Հ. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎՐԴ. ՊԶՏԻԿԵԱՆ, Մխիթարեան միաբան
Մեր թերթի մարտի 5-ի մշակութային հավելվածում տպագրել էինք պատմ. գիտ. դոկտոր Հարություն Մարությանի «Տայքի հուշարձանների շուրջը» հոդվածը, որն անդրադառնում էր եւ վիճարկում «Շանթ» հեռուստատեսությամբ Տայքի հայկական եկեղեցիներին վերաբերող հաղորդման ընթացքում պրոֆ. Պարույր Մուրադյանի որոշ պնդումները, վկայակոչելով իր հորՙ ճարտարապետ Տիրան Մարությանի «Հայ դասական ճարտարապետության ակունքներում» գրքի տվյալները:
Տայքի շրջանի հայկական եկեղեցական հուշարձանները նույնպես ուսումնասիրած եւ նկարահանած հայր Հարություն վրդ. Պզտիկյանի արձագանքը նոր ճշգրտումներ է անում նույն վեճի վերաբերյալ եւ, իր հերթին, որպես այդ հարցում հավաստի աղբյուր, նշում հանգուցյալ ճարտարապետի նույնՙ վերոհիշյալ ուսումնասիրությունը:
Խմբ.
Պատմական Հայաստանի 14-րդ նահանգն էր Տայքը: Քրիստոսէն 17-18 դարեր առաջ ասորեստանեան սեպագիր արձանագրութիւններու մէջ կը յիշատակուի որպէս Նայիրիի 23 երկիրներէն մէկըՙ Դայանի կոչումով: Մաս կը կազմէր Ուրարտուի սահմաններուն, յիշատակուած է նաեւ յունական աղբիւրներու մէջՙ Քսենոփոնի եւ Ստրաբոնի կողմէ:
Տայք ունէր ութ գաւառՙ Կող, Բերդացփոր, Պարտիզացփոր, Ճակատս, Բուխա, Ոքազէ, Ազորդ, Ասեացփոր: Արեւմուտքէն սահմանակից էր Պոնտոսի, հիւսիսէնՙ Լազիկային եւ Եզերքին, արեւելքէն եւ հիւսիս-արեւելքէնՙ Գուգարքի Կղարջք եւ Այրարատի Վանանդ գաւառներուն, հարաւէնՙ Բարձր Հայքին եւ Արարատի Բասեն գաւառին:
Նահանգը յայտնի է լեռնային անտառներով, սառնորակ աղբիւրներով, արագահոս գետերով եւ իր անմատչելի շրջաններով:
Հ. Ղուկաս Ինճիճեան, որ 18-րդ դարու վերջերը անձամբ վիճակագրութիւնը կատարած է այդ շրջաններուն, Մխիթար Աբբահօր խնդրանքով կը գրէ, թէ գիւղերու մէջ կային «մինչեւ ցայժմ մենաստանք եւ եկեղեցիք մեծաշէնք կամ լքեալք եւ կամ քայքայեալք»:
Բնակչութեան մեծ մասը, կ՛ըսէ, տաճիկներ են, որոնք առհասարակ հայեր էին կամ վրացացած հայեր, «քաղկեդոնիկ իմաստով»: Տակաւին կան, կ՛աւելցնէ, բազմաթիւ գիւղերՙ բնակուած հայերէ կամ հայկական ծագումով վրացիներէ:
Խոսրով Ա. Արշակունի հայոց թագաւորը 3-րդ դարուն նահանգին մեծ մասը Մամիկոնեան գերդաստանին կը յատկացնէ եւ, երբ 8-րդ դարու վերջաւորութեան կը խամրի Մամիկոնեաններու նախարարական տունը, անոնց կալուածները կ՛անցնին Բագրատունիներու հայ եւ աւելի ուշ վրացի ճիւղին:
10-րդ դարուն Տայքի եւ Կղարջքի մէջ կը կազմուի հայ-վրացական բաւական հզօր իշխանութիւն մը, որ կը կոչուէր Տայքի կիւրապաղատութիւն, որուն ամենափայլուն ներկայացուցիչը կը հանդիսանայ Դաւիթ Բագրատունինՙ Կիւրապաղատ տիտղոսով:
Ան Բիւզանդիոնի հայազգի Վասիլ կայսրին ցուցաբերած օգնութեան համարՙ անոր թշնամիներուն դէմ, արժանացաւ այդ պատիւին եւ վայելեց անոր հովանաւորութիւնը:
Ո՞վ էր Դաւիթ Կիւրապաղատ Բագրատունին:
Բացի Իշխանի, Բանակի եւ այլ մի քանի եկեղեցիներու, որոնք գործն էին Ներսէս Շինող հայոց կաթողիկոսին, 10-11-րդ դարերու Տայքի բոլոր գլուխ-գործոց եկեղեցական յուշարձանները գործերն են Դաւիթ Կիւրապաղատ Բագրատունիին, որոնք այսօր վրացիներու, ինչպէս օտար զբօսաշրջկային հատորներու մէջ, դիտումնաւոր կերպով կը վերագրուին վրացիներունՙ պատճառաբանելով, թէ անոնց վրայ կը բացակային հայերէն արձանագրութիւնները եւ կ՛իշխեն վրացերէն եւ յունարէն գրութիւնները: Օտարը շատ դիւրաւ կրնայ թիւրիմացութեան մէջ իյնալ, բայց եկեղեցական պայքարներու տեղեակ գիտնականները շատ լաւ գիտեն, թէ քաղկեդոնիկ-հակաքաղկեդոնիկ պայքարը, որ երկար դարեր տեւեց, շատոնց կորսնցուցած էր իր աստուածաբանական բովանդակութիւնը եւ ժամանակի ընթացքին ստացածՙ քաղաքական նշանակութիւն:
Բիւզանդիոն ամէն գնով կ՛ուզէր Հայաստանեայց եկեղեցին ենթարկել Կոստանդնուպոլսոյ յունաց պատրիարքութեան, ինչպէս յաջողած էին ներգրաւել վրացիները Կիւրիոն վրաց կաթողիկոսի օրով: Շատ լաւ գիտէին, թէ հայերը ո՛չ աղանդաւոր են, ոչ հերետիկոս, քանի կը ճանչնային Քրիստոսի աստուածութիւնն ու մարդկութիւնը, բայց կը հրաժարէին Քաղկեդոնի ժողովի բանաձեւէն, որ կրնար նեստորականութեան կասկածներ արթնցնել, զոր հայերը, միացած Տիեզերական եկեղեցիին, դատապարտած էին Եփեսոսի 3-րդ ժողովին, 432 թուին:
Բնական է որ Դաւիթ Կիւրապաղատ, դաշնակից ըլլալով Բիւզանդիոնի կայսրին, ընդունէր քաղկեդոնականութիւնըՙ որպէս նշան հպատակութեան:
387 թ. Վռամ պարսից արքան եւ Թէոդոս կայսրը Հայաստանը համաձայնութեամբ երկու մասի բաժնելէ վերջ, քաղկեդոնիկ հայերը, որոնք անհաճոյ տարրեր էին պարսկական բաժնին մէջ, հեռացան բիւզանդական բաժին, նաեւ մինչեւ Կապադովկիա:
Ժամանակի ընթացքին ձուլուելով յոյներու մէջՙ անոնցմէ շատեր դարձան յունածէս եւ հայատեաց, իսկ պարսիկները վերջնականապէս հայոց կապը կտրելու համար քրիստոնեայ աշխարհէն, փորձեցին զրադաշտական կրակապաշտութեան կրօնքը պարտադրել իրենց բաժին ինկած Հայաստանին, որ մեծագոյն մասն էր պատմական հողերուն. եւ տեղի ունեցաւ Վարդանանց հերոսամարտը ու ձախողեցուց պարսիկներուն ծրագիրը: Ահաւասիկ թէ ինչպէս քաղաքականացաւ սկզբնապէս աստուածաբանական նիւթը:
Առաջինը Նիկողայոս Մառ, ռուս հայագէտ-բանասէրը եղաւ որ ազդարարեց չանտեսել քաղկեդոնիկ հայերու ստեղծագործ մեծ արուեստը, անոնց կառուցած բացառիկ եկեղեցիները, յատկապէս Տայքի մէջ Էօշքը, Խախուն, Իշխանը, Բանակը, ինչպէս նաեւ Քոբայրը, Ախթալան:
Ռուսերն ալ իրենց կարգին հազիւ ազատագրեցին հայկական հողերը պարսիկներու դէմ պատերազմելով, 1827-ին ծրագրեցին նոր սահմանափակումներով կարգաւորել պետութեան եւ Էջմիածնի յարաբերութիւնները եւ 1836-ին կայսերական ստորագրութեամբ հրապարակուեցաւ ՊՈԼՈԺԵՆԻԱ օրէնսդրութիւնը, 141 յօդուածներէ բաղկացած, որոնք կաթողիկոսին իրաւասութիւնները սահմանափակելու օրէնքներ էին:
Աւելի ուշ Թիֆլիսի փոխարքանՙ Իշխան Կալիցին, փակել տուաւ հայկական վարժարանները եւ յարքունիս գրաւեց հայ եկեղեցական կալուածները: Այս կարգադրութեան դէմ քաջաբար ընդդիմացաւ օրուան կաթողիկոսըՙ Խրիմեան Հայրիկ, եւ 1903-ի վերջերը երեք յեղափոխական հայ երիտասարդներ (հնչակեան) դաշունահարելով Իշխան Կալիցինըՙ Հայ եկեղեցւոյ իրաւունքները կրկին վերադարձուցին իրենց արդար տէրերուն:
Ինչպէս կը տեսնուի, այս պարագային ալ դրդապատճառը զուտ քաղաքական էր, մինչ պատրուակը Հայ եկեղեցին ՕՐԹՕՏՕՔՍ ծիրին մէջ ձուլել էր:
Այս համառօտ շեղումէն վերջ վերադառնանք մեր բուն հերոսինՙ Դաւիթ Բագրատունի Կիւրապաղատին: Հ. Միքայէլ Չամչեան, նոր ժամանակներու պատմահայրը, զայն կ՛անուանէ «ՄԵԾ ԻՇԽԱՆ ՀԱՅՈՑ ՈՐ ՏԻՐԷՐ ՏԱՅՈՑ ԱՇԽԱՐՀԻՆ», հիմնուած ազգային հնագոյն պատմիչներու վկայութեանց վրայՙ Ասողիկ, Արիստակէս Լաստիվերցի, Վարդան Պատմիչ, Սամուէլ Անեցի:
Արեւելեան ազգերու հմուտ պատմագէտ Ռընէ Կրուսէ, հեղինակ «Հայոց պատմութիւն» քննական հատորին, այսպէս կը մեկնաբանէ. «Դաւիթ Տայքի իշխան, զարդարուած ԿԻՒՐԱՊԱՂԱՏ տիտղոսով, կը պատկանէր Բագրատունեաց գերդաստանին վրացական ճիւղին: Տայքի բնակիչները ՀԱՅ էին, որ ընդունած էին Քաղկեդոնի ժողովին որոշումները, սակայն ժամանակակից պատմիչները որպէս վրացի կը դասէինՙ անոնց նման քաղկեդոնիկ ըլլալնուն համար»:
Կիւսդավ Շլումպէրկէր բիւզանդագէտը աւելի յստակօրէն կ՛աւելցնէ. «Այս մարդը, որ 10-րդ դարու վերջաւորութեան Տայքի հզօրագոյն Բագրատունի իշխանը հանդիսացաւ, որ գերագոյն իրաւարարն էր Վրաստանի, որ այնքան մեծ դեր խաղաց Վրաստանի ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ մինչեւ 11-րդ դարու սկիզբներըՙ ուրիշ մէկը չէր, եթէ ոչ Ատրներսեհ Բ.-ի որդի Սմբատ Բագրատունիի թոռը: Ատրներսեհ Բ. իր կարգին Վրաստանի թագը ընդունած էր Սմբատ նահատակ հայոց Բագրատունի թագաւորէն...»:
Գիտարուեստական մանրամասն եւ ճշգրիտ տեղեկութիւններու համար կը թելադրեմ ճարտարապետ Տիրան Մարութեանի 2003-ի սքանչելի հատորը «Հայ դասական ճարտարապետութեան ակունքներում» տիտղոսով, լոյս տեսած սովետական դժուար տարիներուն, որուն նոր հրատարակութիւնը վերջերս տեղի ունեցաւ Երեւանի մէջՙ Յարութիւն Մարութեանի խնամքներով: Սոյն հատորը կարելի է մինչեւ օրս լոյս տեսած ամենալուրջ եւ գիտական մօտեցումներով ներկայացուած աշխատանքը նկատել:
Փարիզ, Մարտ 2011
Նկար 1. Խախուի տաճարը