(Բարսեղ Կանաչեանի մահուան Ա. տարելիցի առիթով երաժիշտ, խմբավար եւ մանկավարժ Գէորգ Գանտահարեանի խօսքը 12 մայիս, 1968)
Ոգեկոչական յիշատակի սա հանդէսին, մահէն տարի մը ետք, երբ մեր մտածումները վերստին կը սեւեռուին իր անձին շուրջՙ երկիւղած յարգանքի զգացումով, վստահ եմ, զինք անդարձ կորսնցուցած ըլլալու վիշտը կը լեցնէ բոլորիս հոգիները: Բայց ինծի կը թուի, թէ անիկա հիմա կը վերադառնայ մեզի աւելի պայծառացած, աւելի լուսաւոր, քանՙ երէկ: Այսպէս է եղած երանելի ճակատագիրը բոլոր իրաւ արուեստագէտներուն, որոնք մեր տեսողական զգայարանքին համար կորսուելէ ետք իրենց մահով հետզհետէ աւելի պայծառ դիմագիծ մը կը ստանան մեր իմացական, գիտակցական տեսողութեան մէջ, եւ որքան ժամանակը քալէ այնքան աւելի կը յստականայ, կ՚ամբողջանայ ու մարմին կը զգենու իրենց հոգեղէն էութիւնը: Ու այդ նովին մարմնով է, որ կը դառնան մեզի:
Ուրեմն այսօր մենք կը գտնենք զինքՙ բուն Կանաչեանը յաւիտենութեան յանձնուած պատկերով ու մեր մէջ է հիմա անիկա, երաժիշտի զգեստով պաճուճեալ եւ զարդարեալ, ընտիր բերքովը հայ երգերուն:
Բարսեղ Կանաչեան երաժիշտ անձին կազմաւորումը արդիւնք է զանազան ուսուցումներու եւ այլազան ու հակադիր միջավայրերու ազդեցութեան, ինչպէս որ կը հաղորդէ մեզի իր կենսագրութիւնը: Ջութակի դասերՙ Նաթանպէյ Ամիրխանեանէն, թէոր¬հարմոնի Ժորժ Պույուքէն, Ռումանիա, ապա դարձեալ հարմոնիՙ Կոմիտաս վարդապետէն, Պոլիս, եւ վերջապէս կէս ուսանողութիւն մը Լը Նորմանի քովՙ Փարիզ: Ուրեմնՙ պալքանեան, սլավական, հայկական, արեւմտեան ճաշակներու համադրութիւն մը: Մինչեւ 1920-22 ոչ մէկը իրական արտայայտութեամբ տեղ կը գտնեն իր երաժշտական յօրինումներուն մէջ, նոյնիսկ երաժշտական իր գործունէութեան ընթացքին, ըլլայ նուագախումբերով ելոյթներու, ըլլայ Հալէպ, Ատանա տուած համերգներու ընթացքինՙ քաղաքային ֆոլքլորի եւ ազգային¬յեղափոխական երգերու դաշնաւորումներու մէջ, դեռ ամբողջապէս չի յայտնուիր հայ տոհմիկ երաժշտութեան ապագայ մեծարժէք հեղինակը: Կը մէջբերեմ հոս իր իսկ խոստովանութիւնը, երբ իբրեւ ուսանող Կոմիտաս վարդապետի սաները կը ղրկուին Փարիզ կատարելագործելու իրենց երաժշտական դաստիարակութիւնը Ռընէ Տը Նորմանի քով. «Հպարտ եմ ըսելու, որ սիրելի վարպետիս միջոցաւ մէջս արթնցաւ ճաշակը հայ գեղջուկ երաժշտութեան եւ առաջին օրէն սիրեցի հայ երգը, բայց այսքանով չվերջացաւ, ժամանակ մը վերջ, երբ Եւրոպա կը գտնուէի, ֆրանսացի ուսուցիչս ինծի պարտականութիւն տուաւ, որ ջութակի համար կտոր մը գրեմ: Գրեցի, քննեց եւ ըսաւ. «Ասիկա եւրոպական երաժշտութիւն է, դուն հայ ես, քեզմէ հայկական ոճով գրուածք մը կը սպասեմ»:
Ֆրանսացի ուսուցիչին այս յորդորը անկիւնադարձ մը կը կազմէ իր երաժշտական ստեղծագործութեան մէջ: Ա՛լ յստակ է ճամբանՙ վերադառնալ մեր տոհմիկ երաժշտութեան, խորանալ անոր մէջ եւ վարպետին սկսած գործը շարունակել նորութեան ալ բերած բարիքով ճոխութեանց նպաստելով: Ու կը հրաժարի Եւրոպայի ամէնէն շքեղ ոստանէնՙ կիսատ ձգելով ուսումը, եւ կ՚անցնի Եգիպտոս: Ըստ մեզի, այս թուականներէն կը սկսի Կանաչեան երաժիշտի, բայց մանաւանդ հայ երաժիշտի ստեղծագործական կեանքը: Արդ, ի՛նչ բերքով կը ներկայանայ ան մեզի, գրեթէ 50 տարի հաշուած իր գործունէութեան ընթացքին. մօտ 50 կտորՙ 20 խմբերգ, 7-8 մեներգ, Զարիֆեանի «Խենթը» քերթուածին երաժշտականացում, Լեւոն Շանթի «Հին Աստուածներ»էն ներշնչուած «Սեդա» օփերան եւ մանկական 19 մեներգ: Յիշենք նաեւ արաբական ժողովրդական երգերու դաշնաւորումները, Ճեմարանի եւ Ս. Նշանի քայլերգները:
Սա վաստակը իբրեւ քանակ հաւանաբար ոչ պատկառելի թուի, սակայն նկատի առած վերջին 20 տարիներու խաւարած աչքերու պարագան, սկիզբի թափառաշրջիկ կեանքը, այն ատեն 50 տարին գրեթէ կը կիսուի: Այսուհանդերձ ինչ որ կը մնայ մեզի բիւրեղացած, ընտիր ու մեծարժէք գործ էՙ յաւերժութեան անցնելիք:
Կանաչեանի ստեղծագործական տաղանդը ինքզինք իրագործած է երգային կալուածին մէջ, առաւելաբար խմբերգային մշակումներու եւ յօրինումներու ճամբով: Անցնելէ առաջ իր մշակումներուն, կ՚ուզեմ հրամցնել ձեզի ընդհանուր ակնարկով մը գործը հայ երաժշտութեան պատմութեան երկու մեծ դէմքերունՙ նոյն կալուածէն ներս: Առաջինը Կարա-Մուրզան է, երկրորդը հայ երաժշտութեան սուրբ Մեսրոպըՙ Կոմիտաս վարդապետը: Քրիստափոր Կարա-Մուրզան իր մշակումներով կը հարստացնէ եւ գեղարուեստական ստեղծագործութեան նոր մակարդակի մը կը բարձրացնէ հայ ժողովրդական երգը. ինքն է առաջին անգամ մեր միաձայն երգերը քառաձայնի վերածողը. հիմնական մեղեդին անփոփոխ ձգելով կ՚ընկերացնէ միւս ձայները, որոնք իրենց կշռոյթային պատկերով կը համապատասխանէին հիմնական մեղեդիներունՙ կազմելով ուղղաձիգ աքորային հաճելի հնչողութիւն: Այնպէս որ հաճոյքով եւ դիւրութեամբ կ՚ըմբռնուէին ունկնդիրներուն կողմէ եւ մեծ խանդավառութիւն կը ստեղծէին անոնց հոգիներուն մէջ: Հայ երաժշտութեան պատմութիւնը մեծ երախտիքով կը յիշէ այս առաջին առաքեալ գործիչին անունը: Երկրորդ հանգրուանին կը փայլի պայծառ դէմքը Կոմիտաս վարդապետին, որուն արուեստագէտի նայուածքը կը թափանցէ աւելի խորերը գտնելու համար անապակ աղբիւրը հայ հոգիին: Ունկնդիրին համար հաճելիութիւն մը մշակելու եւ գործադրելու դիւրութիւնը նկատի չ՚ունենար: Կարա-Մուրզային գնահատելով հանդերձ, կը նկատէ միսիոնարի եւ փրոփականտիստի աշխատանք: Ինք կ՚ուզէ հայ երգին էական յատկանիշները վեր բերել: Ու տարիներ շարունակ գաւառէ գաւառ, գիւղէ գիւղ կը շրջիՙ տեղ մը մամիկի բերնէն, ուրիշ տեղ մը վշտահար որբ պարմանուհիի մը շրթներէն, հարսանեկան խնճոյքներէն, հողի աշխատաւորէն կը խլէ հայ երգը, կը սեւեռէ թուղթի էջերուն ու մեզի կը հրամցնէ հայ հոգիին ամէնէն հարազատ բխումներով, ազնուական նկարագիրով: Կը զտէ այդ բոլորը, մեղեդիական իրենց կառուցուածքէն կը ջնջէ օտարամուտ մասերը, կը դաշնաւորէ զանոնք իւրաքանչիւր երգին ներքին բովանդակութեան համաձայն եւ հայեցի ոճով ու արեւելքէն¬արեւմուտք, մինչեւ Եգիպտոս հայ երգը կը բաշխէ օրհնութեան պէս: Բայց առիթը չ՚ունենար այդ երգերուն թեմաները մշակելու, հարստացնելու եւ մեծ կառուցումներու վերածելու: Կանաչեանի բուն դերը եւ բերած նորութիւնը կը կայանայ ճիշդ հո՛ս, ինչպէս կ՚ըսէ Շահան Պէրպէրեան. Կանաչեան, որքան գիտեմ, առաջինը կ՚ըլլայ ժողովրդական եղանակը թեմաթիկ մշակման ենթարկողՙ պահելով հանդերձ իր թեքնիքին մէջ հայ տոհմիկ երաժշտութեան ոգին: Այսպէս են իր բոլոր մշակումները, գլուխ գործոց «Տալիլօ»ն, «Հոյ նար»ը, «Վարդերի հետ»ը, ինչպէս նաեւ մնացեալները: Կարա-Մուրզայի, ինչպէս Կոմիտասի մօտ եղանակները իրարու միացուած էինՙ սիւիթի մը տպաւորութիւնը ձգելով, թեմաթիկ, ներքին հասարակաց գիծ մը ունենալով հանդերձ: Կանաչեան ձեւային կարկտան այս կազմը ամբողջական կառուցուածքի կը վերածէՙ ոճային նոյնութիւնը պահելով եւ սկսուած թեման հետզհետէ աճեցնելով ձայնային հսկայ ճարտարապետումներու կ՚երթայ: Յիշեցէ՛ք «Տալիլօ»ն, ուր յայտնուող սկզբնական թեման կը շարունակուի, կ՚աճի, մոտիլասիոնի կ՚ենթարկուի, սերտ միութեան մը մէջէնՙ մասերուն եւ ամբողջին տրամաբանուած յարաբերութեամբ եւ կը վերածուի գեղեցիկ պոէմի մը, այնպէս, ինչպէս գրականութեան մէջ «Հարճն» է եղած Վարուժանի կողմէ եւ «Տատրագոմի հարսը» Կոստան Զարեանի կողմէ:
Ահա բերած նպաստը հայ երգերու կառուցուածքին տեսակէտէն իր մշակումներուն մէջ: Նոյնն է պարագան նաեւ իր ստեղծագործութիւններուն. կը յիշենք միայն «Նանոր»ը, ուխտաւորներու քալուածքին հրաւէր ուղղող ձայնաշարային հիմնական նոթերը կրկնելէ ետք, նոյն ռիթմով մուտք գործել կու տայ ուրիշ խումբի մը հնգեակ մը վերէն, ապա երիտասարդներ կը միանան ութեակ մը վերէնՙ միշտ նոյն հանդարտ կշռոյթով: Ի վերջոյ կու գան խառնուելու իգական զիլ եւ թաւ ձայները ու միշտ կրկնուող մոթիֆով կը քալեն կրօնական մթնոլորտի մը ընդմէջէն: Քիչ ետք պարիթոն սոլիստը մեղմ ընկերակցութեամբ պասերուն եւ ալթոներուն, աղաչական կը դիմէ Մշոյ սուլթան Սուրբ Կարապետին, որ ճիւղակ կու տայ ձիաւորին, մուրազ կու տայ ոտաւորին: Ապա խնճոյքի յատուկ մթնոլորտ, փոփոխութիւնՙ ե՛ւ ձայնաշարին, ե՛ւ կշռոյթին մէջ: Երկրորդ օրը թափօրը կը յառաջանայ կազդուրուած, թոնալիթէն բարձրացած է մէկ ձայնով, դարձեալ նոյն լայթ մոթիֆը, մուրազ խնդրող չանկիներու քառեակը, խումբը իրարանցումէ մը ետքՙ դարձեալ տօնական մթնոլորտ: Սա թեման, որ ներկայացուեցաւ ձեզի, մաս առ մաս իրագործելով ինքզինք հասած է իր կատարելագործումինՙ ոգեկոչելով հայրենի բնութիւնն ու հայ կենցաղը ուխտագնացութեան մը շրջանակին ընդմէջէն:
Որո՞նք են Կանաչեանի երաժշտական ստեղծագործութիւնը բնորոշող յատկանշական գիծերը.
Առաջինՙ պարզութիւն: Պարզութիւնը արուեստի գործերուն մէջ այն հիմնական յատկանիշն է, որուն միջոցով հեղինակին բացուող իրականութիւնը իր գեղեցկութեամբ կը պարզուի նաեւ զայն ըմբոշխնելու տրամադիր նայողին, ընթերցողին, ունկնդրողին: Մեր տեսողական զգայարանքին հանդիպող արտաքին այս աշխարհը ունի իր ներքին իրականութիւնները, որոնք կը վրիպին յաճախ հասարակ մահկանացուներուս խորը թափանցելու անկարող մեր իմացումէն, մինչ առարկայական ճշդութեամբ կը յայտնուին սուր զգայարանքին արուեստագէտ հոգիներուն: Եւ ասոնք են, որ մեզի կը հրամցնեն այդ բոլորըՙ առ ի վայելում: Հետեւաբար արուեստագէտին կոչումն է իրեն ծանօթ, բայց մեզի անծանօթ այլ աշխարհները բանալ մեզի, ճանչցնել մեզիՙ յստակութեամբ, պարզութեամբ: Ու բոլոր այն օրէնքները թեքնիքի, որոնք արգելք կ՚ըլլան մեզի իրենց գտած կամ կառուցած աշխարհին հետ հաղորդուելուՙ ի վնաս արուեստին են: Կանաչեանի երգերը ահա պարզ են, երկինքի կապոյտին պէս խորունկ, աղբիւրներու ջուրերուն պէս ջինջ: Պարզութիւն մը, որ չի շփոթուիր հասարակին, տափակին, գռեհիկին հետ: Վեհ ու վսեմ պարզութիւն մը մեր գրականութեան Համաստեղին պէս: Նոյն այդ պարզութիւնը նաեւՙ իր դաշնաւորումներուն մէջ. ոչ մէկ բռնազբօսիկ ճիգ կը գտնէք անոնց մէջՙ գիտելիքներ ցուցադրելու ի խնդիր: Կանաչեան երգին հետ է եւ ոչ օրէնքներուն, դպրոցներուն: Արուեստի երկերը իրենք օրէնք կը պարտադրեն, օրէնքներու ճիշդ գործադրութեամբ կարելի չէ արուեստի գործ ստեղծել, քերականագէտներ այո՛, բայց ոչ գրագէտներ, յանգաբաններՙ բայց ոչ բանաստեղծներ, շարժանկարի պաստառ գծողներՙ բայց ոչ նկարիչներ: Օրէնքը նման պարագաներուն շղթայ մը կը դառնայ արուեստագէտին ազատութիւնը կաշկանդող, բռնութիւն` ազատ կամքի, եւ ամէնէն առաջ արուեստագէտները չեն հանդուրժեր ազատ կամքի բռնութեան:
Արուեստն ունի իր ներքին օրէնքները, որոնց հնազանդՙ Կանաչեան կը մշակէ, կը յօրինէ եւ կը դաշնաւորէ պարզօրէն, գեղեցկօրէն:
Երկրորդ յատկանիշը իր գործերուն խաղաղ երգայնութիւնն է. որեւէ մելոտի ամէն բանէ առաջ իր երգային ըլլալու յատկանիշովն է, որ կ՚արժեւորուի: Մեղեդիական այն բջիջը, որ իր հորիզոնական ընթացքին մէջ, կը շարունակուի աճելով եւ իր աւարտին կ՚իրագործէ ինքզինք կշռութային թէ ելեւէջային պատկերին մէջ, պատահականօրէն իրարու կցուած ձայնանիշներու յաջորդականութիւն մը չէ, այլ երաժշտականօրէն մտածուած կուռ մտքերու շարայարում մը: Այդ ընթացքին ու կազմին մէջ տրոհումները, նախադասութիւնները, պարբերութիւնները ամբողջականը իրագործելու դերին մէջ են: Մեղեդիին մարմինը կազմելու համար չլսուած էնթերվալներու գործածութիւնը, ոստումները, չափային ու ձայնաշարային անիմաստ դարձուածքները յաճախ ֆանթեզիի բնոյթ կը ստանանՙ վիրաւորելով մեր ականջները:
Այդպէս չեն Կանաչեանի երգերը. խաղաղ ու տրամաբանական ընթացք մը ունին, ձայնանիշէ ձայնանիշ կ՚անցնի մեղեդին գրեթէ սահանքով ու քնքշօրէն քակուող մետաքս ձայն մըն է, որ կը հասնի մեր լսողական զգայարանքին եւ թաւիշ հպումներով կ՚իջնէ մեր հոգիներուն խորը: Համբաւաւոր «Օրօր»ը, «Ծով աչերը», «Ցայգերգը», նոյնիսկ լացացական բնոյթով «Ուռին» եւ յուզականութեամբ լեցուն, թատերական արտայայտութիւն գտած «Ալվարդի երազը»: Կանաչեանի երգերը չեն ցնցեր մեզ, անսովոր տագնապներու չեն տանիր մեզ, բայց խորունկ եւ մնայուն հանդարտութիւն մը կը բերեն մեզի, մեր առօրեայ տաղտուկներէն ձերբազատելով եւ ձայնեղէն անաղմուկ աշխարհի մը երանութիւնը պարգեւելով մեզի:
Երրորդ յատկանիշը բառերուն եւ երաժշտական արտայայտութեան սերտ միութիւնն է: Կարգ մը երաժիշտներու մօտ նկատուած պարագայ է այն իրողութիւնը, ըստ որուն, բառային բովանդակութիւնը եւ զայն ծածկող երաժշտութիւնը իրարմէ տարբեր, երբեմն նոյնիսկ իրարու հակառակ բաներ կ՚ըսեն: Ալ չեմ խօսիր անոնց մասին, որոնց պատրաստի եղանակներուն ոեւէ քերթողի մը որեւէ մէկ կտորը կը փակցնենՙ նկատի ունենալով անոնց տաղաչափական հանգամանքը միայն: Կանաչեան երկար եւ խոր ուսումնասիրութեան կ՚ենթարկէ բանահիւսական բովանդակութիւնը, ինչ որ իր մէջ կը ստեղծէ ձայնական ընդհանուր մթնոլորտ մը, ապա իր մանրամասնութեանց մէջ խորացուելէ եւ հասուննալէ ետք կը վերածուի երգի: Այնպէս որ երկոքեան դառնան ի մարմին միՙ արուեստի ամուսնութեամբ:
Չորրորդ յատկանիշը բնականօրէն կը հետեւի այս երեքինՙ հաղորդականութիւն եւ անմիջական հաղորդականութիւն: Ճիշդ է, որ Կանաչեանի երգերը իր հոգեկան ապրումներուն անմիջական արձագանգները չեն, ինչպէս է ծնունդը մեր ժողովրդական երգերէն շատերունը. անոնցմէ ոմանք եթէ այսօր մեր երաժշտական գանձարանին մնայուն աւանդներն են, անոր համար, որ սերունդներու հասունացման բովէն անցած են, ապա թէ ոչ անմիջական ծնունդները ընդհանրապէս կ՚ենթարկուին յարդի բոցին եւ փրփուրի ճակատագիրին:
Կանաչեան երկար ու բծախնդիր աշխատանքէ ետք, երբ իր հասունցած ապրումներուն ձեւ կ՚ուզէ տալ, ներշնչումի թարմութիւն մը կը փոխանցէ անոնց, որ անմիջապէս կը վարակէ մեզ ու կը մնայ մեր մէջ իբրեւ հուր անշէջ, որովհետեւ պարզ են իր երգերը, անբռնազբօս երգային մեղեդիականութեամբ բան ու ձայն ներդաշնակ միութեամբ, մանաւանդ ըստ ամենայնի հայեցի ոճով մշակուած ու յօրինուած:
Կանաչեան երաժիշտին դիմագիծը ամբողջացնելու համար անհրաժեշտ է անդրադառնալ նաեւ անոր խմբավարի արժանիքներուն: Ամէն բանէ առաջ Կանաչեան բծախնդիր խմբավար մըն էր, ինչպէս տեսանք զինք իր ստեղծագործական բաժինին մէջ: Խիստ քննութենէ կ՚անցընէր բոլոր անոնք, որոնք մաս պիտի կազմէին իր երգչախումբին, ուսուցողական իր փորձերուն ընթացքին ամէն մէկ ձայնանիշ խստօրէն կը հետապնդէր, որպէսզի երգը իր հնչողական մանրամասնութեանց մէջ գործադրուէր եւ այդպէս հրամցուէր ունկնդիրներուն: Իւրաքանչիւր երգի յատուկ մեներգողի բնորոշ ձայն կը ճշդէր, մեծ կարեւորութիւն կ՚ընծայէր հնչումներու արտասանութեան, ամէն մէկ ձայնաւորի համար յատուկ հրահանգներ գործադրել տալով: Խումբին կարողութեան համաձայն երգեր կ՚ընտրէր. այս բոլորը արդիւնք էին իր արուեստագէտի խորունկ բծախնդրութեան:
Երկրորդՙ համերգներու ընթացքին բեմին վրայ Կանաչեան զուսպ շարժումներու խմբավարն էր. անիմաստ տեղը ոչ գլուխ կը շարժէր եւ ոչ ալ թեւերու լայն տարածում կ՚ունենար: Զուսպ, լուրջ, բայց ազնուական եւ ժուժկալ շարժումներով խումբը իր հմայքին տակ կը նուաճէր, ինչպէս նաեւ ամբողջ սրահը: Բայց այսքանը եթէ թեքնիք բաժինն է, երգերը մեկնաբանելու մէջ միակն էր գրեթէ: Արդարեւ, իրմէ զատ ո՞վ կրնար մեկնաբանել իր երգերը եւ ո՞վ կրնար աւելի լաւ թափանցել իր վարպետինՙ Կոմիտաս վարդապետին գոհար երգերուն խորունկ էութեան, քան անոր արժանաւորագոյն աշակերտըՙ Բարսեղ Կանաչեան:
Ա՛լ պիտի չտեսնենք զինք բեմերու վրայՙ խմբավարի իր պատկերով, սակայն իր երգերը պիտի հնչեն հայ բեմերէնՙ հայեցի թրթռումներով, մեր տուներու մտերմութեան մէջ պիտի հնչեն անոնք ձայնապնակներու վրայի իր սեւեռումներէնՙ քաղցր յուշերով, պիտի հնչեն անոնք հայրենիքին մէջ իր երգերուն ծարաւի հայ որդւոց կարօտագին սպասումի անձկութեամբ եւ պետական երգչախումբով: Բայց թող հնչե՛ն անոնք մանաւանդ ի սփիւռս աշխարհին հայկականՙ իբրեւ սփոփանք մեր ականջները վիրաւորող օտար ժխորին դիմաց եւ մեր հայութեան մէջ մսող մեր հոգիներուն իբրեւ անմար կրակ: