ՊԵՐՃ ԹԵՐԶԵԱՆ
1996-ի վերջերուն Շահէ արք. Աճեմեան (այժմ հոգելոյս), որուն հետ այդ ժամանակ միայն հպանցիկ ծանօթութիւն մը ունէի, ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչական ժողովի օրուան փոխնախագահ Հայկաշէն Ուզունեանի թելադրութեամբ կապ կը պահէր հետսՙ որպէս Գահիրէի ՀԲԸՄ-ի ատենապետ: Սրբազանը կը փափաքէր գիտնալ, թէ ի՞նչ կարելիութիւններ կային Միութեան Գահիրէի մասնաճիւղին նորահաստատ «Սաթենիկ Չագըր» հիմնադրամին միջոցներով լոյս ընծայելու ՀՀ գիտութիւններու ակադեմիայի, Մաշտոցի անուան մատենադարանի եւ ԵՊՀ-ի գիտնականներուն եւ դասախօսներուն հրատարակութեան պատրաստ գործերը, որոնք, ի չգոյէ նիւթական բաւարար միջոցներու, երկար հերթի կը սպասէին:
Շահէ արքեպիսկոպոսի տուեալներով, խօսքը կը վերաբերէր 140 պատրաստ հատորներու հրատարակութեան:
ՀԲԸՄ-ի Գահիրէի վարչութիւնը այս հարցը խորհրդակցութեան նիւթ դարձնելով, եկաւ այն եզրակացութեան, որ մասնաճիւղին մշակութային գործունէութեան ծիրին մէջ կարելի էր տարին երկու կամ երեք ծաւալուն հատորներու հրատարակութիւնը յանձն առնել: Հաշուի առնելով տեղւոյն թեքնիք կարելիութիւններուն անբաւարարութիւնը, պայման դրուեցաւ որ հատորներուն նիւթերը շարուին եւ էջադրուին Հայաստանի մէջ, ապա տեքստը սկաւառակիկներու վրայ (այն ժամանակ խտասալիկները դեռ տարածուած չէին) Եգիպտոս ղրկուելով տպագրութիւնը իրագործուի տեղւոյն վրայ: Տպագրուած հատորներուն Եգիպտոսէն Հայաստան առաքումը պիտի ապահովէր նոյնինքն Շահէ սրբազանը:
Այս գործընթացը որդեգրուեցաւ այն իրողութեան լոյսին տակ, որ «Սաթենիկ Չագըր» հիմնադրամին միջոցները կարելի է գործածել միայն Եգիպտոսի մէջ, իսկ Եգիպտոսի մէջ գիրքը այն միակ ապրանքն է, որուն արտասահման առաքումին դիմաց գումարներ ստանալը պայման չէ: Հարկ է նշել նաեւ, թէ հրատարակուելիք գիրքերուն գիտական մակարդակը երաշխաւորելու համար ՀԲԸՄ-ի Գահիրէի վարչութիւնը պայման դրաւ, որ հրատարակութեան որեւէ դիմումի կից ներկայացուի դիմորդ կառոյցին գիտական խորհուրդին գրաւոր յանձնարարականը:
Այսպիսով, ճամբայ ելանք: Շահէ սրբազան միօրեայ այցելութեամբ Գահիրէ եկաւ ստուգելու համար մեր համակարգչային սարքաւորումներու արտադրական կարելիութիւնները, խորհուրդներ տուաւ եւ Մատենադարանի աշխատողներէն մին ժամանակաւոր կերպով Գահիրէ ղրկեց, որպէսզի գործը ընթացք առնէ:
Առաջին առիթով ձեռնարկուեցաւ Մատենադարանի աւագ գիտաշխատող Աստղիկ Գէորգեանի «Հայ մանրանկարիչներ, մատենագիտութիւն 9-19-րդ դդ.» մեծածաւալ հատորին հրատարակութեան (շուրջ 850 էջ), զոր կարելի եղաւ իրագործել 1998-ին:
Հետագային նոյն ձեւով հրատարակուեցան երկու այլ գիրքեր ԳԱԱ պատմութեան ինստիտուտին համար (2003 եւ 2007) եւ Մատենադարանին համարՙ դարձեալ մանրանկարչութեան վերաբերող գիրք մը (2005):
Դժբախտաբար այս գործընթացը կասեցաւ, քանի որ գիրքերու փոխադրութեան հարցը չլուծուեցաւ: Հրատարակուած գիրքերէն օրինակներ անձնական միջոցներով Երեւան փոխադրուեցան, բայց գիրքերու տպաքանակին մեծ մասը ցարդ կը մնայ Գահիրէ:
Նշեալ տարիներուն առիթը ստեղծուեցաւ բազմաթիւ անգամներ Հայաստան այցելելու, Հայաստան-Սփիւռք համաժողովներու ներկայ գտնուելու, ինչպէս նաեւ այլ բնոյթի հաւաքներու մասնակցելու:
Այս այցելութիւններէն մէկուն ընթացքին, Շահէ սրբազան օր մը առաջարկեց որ Օշական երթանքՙ այցելելու Մեսրոպ Մաշտոցի շիրիմին եւ ծանօթանալու տեղւոյն վրայ գործող նորահաստատ Մեսրոպ Մաշտոց դպրատան գործունէութեան:
Մեր այցելութեան պահուն դպրատան մէջ տեղի կ՚ունենար գիտաժողով մը, որուն քանի մը վայրկեան ոտքի վրայ ներկայ գտնուեցանք: Շահէ սրբազան զիս արագօրէն ներկայացուց լսարանին, ուր ներկայ էր նաեւ մինչ այդ ինծի անծանօթ հմուտ լեզուաբան եւ բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու Վահան Սարգսեանը: Ան, նիստէն դուրս գալով, խօսեցաւ ակադեմիկոս Գէորգ Ջահուկեանի ստուգաբանական բառարանը ՀԲԸՄ-ի միջոցներով տպելու մասին: Ժամադրուեցանք յաջորդ օրերուն հանդիպելու համար: Պր. Սարգսեան շնորհակալ աշխատանք մը կը տանէր ծերունազարդ ակադեմիկոսին աջակցելով եւ կ՚ուզէր հայագիտութեան համար անոր այս կարեւոր աշխատասիրութեան հրատարակութիւնը ամէն գնով յաջողցնել:
Գահիրէ վերադարձիս այս մասին զեկուցեցի տեղւոյն ՀԲԸՄ-ի վարչութեան անդամներուն, վեր առնելով այն պարագան, թէ մեզի համար պատուաբեր իրագործում մը պիտի ըլլար նման բացառիկ գործի մը մե՛ր միջոցներով հրատարակութիւնը: Ժողովը միաձայնութեամբ իր հաւանութիւնը տուաւ այս ծրագրին:
Երբ այս մասին տեղեկացուցի Պր. Սարգսեանին, ի յայտ եկաւ, որ ակադեմիկոսը գործը դեռ իր աւարտին չէր հասցուցած եւ երկու հանգամանք պիտի ուշացնէին գործին լրումի հասնիլը:
Առաջին, գործը իր բնոյթով բաւական բարդ էր եւ անոր իրագործումը երկար ժամանակի կը կարօտէր:
Երկրորդ, մեծանուն ակադեմիկոսը, որ նաեւ ԳԱ լեզուի ինստիտուտի տնօրէնն էր, պետական իր անբաւարար աշխատավարձին պատճառով ստիպուած էր նոյն ատեն քանի մը ԲՈՒՀ-երու մէջ դասաւանդելՙ եկամուտ ապահովելու համար, ինչ որ իր ժամանակը կը խլէր եւ կը խանգարէր իր գիտական աշխատանքներուն հեզասահ ընթացքը:
Երեւան այցելութիւններէս մէկուն ընթացքին պր. Սարգսեան ուզեց զիս անպայման ներկայացնել անուանի գիտնականին: Միասին գացինք Ջահուկեանը տեսնելու լեզուի ինստիտուտի իր աշխատասենեակին մէջ: Ան ժպտադէմ եւ զուարթախոհ անձնաւորութիւն մըն էր, որ այդ պահուն իր մօտի հեռուստացոյցը բացածՙ կը դիտէր Հռոմի Պապին այդ օրերուն կայացող այցը Հայաստան: Մեզի դառնալով ըսաւ, թէ շատ գոհ է, քանի որ ինք Սրբազան Պապին տարեկից է, բայց առողջութեամբ անկէ լաւ է: Խօսակցութեան թելը հետզհետէ քակուեցաւ:
Ակնարկելով ստուգաբանական բառարանին համար իր տարած աշխատանքին, վկայակոչեց ռուս մեծ բառարանագիր մը, որուն անունը այժմ չեմ յիշեր, որ իր բազմահատոր մէկ բառարանը աւարտելէ յետոյ գրած է, թէ երբ այդ գործին ձեռնարկած էր, 60 տարեկանը անց էր եւ չէր գիտերՙ արդեօք պիտի յաջողի՞ գործը լրացնել: Ապա իր անձնական պարագան նկատի ունենալով, Ջահուկեան աւելցուց, թէ ինք 80 տարեկան էր եւ չէր գիտեր թէ պիտի հասնի՞ վերջացնելու իր գործը: Իրեն դիտել տուի, թէ ինք աւելի դրական մօտեցում պէտք է ունենայ եւ մտածէ, թէ այս գործը աւարտելէ յետոյ ի՞նչ նոր գործերու պիտի ձեռնարկէ:
Այնպէս կը թուի, թէ այս խօսքը զուարթախոհ ակադեմիկոսին «դուր եկաւ», որովհետեւ սկսաւ լիահագագ խնդալ:
Մեր կարճ հանդիպումէն յետոյ երբ կը մեկնէինք, իրեն առողջութիւն եւ յաջողութիւն մաղթեցի: Տուն վերադարձիս լսեցի, որ ակադեմիկոսը հիւանդացած է եւ իր աշխատանքըՙ ժամանակաւորապէս դադրած: Որոշ ժամանակ յետոյ գիտնականը վերսկսաւ իր աշխատանքերուն:
Յիշարժան մանրամասնութիւն մըն է այն պարագան, որ ստուգաբանական բառարանին պատրաստութեան աշխատանքներուն ընթացքին, ըստ ընդունուած կարգին, քանիցս խնդրուեցաւ ունենալ լեզուի ինստիտուտի գիտական խորհուրդին գրաւոր յանձնարարականը: Գահիրէի ՀԲԸՄ-ը գիրքին հրատարակութիւնը ստանձնած էր առանց այդ յանձնարարականին սպասելու, հիմնուելով ակադեմիկոս Ջահուկեանի ծանրակշիռ գիտական վաստակին եւ վարկին վրայ: Հակառակ այս ուղղութեամբ կատարուած հետեւողական յիշեցումներուն, այդ հարցը մինչեւ վերջ առկախ մնաց: Մեր ենթադրութիւնը այն էր, որ քանի որ Ջահուկեանը լեզուի ինստիտուտի տնօրէնը ըլլալու կողքին, նոյն ատեն անոր գիտական խորհուրդի նախագահն էր, իրեն համար թերեւս անյարմար պիտի ըլլար այդ հանգամանքով իր աշխատասիրութեան համար յանձնարարական գրելը:
Հետագային միայն պարզուեցաւ թէ այդ գործը անհատական նախաձեռնութիւն մըն էր եւ կապ չունէր լեզուի ինստիտուտին հետ:
Հայաստան կատարած հերթական այցելութիւններէս մէկուն ընթացքին պր. Սարգսեան բացատրեց, թէ «Ասողիկ» հրատարակչականը, որ յանձն առած էր այս բարդ գործին շարուածքը, կ՚ակնկալէր որ իրեն առ հաշիւ վճարում մը կատարուի. այլապէս, գործը կանգ պիտի առնէր:
Ինչպէս նախապէս նշուեցաւ, մեր նախնական պայմանաւորուածութեան մէջ նման նախատեսութիւն մը գոյութիւն չունէր, քանի որ Գահիրէի ՀԲԸՄ-ի «Սաթենիկ Չագըր» հիմնադրամէն կարելի չէր արտասահման գումար փոխադրել: Ճարահատՙ դիմեցի ՀԲԸՄ-ի կեդրոնին, Նիւ Եորք, Միութեան օրուան նախագահ տիկին Լուիզ Սիմոնէն խնդրելով, որ կեդրոնը մասնակցի այս կարեւոր ծրագրին: Տիկին Սիմոնի հետ հարկ եղած «ստուգատես»ը անցընելէս յետոյ, ան «խաթերս» համար համաձայն գտնուեցաւ Միութեան կեդրոնին գումարներէն յատկացնելու պիւտճէ մը, որմէ 1500 ամերիկեան տոլար որպէս կանխավճար փոխանցեցի «Ասողիկ» հրատարակչութեան: Այդ ժամանակ չէի գիտեր, որ այս գումարին փոխանցումը հետագային ինծի պիտի ապահովէր մեծաշռինդ տիտղոս մը: Այս մասին, սակայն, քիչ մը աւելի ուշ:
Փոխանցուած «գումար»ը նոր մղում տուաւ գործին, որ, սակայն, շուտով կրկին դանդաղեցաւ, ըստ պր. Սարգսեանիՙ իբր հետեւանք ակադեմիկոս Ջահուկեանի որդեգրած աշխատանքային գործելակերպէն յառաջացած դժուարութիւններու, որոնց մասին պր. Սարգսեան մանրամասնօրէն կը տեղեկացնէր մեր հանդիպումներուն ընթացքին:
Գործերը այդ ընթացքին մէջ էին, երբ 2005 թուականին լսեցինք ականաւոր գիտնականին մահուան գոյժը: Մինչ այդ, իր բառարանը, որքան որ կը յիշեմ, հասած էր «Չ» գիրին:
Առանց յաւելեալ մանրամասնութիւններու մէջ մտնելու, նշեմ թէ պր. Վահան Սարգսեան, որ մօտէն գործակցած էր մեծ լեզուաբանին հետ, հակառակ իր սկզբնական երկմտութեան եւ ի պատիւ իրենՙ յանձն առաւ կիսատ աշխատանքը իր լրումին հասցնելու ծանր եւ ապերախտ պարտականութիւնը:
Ես 2007-ի ապրիլէն ետք, աւելի քան երեք տարի, Հայաստան այցելելու առիթ չունեցայ եւ կապս խզուած էր պր. Սարգսեանի հետ: Կը սպասէի որ բառարանին խմբագրումը եւ շարուածքը աւարտին եւ խտասալիկը ըստ պայմանաւորուածութեան Եգիպտոս ղրկուի, տեղւոյն վրայ հատորին տպագրութիւնը իրագործելու:
Հայաստան վերջին այցելութենէս (յուլիս 2010) առաջ, հեռաձայնով կապուեցայ պր. Սարգսեանի հետ, ստուգելու համար թէ Երեւան պիտի գտնուի՞ իմ այցելութեանս օրերուն: Երբ հարցուցի, թէ ո՞ւր հասած է բառարանին գործը, ինծի համար կատարեալ անակնկալ մը եղաւ իր պատասխանը, թէ Ջահուկեանի «Հայերէն ստուգաբանական բառարան»ը տպագրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովին հովանաւորութեամբ եւ շուտով տեղի պիտի ունենայ անոր շնորհանդէսը:
Երեւան հասնելէս յետոյ հանդիպեցանք իրարու: Պր. Սարգսեան ինծի նուիրեց նոր լոյս տեսած բառարանէն օրինակ մը, զոր անմիջապէս մեծ գոհունակութեամբ սկսայ թղթատել: Կարեւոր չէր, թէ ով տպած էր գիրքը: Կարեւորը այն էր, որ գործը գլուխ հանուած էր:
Պր. Սարգսեան, զիս ուրախացնելու յայտնի միտումով, դիտել տուաւ, թէ անունս «պարտ ու պատշաճ» ձեւով յիշուած է այս կոթողական գործին համար իր գրած յառաջաբանին մէջ: Հետաքրքրութենէ մղուած, ակնարկ մը նետեցի յառաջաբանին վրայ եւ երբ իր ցուցումով երկու տեղ կարդացի իմ մասիս եղած յիշատակութիւնները, ամբողջ էութեամբս ընդվզեցայ եւ չափազանց վրդովեցայ: Արդարեւ, հոն տեղ գտած էին երկուՙ իրականութեան անյարիր վերագրումներ:
Առաջինը անտեղիօրէն շռայլուած, ծայրայեղօրէն գերադրական պատիւ մըն էր, զոր անզօր կերպով կը փորձեմ վրայէս թօթափել: Այսպէս, պր. Սարգսեան իր յառաջաբանին մէջ գրած է. «Իրավիճակը կրկին փոխուեց 1999-2000 թուականին, երբ մի քանի անգամ Հայաստան եկաւ ՅԱՅՏՆԻ ԲԱՐԵՐԱՐ ՀԲԸՄ-ի Եգիպտոսի մասնաճիւղի նախագահ (ըսել կ՚ուզէՙ ատենապետ- Պ.Թ.) Պերճ Թերզեանը»:
Այո՛, ՀԲԸՄ-ի սնտուկէն 1500 տոլար փոխանցելով դարձած էի ՅԱՅՏՆԻ ԲԱՐԵՐԱՐ. ո՛չ աւելի, ո՛չ պակասՙ քան Մանթաշոֆը, Պօղոս Նուպարը կամ Ալեք Մանուկեանը...:
Եւ այս սխալ վերագրումը պիտի մնայ հայագիտութեան համար կարեւոր այս հատորին յառաջաբանին մէջ ու ամէն լեզուաբան կամ հետաքրքիր ընթերցող երբ կարդայ զայն, պիտի հանդիպի այդ սխալ վերագրումին:
Այդ օրէն ասդին, ամէն անգամ որ անունիս մօտ որպէս անկոչ համհարզ կանգնած այդ կոկոզավիզ եւ աներեր զոյգ ածականները մտաբերելու յաճախանքը կ՚ունենամ, անոնք կարծես իրենց աչքերը հեգնաբար քթթելով, ինծի կը յիշեցնեն իրենց գրաւած անառիկ դիրքէն զիրենք վտարելու անկարողութիւնս:
Այժմ անցնինք երկրորդ վերագրումին եւ անոր ժխտական անդրադարձին:
Պր. Սարգսեան, նոյն յառաջաբանին մէջ, Սփիւռքի հասարակական կառոյցներուն եւ յատկապէս ՀԲԸՄ-ի գործելակերպին «Էթիքա»էն անտեղեակ, գրած է. «Համաձայն փոխադարձ պայմանաւորուածութեան, բառարանը պիտի շարուէր, սրբագրուէր եւ էջադրուէր Երեւանում, «Ասողիկ» հրատարակչութիւնում: Իսկ տպագրութիւնը պէտք է իրականացուէր Եգիպտոսում, «ԱՖՐԻԿԱ» ՀՐԱՏԱՐԱԿՉՈՒԹԻՒՆՈՒՄ, ՈՐԻ ՏՆՕՐԷՆՆ Է ՊԵՐՃ ԹԵՐԶԵԱՆԸ»:
Այս պարբերութիւնը ամբողջութեամբ ճիշդ է, բացի վերջին ընդգծուած բաժինէն: Արդարեւ, պր. Սարգսեանի հետ ՀԲԸՄ-ի համաձայնութիւնը, ինչպէս նախապէս նշուեցաւ, հիմնականին մէջ կը վերաբերէր հատորը Եգիպտոսի մէջ տպելուն: Սակայն որեւէ ատեն համաձայնութիւն կամ նոյնիսկ խօսակցութիւն չէ կայացած այն մասին, թէ հատորին տպագրութիւնը Եգիպտոսի մէջ ո՞ր հրատարակչութիւնը պիտի ստանձնէ, քանի որ նման որոշում տալու ոչ ոք իրաւունք ունի, բացի Գահիրէի ՀԲԸՄ-ի վարչութենէն:
Ընթերցողը կրնայ հարց տալ, թէ հապա ինչպէ՞ս պր. Սարգսեան տեղեկացած է «Աֆրիկա» հրատարակչականի մը գոյութեան:
Պատասխանը շատ պարզ է: Հետս կապը դիւրացնելու համար, մեր հանդիպումներուն ընթացքին պր. Սարգսեանին տուած էի իմ աշխատանքային այցեքարտս, որուն մէջ այլ մանրամասնութիւններու կողքին յիշուած է «Աֆրիքէն Փրէս» անունը, որ կը վերաբերի տուփերու տպագրութեամբ զբաղող իմ սեփական տպագրական հաստատութեան, որ, ի դէպ, գիրքերու տպագրութեամբ չի զբաղիր:
Տեղին պիտի ըլլայ նշել, թէ 1996-էն ի վեր Գահիրէի ՀԲԸՄ-ը հրատարակած է աւելի քան 70 անուն գիրք, որոնցմէ եւ ո՛չ մէկը տողերս գրողին մօտ տպուած է: Ընդհակառակը, պատահած է որ կարգ մը հրատարակութիւններ, որոնք չեն լրացուցած ՀԲԸՄ-ի դրած նախապայմանները, հրատարակուին անձնական միջոցներովս:
Պր. Սարգսեան, հակառակ լեզուագիտական իր խոր հմտութեան, չկրցաւ ընկալել այն միտքը, թէ հատորը մօտս տպելու վերաբերեալ ենթադրեալ համաձայնութեան մասին խօսիլն անգամ (առանց որեւէ գործնական քայլի) հասարակական գործի «էթիքա»ի չափանիշներով անսրբագրելի վիրաւորանք մըն է:
Արդարեւ, այդպիսի համաձայնութեան մը մասին ակնարկութիւնը կրնայ անգիտակ ընթերցողին մօտ յառաջացնել այն սխալ տպաւորութիւնը, թէ «ՅԱՅՏՆԻ ԲԱՐԵՐԱՐ»ը, որ այդ ժամանակ «Սաթենիկ Չագըր» հիմնադրամի աւանդապահ մարմնինՙ Գահիրէի ՀԲԸՄ-ի ատենապետն էր, «մեղրի կարաս»ին գլուխը նստած ըլլալով, իրաւունք ունէր երբեմն իր մատը լզելու...:
Պր. Սարգսեան մնաց իր այն համոզումին վրայ, թէ իր գրածներուն մէջ որեւէ վիրաւորական բան գոյութիւն չունի: Ընդհակառակը, սրդողեցաւ որ, փոխանակ իր կատարած աշխատանքին համար զինք շնորհաւորելու, «անտեղի» հարցեր կ՚արծարծէի: Ճարահատ, ես զիս համոզեցի որ եղածը մեր երկուքին աշխարհահայեացքային «մշակոյթ»ներու տարբերութեան արդիւնք է:
Տուեալ կացութեան առջեւ, պր. Սարգսեանի հանդէպ ունեցած բոլոր յարգանքովս եւ բարեկամական զգացումներով հանդերձ, պարտաւորուած կը զգամ հրապարակային լուսաբանութիւն մը տալ Գ. Ջահուկեանի «Հայերէն ստուգաբանական բառարան»ին յառաջաբանին մէջ իմ մասիս տեղ գտած թիւր տեղեկութիւնները ճշդելու համար:
Այդ հրապարակային լուսաբանութիւնը Գահիրէի մէջ կատարելը իր նպատակին պիտի չծառայէր: Անոր ճիշդ տեղը Երեւանն է, ուր գիրքը լոյս տեսած է եւ ուր կը գտնուի լեզուի մասնագէտներու եւ մշակոյթի գործիչներու մեծագոյն զանգուածը, որ յառաջիկային պիտի օգտուի այդ կարեւոր աշխատասիրութենէն:
Ահա ա՛յս մտահոգութիւններով է որ կ՚ապաւինիմ «Ազգ»ի պատուարժան խմբագրութեան, յուսալով որ ներկայ լուսաբանիչ գրութեան տեղ կը տրուի մշակութային հարցերու բարձրավարկ ամբիոնՙ թերթի «Մշակութային յաւելուած»ին մէջ:
Կը սիրեմ յուսալ, որ այս լուսաբանութիւնը ո՛չ պր. Սարգսեանի, ո՛չ ալ այլոց կողմէ թերգնահատում նկատուի իր տարած կարեւոր եւ շնորհակալ աշխատանքին:
Գահիրէ