ԱԶԳ ՕՐԱԹԵՐԹ - ՄՇԱԿՈՒՅԹ

https://www.azg.am | WAP | WAP-CULTURE

#9, 2010-06-26 | #10, 2010-07-10 | #11, 2010-07-24


ԳՐԱԿԱՆ ՄԱՄՈՒԼԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՎ ՍՓԻՒՌՔԻ ՄԷՋ

ՄԱՆՈՒԷԼ ԱԴԱՄԵԱՆ

Ճանաչողական նշանակությամբ այս հոդվածը, ստորագրված լոնդոնահայ բանաստեղծ-թատերագիր, «Նոր սերունդի ձայն» պարբերաթերթի խմբագիր Մանվել Ադամյանի կողմից, որպես զեկուցում հեղինակը ընթերցեց 2010 թ. հուլիսի 2-ին Ծաղկաձորում կայացած գրողների համահայկական 5-րդ համաժողովում: Թերեւս ավելորդ է ասել, որ հոդվածում հիշատակված հանդեսներն ու թերթերը ամբողջությամբ չեն ներկայացնում Հայաստանում եւ Սփյուռքում լույս տեսած եւ լույս տեսնող մեր գրական մամուլը:

  ՀԱՅԱՍՏԱՆ .- Հայ ժողովուրդին վիճակուած պայմաններու բերումով, պատմական տարբեր ժամանակահատուածներու ընթացքին հայ մշակոյթըՙ արեւելահայերու պարագային զարգացաւ Թիֆլիսի, Մոսկուայի, Պետրոգրադի, Նոր Նախիջեւանի, իսկ արեւմտահայութեան պարագայինՙ Պոլսոյ, Զիմիւռնիայի, Սեբաստիոյ եւ այլ քաղաքներու մէջ: 1918-1920-ին Առաջին Հանրապետութեան շատ կարճ ժամանակահատուածին, մեր ժողովուրդը նաե՛ւ մամուլի բնագաւառէն ներս փորձեց հնարաւորը, բայց ծանր էին պայմանները...: 1920-ի վերջաւորութեան, խորհրդային իրաւակարգ հաստատուեցաւ պատմական Հայաստանի փոքր մէկ տարածքին վրայ, որմէ յետոյ աշխատասէր հայ ժողովուրդը ժամանակ ունեցաւ վերակառուցելու իր հայրենիքը եւ այդ հայրենիքի սահմաններէն ներս վերընձիւղեցաւ մշակոյթըՙ գիրն ու գրականութիւնը: 1932-ին, Երեւանի մէջ սկսաւ լոյս տեսնել «Գրական թերթ» շաբաթաթերթը (յետագայինՙ ՀԳՄ-ի օրգանը): «Գրական թերթ»ի երեւումը, հակառակ առկայ դժուարութիւններուն, նոր թափ տուաւ եւ ուղի հարթեց հայրենի գրական կեանքի վերելքին: Տարիներու ընթացքին, շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիրները եղան ճանաչուած գրողներ եւ մտաւորականներ, որոնց շարքինՙ Վահրամ Ալազանը, Գուրգէն Բորեանը, Համօ Սահեանը, Հրաչեայ Յովհաննիսեանը, Վահագն Դաւթեանը, Ֆելիքս Մելոյեանը, Կարինէ Խոդիկեանը: Այժմու գլխաւոր խմբագիրն է Սամուէլ Կոսեանը: «Գրական թերթ»ի էջերուն մէջ վաստակաշատ գրողներն ու երիտասարդները ստեղծեցին գրական մթնոլորտ, լուսաբանուեցան Հայաստանի գրական-մշակութային կեանքը, տպագրուեցան հայ դասական, հայրենի ժամանակակից, սփիւռքահայ եւ օտար գրողներու ստեղծագործութիւնները. թերթի էջերուն մէջ տեղ գտան գրական շարժումներուն, ստեղծագործող երիտասարդ սերունդին նուիրուած յօդուածներ: Այսօր, առանց վերոյիշեալ պարբերականի կարելի չէ պատկերացնել Հայաստանի ժամանակակից գրականութեան ամբողջական պատմութիւնը: Այդ պատմութեան արարման մասնակից եղան բազմաթիւ հեղինակութիւններ, որոնց շարքինՙ Եղիշէ Չարենցը, Ակսել Բակունցը, Պարոյր Սեւակը, Վահագն Դաւթեանը, Հրաչեայ Յովհաննիսեանը, Լեւոն Անանեանը, Ալեքսանդր Թոփչեանը, Դաւիթ Յովհաննէսը, Էդուարդ Միլիտոնեանը, Յովհաննէս Գրիգորեանը, Հենրիկ Էդոյեանը, Դաւիթ Մուրադեանը, Վահագն Մուղնեցեանը, Ալվարդ Պետրոսեանը, Ալիս Յովհաննիսեանը եւ շատ ուրիշներ: Տաղանդները կը ծնի մայր բնութիւնը: Առանց բնածին տաղանդի անհնար է ունենալ գրականութեան իսկական մշակներ. սակայն յատկապէս առանց գրական մամուլի, հաւանական է, որ տաղանդներ խամրին:

Հայաստանի գրական մամուլի կարեւորագոյն օղակներէն մէկը հանդիսացաւ նաեւ Հայաստանի գրողներու միութեան «Նորք» հանդէսը. հրատարակութեան թուականՙ 1933: Գեղարուեստական ստեղծագործութիւններու եւ տեսական կարեւոր հարցերու ձեւաւորման ընթացքին մեր գրականութեան բերրիի անդաստանը դարձաւ նաե՛ւ «Նորք»ը, որուն խմբագիրները եղան Հրաչեայ Քոչարը, Ռուբէն Զարեանը, Էդուարդ Թոփչեանը, Էդուարդ Ջրբաշեանը, Ռուբէն Յովսէփեանը եւ ուրիշ ճանաչուած գրականագէտներ եւ գրողներ: Ներկայի գլխաւոր խմբագիրն է Ֆելիքս Մելոյեանը: Հայաստանի գրողներու միութեան «Գրական թերթ» շաբաթաթերթն ու «Նորք» հանդէսը դարձան հայրենական գրական կեանքի հիմնական այն երկու թեւերը, որոնց միջոցով ձեւաւորուեցաւ ու թռիչք առաւ 20-րդ դարու հայրենի գրական կեանքը. նոյն թռիչքը կը շարունակուի մեր օրերուն:

  «Գարուն» ամսագիրը Երեւանի մէջ ասպարէզ իջաւ 60-ականներու կէսերուն. առաջին գլխաւոր խմբագիրը դարձաւ Վարդգէս Պետրոսեանը, յետագային նաեւՙ Անժիկ Յակոբեանը, Մերուժան Տէր-Գուլանեանը, Լեւոն Անանեանը, Վարուժան Այվազեանը: Խորհրդային տարիներուն, «Գարուն»ը գրական նոր շունչ, նոր մօտեցումներ բերաւ ե՛ւ ստեղծագործական, ե՛ւ տեսական հարցերու կապակցութեամբ, գոհացում տալով այդ տարիներուն որոնումներու մէջ գտնուող երիտասարդ գրողներուն: Նոյն հանդէսը կը փորձէ իր առաքելութիւնը շարունակել նաեւ մեր օրերուն: Բազմաթիւ երիտասարդ ու շնորհալի գրողներ, գրականութեան նուիրեալներ իրենց տեղերը գտան նաեւ մերօրեայ «Գարուն»ի էջերուն մէջ. յիշենք քանի մը անուններՙ Յովհաննէս Այվազեան, Տաթեւ Մադաթեան, Նայիրա Համբարձումեան, Սաթենիկ Խաչատրեան: Հայաստանի ստեղծագործող աւագանին եւս իր ուրոյն տեղն ունեցաւ, որոնց շարքինՙ Էդուրադ Միլիտոնեանը, Արեւշատ Աւագեանը, Գրիգոր Ջանիկեանը:

2006-ին բանաստեղծուհի Սոնա Վանի նախաձեռնութեամբ եւ հովանաւորութեամբ Երեւանի մէջ լոյս տեսաւ «Նարցիս» գրական-գեղարուեստական-մշակութային ամսագրի առաջին թիւը. ան կը շարունակէ լոյս տեսնել կանոնաւոր կերպով: «Նարցիս»ը իր բովանդակութեամբ, ձեւաւորումով, հանրաճանաչ նկարիչ վարպետներու գունատիպ նկարներով եւ յատկապէս համաշխարհային գրականութենէն կատարած արտատպումներով ու տեսական յօդուածներով նոր շունչ հաղորդեց հայրենի գրական ու գեղարուեստի անդաստանին: Առաջին թիւէն իսկ սկսեալ «Նարցիս»ի էջերուն մէջ երեւացին նաեւ երիտասարդ, միջին ու համեմատաբար երէց սերունդներու ներկայացուցիչներու ստորագրութիւնները, որոնց շարքինՙ Սոնա Վանի, Լիլիթ Կարապետեանի, Արամ Պաչեանի, Նոնա Պօղոսեանի, Գայիանէ Յովհաննիսեանի, Հրաչեայ Թամրազեանի, պրոֆ. Վազգէն Գաբրիէլեանի, Սամուէլ Համբարձումեանի, բանաստեղծուհի Հռիփսիմէի ստորագրութիւնները: Էջեր նախատեսուած են սփիւռքահայ գրողներուն:

Հայաստանի գրական կեանքի աշխուժացման ու զարգացման համար, իրենց նպաստը բերին նաեւ ՀԳՄ-ի Լոռիի մարզային բաժանմունքի «Երկունք» , Շիրակի մարզային մասնաճիւղի «Եղեգան փող» , Հայաստանի Ազգային գրադարանի «Հոգեւոր հայրենիք» ու երիտասարդական «Գրեթերթ» պարբերականները:

Հայաստանի գրական մամուլը, իր երթի ընթացքին, հիանալի արդիւնքներու հասաւ. սակայն անցեալին, որոշակի հարցերու կապակցութեամբ (յատկապէս բառապաշարի եւ տեսական հարցեր) ծագեցան դժուարութիւններ: Խորհրդային իշխանութեան առաջին տասնամեակներուն արեւելահայ գրական լեզուին մէջ ներխուժեցին բազմաթիւ օտար բառեր, այսպէս օրինակՙ ռեսպուբլիկա, պարտիա, ցեխ, կոմունիկացիա, ռեւոլուցիա եւ այլն: Սակայն, մօտաւորապէս 70-ականներու սկիզբներուն, հայրենի մամուլին, յատկապէս գրական մամուլին մէջ, լեզուն օտար բառերէն ձերբազատուելու միտումները նոր թափ ստացան: Աստիճանաբարՙ վերոյիշեալ եւ այլ բազմաթիւ օտարամուտ բառեր վերագտան իրենց հայկական տարբերակները: Ինչպէս անցեալին, այսօր եւս հայոց լեզուի անաղարտութեան պահպանման մէջ, կարեւոր դերակատարութիւն ունի հայրենի գրական մամուլը: Բառակերտման հարցերով այժմ անհանգստացնող տարակարծութիւններ չեն դրսեւորուիր գոնէ մամուլով: Այլ հարց է ուղղագրութիւնը: Ներկայի դրութեամբ, մեր տպաւորութիւնն այն է, որ Մեսրոպեան (կամ աւանդական) ուղղագրութեան վերադարձը օրակարգի հարց չէ ո՛չ պաշտօնական եւ ո՛չ մտաւորական լայն շրջանակներէն ներս, եթէ նկատի չունենանք Երեւանիՙ «Սփիւռք» գիտաուսումնական կենտրոնը (ղեկավարՙ պրոֆ. Սուրէն Դանիէլեան), ուր Մեսրոպեան ուղղագրութիւնը գիտաուսումնական աշխատանքներու հիմքն է: Բայց պիտի հաստատել նաեւ, որ հայաստանեան գրական մամուլը, նաեւ կարգ մը այլ հասարակական, քաղաքական ուղղութեան հրատարակութիւններ եւս (օրինակՙ «Վէմ» համահայկական հանդէսն ու «Ազգ» օրաթերթը իր մշակութային յաւելուածին հետ ), իրենց յանձնուած գրութիւնները լոյս կընծայեն հեղինակի ուղղագրութիւնը պահելով անփոփոխ:

Խորհրդային իշխանութեան մասնաւորապէս առաջին տասնամեակներուն, գրական ուղղութիւններու հարցերով մամուլի մէջ երեւան եկան սուր բանավէճեր, եւ վերջապէս, վերէն իջնող հրամաններով ուղի հարթեց «սոցիալիստական ռէալիզմ» գրական ուղղութիւնը: Թէեւ պէտք է խոստովանիլ, որ 60- 70-ականներուն, ի պատիւ հայ գրական մամուլին, դիմակայելով անյաղթահարելի կարծուող արգելքները, լոյս ընծայեց ազգային-հայրենասիրական տեսական յօդուածներ, բանաստեղծութիւններ, պատուածքներ. յիշենք կարգ մը հեղինակներու անուններըՙ Հրանտ Թամրազեան, Սուրէն Աղաբաբեան, Խաչիկ Դաշտենց, Յովհ. Շիրազ, Պարոյր Սեւակ, Գէորգ Էմին, Սերօ Խանզադեան, Հրանտ Մաթեւոսեան:

Անկախութենէն յետոյ անշուշտ դրութիւնը էապէս փոխուած է: Ստեղծագործական ուղղութիւններու կամ տեսական հարցերու վրայ դրուած կաշկանդումներ չկան, սակայն որոշ հեղինակներու այսպէս կոչուած մոտայիկ ուղղութիւններէն պարզապէս կախուածութիւնը, յատկապէս բանաստեղծութեան բանագաւառէն ներս, երբեմն կը ստուերեն չափանիշերը (տես առանձին հրատարակութիւններ եւ գրական մամուլը): Սակայն, ուրախալին այն է, որ Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ բազմաթիւ բանաստեղծներ կը դառնան ինքնուրոյն, ոչ դասական տաղաչափութեան պատնէշները յաղթահարելով կը հասնին իսկական նորի մակարդակին. յիշենք քանի մը անուններՙ Էդուարդ Միլիտոնեան, Դաւիթ Յովհաննէս, Արտեմ Յարութիւնեան, Յովհաննէս Գրիգորեան, Արեւշատ Աւագեան, Անահիտ Պարսամեան եւ ուրիշներ: Կը կրկնեմ, խօսքս ոչ թէ տաղաչափութեան դասական ուղղութեան հաւատարիմ եղողներու մասին է, այլՙ այն բանաստեղծներուն, որոնք հետեւելով նորին, ձեւականօրէն կախեալ չեն այդ նորէն, ընդհակառակը, անոնք իրենց անհատականութեան կնիքները կը դնեն չափածոյի բովանդակութեան, տողերուն կամ յանգերուն վրայ: Վերոյիշեալի առումով, Զահրատն ու Զարեհ Խրախունին սփիւռքահայ (պոլսահայ) գրականութեան մէջ օրինակելի բանաստեղծներ են երիտասարդ սերունդին համար:

  ՍՓԻՒՌՔ .- 1915-ի Մեծ եղեռնէն եւ 1920-22 թուականներու Կիլիկիոյ պարպումէն ետք, գոյացաւ հայկական Սփիւռքը: Միջին Արեւելքի, յատկապէս Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ, տարագրուած հայութեան բեկորները վերագտան ապրելու եւ ստեղծագործելու ուղիները: Հիմնուեցան դպրոցներ, լոյս տեսաւ մամուլ, ախուժացաւ գրական-մշակութային կեանքը: Լիբանանի մէջ, քաղաքական-հասարակական մամուլին զուգահեռ, ասպարէզ իջաւ նաեւ գրական մամուլը: 1946-ին, գրող, մանկավարժ եւ խմբագիր Վահէ-Վահեանը Պէյրութի մէջ լոյս ընծայեց «Անի» գրական ամսագիրը. սոյն հանդէսը հրատարակուեցաւ մինչեւ 1955, եւ իր գոյութեան տարիներուն ընթացքին յաջողեցաւ գրական անփոխարինելի միջավայր ու մթնոլորտ պատրաստել գրականութեան համար: 1956-ին Պէյրութի մէջ, Թէքէեան մշակութային միութեան նախաձեռնութեամբ սկսաւ լոյս տեսնել «Շիրակ» գրական ամսագիրը: «Շիրակ»ին առաջին առիթով աշխատակցեց Լիբանանի եւ Սուրիոյ ծանօթ գրողներէն եւ մտաւորականութեան ներկայացուցիչներէն շատերըՙ Զարեհ Մելքոնեան, Լեւոն Վարդան, Վահրամ Մավեան, Օննիկ Սարգիսեան, Հայկ Նագգաշեան, յետագայինՙ Ժիրայր Դանիէլեան, Արամ Սեփեթճեան, Վաչէ Ղազարեան եւ ուրիշներ: «Շիրակ»ի երեւումը մշակութային կեանքին նոր թափ տուաւ Լիբանանի մէջ, նաեւ գրական կապերը աշխուժացուց Խորհրդային Հայաստանի հետ: 1997-ին «Շիրակ» հանդէսը դադրեցաւ լոյս տեսնելէ, լուսաւոր հետք ձգելով իր ետին:

Համազգային մշակութային միութեան «Բագին» ամսագիրը (լոյս ընծայման թուականՙ 1962, Պէյրութ) լիբանանհայութեան, ընդհարապէս սփիւռքահայութեան գրական կեանքին մէջ մեծ վաստակ ու աւանդ ունեցող հանդէս է: «Բագին»ի վարիչ-խմբագիրները եղան, երթի ազդանշանը տուին Կարօ Սասունին եւ Պօղոս Սնապեանը: Խմբագրական աշխատանքներուն մասնակցեցան եւ աշխատակցեցանՙ Եդուարդ Պօյաճեանը, Վահէ Օշականը, Պօղոս Սնապեանը, Մուշեղ Իշխանը, Բաբգէն Փափազեանը, Սարգիս Կիրակոսեանը եւ ուրիշ հանրածանօթ գրողներ ու մտաւորականներ: «Բագին»ի այժմու խմբագիրն է Յակոբ Պալեանը, փոխխմբագիրՙ Սեդա Գրիգորեանը: Սփիւռքահայ, մասնաւորապէս Միջին Արեւելքի գրականութեան ե՛ւ գրական մամուլի պատմութիւնը կարելի չէ պատկերացնել առանց «Բագին»ի, հրատարակութիւն մը, որ մինչեւ այսօր կը մնայ պատնէշի վրայ, խթանելով սփիւռքահայ գրական-մշակութային կեանքը: «Բագին» հանդէսը, հայ ժամանակակից գրականութեան հարցերուն զուգահեռ, իր դիրքերէն մեկնելով լուսաբանեց խորհրդահայ, միջազգային, արաբական, ինչպէս նաեւ հայ միջնադարեան գրականութեան բազում հարցեր: Պէյրութի մէջ այժմ լոյս կը տեսնէ «Ազդակ» օրաթերթի յաւելուած նույնանուն գրական շաբաթաթերթը, խմբագիրըՙ Պօղոս Սնապեանն է: Յիշեալ շաբաթաթերթը Լիբանանի մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունի գրական-մշակութային կեանքի աշխուժացման ճիգին մէջ:

  «Նայիրի» գրական շաբաթաթերթը, Անդրանիկ Ծառուկեանի խմբագրութեամբ, նախ Հալէպի, ապա երկար տարիներ Պէյրութի մէջ շատ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցաւ, ձեւաւորեց այժմէական գրական չափորոշիչներ: Ծառուկեանը, որպէս իւրայատուկ անհատականութիւն, «Նայիրի»ի միջոցով նոր խօսք ըսաւ Միջին Արեւելքի գրական-մշակութային անդաստանէն ներս, արահետներ բանալով երիտասարդ գրողներու համար. վերջինները, մեր օրերուն, իւրովի կը շարունակեն «Նայիրի»ի աւանդութիւնները:

1956-1965 տարիներուն, Պէյրութի մէջ լոյս տեսաւ «Արարատ» գրական հանդէսը, գլխաւոր խմբագիրՙ Յակոբ Նորունի: Գրական այս հանդէսը կարեւոր դերակատարութիւն ունեցաւ Սուրիոյ եւ Լիբանանի երիտասարդ ու շնորհալի գրիչներու ինքնահաստատման գործին մէջ: Հայրենիք-Սփիւռք գրական կապերու ամրապնդումը եւս «Արարատ գրական»ի առաքելութեան մաս կազմեց: Ներկայիս, Պէյրութի «Արարատ» օրաթերթի շաբաթօրեայ «Գրական-Մշակութային Էջ» ը (օրաթերթի գլխաւոր խմբագիրՙ Ահարոն Շխըրտմեան, գրական էջի խմբագիրՙգրող, գրականագէտ Պէպօ Սիմոնեան), «Արարատ գրական»ի շարունակութիւնը կարելի է համարել:

  «Ահեկան» գրական-մշակութային եռամսեայ հանդէսը լոյս տեսաւ Պէյրութի մէջ 1966-էն մինչեւ 1970: Խմբագիրըՙ գրականագէտ-մանկավարժ Գրիգոր Շահինեան: «Ահեկան»ի հրատարակութեան տարիները համեմատաբար կարճ եղան, սակայն բերքով հարուստ:

  «Հայկազեան հայագիտական հանդէս» ըՙ Հայկազեան համալսարանի պաշտօնական օրգանը (պատասխանատու խմբագիրներՙ յաջորդաբարՙ Երուանդ Քասունի, Հայր Անդրանիկ Ծ. Վրդ. Կռանեան, Անդրանիկ Տաքեսեան), լիբանանահայութեան կրթական, մշակութային եւ այդ գծով նաեւ գրական կեանքին կարեւոր նպաստ բերող հրատարակութիւն է: Հանդէսի էջերուն մէջ թէեւ գեղարուեստական գործեր լոյս չեն տեսներ, սակայն տեսական եւ գրականութեան պատմութեան առնչուող յօդուածներ նոր լոյս կը սփռեն գրականագիտութեան վրայ:

Մեծի տանն Կիլիկիոյ «Հասկ» եւ Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի «Մասիս» հրատարակութիւնները (երկուքն ալ Լիբանան), եկեղեցական բովանդակութիւն ունեցող յօդուածներուն եւ այլ հրապարակումներուն զուգահեռ, իրենց խօսքը կըսեն նաեւ հայոց պատմութեան, աղբիւրագիտութեան, Սփիւռքն ու Հայրենիքը յուզող հիմնահարցերու մասին: Յիշեալ երկու հանդէսները լիբանանահայութեան նաեւ մշակութային դիմագիծը պահպանող միջնաբերդեր են:

Սփիւռքահայ մամուլի պատմութեան մէջ բացառիկ տեղ կը գրաւէ Վենետիկի Մխիթարեան հայրերու «Բազմավէպ» պարբերականը (առաջին թիւը լոյս տեսած է 1843-ին եւ կը շարունակուի լոյս տեսնել մինչեւ օրս): Այս հրատարակութեան մասին կարելի է ատենախօսութիւններ գրել: «Բազմավէպ»ը կատարեց կաճառի մը յատուկ հայագիտական աշխատանքերՙ պատմագրութեան, գրականագիտութեան, հայոց լեզուին առնչուող բազմաթիւ հարցերով: Վիեննայի Մխիթարեան հայրերու «Հանդէս ամսօրեայ» հայագիտական պարբերականը եւս (հրատարակութեան թուականՙ 1887), ինչպէս «Բազմավէպ»ը Վենետիկի մէջ, կը շարունակէ իր առաքելութիւնը:

2005-ին Պէյրութի մէջ լոյս աշխարհ եկաւ «Կամար» գրականութեան եւ արուեստի անկախ պարբերականը, խմբագիրՙ Ժիրայր Դանիէլեան, խմբագրական կազմՙ Երուանդ Ազատեան, Պարոյր Աղպաշեան, Համբիկ Մարտիրոսեան, Զաւէն Մսըրլեան, Արամ Սեփեթճեան, Պէպօ Սիմոնեան: Ներկայիս, Լիբանանի մէջ եւս, պայմաններու բերումով, գրական մամուլը կը դիմագրաւէ որոշ դժուարութիւններ: «Կամար»ի երեւումը էապէս նպաստեց լիբանանահայ եւ ընդհանրապէս սփիւռքահայ գրական մթնոլորտի պայծառացման: Վերոյիշեալ պարբերականի չափանիշերը լուրջ են, վկայՙ անոր բովանդակութիւնը:

Վերջին տասնամեակին, Պէյրութի մէջ գրական իր փոքր ածուն կը մշակէ բանաստեղծ Ասպետ Ռուբինեանը իր «Ծաղիկ» ամսագրով:

Իրենց հայկականութեամբ կարեւոր գրական-մշակութային կեդրոններ դարձան պարսկահայ գաղթօջախները, ուր գրական մամուլը իր մեծ նպաստը բերաւ հայ գրականութեան, մշակոյթի կայացման ու զարգացման: «Շաւիղ» (1894-1997), «Նոր Էջ» (1935-1943), «Արմենուհի» (1949-1955), «Ծիածան» (1982-1988), «Լոյս» 2000-էն սկսեալ, «Հանդէս» 2001-էն սկսեալ եւ այլ բազմաթիւ գրական- մշակութային հանդէսներ, որոնց աշխատակցած են հայ գրականութեան մեծերէնՙ Յովհաննէս խան Մասեհեանը, Գալուստ Խանենցը, Դեւը եւ ուրիշ հանրաճանաչ գրողներ: 1931-էն իվեր լոյս տեսնող «Ալիք» օրաթերթը, «Արաքս», «Յոյս», «Լոյս» ամսագիրները, «Հանդէս» գրական-գեղարուեստական պարբերականըՙ (2000) իրենց մշակութային էջերով կը նպաստեն սփիւռքահայ մշակոյթի եւ գրական կեանքի աշխուժացման:

Արժանի գնահատականը պէտք է տրուի նաեւ մեր օրերու Պոլիսին: Այնտեղ թէեւ ամբողջական առումով գրական պարբերականներ լոյս չեն տեսներ այժմ, սակայն «Մարմարա» օրաթերթի խիզախ խմբագիր, արձակագիր Ռոպեր Հատտէճեանը, 1967-էն ի վեր խմբագրած թերթի մէջ լոյս ընծայած (թերթի առաջին թիւը լոյս տեսած է 1940-ին) գրական մեծածաւալ բազմաթիւ յօդուածներով կը կանոնակարգէ պոլսահայ արդի գրական-մշակութային կեանքը, վառ պահելով հայկական Պոլսոյ գրական-մշակութային դարաւոր աւանդութիւնները: Գնահատելի է նաեւ մէկդարեայ պատմութիւն ունեցողՙ Պոլսոյ «Ժամանակ» օրաթերթի ծառայութիւնները. խմբագիրՙ Արա Գոչ: Անհրաժեշտ է յիշատակել նաեւ Մխիթարեան սանուց միութեան «Սան» պարբերականը, որուն էջերուն մէջ ընթերցողը կը գտնէ Պոլսոյ երիտասարդ սերունդի ներաշխարհէն եկած ձայնը: Իսկ պոլսահայ «Արաս» հրատարակչութիւնը, հրատարակիչ-տնօրէնՙ Մկրտիչ Մարկոսեան, հայ եւ ոչ հայ հեղինակներու հայերէն, թուրքերէն եւ անգլերէն հրատարակութիւններով կը նպաստէ հայ մշակոյթի ծանօթացման Թուրքիոյ ընթերցող շրջանակներու եւ այլ երկիրներու միջավայրերէն ներս:

Հալէպ քաղաքը անցեալին Միջին Արեւելքի հայ մշակոյթի կեդրոնն էր: Բազմաթիւ գրողներ, մանկավարժներ, մշակոյթի գործիչներ, տարիներու ընթացքին Հալէպի մէջ կազմաւորուելով աստիճանաբար համալրեցին հայկական Սփիւռքի տարբեր գաղթօջախները: Այսօր թէեւ, Անդրանիկ Ծառուկեանի բնորոշումովՙ Երազային Հալէպը նախկին դերակատարութիւնը չունի, սակայն անցեալի Ոգին կը մնայ նոյնը: Այդ Ոգին կը դրսեւորուի նաեւ Հալէպի մէջ լոյս տեսնող Սուրիահայ գրողներու համախմբումի «Երթ» տարեգիրքի միջոցով. տարեգրքի հովանաւորն է Բերիոյ հայոց թեմը (Հիւսիսային Սուրիոյ թեմ), խմբագիրՙ Վարդի Քէշիշեանը, որուն եռանդուն ճիգերուն կը պարտի տարեգրքին լուրջ բովանդակութիւնը: «Երթ» ի էջերուն մէջ տեղ կը գտնենՙ արձակ էջեր, բանաստեղծութիւններ, տեսական յօդուածներ, թարգմանութիւններ, որոնք կը կրեն երէց եւ երիտասարդ սերունդներու ներկայացուցիչներուն ստորագրութիւնները, որոնց շարքինՙ Թորոս Թորանեան, Յակոբ Ադամեան, Սարգիս Կիրակոսեան, Յակոբ Սարգիսեան, Յակոբ Միքայէլեան, Նիզար Կապպանի, Զաքարիա Թամեր, Էօժէնի Դանիէլեան, Տիգրան Գաբոյեան, Մարուշ Երամեան, Յարվարդ, Պերճուհի Աւետեան, Աշխէն Առաքելեան-Վարդանեան եւ ուրիշ բազմաթիւ ստորագրութիւններ:

Վրաստանի գրողներու ստեղծագործական միութեան «Կամուրջ» տարեգիրքը լոյս կը տեսնէ Թբիլիսիի մէջ, շարունակելով վիրահայոց երբեմնի գրական հարուստ աւանդութիւնները. տարեգրքի կազմողն ու գլխաւոր խմբագիրն է Անահիտ-Անի Բոստանջեանը: 2009 թուականի «Կամուրջ» տարեգիրքը կը բացուի գլխաւոր խմբագրի ստորագրութիւնը կրող «Եւ նորիցՙ մեր բազմակամար տարեգիրքը կամ ոգեղէն պահապանները» խորիմաստ յօդուածով: Թբիլիսին (Թիֆլիս) անցեալին արեւելահայ մշակոյթի ու գրականութեան օրրանը հանդիսացաւ տասնամեակներ շարունակ: Սակայն խորհրդային տարիներուն ստեղծուած նոր պայմաններուն իբր հետեւանք, Երեւանը տէր դարձաւ իր պատմական պարտաւորութիւններուն...: Այսօր, Թբիլիսին, հայկակա՛ն Թբիլիսին, հնարաւոր միջոցներով կը շարունակէ իր հայկականութիւնը պահպանել: «Կամուրջ» տարեգիրքը յիշեալ «հնարաւորութեան» կարեւոր միջոցներէն մէկն է: Բազմահարիւր էջերուն մէջ Վրաստանի հայ եւ վրացի, Հայաստանի, Սփիւռքի գրողները վառ կը պահեն գրականութեան ջահը, մասնաւորապէս վիրահայոց գրականութեան ջահը, շարունակելով թիֆլիսեան աւանդութիւնները: Շնորհաւորելի է «Կամուրջ» տարեգիրքի խմբագրական կազմի աշխատանքները Անահիտ-Անի Բոստանջեանի գլխաւորութեամբ: Զուգահեռ մը անցընելով «Երթ»ի եւ «Կամուրջ»ի միջեւ, յայտնենք հետեւեալ տեսակէտը. վերոյիշեալ տարեգիրքերը, պայմաններու կամ ճակատագրի բերումով մեր օրերուն ունին նոյն դերակատարութիւններըՙ «Երթ»ը երազային Հալէպի մէջ, իսկ «Կամուրջ»ը երազային Թիֆլիսի մէջ (Թբիլիսիի մէջ). անոնք կը խթանեն, ուղի կը հարթեն հայ գրականութեան եւ մշակոյթին համար, շարունակելով պատմական աւանդութիւնները:

Միացեալ Նահանգներու մէջ, յատկապէս վերջին քանի մը տասնամեակներու ընթացքին նաե՛ւ գրական մամուլը աշխուժացաւ: Այս առիթով կարեւորութեամբ պիտի մատնանշենք «Առագաստ» ամսագրի երեւումը 2001-ին, գլխաւոր խմբագիրՙ Ստեփան Ալաջաջեան, հրատարակիչ-խմբագիրՙ Թերեզա Ալաջաջեան-Հայրապետեան: «Առագաստ»ը էապէս նպաստեց նաեւ Հայաստան-Սփիւռք գրական կապերու զարգացման, իր էջերը լայն բացաւ Ամերկա հանգրուանած հայ գրողներուն առջեւ: Դժբախտաբար, «Առագաստ»ի լոյս ընծայումը կանգ առաւ շուրջ երկու տարի առաջ: Այս ամսագիրը ուղղագրութեան հարցով, իր հերթին, կը հետեւի հեղինակներու ուղղագրութիւնները նոյնութեամբ պահպանելու սկզբունքին: Վերջին 10-ամեակին ասպարէզ իջած գրական մամուլի երեք ներկայացուցիչներուՙ «Առագաստ»ի, «Կամար»ի եւ «Նարցիս»ի միջեւ, ուշադիր ընթերցողը կրնայ տեսնել ընդհանրութիւններՙ տեսական, գրական-գեղարուեստան բազմաթիւ հարցերու կապակցութեամբ: Սակայն նշենք հետեւեալըՙ «Կամար»ը լոյս կը տեսնէ միմիա՛յն Մեսրոպեան ուղղագրութեամբ, մինչդեռ «Նարցիս»ն ու «Առագաստ»ըՙ հեղինակներու նախընտրած ուղղագրութեամբ:

Միացեալ Նահանգներու տարբեր քաղաքներու մէջ, 19-րդ դարէն սկսեալ մինչեւ մեր օրերը, հրատարակուեցան ու կը հրատարակուին բազմաթիւ պարբերականներ, որոնք, բացի «Հայրենիք» ամսագրէն եւ «Նոր գիր» էն, թէեւ ամբողջութեամբ գրական-գեղարուեստական ուղղութիւններ չունեցան, սակայն կանդրադառնան գրականութեան եւ գեղեցիկ արուեստներու խնդիրներուն, ինչպէսՙ «Համայնապատկեր» ը, «Ասպարէզ» ը, «Հայրենիք» ը, «Մասիս» ը, «Նոր Օր» ը, «Նոր Կեանք» ը եւ այլ բազմաթիւ հրատարակութիւններ: Իսկ Լոնտոնի մէջ, արդէն տասնհինգ տարիներէ ի վեր լոյս կը տեսնէ «Նոր սերունդի ձայն» հանդէսը. խմբագիրՙ Մանուէլ Ադամեան. յիշեալ հանդէսի էջերուն մէջ կը տպագրուին մեր ժողովուրդը յուզող բազմաբնոյթ յօդուածներ, որոնց շարքինՙ գրականագիտութեան եւ ընդհանրապէս գեղարուեստին նուիրուած ուսումնասիրութիւններ:

Մեր խօսքը եզրափակելէ առաջ, պիտի անդրադառնանք Փարիզին, ուր Արշակ Չօպանեանի հիմնադրած ու խմբագրած «Անահիտ» գրական-գեղարուեստական հանդէսը, տարիներ շարունակ վառ պահեց հայ մշակոյթի ջահը: «Անահիտ»ը սփիւռքահայ գրական մամուլի այն յուշարձանն է, որ 19-րդ դարու վերջին 10-ամեակէն մինչեւ 1949, պատմական դերակատարութիւն ունեցաւ: Առանց «Անահիտ»ի կարելի չէ պատկերացնել հայ գրական մամուլի դժուարին, սակայն յաղթական տարիները Սփիւռքի մէջ: Յետագային, ֆրանսահայ գրական մամուլի ներկայացուցիչները շարունակեցին «Անահիտ»ի աւանդութիւններըՙ յիշատակենք քանի մը անուններՙ «Անդաստան» , «Անի» , «Բիւրակն» , «Զուարթնոց» , «Արձագանգ Փարիզի» , «Յառաջ» (նաեւ «Միտք եւ արուեստ» ) եւ այլ գրական-գեղարուեստական, հասարակաան-քաղաքական պարբերականներ:

Մեր գրական մամուլի դերակատարութիւնը անգնահատելի է Հայրենիքի եւ Սփիւռքի մէջ: Յիշեալ մամուլը այժմ պայմաններու բերումով կը մրցակցի համակարգիչներու կայքէջերուն հետ: Սակայն, վերջիններուն անհրաժեշտ գնահատականները տալով հանդերձ, պարտինք աւանդականՙ տպագիր գրական մամուլին գուրգուրալ եւ ամէն գնով առաջին գծի վրայ պահել. քանզի աւանդականը գերադասելի է, աւելի ճիշդըՙ անփոխարինելի:


© AZG Daily & MV, 2009, 2011, 2012, 2013 ver. 1.4