, խուսափելու համար այն դաժան իրողութենէն, որ պատահեցաւ անցեալին, եօթանասունական թուականներէն սկսեալ, երբ հանգուցեալ Հ. Պօղոս Վրդ. Անանեան Աբբահօր օրով տեղի ունեցան կալուածային մեծածաւալ ձեռքբերումներ ինչպէս նաեւ շինարարական ձեռնարկներ, որոնց գլխաւոր նպատակն էր մնայուն եւ հասութաբեր եկամուտներ ապահովել միաբանութեան համար: Դժբախտաբար սոյն մեծղի գործարքներու մատակարարման համարՙ գործարարական ոլորտի (business world) փորձէ զուրկ միաբաններու կողքինՙ չհրաւիրուեցան մասնագէտ աշխարհականներ, որոնք կարենային մօտէն հետեւիլ եւ որոշ ապահովութիւն մը ընձեռել վերոյիշեալ ծրագիրներուն: Այս բոլոր ձախողութիւնները Մխիթարեան միաբանութիւնը ակնյայտ սնանկութեան մը սեմին հասցուցին: (**) Ահաւասիկ, այդ նոր յանձնախումբը անմիջապէս պիտի լծուի աշխատանքիՙ ցանկագրելու մեր հազարամեայ բոլոր գանձերը, նոյն ատեն մտահոգուելով անոնց առողջ պահպանութեամբ, հաշուետու ըլլալով նաեւ օրէնքի առջեւ, որեւէ խախտումի պարագային: Միայն այսպիսի վեհանձն եւ նուիրեալ խմբակի մը աշխատակցութիւնը պիտի կարենայ առաջքը առնել նոր գողութիւններու եւ կողոպուտներու:

2000 թուականի Միութենէն (***) ետք, յստակ ու վաւերացեալ սահմանադրութեան եւ կանոնագրութեան մը չգոյութիւնը պատճառ դարձաւ նաեւ, որ անընդհատ օրէնքի խախտումներ տեղի ունենան զանազան մարզերու մէջ, ըլլան անոնք միաբանական ներքին կեանքէն ներս եւ կամ առաքելավայրերու մէջ տեղի ունեցած դժուարութիւններու պարագային, ի վերջոյ առիթ տալով, որ անխոհեմ եւ անպատասխանատու «ղեկավարը» ըստ կամս տնօրինէ ամէն ինչ, տնտեսապէս վնաս հասցնելով այդ գործի յաջողութեան, նոյն ատեն հարցականի տակ դնելով ամբողջ միաբանութեան վարկը:

Կը յուսանք, որ մեր ակնկալութիւնները ի դերեւ չեն ելլեր, երբ այս տարեվերջին, միակամ եւ միահամուռ, Մխիթարեան միաբանութիւնը իր վիզէն կը թօթափէ ծանր անուրը, որ պարտադրաբար դրուած է Արեւելեան Խորհուրդի ներկայացուցիչին կողմէ. այլ խօսքովՙ նշանակովի «ղեկավարին» հրաժարականը անգամ մը եւս կը պահանջէ, եւ անոր տեղ կ,ընտրէ տիպար եւ արժանաւոր հոգեւորական մը, որպէսզի միաբանութիւնը պատրաստէ ազգային կեանքի եւ մատղաշ սերունդի դաստիրակութեան նոր մարտահրաւէրներուն:

Այս նոր աշխատանքին մէջ իր կարեւոր եւ մեծ դերը պիտի ունենայ նաեւ արտաքոյ կարգի յանձնախումբը, որ իր կարգին զօրավիգ պիտի կանգնի արժանաւոր նորընտիր Աբբահայրին, որպէսզի անոր քայլերը ըլլան աննկուն, մեկին եւ արդիւնաշատ:

(*) Ի դեպ, հայկական մամուլում առաջինը «Ազգն» անդրադարձավ այդ գողություններինՙ վիեննական մամուլի օգտագործմամբ: (Ծ. Խ.)

(**) Արդարեւ, 80-ականներին վերոհիշյալ գործարքների ծանր հետեւանքները հազիվ հնարավոր եղավ մեղմելՙ համազգային ճիգերով: (Ծ. Խ.)

(***) Ակնարկությունը վերաբերում է Վենետիկի ու Վիեննայի միաբանությունների միջեւ շուրջ 200-ամյա տարակարծությունները հարթելու որոշմանՙ զույգ միաբանությունների համար մեկ ընդհանուր աբբահոր նշանակմամբ: (Ծ. Խ.)


© AZG Daily & MV, 2009, 2011, 2012, 2013 ver. 1.4