2007ին, Եղիշէ Չարենցի անուան Գրականութեան եւ Արուեստի թանգարանի հրատարակութեամբ լոյս տեսաւ Արծուի Բախչինեանի եւ տողերս գրողի համահեղինակած հատորըՙ «Շամախեցի պարուհին. Արմէն Օհանեանի կեանքն ու գործը»:
Գիրքը աշխոյժ հետաքրքրութիւն ստեղծեց թէ՛ մասնագէտներու եւ թէ՛ ընթերցողներու շրջանակին մէջ: 1910-20ական թուականներուն եւրոպական բեմերուն վրայ իր տաղանդը ցուցադրած եւ գրական որոշակի համբաւի տիրացած Արմէն Օհանեանի (Սոֆիա Փիրբուդաղեան, 1887-1976) անունը բոլորովին մոռցուած էր մեր օրերունՙ նեղ մասնագիտական ծիրէն դուրս:
Արմէն Օհանեանը 20րդ դարու առաջին կէսի հայ եւ օտար պատմա-մշակութային մեծ շերտի մը առնչուած ու անոր ծիրին մէջ գործած է, ինչ որ յառաջ բերած է բազմաթիւ հետաքրքրական փոխառնչութիւններու բացայայտումը:
Ա. Բախչինեանի հետ այս նոր հանգրուանի մեր հեռակայ պրպտումներուն ընթացքին, տողերս գրողը հետքը գտած էր լատինամերիկեան գրական թերթերու մատենագիտական ցուցակի մը, որուն շնորհիւ կարելի եղաւ պարզել հայ գրականութենէն ցարդ բոլորովին անյայտ քանի մը թարգմանութիւններու գոյութիւնըՙ Փերուի, Վենեզուելայի եւ Գոլոմպիոյ հանդէսներու մէջ: Անսպասելիօրէն, անոնց շարքին նշուած էր Արմէն Օհանեանի փորձագրութիւնը, որ հրատարակուած էր աւելի՛ քան չնաշխարհիկ տեղ մը (գէթՙ հայ իրականութեան համար)ՙ Հոնտուրասի մայրաքաղաք Թեկուսիկալփայի մէջ 1913-1923ին եւ 1926ին լոյս տեսած Ateneo de Honduras ամսագրին մէջ, որ երկրի գրական առաջատար թերթերէն մէկն էր (խմբագիրՙ Ֆրոյլան Թուրսիոս, 1874-1943): Այդ հանդէսին 1922-1923 թուականներուն հազուագիւտ հաւաքածոն, բաւական փխրուն վիճակի մէջ (թուղթի որակին պատճառով), պահպանուած է Նիւ Եորքի հռչակաւոր Հանրային գրադարանին մէջ: Մեր բախտէն, այդ տարիներուն լոյս տեսած էր Օհանեանի յօդուածը:
Առայժմ կարելի չէ ճշգրտօրէն պարզել, թէ ինչպէ՞ս այդ յօդուածը հասած ու տեղ գտած է Կեդրոնական Ամերիկայի այդ հեռաւոր երկրինՙ Հոնտուրասի թերթին մէջ: Խմբագիրը 1918ին իր երկրին հիւպատոսն էր Փարիզի մէջ եւ բացառուած չէ, որ Օհանեանին ծանօթացած ըլլայՙ ուղղակի թէ երկրորդ ամուսնոյնՙ մեքսիքացի դիւանագէտ Մասետոնիօ Կարզայի միջոցով:
Փարիզաբնակ Արմէն Օհանեանը առաջին անգամ 1921ին ելոյթներ ունեցած էր Մատրիտի մէջ: Նոյն տարին իր առաջին ֆրանսերէն գիրքինՙ «Շամախեցի պարուհին»ի Մ. Կարզայի սպաներէն թարգմանութիւնը լոյս տեսած էր սպանական մայրաքաղաքին մէջ: Կարզայի ընկերակցութեամբ իր կեցութեան ընթացքին, ան կ՚աշխատէր աւարտել իր ֆրանսերէն երկրորդ գիրքըՙ «Քաղաքակրթութեան ճիրաններուն մէջ», որ լոյս տեսած է նոյն տարին Փարիզի մէջ եւ ուր կան ակնարկներ Սպանիա այցին մասին: 1922ին ամուսնանալէ ետք, նոյն տարուան վերջաւորութեան ամոլը կրկին այցելած է Սպանիա, ուր պարուհին ելոյթներ ունեցած է Սեւիլլայի մէջ (թերեւս նաեւ այլուր): Օհանեան ու Կարզա այնուհետեւ մեկնած են Նոր Աշխարհ, նախՙ Նիւ Եորք ու ապաՙ Մեքսիքօ: Մարտ-Ապրիլ 1923ին Օհանեան համերգներ տուած է Մեքսիքօ Սիթիի մէջ, իսկ այդ միջոցին, «Աթէնէօ տէ Հոնտուրաս»ի Ապրիլ 1923ի թիւին մէջ (էջ 1751-1753) լոյս տեսած են Հոկտեմբեր 1922ին գրի առնուած անոր սպանական տպաւորութիւններըՙ La Espaրa de mis sueրos խորագրով: (1930ական թուականներուն, ուրիշ նշանաւոր շամախեցի մըՙ Կոստան Զարեանը, հայ ընթերցողին պիտի հրամցնէր Սպանիոյ ամբողջական բնութագիրըՙ «Երկիրներ եւ աստուածներ» շարքի «Սպանիա» հատորով): Թէեւ նշում չկայ, կ՚ենթադրենք, որ հեղինակը յօդուածը ֆրանսերէնով գրած է, իսկ Մ. Կարզա (կամ ամսագրին խմբագրութիւնը) այնուհետեւ զայն թարգմանածՙ սպաներէնի: Փաստ չունինք, որ 1920ական թուականներուն Օհանեան գրաւոր սպաներէնին տիրապետած ըլլայ, ինչպէս պիտի սկսէր բացայայտել 1930ական թուականներուն Մեքսիքօ հաստատուելէ ետք:
Ստորեւ ընթերցողին ուշադրութեան թարգմանաբար կը ներկայացնենք Օհանեանի յօդուածը, ուր չեն պակսիր վիճելի (հմմտ. երկու միլիոն հոգիի եղեռնը որպէս հետեւանք հայոց մասնակցութեան Ա. Աշխարհամարտին) ու հետաքրքրական ընդհանրացումներ: Արդարեւ, կը պարզուի, որ 1960ական թուականներուն «Սասնայ ծռեր»ու անգլերէն թարգմանութեան յառաջաբանին մէջ Լեւոն Սիւրմէլեանի բանաձեւած այն տեսակէտը, թէ «Հայաստանը ազգերու Տոն Քիշոթն է», արդէն իր նախադէպը գտած էր քառասուն տարի առաջՙ Օհանեանի գրիչով: Բնականաբար, Սիւրմէլեանին չէր կրնար յայտնի ըլլալ Կեդրոնական Ամերիկայի կորսուած ամսագրի մը մէջ ու իրեն անծանօթ լեզուով լոյս տեսած Օհանեանի գրութիւնը: Սակայն, մտածողութեան հանգիտութիւնը նշանակալից է:
ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ, Նիւ Ճըրզի նահանգ, ԱՄՆ