ԹՈՐՈՍ ԹՈՐԱՆԵԱՆ
Մարդ ակամայ կը մտածէ.- այդ շէնշող, կորովի մարդը ինչպէ՜ս կը բաժնուի կեանքէն:
Զինք կը յիշեմ պատանի տարիքէն: Լեւոն Լեւոնեանի «Ուսումնասիրաց» վարժարանը կը յաճախէինք: Ինք 9-րդ դասարանի աշակերտ էր, եսՙ 3-րդ:
Զբօսանքին, մեծերը դպրոցի բակին մէկ անկիւնը կը հաւաքուէին, իսկ մենքՙ փոքրերս, կը վախնայինք իրենց մօտենալէ:
Մենք իրարու կ՛ըսէինք.- Ստեփանը զէյթունցի է եղեր: Զէյթունցիները քաջ կ՛ըլլան, զէնք կ՛ունենան, հապա՜... Գաղտնի խօսք մը ըսելու պէս կ՛արտայայտուէինք:
Ժամանակները սահեցան աներեւակայելի արագութեամբ:
Ստեփանը միջնակարգը աւարտելէ ետք երկրորդական ուսման համար դարձաւ աշակերտը հայոց հիմնած Հալէպի քոլէճին: Չեմ գիտեր ինչո՛ւ, այդ դպրոցը Ամերիկեան քոլէճ կը կոչէին: Ստեփան Ալաճաճեանը աւարտեց Հալէպի քոլէճը եւ տակաւին Ամերիկեան համալսարանի մէջ իր ուսումը շարունակելու համար Պէյրութ չմեկնած 18 տարեկան հասակին, 1942-ին հրապարակեց բանաստեղծութիւններու գիրք մըՙ «Վիշտի ծաղիկներ»:
Ուրեմն, ըսինք, մեր ճանչցած Ստեփանը թէ՛ զէնք գործածել գիտէ, թէ՛ բանաստեղծ է:
Ըսինք.- Ժամանակները շուտ կը սահէին. հովէն ու ջուրէն շատ աւելի արագ: Եւ ահա 1946: Ինչո՞վ էր նշանաւոր այս տարին մեզիՙ հայերուս համար: Հնչած էր երկիր վերադառնալու վաղուց սպասուած զանգը:
Եւ ահա՛, ի պատասխան այդ կոչին, Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի խումբ մը ուսանողներ կիսատ թողլով իրենց ուսումը կ՛որոշեն մեկնիլ Հայաստան: Այս խումբին մէջն էին այլոց կարգին Գրիգոր Քեշիշեանը, Շահէ Վարսեանը, Ստեփան Ալաճաճեանը:
Երեքն ալ սկսնակ գրողներ էին: Կ՛երթային երկրին ծառայելու:
Ստեփանին ընկերներէն Շահնուրը, եղբայրը բանաստեղծը Զարեհ Մելքոնեանին, նախընտրեց Ամերիկա մեկնիլ: Հայաստանը փոքր էր, Ամերիկանՙ մեծ: Մեծին գացողը կրնայ մեծ դառնալ:
Բայց Ստեփանին ընկերներէն Մուշեղ Թահմիզեանը գնաց Հայաստան, հաստատուեցաւ Լենինական (այժմ Գիւմրի) եւ հոն դարձաւ ուսուցիչ, գրեց գիրքՙ Ռուբէն Սեւակի մասին եւ թարգմանիչ դարձաւ, գրական գործերու թարգմանիչ:
Մեծ Ամերիկա մեկնող Շահնուրը ո՛ւր հասաւ չեմ գիտեր, բայց Ստեփան Ալաճաճեանը փոքր Հայաստանի մէջ մեծ մարդ դարձաւ, մե՜ծ որպէս գրող: Հրատարակեց բազմաթիւ գիրքեր. վէպ, վիպակ, պատմուածքներ: Լեզուներ գիտէր, աւելցաւ ռուսերէնը ու կատարեց թարգմանութիւններ Շէյքսփիրէն, Սարոյեանէն:
Ստեփան Ալաճաճեանին գիրքերը թարգմանուեցան ռուսերէնի, ֆրանսերէնի, անգլերէնի, չեխերէնի, պուլկարերէնի եւ այլ լեզուներու: Զէյթունէն ետք Երեւանի հողը թեւեր տուաւ Ստեփանին: Բացի իր գրած գիրքերէն, ունեցաւ պետական պաշտօններ նաեւ:
Ստեփան Ալաճաճեանը բեմի մարդ էր նաեւ, բայց ոչՙ որպէս դերասան, այլՙ բեմախօս:
Երբեմն շատ վատ են այդ «բայցերը»: 1980 թուականին բժիշկները ստիպուեցան վիրահատել գրողին ձայնալարերը:
Այս մասին յատուկ պատմուածք մը գրած է Ստեփան.- Թէ ինչպէ՞ս վիրահատութենէն առաջ, Ստեփանը սկսած է հիւանդանոցին մէջ խօսիլ պոռալով: Երբ հարց տուած են իրեն, թէ ինչո՞ւ պոռալով կ՛արտայայուի... պատասխանած է.- վերջին անգամ գէթ, հարազատ ձայնս լսել կ՛ուզեմ... ես այդ պատմուածք-վիպակը կարդացի այն օրը, երբ Դամասկոսի պետական հիւանդանոցին մէջ հիւանդի մը ձայնալարի վիրահատման անեսթէզին կու տայի: Իմ հիւանդս Ստեփանին պէս չպոռաց, լո՜ւռ, խոկումի մէջ էր: Այդ օրը ես եւս Ստեփանին հոգեկան միեւնոյն ապրումները ունեցայ:
Չկարծէք յանկարծ, որ Ստեփան Ալաճաճեանին կեանքը դժբախտութեամբ անցաւ: Ամուսնացաւ, լաւ ընտանիք կազմեց, ունեցաւ խելամիտ զաւակներ, բոլորն ուր որ ալ գացին մնացին զէյթունցի: Երջանիկ մարդ էր Ստեփան Ալաճաճեանը, նախ իր հրատարակած գիրքերով եւ յետոյ, յետոյին մասին կ՛ուզեմ պարզաբանել միտքս.- 2002-ին Լոս Անճելըսի մէջ Ալաճաճեանը լոյսին բերաւ կարգ մը գաղտնիքներ հրատարակելով «Վաթսունականք» գիրքը: Բաներ, որոնց մասին չէր գրած իր երեւանեան կեանքին ընթացքին:
Եւ ահա գեղեցիկ օր մը, զոր սիրով կրնանք օրերուն օրը կոչել, Եակով Զարոբեան Երեւանի Ծիծեռնակաբերդին վրայ լուցկին մտցուց պատրոյգի երիզի մը եւ ժայռաբեկորներու որոտը լեցուց շրջապատը... ի՛նչ պատահած էր: Հոն կեանք պիտի առնէր ու երկինքն ի վեր, որպէս համաշխարհային բողոք բարձրանար հայոց Մեծ Եղեռնի յուշարձանը:
Այդ պահուն տեղւոյն վրայ ներկայ եղած են շարք մը մտաւորականներու կողքին Ստեփան Ալաճաճեանն ու Պարոյր Սեւակը: Երջանկութիւն չէ՞ այս մէկը, երբ խորհրդային իշխանութիւնները կը հրամանագրեն կառուցել Մեծ եղեռնին նուիրուած յուշարձան, թուրքին ըսելու համար, որ ինք ցեղասպան է: Նոյնը աշխարհին յստակ դարձնելու համար:
Ուրիշ տեղ մըն ալ Պարոյր Սեւակին հետ եղած է Ալաճաճեան, երբ իրենք, Մոսկուայի մէջ Մաքսիմ Կորքիի անունը կրող գրական բարձրագոյն ուսման կը հետեւէին, երբ Պ. Սեւակ այդ օրերուն կը գրէր իր եւ բոլորիս «Անլռելի զանգակատուն»ը, որպէսզի կեանքին վերջին մասը լռութեամբ Կոմիտասը վերստին խօսէր, վերստին երգէր ու բոլորս երգելու մղէր.- «Զինուոր ես, կռանալ մի, մեր դռնից հեռանալ մի...
Ըսի՞ թէ Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի իրենց բարձրագոյն ուսումը կիսատ թողլով Հայաստան մեկնող բոլոր երիտասարդները աւարտեցին Երեւանի համալսարանները - Ստեփան Ալաճաճեանը Երեւանի պետական համալսարանը աւարտեց 1951 թ-ին:
Երեւանի մէջ Ստեփանը բանաստեղծութենէն անցաւ արձակի:
Այստեղ ժամանակը իր երթին մասնակից ըրաւ Ալաճաճեանը. ժամանակի թեւին կառչած դարձաւ հոն լոյս տեսնող «Սովետական գրականութիւն» ամսագրի խմբագրական կազմի անդամ: Ալաճաճեանը դարձաւ Հայաստանի գրողներու միութեան քարտուղար, 1966-1967-ին Հայպետհրատի գեղարուեստական գրականութեան խմբագիր, 1980-ին Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան Եղիշէ Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարանի տնօրէն:
Ստեփանին գիրքերը ժամանակի կողքին վազքի մէջ են ու անուն կը բերեն իրեն.- «Անապատում», «Պարտութիւն», «Եռաթեւ ծիածան», «Մատլէնն ապրում է Փարիզում», «Անառագաստ նաւակներ», «Ապառաժները արտասուել գիտեն», «Չսպիացած վէրք», «Լուսաւորեալ խորաններ», «Ատրուշաններ» - ասոնց մէկ մասը «Վաթսունականք»ին հետ` լոյս ընծայուած Լոս Անճելըսի մէջ: Ու վերջապէս այս վերջիններէն առաջ լոյս կը տեսնէ Ալաճաճեանի գլուխ-գործոց վէպը, որ տպուեցաւ կրկնակի անգամՙ «Եղէգները չխոնարհուեցին»:
Եթէ օր մը թուրքերը «սեփականացուցին» Զէյթունը, Ալաճաճեանը իր այս վէպով ազատագրեց Զէյթունը:
Այնքա՜ն կենսալի են վէպին հերոսները, այնքան իրա՛ւ, պատերազմական ընդհանրումները, որ կարդալու միջոցին կ՛ըսէք.- Ալաճաճեանը ոչ թէ կը վիպէ, այլ ինք, անձնապէս մասնակից է յիշեալ մաքառումներուն եւ հերոսագրութեան:
Ընթերցողները եւ ոչ միայն զէյթունցիները մեծապէս գոհ մնացին այս վէպէն:
Սփիւռքի մէջ Ալաճաճեանի «Վաթսունականք»ը նոյնպէս լաւ ընդունուեցաւ:
Ալաճաճեանը եղած է նաեւ Սփիւռքահայերու հետ մշակութային կապի կոմիտէի վարչութեան անդամ եւ «Հայ-արաբ բարեկամութեան» ընկերութեան նախագահ:
Հայրենիքի մէջ ի՛նչ պաշտօն ալ վարեց, ճիշդ մարդըՙ ճիշդ պաշտօնի վրայ գտնուեցաւ:
Ամերիկա մեկնելէն ետք Ստեփան Ալաճաճեանը չմեկուսացաւ, թէեւ իր ձայնը դարձաւ խռպոտ, ձայնալարերուն վիրահատումին պատճառաւ, բայց գրիչը մնաց հնչեղ ու հասաւ շատ ընթերցողներու:
Ստեփանին դուստրը հրատարակեց «Առագաստ» գրական հանդէսը Լոս Անճելըսի մէջ: Այս գործին մէջ եւս ինք իր աղջկան կողքին էր:
Ալաճաճեանը ուր ալ ըլլար, իր ձայնը հայու ձայն էր, զէյթունցիի ձայն էր եւ ի՛նչ ալ ընէրՙ ամբողջովի՛ն վասն յաւերժական Հայաստանի համար էր:
Գրող էր, բեմբասաց էր, կազմակերպող էր, թարգմանիչ էր, զէյթունցի լեռնական արուեստագէտ էր: Եւ ա՛ն, Ալաճաճեանը, իր անկարելին կտակեց իր հետնորդներուն, իսկ կտակը ստացողները պարտին բարձրանալ այն պատնէշին վրայ, որուն բարձունքէն վար չիջաւ երբե՛ք, գրող ու քաղաքացիՙ Ստեփան Ալաճաճեանը: