ԱՐՄԷՆ ՕՀԱՆԵԱՆ*
Եօթնամեայ երախայ էի, երբ մանկական պատշաճեցումով «Տոն Քիշոթ Մանչացի»ն նուէր ստացայ: Շատ ծիծաղած եմ կարդալով եւ դառնօրէն լացածՙ մահուան պատումին պատճառով: Մինչ այդ, չէի նկատած, որ Սպանիոյ ամէն ինչ Կովկասին կը նմանի: Իր չոր կամ լեռնային համայնապատկերները, կիզիչ արեւը, տիպարներն ու սովորութիւնները:
Աւելի ուշ, արդէն մեծցած, երբ Սպանիոյ պատմութիւնն ու գրականութիւնը կարողացայ ուսումնասիրել, այս տպաւորութիւնը աւելի շեշտուեցաւ իմ մէջ:
Ահա գտայ, որ միեւնոյն կլիման, միեւնոյն պայքարը իսլամի հետ եւ բարբարոսներու ներխուժումները, միեւնոյն կարիքըՙ մեր Եկեղեցին ու մեր կրօնքը պաշտպանելու, նման կերպով կը ձեւաւորէ հայոց ու սպանացիներու խառնուածքը: Եթէ միջնադարունՙ մոնկոլական արշաւանքներու ժամանակ, չբռնադատուեցանք հաւատաքննութեան ի նպաստ դիմելուՙ մեր եկեղեցւոյ թիկունք կանգնելու ընդդէմ մահմետական մզկիթին, պատճառը այն էր, միայն ու միայն, որ մենք 8րդ դարէն մուսուլմաններու դէմ տեւական խաչակրութեան մէջ էինք:
Ահա այսպէս է, որ այս ժամանակաշրջանի ծաղկուն Հայաստանին փոխարէն, որ տասը միլիոն բնակիչ ունէր, շարունակական ջարդերը ներկայ օրերուն մեզ նուազեցուցած են երեք միլիոնի: Այդ եղած է ու կը մնայ մեր մահացու փարումը իտէալին: Այս միստիկ իտէալը մեր մէջ դարբնած է միաժամանակ մելամաղձոտ, ծանր ու լաւատես հոգի մը: Եթէ կարելի է սպանական հոգին դատել ըստ Տոն Քիշոթի, կարելի է ըսել, թէ Հայաստանը Ասիոյ Տոն Քիշոթն է: Պատերազմի ընթացքին ամէնուրեք մահմետականներէ շրջապատուած, խենթաբար նետուած ենք ընդհանուր կռիւին մէջ: Արդիւնքըՙ երկու միլիոն հոգիի սպանութիւնը: Բայց ի՛նչ փոյթ, ցեղը կ՚ապրի ու պիտի ապրի: Այժմ անկախՙ Արարատեան հանրապետութիւնն ենք: Բայց կը կարծեմ, թէ մեր կենսունակութիւնը քաղաքականէն աւելի խոր պատճառներու կը հպատակի: Այս վիթխարի կենսունակութիւնը մեզի կու գայ մեր հողին, մեր Եկեղեցիին ու մեր լեզուին մոլեռանդ փարումէն, զոր պատմութեան այնքան աղէտներու ընդմէջէն պահած ենք:
Այս նոյն կենսունակութիւնն ու նոյն պատճառները չե՞ն, որ թոյլատրած են Սպանիոյՙ սպանական բնոյթով դուրս գալու իր կրած այնքան արշաւանքներէն:
Սպանիոյ ճակատագրին նմանութիւնը Հայաստանի ա՛լ աւելի բազմաչարչար բախտին հետ, մանկութենէս զիս հրապուրած է: Գիմնազիայի պատանի աշակերտ էի, երբ բուռն կերպով կը կարդայի ինչ որ կը գտնէի Քրիստափոր Գոլոմպոսի յայտնագործութեան, Գորթէսի նուաճումներուն, սպանացի կրօնաւորներուն ամերիկեան առաքելութեան մասին: Բայց Սպանիոյ մէջ ճամբորդութիւնս, անցնելով հին կաստիլիական քաղաքներէնՙ Պուրկոս, Աւիլա, եւ այց մը Թոլետօ ու Սեւիլլա, զիս աւելի ուսուցանած են, քան բոլոր ընթերցումներս:
Որքա՛ն երջանիկ էի տեսնելով հին Կաստիլիան իր ծանր ու ժուժկալ մաքրութեամբՙ Պուրկոսի ու Աւիլայի մէջ: Ամբողջական գոհունակութեան պատճառ էր, որ յաջորդ օրը նոյն կրկէսին մէջ ցլամարտ ըլլար, ինչպէս եւ «Լարայի եօթը իշխաններուն մահը»ի ներկայացում մը:
Շուրջ երեք հարիւր հոգի, ժամանակի հոյակապ տարազներ հագած, նաեւ ներկայացուցին մաւր ձիաւորներու հետ մենամարտեր: Բայց զարդարուն օթեակներուն մէջ, կանանց շքեղութիւնը թերեւս կը գերադասէր կրկէսի շքեղութեան: Դժբախտաբար, տգեղ թրամվայները արդէն գռեհկացուցած են Սիտի այս գեղեցիկ քաղաքը, որուն առասպելը ծանօթ է նոյնիսկ մեզիՙ Կովկասի բարբարոսներուս:
Ի՞նչ հրաշքով գիտցած են յարգել իր ոճին մաքրութեամբ աշխարհի մէջ եզակի այս քաղաքինՙ Աւիլայի աւատական կուսութիւնը: Արդիական գռեհկութիւնը ոչինչով հպած է Կաստիլիոյ այս գոհարին ժուժկալ գագաթին:
Ինծի կը թուի, որ բոլոր պարիսպները, վանքերը, ճանապարհները, ցորենի դաշտերըՙ արեւուն ճառագայթող ուրախ ու մաքուր ոսկիով կաղապարուած էին: Աւիլան աւելի մաքուր ոճ ունէր քան Թոլետոն, որ հեռուէն կը նմանի անապատներու կրկներեւոյթ քաղաքներուն կամ պարիկի մոգական գաւազանէն յանկարծակի ծնած քաղաքներուն, բայց ուր առասպելական քաղաքը արդէն կը սկսի խորտակուիլՙ զբօսաշրջիկներու հանգստաւէտութեան սիրոյն: Մատրիտէն ետք, որ անկախաբար իր բնոյթէն, բոլորովին արդիական քաղաք մըն է սակայն, մեծ հետաքրքրասիրութեամբ հասայ Սեւիլլա: Հարկ է նշել, որ Սեւիլլան տեսած էի [Փարիզի] Օփերայի մէջՙ Պօմառշէի «Սեւիլլայի սափրիչը»ին մէջ:
Այսպէս էր Սեւիլլան միջնադարուն, ուր ռուս մեծ գրող Տոսթոյեւսկին «Գարամազով եղբայրներ»ուն մէջ տեղադրած էր մեծ հաւատաքննիչին մասին առասպելը, որ իր արտադրութեան ամենամիստիկ ու ամենախոր էջն է: Հին Սեւիլլան զիս յուսախաբ ըրած չէ: Սանթա Գրուզի թաղամասը, ուր կ՚ապրիմ, անցեալի ողջ կախարդանքը կը պահէ ինծի համար:
Լուսնի լոյսով օծուած առաստաղէն չեմ դադրիր դիտելէ այս սպիտակ քաղաքը, հին ոսկեզօծ տանիքներով, այս լուռ տնակները որոնք զիրար կը հրմշտկենՙ դէպի իրենց հովիւը դիմող նախիրներու նման, մայր տաճարը, որ առանձինն կը պահէ իր միստիկ ծանրութիւնը այս լուսնային բանաստեղծութեան մէջ:
Արաբիայէն ի՞նչ կը մնայ բուն անտալուզեան այս քաղաքին մէջ: Մաւրերէն քանի մը մնացորդ եւ նուրբ Ճիրալտան, որ ջահի նման կը փայլիՙ արեւուն թէ լուսնին տակ, մայր տաճարին սեւ զանգուածին դիմաց:
Բայց ինչո՞ւ պէտք է Արաբիան եւ ո՛չ թէ նոյնինքն Անտալուզիան որոնել Սեւիլլայի մէջ: Անտալուզիոյ հանճարին ուժը, ըստ իր անհատականութեան, գլած-անցած է արաբական մնացորդները, ո՛չ միայն ճարտարապետութեան, այլ նաեւ ժողովրդային երգերուն եւ պարին մէջ:
Ափսոս որ արաբական ազդեցութիւնը ճաղերու ետին, տնակներու մէջ փակած է այդ երգերուն, կիթառի այդ պարերուն կախարդանքը, ամբողջ կանացիական շնորհքը:
Ջերմ ու մոլեռանդ մեր երկիրներուն մէջ, ուր մուսուլման ժողովուրդները քրիստոնեայ ժողովուրդներուն հետ շփման մէջ են, պարկեշտ կիներուն բարեսրտօրէն թոյլ կու տան դուրս ելլելՙ քօղերու տակ ըլլալու պայմանով:
Սեւիլլայի մէջ, երիտասարդ կնոջ մը փխրուն ու վիպական դիմագիծը ընդնշմարելու համար, ժամերով թափառեցայ Սանթա Գրուզի գռիհներէն: Կանգ կ՚առնեմ, հետաքրքրուած, գեղեցիկ բակի մը ճաղերուն առջեւ, եւ չարագործի նման շուքին մէջ կը մնամ, սեւիլլացի կնոջ մը խուսափուն շնորհքը նշմարելուՙ փոքրիկ բակերու կամարներուն տակ:
Սպանացի նկարիչը աւելի դիւրաւ կը գտնէր Պարսկաստանի մուսուլմաններուն մտերիմ պահ մը նկարելու կերպը, քան հայ բանաստեղծուհինՙ սեւիլլացի կիներուն յոյլ կեանքին մէկ տեսարանը նշմարելու եւ նկարագրելու:
Կը ցաւիմ, որ պարիկ չեմՙ իմ գաւազանով բոլոր բակերուն ճաղերը կոտրելու եւ փաստելու, թէ հոն այնքան բանաստեղծական, այնքան վիպական, այնքան ծանր են, որքան նոյնինքն Սեւիլլան, գեղեցիկ Սեւիլլան լուսնակ գիշերին:
Բարեբախտաբար, բանաստեղծները փաստերու պէտք չունին իրենց տեսիլները ստեղծելուՙ աւելի գեղեցիկ, քան ամենագեղեցիկ իրականութիւնները:
Ահա կը մեկնիմ Սեւիլլայէն: Բայց թէեւ չեմ տեսած երիտասարդ ու գեղեցիկ սեւիլլացի կիները, բնիկ Հայաստանի սրտինՙ Արարատին վրայ պիտի երգեմ շնորհքն ու խորհուրդը անոնց, որոնք շուքն անգամ չեմ տեսած... Սեւիլլայի մէջ:
Սեւիլլա, Հոկտեմբեր 1922
* Նշանաւոր հայ գրագիտուհի