Սփիւռքահայ բանասէր ու հրապարակագիր Գրիգոր Քէօսէեանը, որ Շահան Շահնուրի գործերուն հրատարակիչներէն, անոր երկարամեայ թղթակիցներէն ու անձամբ ծանօթներէն մէկը եղած է, վերջին տարիներուն երեք հատորներու մէջ գնահատելի աշխատանքով ամփոփած ու ծանօթագրած է ֆրանսահայ գրագէտին նամակներու ստուար քանակ մը, որ սկիզբն է լիակատար նամականիի մը իրագործումին:
1960ական թուականներուն, երբ իր առողջական վիճակը կայունացած էր, Շահնուր բաւական լայն թղթակցութին հաստատած էր Հայաստանի եւ Սփիւռքի տարբեր դէմքերու հետ: Ան սովորութիւն ըրած էր ստացած գիրքերու քիչ թէ շատ ընդարձակ անդրադարձներ գրելուՙ անձնական նամակներու մէջ, որոնք երբեմն համառօտ գրախօսականներու արժէքը ունին:
Հայրենի հանգուցեալ գրականագէտ Հրանտ Թամրազեանի «Սիամանթո» մենագրութեան մասին գրուած ու Փետրուար 28, 1965 թուակիր նամակը, որ «Գրական թերթ»ի ապրիլ 15ի թիւին մէջ լոյս տեսած էր Վարդիթեր Մանգասարեանի հրապարակումով, սկզբնապէս ապագայ նամականիին յաւելում նկատած էինք:
Սակայն, անմիջապէս նշմարեցինք, որ նամակին լեզուն արեւմտահայերէնը մնացած էր (արեւելահայերէնի կարծես թէ անխուսափելի միջամտութիւններով հանդերձ), բայց ուղղագրութիւնը դարձած էր թէ՛ «հին», թէ՛ «նոր» եւ թէ՛ նորաթուխ բան մը: 2007-ին Վ. Մանգասարեան Շահնուրէն երեք նամակներ հրատարակած էր «Ազգ-Մշակոյթ»ի մէջՙ թէ՛ լեզուի, թէ՛ ուղղագրութեան բնագրային հարազատութեամբ (*): Այդ մեկնակէտով, ուրեմն, կ՚ենթադրենք, որ փորձ եղած է Թամրազեանին ուղղուած նամակը հարազատօրէն տպելու. եթէ այդպէս է, պարտինք սկզբունքով բացառել բնագրագիտական ցածորակ աշխատանք մը եւ ենթադրել սխալ մեքենագրում մը, համակարգչային կամ էջադրական խանգարում մը, խմբագրական անհարկի միջամտութիւն մը եւ այլն: Թերացումը ուր ալ եղած ըլլայ, արդիւնքը Շահնուրի հանրայայտ բծախնդրութեան անվայել հրապարակում մըն էր: «Գրական թերթ»-ի յաջորդական թիւերուն մէջ որեւէ բացատրութեան չհանդիպելով, որոշեցինք ձեռնարկել նամակին լեզուական վերականգնումինՙ թէեւ ձեռագիրը տեսնելու պատեհութիւնը չունինք (Մանգասարեան չէ նշած անոր աղբիւրագիտական տուեալները): Կարգ մը հարցումներ ինքնըստինքեան բանաձեւուեցան.
ա) Արդեօք Շահնուր չէ՞ր գիտեր, որ Սիամանթոյի անունը Ատոմ Եարճանեան էր եւ ո՛չ թէ Ատոմ Եորճանիան:
բ) «Կասկած չիկայ, որ դեռատի Ա.Ե.-ն խորապես դրոշմուած է Մեբեռլիկի Serres Charls-ով, ինչպէս Վարուժան ազդուածՙ հույն [sic] հեղինակենՙ Avze Chansons-ներեն», իբրեւ թէ գրած է Շահնուր: Ֆրանսալեզու գրականութեան քաջ գիտակը չէ՞ր գիտեր, որ պելճիքացի նոպէլեան մրցանակակիր գրողին անունը Մեթեռլինկ է եւ ո՛չ թէ Մեբեռլիկ, եւ որ անոր երկին ճիշդ անունը «Serres Chaudes» էր: Ուղղագրական շփոթը պատճառ դարձած է, որ նոյն բառը կարդացուի անկարելի հոյն ձեւով եւ Վարուժանին վերագրուի չգոյ յոյն հեղինակի մը չեղեալ ազդեցութիւնը: Ի՞նչ «յոյն հեղինակ» է, որ «Avze Chansons» գործը գրած է. Շահնուր ակնարկած է նոյնինքն Մեթեռլինկի «Douze Chansons» գործին է: «Ֆրանսերէն» serres, charls եւ avze բառերուն գոյութեան ստուգումը դժուար աշխատանք մը չէր:
գ) Շահնուր կրնա՞ր Մեբեռլիկ եւ այլուրՙ «Եմեռլինկ (sic), Մաքս Ելոքամփ (Մաքս Էլսքամփ) եւ Վեսհաուն (Վեռհառն) գրել:
դ) Դասական ուղղագրութեան բոլոր շեղումներուն որպէս օրինակ, արդեօք դժուա՞ր է սորվիլ, որ բառավերջի e ձայնը մի՛շտ կը գրուի է-ով, ներառեալՙ բացառական հոլով ու ս, ն, դ յօդ ունեցող բառերը: Անկարելի է, որ Շահնուր գրէր Մալառմե, Պոտըլեռե, ստուերեն, ըլլալե, հեղինակեն եւ մասամբ նորին:
ե) Արդեօք որ օրէնքը կը տնօրինէ գրել աուիլնալ (sic!), դիուրին, դիուրայույզ, համբաուին, աուելի (2 անգամ), Սփիուռքը, առողջութիունս (ամբողջ գրութեան երկայնքին -թյունս է, բացի այս մէկ պարագայէն), ույժը («ոյժ» գրելաձեւին այժմու հնչիւնը uyzh չէ), լաուագույն: Ի պէտս զարգացելոց, եւ գիրը դասական ուղղագրութեան մէջ ունի յստակ հնչիւն որպէս կիսաձայնաւորՙ ի գիրէն ետք (արեւելահայերէնի մէջ կորսուածՙ «բարեփոխուած» ուղղագրութեան շնորհիւ), եւ նոյնքան յստակ ուղղագրական կանոնՙ որպէս բաղաձայն երկու ձայնաւորներու միջեւ կամ բառի վերջաւորութեան:
զ) Հայերէնի ո՞ր մէկ ուղղագրութեան մէջ կան կամ եղած են կիանք (2 անգամ) եւ սենիակ բառերը: (**)
է) Աւելորդ չէ նշել, որ Շահնուրի լեզուին խորթ են կը յուզի, վնասիլ եւ առնիմ ձեւերը: Առաջինը զուտ արեւելահայերէն է, իսկ միւս երկուքը գրական արեւմտահայերէն չեն:
Գործը վերջացած կը համարէինք, երբ երեւան եկաւ «աննշան» մանրամասնութիւն մը. նամակին առաջին հրատարակութիւնըՙ քառորդ դար առաջ տեղի ունեցած (Շահան Շահնուր, Երկեր, գիրք երկրորդ, Երեւան, 1985, էջ 293-294), որուն լուսանկարը մեզի տրամադրեց հայրենի քաջատեղեակ բանասէր մը: Ըստ երեւոյթին, Վ. Մանգասարեանին ծանօթ չէր այդ հրատարակութիւնը (որ նոյնպէս Թամրազեանի աղբիւրը նշած չէ), որ գոնէ մէկ, հոգ չէ թէ «բարեփոխուած», եւ ո՛չ թէ երեք ուղղագրութեամբ տպուած ըլլալու, նաեւՙ լեզուականօրէն համեմատաբար աւելի վստահելի ըլլալու առաւելութիւնները ունի: Քանի մը աւելի ճշգրիտ ընթերցումներով հանդերձ, բաղդատութիւնը պարզեց, միւս կողմէ, որ «Երկեր»-ուն մէջ տպուած թուականըՙ 28 յուլիս 1965, սխալ կարդացուած է (այլապէս ինչո՞ւ Շահնուր պիտի յիշէր Կաղանդի բացիկներըՙ Նոր Տարիէն եօթը ամիս ետք): Սոյն հրապարակումը նախորդներուն թերիները կրնայ սրբագրելՙ ի շահ ներկայ ընթերցողներուն եւ ապագայ բանասէրներուն: Իրենց կը թողունք նախորդ հրապարակումներուն հետ բաղդատումըՙ գրութիւնը չխճողելու համար:
ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ, Նիւ Ճըրզի (ԱՄՆ)
*) Խմբագրությունը բծախնդրորեն հետեւում է ստացված արեւմտահայերեն նյութերի ուղղագրությանը, հարկ եղած դեպքումՙ միջամտում:
**) Կարծում ենք այս կեանք-կիանք, սենեակ-սենիակ, ինչպես նաեւ հաջորդ վնասել-վնասիլ, առնեմ-առնիմ սխալագրությունները հետեւանք են Շահնուրի ձեռագիրը սխալ կարդալու: Արդարեւ, արեւմտահայերը ե տառը հաճախ գրում են /- ձեւով, որը արեւելահայերը կարդում են ի: Եվ հաճախ, ոչ միայն այս պարագայում, ձեռագրի վրա աշխատող բանասերներըՙ նախ իրենք, ապա ընթերցողին են թյուրիմացության մեջ գցում: Մյուս կողմից, իհարկե, այս ամբողջ սխալագրությունը արեւմտահայերեն չիմանալուց է:
Խմբ.
Saint-Raphal,
28 փետր[ուար], 1965
Սիրելի Հր. Թամրազեան
Հետաքրքրութեամբ եւ լարուած ուշադրութեամբ կարդացի ձեր գիրքը, որ առաջին ընդարձակ ուսումնասիրութիւնն է, որ նուիրուած ըլլայ Ատոմ Եարճանեանի անձին ու գործին: Գրականագէտի եւ խղճամիտ պրպտողի ձեր արժանիքներուն վրայ կուգայ աւելնալ ձեր լեզուն, որուն գեղեցկութիւնը այնքան կը մօտենայ մեր հեշտալուր աշխարհաբարին: Այս երկրորդ անգամն է, որ Երեւան ինծի կը պարգեւէ բացառիկ վայելքը, թրքահայ գրագէտի մը գործին մէջ մխրճուելու եւ ատով իսկ վերապրելուՙ մեր գրական կեանքին խռովիչ երէկը: Առաջին հատորը, որ նուիրուած էր Սրբուհի Տիւսաբ Փաշայի, զերծ էր այն ողբերգական մթնոլորտէն, որ կը յածի եւ կը ճնշէ ձեր գիրքին վրայ: Ես անոնցմէ եմ, որոնց համար Ապրիլ 11-ը հեռու է տարուան մէկ օրը ըլլալէ: Մեր ողբերգական կեանքին ամէն մէկ օրը, այո՛, ամէն մէկ օրը, իր մէջ կը հաշուէ սեւ րոպէ մը, որ կը կոչուի Ապրիլ 11:
Ատոմ Եարճանեան այնպիսի մէկն էր« որ կը սարսափէր իր իսկ ստուերէն: Ան վախկոտ էրՙ ծայր աստիճան. իր առնական քոյրը կը վկայէ, որ սենեակին խորը կ՚երթար ապաստանիլ Ատոմ, երբ միայն լսէր հնչեղ ոտնաձայնը անցորդ ոստիկանի մը: Այս վկայութիւնը կասկածի տակ դնել դիւրին չէ, երբ խորհուի, որ ճիչը եւ խժալուր աղաղակը օտար բաներ չեն դիւրայոյզ երկչոտներու: Երբ այս այսպէս է, մարդ կը փշաքաղի խորհելով թէ ի՞նչ կրնայ եղած ըլլալ եղերաբաղդ հայորդիին հոգեվիճակը, ի տես բարբարոս ջարդարարներու ոհմակին: Կան ողբերգութիւններ, որոնց խորը թափանցել հնար չէ:
Գալով իմ ցուցմունքիս (էջ 117), կասկած չկայ, որ դեռատի Ա.Ե.-ն խորապէս դրոշմուած է Մեթեռլինկի Serres Chauds-ով, ինչպէս Վարուժան ազդուածՙ նոյն հեղինակէն Douze Chansons-ներէն: Իմ ցուցմունքն ուրիշ բան չ՚ըներ, եթէ ոչ ցոյց տալ տաղանդին կազմութեան հանգրուանները: Ան երբեք չի կրնար վնասել վերոյիշեալ գրագէտներու համբաւին: Դիտելի է նաեւ որ անոնք, որոնց անունը միշտ կը յիշուի զուգորդաբար, անոնք առաւելապէս սնած են, իրենց երիտասարդ տարիքին, Պելճիքացի երկրորդական սեմպօլիսթներով, ինչպէսՙ Մեթեռլինկ, Վեռհառն, Մաքս Էլսքամբ, Ժորժ Ռօտենպաք, փոխանակ բարձրանալու դէպի ակը սեմպօլիզմին, այսինքն դէպի Ռեմպօ, Մալառմէ, Վեռլէն, անշուշտ Պօտըլեռէ վերջ: Ատով կը բացատրուի այն մասնայատուկ միսթիսիզմը« որ երբեմն տեղ կը գտնէ իրենց գրութիւններուն մէջ:
Գրական վերոյիշեալ ազդեցութիւններէն աւելի կարեւոր է այն տարակարծութիւնը« որ միշտ տիրած է Ա.Ե.-ի տաղանդին շուրջ եւ որ դեռ կը գտնէ իր արձագանգըՙ ձեր աշխատասիրութեան մէջ (էջ 206-245): Թէ այսօր Սփիւռքը ինչպէ՞ս կը դատէ Ա.Ե.-ի երկը, այդ բանը դուք պէտք է գիտնաք, առանց որ ես խօսք առնեմ:
Մնաց որ, շատ երկարեցաւ իմ նամակս: Ոչ տարիքս եւ ոչ ալ առողջութիւնս կը թոյլատրեն մանրամասնօրէն արտայայտուելու բարդ խնդիրներու մասին: Տեսէ՛ք ցաւս:
Կաղանդի առթիւ Երեւանէն ստացայ մէկէ աւելի սիրազեղ բացիկներ. առանց որ ոյժը ունենամ անոնց պատասխանելու պատշաճօրէն: Կը խնդրեմ որ ներողամիտ ըլլաք ինծի, բոլորդ ալ:
Ձերդՙ լաւագոյն զգացումներով
ՇԱՀԱՆ ՇԱՀՆՈՒՐ