ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ
Ո՛չ մէկ դերասանուհի այնքա՛ն իր մասին խօսիլ տուած, որքանՙ Էլիզապէթ Թէյլըր: Եօթանասուն տարի, այո՛, այդքան տարիներ ան երեւցաւ սինեմաշխարհին մէջ: Ինը տարեկան հասակին կատարուած իր առաջին նկարահանումէն 70 տարիներ ետք Լիզ իր կեանքը աւանդեց 79 տարեկանին, մարտ 23-ին, իր այնքան սիրած Հոլիվուտի աշխարհին մէջ, շրջապատուած 8 ամուսիններէն ծնունդ տուած չորս զաւակներով:
Լոնտոնի ողջ, փետրուար 27, 1932-ին ծնած Էլիզապէթի ծնողքըՙ Միացեալ Նահանգներէն եկած, Անգլիոյ մէջ արուեստի գործեր ծախող վաճառականներ եղած էին: Սակայն Երկրորդ աշխարհամարտի օրերուն, 1939-ին կը վերադառնան անոնք Ամերիկա ու Լոս Անճելըսի Պեվըրլի Հիլզի հարուստ թաղամասի մէջ կը բանան արուեստներու առուծախի իրենց խանութը: Արդէն փոքր տարիքէն Էլիզապէթ աչքի կը զարնէր իր իւրայատուկ գեղեցկութեամբ ու մանաւանդՙ մանուշակագոյն աչքերով:
Տանք Հոլիվուտի դասական դերասանուհիին հակիրճ անձնական կեանքին պատկերը:
Ամուսնացած է 8 անգամ 7 անձերու հետՙ Կոնրատ Հիլթըն կրտսեր (1950-51), Մայքըլ Ուիլտինկ (1952-57), Մայքըլ Թատտ (1957-58), Էտի Ֆիչըր (1959-64), Ռիչըրտ Պըրթըն (1964-74 եւ 1975-76), Ճոն Ուորնըր (1976-82), Լերի Ֆորթենսքի (1991-96): Ամենաերկար ժամանակով մնացած է Պըրթընի հետՙ 10 տարի: Առանց ամուսնանալու մնացած է 1982էն 1991 տարիներունՙ ինը տարիներ միայն: Կ՛ըսուի թէ իր կեանքի վերջին տարիներուն ամուսնացած է նաեւ, 9-րդ անգամ ըլլալով, սեւամորթ Ճէյսըն Ուինթերսի հետ, սակայն Լիզ հերքած է այդ տեղեկութիւնը քանիցս, բայց ոչ չարախօսութիւնը:
Նկարահանուած է աւելի քան 50 ֆիլմերու մէջ:
Աքատեմի մրցանաքի արժանացած է երեք անգամ. լաւագոյն դերասանուհի Օսկարին «Պաթըրֆիլտ 8"» (1960) եւ «Ո՞վ կը վախնայ Վըրճինիա Վուլֆէն» (1966): Ինչպէս նաեւ, անգամի մը համար, մասնաւոր օսկարի իր մարդասիրական ծառայութեան որպէս գնահատանք: Նոյնպէս երեք տարբեր ֆիլմերու առթիւ նշանակուած է Օսկար մրցանակի որպէս թեկնածու: Իր լաւագոյն խաղարկութեանՙ Կլէոպատրայի համար ան չստացաւ օսկար: Հաւանաբար այս մեծածախս ֆիլմը Հոլիվուտի մեծահարուստ վաշխառուներուն սպասուած նիւթական հասոյթը չբերաւ ու որպէս պատիժ Լիզին չշնորհուեցաւ այդ դափնեպսակը իր մեծագոյն դերին համար: Բայց եւ այնպէս, Օսկարի փոխարէն, ան շահեցաւ Մարք Անտոնիոսիՙ անգլիացի դերասան Ռիչըրտ Պըրթընի սիրտը եւ 1964-ին անոնք ամուսնացան արդէն: Շարժապատկերի աշխարհին մէջ այս դերով ան պիտի մնայ անմահանուն դերասանուհին Միացեալ Նահանգներու ֆիլմաշխարհէն ներս:
Ունեցաւ զաւակներ: Դուստրերՙ Մարիա Պըրթըն-Կարսըն, Լիզա Թատտ-Թիվի, եւ մանչերՙ Քրիսթոֆըր եւ Մայքըլ Ուիլտինկ: Թոռներՙ 10 եւ ծոռերՙ 4:
Անգլիան իրեն շնորհեց 1999-ին «Բրիտանական կայսրութեան տիկինը» տիտղոսը ու ան այնուհետեւ դարձաւ Տիկին Էլիզապէթ Թէյլըր:
Եղաւ մանաւանդ օգտակար ՁԻԱՀ հիւանդութեամբ տառապողներուն: Միջազգային իր բարեսիրական հիմնարկութեամբ ան հասաւ, ինչպէս երգչուհի Մատոննան եւս, առաւելաբար միասեռականութեան պատճառով այդ փոխանցիկ հիւանդութեան համար դարմաններ գտնելու աշխատանքին, ինչպէս նաեւՙ այդ հիւանդութեամբ տառապողներուն բուժման ճիգերուն: Անոր համար ալ արդէն ան արժանացաւ մարդասիրական ծառայութեան այդ օսկարին:
Ընկեր էր իր հարազատներուն ցմահ: Անբաժան կը մնար իր բարեկամութեան մէջ, ինչպէսՙ Մայքըլ Ճեքսընի նկատմամբ, որ մնացած էր իր հաւատարիմ բարեկամը մինչեւ անոր վերջին շունչը:
Բազմաշնորհ էր ան եւ տարբեր նկարագիրներով կրնար դիւրութեամբ ներկայանալ տեսախցիկին առջեւ: Եգիպտոսի փարաւոններու աշխարհէն, Ամերիկայի քաու-պօյերու կեանքը, քաղաքի շփացած տիկնէն մինչեւ «երիտասարդ Թոսքանինի» աշխարհէն ներս թափանցող կինը: Եւ կատակերգակ, եւ յուզող ու յուզուող դերասանուհին եղաւ ան: Ե՛ւ սիրող, ե՛ւ ատող աստղը անկասկած: Եթէ սիրեց, սիրեց սրտով, իսկ եթէ ատեցՙ ամբողջ հոգւով: Երկու չափ ու երկու կշիռ չկար իր զգացումներուն ազդող... ու եթէ երբեմն չկրցաւ զսպել իր հոգեկան տառապանքը, ապաՙ դիմեց ալքոլին ու դարձաւ գինեմոլ ու անոր տուրքը վճարեց շա՜տ սուղ, բուժումի համար ամիսներ մնալով մասնաւոր հոգեբուժարաններ եւ հիւանդանոցներ:
Երեւցաւ փոքրիկ պաստառինՙ հեռուստատեսիլի վրայ եւս սերիալներու մէջ վերցնելով գլխաւոր դերեր: Բարձրացաւ նաեւ բեմ 1981-ին «Փոքր աղուեսներ» եւ 1983-ինՙ «Անձնական մեր կեանքը» թատերախաղերու մէջ: Վերջին անգամ կարեւոր դերով ան մեծ պաստառին վրայ երեւցաւ 1994-ին «Դը Ֆլինթսթոնզ» ժապաւէնով:
Ունէր նաեւ իր անուշահոտը, իր հագուստի նորաձեւութեան եւ այլ իգական սեռի համար ապրանքավաճառ իրերը, որոնք շրջան մը գտան լայն ժողովրդականութիւն: Բայց այս ամենէն աւելին կը սիրէր ադամանդը, որ կը նկատէր կնոջ անբաժանելի մէկ մասնիկը:
Ունէր նաեւ իր կեանքի փիլիսոփայութիւնը: «Ո՛չ ոք պիտի կարենայ մարմնաւորել Էլիզապէթ Թէյլըրին, բացի իրմէՙ Էլիզապէթ Թեյլըրէն. գոնէ մինչեւ իմ մահուան օրս... այդ հաճոյքը ինծի է վերապահուած», կ՛ըսէր ան անցեալ յուլիսին: «Ի վերջոյ հաւատարիմ կին մը եղած ըլլալում եմ որ այսքա՛ն անգամ ամուսնացած եմ կեանքիս մէջ»: Եւ կամՙ «Իմ կեանքի տառապանքը սկսաւ, որովհետեւ ունէի իսկական կնոջ մը մարմինը եւ մանուկի մը զգացումները»: Ուրեմն ան գիտակից էր եւ իր ունեցած առաւելութիւններուն թէ տկարութիւններուն:
Ան տառապեցաւ քանի մը հիւանդութիւններով. գլխու ուռուցք, սրտի հիւանդութիւն եւ քաղցկեղ: Ու բոլոր այդ ցաւերուն դիմացաւ նոյն անուշ ժպտուն իր աչքերով ու համբերութեամբ:
Ամիս մը առաջ դարձեալ տեղափոխուեցաւ հիւանդանոց, սակայն հոգին աւանդեց իր տան մէջ, հարազատներով շրջապատուած:
Հաւանաբար Հոլիվուտը պարտադրեց որ Էլիզապէթ Թէյլըր դաւանափոխ ըլլար: Ծնած էր քրիստոնեայ ու մեռաւ հրեայ: Կը հաւատա՞ր արդեօք այդ կրօնքին. կը կասկածին բոլորը:
Ինք որ կ՛ուշանար մի՛շտ իր ժամադրութիւններուն, կտակով խնդրեց որ իր յուղարկաւորութիւնը եւս տասը վայրկեանի ուշացումով սկսէր... ան ուշացաւ իր թաղման ներկայ գտնուելու:
Բայց, անկասկած Հոլիվուտի թագուհին գնաց միանալու իր սիրած երբեմնի աստղերէն միայն Պըրթընին, որուն հետ իր հոգին կապեց ամենէն երկար ժամանակով:
Նիւ Ճըրզի, ԱՄՆ