ԱԶԳ ՕՐԱԹԵՐԹ - ՄՇԱԿՈՒՅԹ

https://www.azg.am | WAP | WAP-CULTURE

#8, 2010-06-12 | #9, 2010-06-26 | #10, 2010-07-10


«ՆԵՐԱՇԽԱՐՀ»-Ի ԾՆՈՒՆԴԸ

Ինտրայի գլուխգործոցի` «Ներաշխարհ»-ի, ծնունդը ինքնին մի հետաքրքրական եւ ուսանելի պատմություն է, որ տասնամյակներ անց թղթին հանձնել եւ հրապարակել է Տիրան Չրաքյանի մտերիմ ընկերներից ճանաչված երգահան, դաշնակահար ու մանկավարժ Ստեփան Բաբելյանը: Հենց «Ներաշխարհ»-ի ծնունդը» խորագիրը կրող ուշագրավ այդ հոդվածն առաջին անգամ տպագրվել է Պոլսի Ազգային հիվանդանոցի 1937 թ. տարեգրքում, ապա վերահրատարակվել 1943 թ. Կահիրեի «Արեւ» օրաթերթում` Վահան Թեքեյանի գնահատական երկտողով. «Հետեւեալը տարածուելիք եւ պահուելիք էջ մըն է, ամենակարեւոր նաեւ հայ գրականութեան պատմութեան համար: Զայն կը հանենք վեց տարի առաջուան (1937) Պոլսոյ Ազգ. Հիւանդանոցի Տարեցոյցէն, մէկ քանի հոգիի գոհացումին համար միայն»:

Քսան տարի անց` 1963 թվականին, հոդվածը արվեստասեր ընթերցողներին է ներկայացվել եւս երկու անգամ` «Արեւ»-ի ապրիլի 22-ի եւ 23-ի, ինչպես նաեւ Բեյրութի «Շիրակ» ամսագրի սեպտեմբեր-հոկտեմբերի համարներում: «Արեւ»-ի հրապարակումը, որն ունի «Ներաշխարհ»-ի ծնունդը. Ռ.Պէրպէրեան եւ Չրաքեան» խորագիրը, ներկայացվում է խմբագրական հետեւյալ նախաբանով.

«Ձմեռները երկու հաճոյք ունի մեր մեծ գրողներու սերնդակից եւ այսօրուան մեր գրականութեան նահապետը` Միք. Կիւրճեան - Աստուծոյ պարգեւած արեւ ու մեր «Արեւ»ը, զորս կուգայ ըմբոշխնել լիովին, ամէն ձմեռ:

Այս օրերուն ան դարձեալ կը գտնուի Գահիրէ եւ «Արեւ»ի հաւաքածոներուն մէջ թաղուած կապրի իր հին օրերը, մերթ ընդ մերթ ապրեցնելով նաեւ մեզ այդ հին օրերու վայելքով:

Ահա այդ վերապրումը տալու սահմանուած է ստորեւ տրուած յօդուածը, զոր Պր. Կիւրճեան կը հանէ «Արեւ»ի 1943ի հաւաքածոյէն»:

«Շիրակ»-ի «Ներաշխարհ»-ի ծնունդը» ուղեկցվել է նաեւ Միքայել Կյուրճյանի ուշագրավ հուշերով` Տիրան Չրաքյանի հետ իր առաջին ծանոթության, հետագա մտերմության, Եգիպտոսում Տիրանի հետ անցկացրած օրերի ու նրա ստեղծագործական որոնումների, ինչպես նաեւ «Ներաշխարհ»-ի գրության ծրագրի սկզբնավորման վերաբերյալ: Երկու հրապարակումներում էլ հոդվածի հետ զետեղված է Վահան Թեքեյանի վերոհիշյալ երկտողը:

Ստորեւ ներկայացվում է «Շիրակ»-ի 1963 թ. հրապարակումը, որն առավել ամբողջական պատկերացում է տալիս Ինտրայի «Ներաշխարհ»-ի ծնունդի ու դրան նախորդած հանգամանքների մասին:

ՊԵՏՐՈՍ ԴԵՄԻՐՃՅԱՆ


«Հետեւեալը» երկար յօդուած մըն է, գրուած Պէրպէրեանի նախկին աշակերտ եւ դաշնակի ծանօթ ուսուցիչ Ստեփան Բաբելեանէ` «Ներաշխարհ»ի ծննդեան պարագաներու մասին, զոր բարեբաստիկ դիպուածով մը Թէքէեան գտած էր Տարեցոյցի մը մէջ, ուր թաղուած եւ մոռցուած պիտի մնար յաւէտ, ինչպէս եղած էր «Արեւ»ի 1943 ի մէկ թիւին մէջ, մինչեւ այն օրը, որ նոյնպէս բարեբաստիկ դիպուածով մը` թերթին հին հաւաքածոներուն մէջ պրպտումներուս ընթացքին զայն վերագտնելու ուրախութիւնը ունեցայ: Կարդացած էի ժամանակին եւ անջնջելի տպաւորութիւն մը կրած անկէ: Վերահրատարակել տուի զայն, յուսալով, հակառակ ողբացեալ բարեկամիս յոռետեսութեան, որ ոչ թէ «մէկ քանի հոգիի», այլ բազմաթիւ գրասէրներու գոհացում պիտի տրուի:

Կը խորհիմ որ անոնք պէտք եղած շահագրգռութեամբ կարդացին այդ էջը. «իրօք տարածուելիք եւ պահուելիք էջը», որ թանկագին փաստաթուղթ մըն է արեւմտահայ գրականութեան պատմութեան համար: Ան գերազանցապէս յուզիչ էր միեւնոյն ատեն, որովհետեւ վաւերաթուղթ մը, գրաւոր վկայութիւն մը ըլլալու հանգամանքին կը միացնէր բարոյական, աւելի ճիշդ` հոգեկան ցնցող տռամի մը յոյժ տպաւորիչ նկարագրութիւնը,- տռամՙ որում դերակատարներն էին մեծ վարժապետ մը եւ մեծ աշակերտ մը, Ռ.Յ.Պէրպէրեան եւ Տիրան Չրաքեան, եւ ականջալուր ու արձանագրող վկան` Պէրպէրեանի ուրիշ աշակերտ մը` Ստեփան Բաբելեան: Գերազանցապէս յուզիչ ըսի եւ չեմ կարծեր չափազանցած ըլլալ: Կարելի չէ արդարեւ առանց յուզումի կարդալ (հուսկ) տռամին երկու արարներուն նկարագրութիւնը, զոր Բաբելեան ըրած է զգայուն եւ տաղանդաւոր գրագէտի մը վայել ոգիով եւ լեզուով: Բայց ինծի համար մասնաւորապէս, անոր ընթերցումը, երկրորդ անգամը ըլլալով, եղաւ (խենթա)պէս յուզիչ, որովհետեւ մէջս վերստին արթնցուց յիշատակները հեռաւոր անցեալի, ուր մօտէն ճանչցած եմ տռամին դերակատարները, ինչպէս եւ զայն պատմողը:

Այդ անցեալին մշուշապատ խորութիւններէն կը յառնի լուսաշող դէմքը եւ վեհ ճակատը իմ մեծանուն Վարժապետիս, Ռ.Յ. Պէրպէրեանի, «մեծապայծառ իմացականութիւն»ով [1], տեսլապաշտ հոգիով, բայց տեսիլքը իրականութեան վերածելու հզօր կամքով մը օժտուած մարդը, որ (ի ծննդէ) սափրիչի մը զաւակ, իր հաւատքին եւ իր ներզօրութեան միայն յենելով, հիմնեց եւ հետզհետէ բարգաւաճեցուց երկրորդական վարժարան մը, որ երկար տարիներ իմացական լոյս եւ բարոյական ջերմութիւն ջամբեց բազմաթիւ սերունդներու, եւ եղաւ ու մնաց միակ եւ անյաջորդ անհատական կարեւորագոյն կրթական հաստատութիւնը թրքահայութեան:

Կ'ոգեկոչեմ Տիրան Չրաքեանը, իր «առթիսթ»ի գրաւիչ, հմայքոտ սիլուէթովը եւ հագուածքովն եւ շարժուածքովը. նրբակազմ, ճապուկ եւ վայելուչ, թաղեայ գլխարկէն դուրս յորդող բայց շնորհալիօրէն յարդարուած մազերով, իր խուզարկող եւ թափանցող աչքերով, իր նուրբ շրթներով, որոնց վրա ժպիտ եւ հեգնութիւն կը փթթին յար Տիրան Չրաքեանը, Պէրպէրեան վարժարանին ազգին պարգեւած արժեքաւոր շրջանաւարտներուն մինին (փայլուն յուշանկարը): Ան որ դեռ ուսանող, իր անձին շուրջ ստեղծած էր հիացիկ հետաքրքրութիւն մը եւ ակնկալութիւն մը, (յետ) փառքի կոչուած ապագայ արուեստագէտ մը, նկարիչ մը. որովհետեւ Չրաքեան կանուխէն յայտնուած էր իբր մեծապէս օժտուած գծագրիչ մը, նկարիչ մը: Դպրոցէն ելլելէն վերջն ալ շարունակեց ատեն մը մշակել իր նախասիրութեան առարկա այդ արուեստը, բայց տակաւ առ տակաւ, Թէոֆիլ Կօթիէի պէս, որուն մեծ հիացող մըն էր, պիտի լքէր զայն եւ յաւէտ գրականութեան նախազգալով բնազդաբար զինքը կարող պիտի ընէր տալու իր ամբողջ չափը եւ երկու գլուխգործոցներով - «Ներաշխարհ» եւ «Նոճաստան» - հարստացնելով մեր գրականութիւնը:

***

Չրաքեանը ճանչցած եմ 1895-ին, Պէրպէրեանէն հազիւ շրջանաւարտ եղած: Կը բնակէինք այն ատեն Իսկիւտար, Սելամսըզ թաղը, դրացի էինք Ս.Բաբելեանի եւ ուրիշ պէրպէրեանականի մը` ծանօթ ուսուցիչ Արամ Նիկողոսեանի ընտանիքներուն. Չրաքեան մեզմէ քիչ մը հեռու կը բնակէր, տաճիկներու նոճեզարդ գերեզմաննոցին դիմացը: Բաբելեան, Նիկողոսեան եւ Չրաքեան, որոնք եթէ չեմ սխալիր դասընկերներ էին, սովորութիւն ունէին հաւաքուելու մերթ Նիկողոսեանի, մերթ Բաբելեանի բնակարանին մէջ եւ կազմած էին տեսակ մը մտաւորական ce՛ nacle [2], ուր բախտն ունեցայ ներմուծուելու, չեմ յիշեր որուն բարեացակամ հրաւէրովը կամ յանձնարարութեամբը, որովհետեւ, անկեղծօրէն խօսելով, ոչինչ ունէի, ոչ մէկ արժանիք որ զիս որակէր անձ մը տարիներ առաջ դպրոցէն ելած եւ արդէն ճանչցուիլ սկսած այդ երիտասարդներու ընկերութեան մէջ, եթէ ոչ գրականութիւն սիրողի, գրականութիւնը շատ սիրող եւ յաջողապէս մշակող ու վարժարանին մէջ միշտ իր կարգին առաջինը եղած ըլլալու պզտիկ համբաւ մը:

Ինչպէս ըսի, Չրաքեանը կը ճանչնայի որպէս նկարիչ միայն, եւ իբր այդ` ան առարկայ էր իմ սքանչացումիս, որովհետեւ պէտք է ըսեմ որ կարդալ-գրել սորվելէ շատ առաջ, իմ պզտիկ տղու սիրական զբաղումս եւ կրնամ ըսել զբօսանքս եղած էր թուղթ եւ մատիտ առնել եւ գծագրել. գլխաւորաբար շոգեկառք եւ շոգենաւ, եւ առանց համեստութեան դէմ մեղանչելու` կրնամ ըսել, որ ընտանեկան եւ բարեկամական շրջանակներու մէջ անուն հանած էի ... իբր ապագայ նկարիչ մը. այնքան բուռն էր թուղթ մրոտելու կիրքս:

Արդ, կրնաք երեւակայել թէ ինչ եղաւ զարմանքս եւ որքան ամրացաւ սքանչացումս Չրաքեանի համար, երբ ան օրին մէկը յայտնուեցաւ որպէս արդէն իսկ հասուն գրագէտ մը, որուն գրութիւնները կը հիւրընկալուէին օրուան կարեւոր թերթերուն մէջ, եւ որ յայտնութիւնը տեղի ունեցաւ իմ տգիտութեանս եւ միամտութեանս դէմ իմ տարեց ընկերներուս կողմէ լարուած դաւադրական պզտիկ խաղէ մը յետոյ:

Օր մը Նիկողոսեանի տան մէջ, ուր հաւաքուած էինք, ինծի տուին «Արեւելք»ի թիւ մը մատնանիշ ընելով ծածկանունով ստորագրուած յօդուած մը. հաւաստելով որ Յ.Մրմրեանն է հեղինակը, որուն` միստիկ ներշնչումով եւ ինքնատիպ ոճով մէկ գրուածքին, քանի մը օր առաջ կարդացած, գովեստը նոր ըրած էի իրենց. Արմաշի եկեղեցիին եւ հոն կատարուած արարողութեան մը նկարագրութիւնն էր, որքան որ կը յիշեմ, եւ աւելորդ է ըսել որ անոր ընթերցումը, ինչպէս անշուշտ կակնկալէին դաւադիրները, սքանչացումի խօսքեր` եթէ ոչ աղաղակներ խլեց միամիտէս: Սկսան խնդալ, եւ մէկերնէն մէկը քօղազերծեց ծածկանունին տակ թաքնուած հեղինակին ինքնութիւնը. հեղինակը` Տիրան Չրաքեան նկարիչն էր...

Քիչ մը ամօթահար եղայ անշուշտ, բայց մխիթարուեցայ խորհելով որ հեղինակին համար նախատական ոչինչ ունէր զինքը շփոթելու ծանօթ եւ յարգուած գրագէտի մը հետ:

Այս կատակերգական միջադէպէն ետքը` աւելի սերտացան իմ եւ Չրաքեանի մտաւոր յարաբերութիւնները, որ զիս աւելի կը շահագրգռէր եւ կը յանկուցանէրՙ քան դաստիարակ Նիկողոսեանը եւ դաշնակահար Բաբելեանը, որովհետեւ Չրաքեանի մէջ յայտնուեր էր, բարձր իսկ այնքան սիրելի վարիչէն, գրեթէ վարպետ մը գրականութեան, որուն սպասարկութեան բնազդաբար սկսած էի նախազգալ եւ ալ օր մը պիտի նուիրէի ինքզինքս: Սկսեր էի նոյնիսկ «Ճերմակին վրայ սեւ դնել», առանց սակայն համարձակելու գրածս լոյսին հանելու...:

Զգացի որ այդ օրէն ի վեր Չրաքեան աւելի մօտեցաւ ինծի. շատ հեղ, մեր հաւաքոյթներէն դուրս, ան առանձին կուգար ինծի այցելութեան, Պէրպէրեան վարժարանին գրեթէ կից շատ մօտ Պէյլըրի պարտէզին սկիզբը գտնուող մեր երկյարկանի տան մէջ, որ բաւական ընդարձակ եւ դալարագեղ պարտէզով մը պարգեւուած էր, լայն աթոռներու մէջ ընկողմանած, ծառերու շուքին տակ, կը խօսակցէինք եւ կը լռակցէինք, ես յուզումով եւ սքանչացումով լի, հարցնելով ինքզինքիս թէ բազմատաղանդ եւ հմայքոտ այդ երիտասարդը հետաքրքրութեան արժանի ի՞նչ կը գտնէր անշուք անփայլ պատանիին մէջ, որ ես էի եւ պէտք է երեւայի իր աչքին...:

Մեր մտերմութիւնը հազիւ թէ տարի մը տեւեց. օսմ. պանքային դէպքը պատճառ եղաւ որ ընտանեօք Եգիպտոս գաղթենք. բայց մեր յարաբերութիւնները շարունակուեցան թղթակցութեամբ, երբեմն ընդհատուած, բայց միշտ վերակոչած, մինչեւ առաջին մեծ պատերազմը: Վերապրող Չրաքեանը, շաբաթապահ եղաւ, մոռցաւ զիս բոլորովին, ինձմէ անհունօրէն աւելի մեծ բաներ մոռցաւ, ուրացած ըլլալով իր արուեստը, հանճարը, գործը: Սակայն 1897-ին, Չրաքեան, որ Եւրոպա գացած էր եւ Փարիզ ըրած անյաջող փորձէ մը յետոյ իբր պատկերազարդող գործ մը գտնելու, գացած էր Ժնեւ, ուրկէ գրեց ինծի քանիցս: Իր նամակներուն մէջ տեսակ մը մտապաշարմամբ (obsession) կը խօսէր Եգիպտոսի վրայ, յայտնի կընէր իր բուռն փափաքը Բուրգերուն եւ Սփինքսի երկիրը այցելելու, այն աստիճան, որ ես ալ կարօտը զգալով Պոլսոյ մեր մտերիմ ժամերուն, հրաւիրեցի զինք գալ եւ հիւրընկալուիլ մեր գաղթականի այն ատենուան համեստ բնակարանին մէջ, ուր կար սակայն տրամադրելի սենեակ մը. ընդունեց իսկոյն հրաւէրը եւ եկաւ:

Այն ատենին Չրաքեանի մէջ սկսած էր ուրուագծուիլ ապառնի Ինտրան: Սկիզբը, խանդավառած եգիպտական տեսարաններով եւ տիպարներով, ուզեց նկարչութեամբ զբաղիլ եւ եռանդով լծուեցաւ գործի. ձեռնարկեց իւղաներկ մեծ պատկերի մը, որ ուրուագծուած, կը ներկայացնէր գլխուն վրայ մեծ կուժ մը կրող բարձրահասակ գեղադէմ եգիպտուհի մը, Նեղոսին եզերքը, արմաւենիներով սլացիկ բնանկարի մը մէջ: Պատկերը գոյն եւ կեանք առնելու վրայ էր, սքանչացնելով զիս, երբ յանկարծ Չրաքեան ծուլացաւ, թուլացաւ: Արուեստագէտի խառնուածքներուն յատուկ մէկ քմահաճոյք մը կարծեցի սկիզբը եւ յուսացի որ պիտի անցնի ընդհուպ. բայց ոչ, քմահաճոյքը եղաւ անդառնալի որոշում. եւ նկարը մնաց անաւարտ: Իմ հարցումներուս տուած իր քիչ մը շփոթ եւ վարանոտ պատասխաններէն հասկցայ վերջապէս, որ նկարչութիւնը, որ յայնվայր թուած էր ըլլալ իր կոչումը եւ իր սիրական զբաղումը, դադրած էր իր կալանքը (emprise՛) Չրաքեանի վրայ. նկարչութիւնը, իբր առաւելապէս արտաքին աշխարհին պատկերացման նուիրուած արուեստ մը, որ լիովին չէր գոհացներ զինք. կը թուէր իրեն որ, արտայայտութեան իր սահմանափակ միջոցներովը` նկարչութիւնը անբաւական, անկարող պիտի ըլլար արտայայտելու ինչ որ կար իր հոգիին խորը, Անհունութեան, Յաւերժականին իր զգացումը եւ սէրը, իր միսթիք ոգեկանութիւնը եւ խորհրդապաշտութիւնը, ներհայեցողի իր տեսիլքները, իր խորաթափանց մտքին բոլոր վերացումները եւ գիւտերը, իր գերզգայուն էութեան թրթռացումները եւ սարսուռները, ի մի բան` ամէն ինչ որ տարիներ յետոյ պիտի արտայայտէր, պիտի քնարերգէր զմայլելիօրէն իր «Ներաշխարհ»ին եւ «Նոճաստան»ին մէջ:

Եւ օրին մէկը, բացատրելու համար երազանքի, խոկումի պահերը, ուր յանկարծ` խօսակցութեան մը ընթացքին` կը խորասուզուէր եւ կայլուրանար, լռութեան հրաւիրելով զիս, խոստովանեցաւ որ սկսած էր յղանալ գրական երկարաշունչ գործ մը որ իր տեսակին մէջ նոր պիտի ըլլար եւ ուր պիտի դնէր ինչ որ կը զգար իր մէջ ամէնէն աւելի խոր, էական եւ անձնական. այդ երկին յաճախանքն (Lente`se) էր որ ատեն-ատեն կուգար իր մտքէն վանել ինչ որ օտար էր անոր:

Այս երկն էր հաւանաբար, որ իր ուղեւորութեան եւ Եգիպտոս բնակութեան միջոցին սաղմնաւորուեցաւ, երբ վերադարձաւ Պոլիս, Չրաքեան ապահովաբար մտերիմներուն հաղորդեց գաղտնիքը, որ բոլոր գաղտնիքներուն պէս իմացուեցաւ եւ տարածուեցաւ գրասէր հասարակութեան մէջ, արթնցնելով մեծ հետաքրքրութիւն եւ անհամբեր ակնկալութիւն: Սակայն տարիները կանցնէին, ինչպէս կը պատմէ Բաբելեան եւ ստեղծագործական երկունքը չէր աւարտեր: Չրաքեանՙ անձնատուր ապրելու հաճոյքին, եւ սկիզբը դժբախտ սիրահարութեան մը անձկութիւններու մատնուած, կը մոռնար ինքզինքին եւ հայ գրականութեան հանդէպ ունեցած պարտաւորութիւնը: Եւ վաղուց ծանուցուած հրաշալի երախան աշխարհ չէր գար...

Չրաքեանի վարպետը` Ռ.Յ.Պէրպէրեան, բնականաբարՙ ամէնէն աւելի անձկալիցը եւ անհամբերն էր տեսնելու վերջապէս իրականացումը այն յոյսերուն զոր կապած էր իր էն փայլուն եւ խոստմնալից աշակերտին վրայ. զի Պէրպէրեան ուսուցչապետը հպարտ էր այն աշակերտներովը, որոնք կելլէին իր դպրոցէն եւ այս կամ այն կերպով շուք մը, փայլ մը աւելի կուտային անոր անունին եւ համբաւին:

Այն որ երգել կուտար իր աշակերտներուն վարժարանին փառաբանութեան ձօնուած երգը`

Տաճար հրաշագործ, վսեմ Յուշատուն,

Ուր կապարն յոսկի, նիւթն հոգի դառնուն, խորապէս կը տառապէր. հոգեւոր հօր մը պէս կը տառապէր, երբ տեսնէր որ ոսկիի փոխուած կապարը, ոգիի փոխուած նիւթը դարձեր եղեր են դարձեալ կապար եւ նիւթ:

Այս հոգեվիճակն է որ կը բացատրէ եւ կը լուսաւորէ Պէրպէրեանի եւ Չրաքեանի մէջ տեղի ունեցած տռամը, զոր պատմած է Բաբելեան այնքան տպաւորիչ կերպով:

Պէրպէրեան կը սպասէ, երկար կը սպասէ, եւ վերջապէս կը սպառէ իր համբերութիւնը, եւ օրին մէկը, երբ Չրաքեան կը հանդիպի, արամազդային ցասումի մը շանթերը կը տեղացնէ յանցապարտին վայրահակ գլխուն:

Ա՜հ, Պէրպէրեանին ցասումները... ամբողջ աշակերտութիւնը դողալով կապրէր անոնց յեղակարծ պայթումին ահուդողին մէջ: Ատեն-ատեն ընդարձակ վարժարանին լռութեան մէջ գոռ շեշտերով կը թնդար Տնօրէնին ձայնը, որ չէր այլեւս պերճախօս հռետորին արծաթահունչ ձայնը, ու կը թուէր (ատրաշէկ) [3] մետաղի կայծեր արձակել...: Ծոյլ, անկարգապահ կամ բարոյական յանցանքի վրայ բռնուած աշակերտ մըն էր որ կը կշտամբուէր անխնայ:

Այս տողերը գրողն ալ ճաշակած է անգամ մը, մին այս հոյակապ զայրոյթներէն, որու յիշատակը մինչեւ այսօր կամչցնէ զիս. ոչ ծուլութիւնն էր, ոչ անկարգապահութիւնը, ոչ ալ բարոյական սայթաքում մը որ եղաւ Տնօրէնին բարկութեան պատճառը. այլ մեր լեզուին դէմ ամէնայն անմեղութեամբ եւ թեթեւամտութեամբ գործած գրական կամ ... (քրէական) մէկ յանցանքս: Չարաբաստիկ օր մը, Պէրպէրեանի աւագ դասարանի աշակերտներուն իբր շարադրութեան նիւթ տուած էր գլխաւոր լեզուներուն մէկ բաղդատականը: Չեմ յիշեր ուր կարդացած էի եւրոպական կարգ մը լեզուներու մասին սրամիտ գրուածք մըՙ որուն համեմատ` (յիշողութեամբ կը գրեմ եւ չեմ երաշխաւորեր մէջբերումիս տառացի ճշդութիւնը) անգղիերէնը խօսելու էր թռչուններուն հետ, իտալերէնըՙ կիներուն, սպաներէնըՙ դիցուհիներուն, ֆրանսերէնըՙ չեմ գիտեր որոնց, եւ գերմաներէնը... ձիերուն հետ: Այս վերջին լեզուին եւ հայերէնին կարգ մը բառերուն հասարակաց խռպոտ խժալուր հնչիւններուն (ճ, ղ, չ) վրայ հիմնուելով` գրած էի որ հայերէնն ալ գերմաներէնին պէս խօսելու էր...: Եւ ահա՛ անխելք գլխուս պայթեցաւ Պէրպէրեանի փիլիպպականը [4]:

Ի՞նչպէս յանդգներ էի հայերէնը ձիերուն հետ խօսուելիք լեզու մը նկատել:

Իր զայրոյթը վրաս հեղեղելէ յետոյ, հանդարտած, Պէրպէրեան սկսաւ մեր «մեծասքանչ» լեզուին ամէնէն քաղցրահունչ, դաշնաւոր, մեղեդիական բառերը թուել, արտասանել հատիկ հատիկ (բեմբասացի) իր սովորական ձայնովը, կարծես ապացուցանելու համար ինծի, որ մեր լեզուն վար չէր մնար թռչուններուն, կիներուն, դիցուհիներուն հետ խօսելու արժանի լեզուներէն...:

Բայց վերադառնանք Չրաքեանի գլխուն եկածին եւ խօսքը տանք Բաբելեանին, որ կը պատմէ թէ իր բարեկամը ինչպէս նկարագրեր է իրեն` Պէրպէրեանի հետ ունեցած մրրկայոյզ տեսակցութիւնը:

***

«Իննսունական թուականներու վերջին կիսուն մանաւանդ Տիրան Չրաքեան` հեռացած աշխարհիկ կեանքի մը հաճոյքներու եւ վիպական արկածախնդրութեանց իր հրայրքներէն որոնցմով բեղուն էին եղած երիտասարդութեան առաջին տարիները նաեւ հրաժարած ընկերասիրական պահանջներէն, դարձեր էր յանկարծ մենասէր, ծանրախոհ, ինքնաբաւ ու անհամբոյր:

Ասոր պատճառները հասկցեր էին ոմանք իր ցանցառաթիւ մտերիմներէն: Զինքն համագրաւող սէր մը խոր, անրջային, որ կը մերժուէր իրեն, աղջկան հին - գլուխ եւ անողոք ծնողքներուն կողմէ: Յետոյ կարծեմ մանաւանդ - խոկմունքի մը աշխատութիւնն իր մէջ` գրական - իմաստասիրական երկի մը, որ զինքը միաժամանակ շղթայեր, առինքներ էր:

Պոլսոյ մտաւորական ընտրանին, որուն մասնաւոր հետաքրքրութեան առարկան էր դարձած Չրաքեան իր հրատարակած ներհուն եւ անձնադրոշմ յօդուածներով, քննադատութիւններով եւ բանաստեղծութիւններով, բերնէ - բերան տարածուած աղմուկներէ գուշակածՙ թէ ան արդէն իսկ նուիրուեր էր հոգեբանական երկի մը ստեղծումին, սպասեց գործին մարմնացումին, մեծ շահագրգռութեամբ: Անոր ինքնատիպ տաղանդին անվերապահ հիացում ունեցող մէկ երկու բարեկամներ որոնցմէ մինՙ ստորագրողս,- վստահ թէ իր գրչէն ելած ստեղծագործութիւնը հայ գրական - գեղարուեստական կեանքի փառքերէն մին պիտի ըլլար, ջանքեր թափեցին զայն աշխատութեան լծելու, ժամ առաջ ի լոյս ընծայելու համար գործը:

Սիրահարը քիչ յետոյ բախտը ունեցաւ հասնելու սիրոյ իր երազին, բայց գործին մարմնացման սպասող հետաքրքիրները չեղան նոյնքան բախտաւոր: Բոլոր հետապնդումները անհետեւանք մնացին: Կը պատասխանէր միայն` թէ ոչ պէտքը, ոչ փափաքը կը զգար գրելու: Յետոյ ամուլ տարիներ բարդուեցան իրարու վրայ եւ թաղեցին իրենց խաւերուն տակ գրագէտին ու անոր երկասիրութեան առթիւ ստեղծուած ամէն հետաքրքրութիւն եւ շահագրգռութիւն: Լռեցին սկեպտիկ գրիչներն ալ, որոնք յօրանջող օրաթերթերու զաւեշտական անկիւններէն մերթ կը լսուէին բարձրաղաղակ, հեգնելու համար «անգոյ եւ անգոյանալի» , մանաւանդ առ այդ կանխապէս վկայուած «անիմաստ եւ ծիծաղելի հիացումները»:

***

Աշնանավերջի փոթորկոտ իրիկուն մը ինծի եկաւ Չրաքեան: Դէմքը ունէր անսովոր արտայայտութիւն մը: Տժգոյն էր եւ մռայլ: Ինկաւ պատուհանին դէմ անկիւնի թիկնաթոռին վրայ, ուր սովոր էր նստիլ: Ապահովաբար կը վերադառնար մէկէն այն թափառումներուն, որոնք մերթ արշալոյսին կը սկսէին ու կը վերջանային իրիկնամուտին, եւ զորս կը կատարէր բուսական որոնումներու խօլական տենչով մը: Հոդ` նստաւ լուռ, վայրկեան մը: Սիկարէթ մը փաթթեց, վառեց, եւ գլուխը հակած` սկսաւ ծխել լռին: Հազիւ մերթ միավանկ մը կը ձգէր բերնէն, իբրեւ պատասխան պարապ խօսքի մը, զոր ատեն-ատեն, ընդհատելով ընթերցումս, կըսէի,- լռութիւնը խզելու եւ սթափեցնելու համար զինքը իբնոսացումի նմանող այս վիճակէն: Արդէն կը զգուշանայի ալ խուզարկու հարցումներ ուղղելէ իրեն, վերագրելով այս վիճակը մտամփոփման պէտքի մը, զոր կունենար մերթ, խոկմունքի եւ յղացման պահերու մէջ, եւ զոր կը յարգէի: Բայց նայուածքս չէի վերցներ դէմքէն` ուր յայտնապէս վիշտ ու յուզում կերեւար. շնչառութիւնը անկանոն էր եւ աչքերը ընդերկար անթարթ ու պաղած կը մնային պատուհանին շրջանակը գրաւող տեսարանին վրայ, հեռաւոր գորշ կապոյտ բարձունքներ եւ մշուշոտ անսահման տարտամութիւններ:

Երբեմն ալ արագ-արագ թարթելէ վերջ, որ պահուն խոնաւութիւն մը կը փայլէր անոնց մէջ, իբրեւ թէ մրափէր, եւ զանոնք, սթափելու համար այն ատեն միայն` երբ մատներուն մէջ մխացող մոռցուած սիկարէթին կրակը կը սպառնար այրել: Այն ատեն կը մարէր զայն մոխրակալին մէջ, նոր մը կը վառէր ու կիյնար վերստին նախկին ճարահատ վիճակին մէջ:

***

Մէկ - երկու ժամ անցեր էին այսպէս: Փոփոխութիւն մը նշմարեցի դէմքին արտայայտութեան մէջ: Վերակենդանութեան ցոլք մը փայլեցաւ հոն, ինծի թուեցաւ նոյնիսկ որ կը ժպտէր: Փափաքեցաւ լսել Պէթհովընի դիւցազնի մը մահուան առթիւ ստեղծած սոնաթը, զոր նուագեցի: Աւարտելէ վերջ ոտքի ելաւ յանկարծ ոստումով մը, դէպի պատուհանը ուղղուեցաւ, դիտեց վայրկեան մը պարտէզին ծառերը, որոնք սանձարձակ քամիէն կը խարազանուէին, կալեկոծէին, կը գալարէին: Վերադարձաւ յետոյ, եւ ճզմելով սիկարէթը, զոր դեռ նոր վառեր էր, ըսաւ խորապէս ազդու ձայնով մը, ուր որոշում մը կը հաստատուէր:

Մնաս բարով, Ստեփան, կը ներես որ այսօր քեզ ջղայնացուցի...

Ձայնը կը դողար. յուզումը չթողուց որ ամբողջացնէր: Համբերութիւնս հատեր էր:

- Պէ Տիրանս, ի՞նչ ունիս այսօր, ըսի ջղայնացած, բա՞ն մըն է պատահած արդեօք: Տասնըհինգ տարի է զիրար կը ճանչնանք, քեզ չէի տեսած այս ընկճուած վիճակին մէջ. չե՞ս կրնար գոնէ քիչ մը խօսիլ եւ զիս ալ տեղեակ պահել կացութենէդ. երիտասարդ ենք, միասին խորհինք, եթէ պէտք է` կռուինք. կրնանք յաղթական դուրս գալ ամէն պայքարէ...

Ինծի յառեց խորունկ աչքերը խանդակաթ քմծիծաղով մը: Անոնք լեցուեր էին արցունքով. ըսաւ շատ մեղմիւ.

Թող անցնի այս օրը: Հիմա չեմ կրնար խօսիլ: Սպասէ ինծի վաղը. կը յուսամ որ կարենամ գալ առաւօտուն: Կը խօսինք, շատ կը խօսինք, շատ կը խօսինք, շատ կը խօսինք, մնաս բարով...:

Ու ջլապինդ սեղմելով ձեռքս սառի պէս պաղ մատներով, դուրս ելաւ սենեակէն:

Պատուհանէս նշմարեցի իր հապշտապ հեռանալը, ուշ մնացողի մը աճապարող քայլերով:

***

Մրրկայոյզ երկար գիշերուան մէջ (Սկիւտար), շղթայազերծ քամին իր ահեղասաստ ու կործանարար տարրերովը բնութեան մէջ արշաւեր, ծառեր զգետներ ու աւերներ էր գործեր: Արշալոյսին զարմանքով տեսայ բնութեան երկունքին յաջորդող լռութիւնը, խաղաղութիւնը: Ձիւնի թանձր խաւով մը ծածկուեր էին դաշտերն ու լեռները: Դիտեցի, հոդ, ընդերկար ու զմայլանքով` հորիզոնին ծայրը, սպիտակ գագաթներուն հետ գիրկընդխառն ու անոնց հետ ձուլուող շփոթուող ձիւնափայլ ամպերուն պարզած երազատեսիլ ու պատկառազդու համայնապատկերը, դէմի պարտէզին մէջ յոտընկայս նոճիներ` որոնք այս սխրալի աղօթավայրին մէջ, բազկատարած եղեւնիներուն մօտ, կարծես լռին պակուցումով մը լեցուած կօրհներգէին բնութեան այս վեհափառ ծնունդը: Հոդ խորհեցայ թէ երկրի վրայ մեծասքանչ բաները փոթորիկներով ու ցաւով կը ծնին:

***

Այս զգացումս կրկնուեցաւ, երբ մէկ - երկու ժամ վերջ, խաղաղութեամբ լեցուած ու կենսունակ, նրբամիտ ժպիտովը սենեակէն ներս մտնելով, մեծ բարեկամս պարզեց առջի օրուան իր առեղծուածային վիճակը, անոր ծնունդ տուող դէպքերը, եւ հաղորդակից ըրաւ զիս անոնց յաջորդող վերջաւորութեան:

«Երէկ ջղայնացուցի քեզ եւ կարծեմ մտահոգ թողուցի: Կը յուսամ թէ այսօր ամէն ինչ պիտի դարմանեմ», ըսաւ քաղցր ժպիտով մը եւ համոզումով:

Իրեն հետ ես ալ ժպտերես, սպասեցի հետաքրքիր, անհամբեր: Ըսաւ, - «Ըսա՞ծ էի քեզի, չեմ գիտեր: Ըսա՞ծ էի թէ ատենէ մը ի վեր Պէրպէրեան նեղսիրտ էր, ինծի հանդէպ չունէր նախկին բարութիւնը, կարծես հաճոյք չէր զգար ներկայութենէս, բծախնդիր կըլլար, խծբծող, անհաշտ, հեգնոտ եւ զինուած` դաշունող խօսքերով: Կը վերագրէի դպրոցական խնդիրներով ստեղծուած ջղայնութեան մը կամ իր խանգարուած առողջութեան: Բայց ենթադրութիւններս սխալ են եղեր: Խնդիրը պարզուեցաւ երէկ: Դարձեալ իրեն այցելած էի: Զինք գտայ աւելի լաւ տրամադրուած եւ հանդարտ, նոյնիսկ սիրալիր` հին օրերուն նման: Անկարեւոր վիճաբանութեան մը ընթացքին, յանկարծ, առանց հիմնական պատճառի, փոխուեցաւ Պէրպէրեան, խեռ [5] եւ անհամբոյր դարձաւ, ձայնը բարձրացաւ, ստացաւ այն գոռ թոնը , զոր յանդիմանութեան եւ կշտամբանքի պահերուն կունենար դպրոցի օրերուն, եւ որուն երկիւղազդու շեշտերը մեզմէ ոչ մէկուն ականջէն չէ ելած: Յետոյ մէկդի նետեց ընդդիմախօսութիւնը եւ առանց փոխանցումի սկսաւ անարգել վճռաբար եւ անխնայ, ապշութեան ու շփոթութեան մատնելով զիս.

«Դուք, դուք, գոչեց զայրացկոտ: Ի՞նչ ըրիք: Ի՞նչ: Չեղա՞ք մին անոնցմէ, որ իրենց պատանութեան տուած հրաժեշտէն ետք հրաժեշտ կու տան նաեւ ամէն բանի, ամէն իտէալի, ամէն գեղեցկութեան: Ի՞նչ ըրիք ուրիշներու անիմաստ տողանցին վրայ թշուառութիւն մը աւելցնելէ զատ: Տաղանդի եւ արժանիքի ի՞նչ ապացոյց տուիք, ի՞նչ ապացոյց այն յոյսերուն եւ հաւատքին համար, զոր անվերապահօրէն ունեցեր էին ինծի հետ բոլոր անոնք, որոնց ներկայացուցեր էի ձեզի անհատական տեսութեանց պահուն, դպրոցին մէջ եւ կամ դուրսը, հրապարակային հանդիսութեանց օրերուն, մեր եւ այլոց կողմանէ ու մամուլի բեմէն»:

Այս թոնով ու այս իմաստով դեռ երկար վայրկեաններ բարձրագոչ աղաղակելէ վերջ իմ դատարկ, ողբալի գոյութեանս ու ամուլ մտքիս մասին, ծաղրելէ ու արհամարհելէ վերջ կեղծ ու խաբեբայ խոստումներու եւ թուլամորթ լճացումս, վերջացուց իր յանդիմանութիւնը սա խօսքերով - «Ցաւ, վիշտ կը զգամ որ հաւատացողներու եւ յուսախաբ եղողներու կրած բարոյական վէրքը դարմանելու եւ տակաւին մեզ ամէնքս հեգնողներու անարգանքէն փրկելու համար միջոցներ կը պակսին մեզի, կը պակսի հնարաւորութիւնը` ետ առնելու համար վատնուած տարփողանքները եւ սրտով ու հաւատքով ձեր գլխուն դրած մեր դափնիները: Անարժան եղանք մենք ամէնքս այդ պատիւներուն»:

Հոս վայրկեան մը լռեց Չրաքեան, շրթունքները խածնելով եւ քթթելով աչքերը: Կուզէր կարծես զսպել յուզումը, արտասուքը, եւ արիութիւն հաւաքել շարունակելու համար: Եւ յետոյ շարունակեց մշուշոտ ձայնով.

«Այն ատեն ձեռքերուն մէջ առաւ գիրքը, որ բաց կը մնար գրասեղանին վրայ, եւ գլուխը անդին դարձնելով սկսաւ կարդալ...: Ու տեսնելով որ հոն անշարժ կը մնայի տակաւին. «Գացէ՛ք, հեռացէ՛ք, ըսաւ. աւարտած է խօսքս»:

Լռութիւն մը:

Յուզումով կը սպասէի հոս` լսել հպարտ եւ կրքոտ Չրաքեանի ընդվզումն ու ծառացումը` սարքուած անարդար ու կործանարար այս ճառին դէմ կարգի հրաւիրելու համար Պէրպէրեանը, որ կարծեմ թէ քիչ մը էվելօք արտօներ էր ինքզինքը` այնպիսի պարսաւալից կշտամբանքներ ուղղելու եւ մինչեւ իսկ իր սենեակէն արտաքսելու համար մէկը, որ իր անստգիւտ տաղանդներով հիացում եւ յարգանք միայն կը ներշնչէր, եւ որուն միակ յանցանքը` իրեն եւ իր դպրոցին պատիւ բերող սան մը եղած ըլլալն էր...

Եւ թէեւ վարժուած Չրաքեանի տարօրինակ խոհալքներուն եւ ներշնչումներուն, բայց ապշահար մնացի երբ ան, մեծ պարզութեամբ եւ քաղցր ժպիտով մը պարզեց հետեւեալ իրողութիւնները:

«Ոտքի ելայ այն ատեն, անդիմադրելի ուժ մը իր առջեւ ծունկի նետեց զիս: Խոր ակնածանքով եւ կարօտով համբուրեցի երկու ձեռքերը եւ դուրս ելայ սենեակէն ու շէնքէն: Անանուն եւ անբացատրելի ուժ մըն էր այս շարժումին զիս մղողը. ուժ մը` որ սակայն իրեն զօրավիգ էր ունեցեր ամբողջ կամքս` անդիմադրելի, ինչպէս ելեքտրական հոսանքը: Քայլերս զիս քեզի բերին: Եկայ հարկաւ պատահարին մասին խօսելու եւ գուցէ սփոփանք մըն ալ փնտռելու համար դժբախտ պարտութեանս եւ նուաստացումիս մէջ: Սենեակին մէջ տեսար շփոթ կացութիւնս: Պէրպէրեանի խոցոտող ճառը կորոտար հոգիիս եւ ականջիս մէջ, անոր ամէն մէկով կործանուեր էին համարումներու, յոյսերու եւ հիացումներու վկայութիւններ, որոնցմով փայփայուեր էին պատանութեանս տարիները: Աչքերուս դէմ կը պարզուէր փլատակներու կոյտ մը...:

Սակայն, յանկարծ, զովարար շունչ մը հոգիս լեցուց վերականգնումի հաւատքով մը, յաղթանակի նմանող ջերմագին հեշտութեամբ մը: Ինք զինքս ուժով ու կենսունակ կը զգայի: Ճիշդ այդ վայրկեանին, այդ պատեհ վայրկեանին, աւելի զօրացուցիր զիս բարեկամի խրախուսիչ խօսքովդ. «Երիտասարդ ենք, կրնանք կռուիլ ու յաղթական դուրս գալ ամէն պայքարէ»:

Տուն հասած` սենեակս մտայ, փակուեցայ: Հովը սաստկացեր` կալեկոծէր նոճիները / Ծ.Յ. Չրաքեանի աշխատութեան սենեակը կը նայէր թրքական գերեզմանատան մը /: Գերագրգիռ ու յափշտակուած` մտիկ կընէի փոթորիկին ու նոճիներու համանուագին: Անոր ընդմէջէն կը լսէի խորհրդանշական հոգիին, Պէրպէրեանի ձայնը, որ հետզհետէ աւելի գոռ, տիրական, պատկառազդու, կը պարսաւէր, կը նախատէր զիս, փոթորիկին կը խառնուէր, կը սասանեցնէր զիս: Կը տեսնէի իր դէմքը, որ հետզհետէ աւելի խոժոռ ու խիստ, կը հեռացնէր զիս իր մօտէն, եւ ալ չէր ուզեր երեսս տեսնել:

Այս անդրդուելի կամքին ու կորովին դէմ` կը լեցուէի զմայլանքով եւ երախտագիտութեամբ: Իր դիմագիծերը հետզհետէ կը ստանային արձանային գեղեցկութիւն մը վարդերանգ, եւ իր կիսանդրին, յաղթ ու հոյակապ, կը կոթողուէր անպարտելի տիրականութեամբ մը: Հոս, կըմբռնէի իր պոռթկացող ինքնաբխումը որ կը մերժէր ամէն հնարք, կանխամտածում, ամէն մեթոտ ու դարձուածք: Յորդազեղում մըն էր ան, ներշնչում մը, որուն սաղմը իր պատիւն էր, դաստիարակի իր պատիւը, դպրոցին պատիւը, որոնց նուիրուեր էր ան, ազնուացնելու, նրբացնելու, բարձրացնելու անհրաժարելի իտէալով մը: Այս իտէալը, աղբիւրը իր երջանկութիւններուն ու ցաւերուն, իր բարոյականն է, որ ուղեցոյց եղած է իրեն բովանդակ կեանքին մէջ: Այն տեսլապաշտ հոգին սանի մը յաջողութեանց եւ յաղթանակներու պահուն` սիւն մը եւս աւելցած պիտի գտնէր, մեծ եւ հաստատուն պահելու համար համայնքի շենքը: Ամէն սայթաքում, ամէն համրաքայլ ընթացք, ամէն կանգառում, խորապէս պիտի վրդովէին եւ դժբախտացնէին զինքը, ինչպէս որ պիտի հրճուեցնէին ամէն շիտակ, ամուր եւ վես քայլ: Տեսաւ եսապաշտ դասալքութիւնը, տղայամիտ, քմահաճ եւ բեւեռակորոյս եսը իր հավերժական որդեգրին, որ լքած փառքի տանող ուղին, կը դեգերէր վիհին եզերքը: Փլուզումն էր այս իր յոյսերուն: Ցաւն ու զայրոյթը ստիպեցին զինքը եւ հրաւիրեցին իր դիւցազնական ոգին. պարտականութիւնը եւ խիղճը, իր սանը փրկելու գերագոյն շարժուձեւէն: Ենթագիտակցութեանց եւ յայտնատեսութիւններու այս միացեալ զգացումն էր որ զիս նետեց իր ծունկին եւ ինծի համբուրել տուաւ այն ձեռքերը, որոնք իր ինքնաբուխ ճառին եւ հոգիի կոհակներուն հետ ալեկոծուէր եւ անոր ցաւին ու ոգորումին հետ չարչրկուէր էին. իր ճակատն ալ պիտի համբուրէի հոդ, բայց պատկառանքը թող չտուաւ: Այսպէս Պէրպէրեան արթնցուցեր էր քնախտացած հոգիս եւ ուղեղս: Սրտիս մէջ անոր տեսլացած բարութիւնը, ականջիս եւ հոգիիս մէջ` հողմակոծ նոճիներուն եղերերգութիւնը` գրեցի մինչեւ արշալոյս (գրեցի անդադար` կը մարմնանար վերջապէս տարիներ առաջ սաղմնացած ուրուագիծը` էութիւնս եւ կեանքս պատկերացնող գործինՙ «Նոճաստան»ի [6]: Պիտի աւարտեմ շատ կանուխ կամ ոչ, վստահ եմ: Արժէքէ զուրկ պիտի չըլլայ. այս հաւատքս եւ իրաւունքս պիտի հաստատէ ապագան,- ներկայիս վրայ յոյս չունիմ. Պէրպէրեանի եւ մէկ քանի ուրիշներու գոյութիւնը կը սրտապնդէ զիս այս մասին: Եւ ասիկա պիտի պարտիմ մեծ խնամակալին, որ չի թողուր որ մոլորին եւ կորսուին իր սաները, զանոնք արձակելէ տարիներ վերջն ալ, մինչեւ անոնց հասունութիւնը. պիտի պարտիմ զայդ մեծ վարպետին, մեծ հոգեբոյժին, անծանօթ մնացած եւ անծանօթ մնալս դատապարտած Պէրպէրեանին»:

Խօսքը վերջացուցած ըլլալով` Չրաքեան բացաւ տետրակները զոր սեղանին վրայ դրած էր, եւ կարդաց գործի բուն առաջին գլուխը «Ներաշխարհ»ին, կարդաց յուզումով այդ ութսուն էջերը, նոյնքան յուզումով լեցնելով նաեւ զիս.

«Հովին ձայնն է. Նոճիներուն խորունկ գիշերուան հովին ձայնը»:

Այս ճշմարտապէս տռամաթիկ եւ հոգեցունց պատմութիւնը կարդալէ յետոյ չէ՞ք խորհիր որ եթէ տեղի ունեցած չըլլար Վարպետին ահազդեցիկ միջամտութիւնը, իր սիրական աշակերտին գլուխգործոցը ուղեղին մէջ սաղմնային վիճակով պիտի մնար մինչեւ վերջը, կամ առնուազն մինչեւ որ աղետալի ժամանակը, ոչ շատ հեռաւոր, որ Աստուծոյ պաշտումը եւ երկիւղը իր շաբաթապահի ցամաքած ուղեղին մէջ մեռցնելով իր հանճարը, մեր գրականութիւնը պիտի զրկէր երկու հրաշակերտներէ եւս, ինչպէս որ զրկեց անոնցմէ, որոնք պիտի յաջորդէին ապահովաբար, եւ որոնց մէկ մասը գրուած էր արդէն, որովհետեւ Թէքէեան ինծի պատմած է որ Օսմ. Սահմանադրութենէն յետոյ երբ Պոլիս վերադարձաւ, Չրաքեանին հետ իր ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին` ան կարդացեր է իրեն շատ մը անտիպ հիանալի էջեր, արձակ ոտանաւոր [7], եւ ըստ որու Սիրոյ վրայ գրուած չլսուած, չըսուած, հրաշալի բաներ, իբր վերլուծում եւ իբր երգ - երգոց:

Կարելի չէ չափել ահագնութիւնը կորուստին զոր կրեց մեր գրականութիւնը Ինտրայի վաղահաս վախճանովը, ոչ իբրեւ ապրող էակ, այլ եւ իբր ստեղծագործող հանճար, որովհետեւ հանճարեղ Չրաքեանը ապրող Չրաքեանէն տարիներ առաջ մեռած էր արդէն, ափսո~ս»:

ՄԻՔԱՅԷԼ ԿԻՒՐՃԵԱՆ


1.«Մեծապայծառ իմացականութիւն» - «Ներաշխարհ»ի առ Պէրպէրեան ձօնին բառերը» (Ծան. Ստ. Բաբելյանի)

2.cenacle (ֆր.) - խմբակ, ընկերություն

3.ատրաշէկ-կրակի նման վառվող

4.փիլիպպական - աթենական դեմոկրատիայի առաջնորդ Դեմոսթենեսի ելույթները ժողովրդական ժողովում` ընդդեմ Մակեդոնիայի թագավոր Փիլիպոս 2-րդի: Փոխաբերական իմաստով` զայրալից մերկացնող ճառ:

5.խեռ - ըմբոստ

6.«Նոճաստան»ի - հավանաբար վրիպում է, պետք է լինիՙ «Ներաշխարհ»-ի

7.«Իր նամակներուն մէջ գրած է իսկ Ստամպօլ վերնագրով քերթուածներու հատորի մը մասին, զոր սկսեր էր շարադրել» (Ծան. Ստ. Բաբելյանի):


© AZG Daily & MV, 2009, 2011, 2012, 2013 ver. 1.4