ԱԶԳ ՕՐԱԹԵՐԹ - ՄՇԱԿՈՒՅԹ

https://www.azg.am | WAP | WAP-CULTURE

#17, 2011-10-08 | #18, 2011-10-22 | #19, 2011-11-05


ՌՈՒԲԷՆ ՆԱՃԱՐԵԱՆ ԵՎ ՎԱՀԷ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ

Երկու խոստումնալից արուեստագէտներ

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԹՈՐՈՍԵԱՆ

Աւելի քան ուրախացուցիչ իրողութիւն է յայտնութիւնը Փարիզի մէջ, երկու խոստումնալից արուեստագէտներու: Ասատուր Պզտիկեանի եւ Ժան Գազանճեանի (այժմՙ Միացեալ Նահանգներ) սերունդէն ետք:

Երկուքն ալ ծնած են Պէյրութ եւ ստացած հայկական դաստիարակութիւն: Ռուբէն Նաճարեանին (Ռուբէն), հանդիպած եմ Աքադեմի Լիդանէզի (Լիբանանեան նկարչական ակադեմիա) մէջ, երբ ուսանող էր, իսկ Վահէն ճանչցած եմ Խալիլ Բադաուի հայկական թաղին մէջ, ուր կը պաշտօնավարէր ու կը նկարէր:

Ներկայիս երկուքն ալ կ՛ապրին Փարիզի մէջ, ունին իրենց արուեստանոցները, ուր կը ստեղծագործին ու կը ցուցադրին Եւրոպայի զանազան քաղաքներուն մէջ, տարածելով հայութեան անունը եւ ներկայացնելով հայ արուեստը:

Ռուբէն բազմաթիւ անգամներ հրաւիրուեցաւ Վենետիկի Մխիթարեան հաստատութիւնՙ ամառային դասընթացքներունՙ դասաւանդելու «հայ արուեստ» նիւթը:

Վահէ Պարսումեան

Երկու տարի առաջ, երբ կրկին կը գտնուէի Փարիզ, այցելեցի իր արուեստանոցը ու տեսայ իր ինքնատիպ գործերը, մեծ մասամբՙ իւղանկարներ, որոնք ճարտարապետական կառոյցներ են եւ կը ձգտին ստեղծել զուտ կերպընկալ (plastique) միջոց մը:

Ի զուր չէ, որ Պլատոն տեղ մը կսէ. «Ճարտարապետական գործերը գեղեցկագոյնն են»:

Վահէ Պարսումեան աստիճանական զարգացումով հասած է հոն, ուր գեղանկարիչըՙ ազատագրուած նիւթի կապանքներէն, կ՛իրագործէ աշխարհը ընկալելու իր տեսողութիւնը, ոճըՙ մէկ խօսքով:

Իր պաստառները ունին քառակուսի չափեր, ուր ան կ՛իրագործէ արուեստի իր հաւատամքը: Ահա թէ ինչ կըսէ. «Քառակուսին մարմին է, կը ներկայացնէ բոլոր մարմինները: Անիկա կը սահմանէ զուգահեռները, կը կանգնեցնէ նիւթը, կընդլայնէ, կը տարածուիՙ կը խտացուի, առանց կորսնցելու իր էութիւնը»:

Վահէ կը շարունակէ իր բացած ուղին, որ անկասկած զինք պիտի հասցնէ արուեստի բարձունքը:

Վահէ Պարսումեան մեր այն տաղանդաւոր նկարիչներէն է, որոնք յամառ աշխատանքով կրցած են կտրել փշոտ այն ճամբան, որմէ ետք կը սկսի արուեստի դժուարին բարձունքը:

Վաթսուն տարեկանին Պարսումեան դարձած է ինքնուրոյն նկարիչ մը, որ մաս կը կազմէ Փարիզի պէս դժուարահաճ քաղաքի մը մշակութային կեանքին:

70-ականներուն, երբ ան տակաւին Պէյրութ կ՛ապրէր, հետեւած եմ նկարչական իր առաջին քայլերուն: Ան իր թանկագին ժամանակը կ՛անցընէր ընկերութեան մը իբրեւ պաշտօնեայՙ օրուան մնացեալ պահերը յատկացնելով արուեստին: Դժուարին ժամանակներ էին իրեն համար. հօրը մահէն ետք ընտանիքին ամբողջ հոգը կը ծանրանար իր ուսերուն:

Միակ մխիթարանքը տիկին Լիւսի Թիւթիւնճեանի քաջալերութիւնն էր, որ ըլլալով ընկերութեան տնօրէնին կինը եւ հանրածանօթ գեղանկարչուհիՙ լաւ կը հասկնար Վահէին երազը, որ ուրիշ բան չէր, քան նուիրուիլ նկարչութեան:

Անցան տարիներ: Այժմ դարձած ինքնավստահ, պաշարած որոշ խնայողութիւնՙ Վահէ որոշում կայացուց ձգել ամէն ինչ ու մեկնիլ Փարիզՙ արուեստի քաղաքը, կատարելագործելու իր արուեստը ու փորձելու իր բախտը... Իրմէ առաջ նոյնը ըրած էին Ասատուր Պզտիկեան, Ժան Գազանճեան, Ռուբէն Նաճարեան եւ ուրիշներ:

***

Քանի մը տարի առաջ, բոլորովին պատահականօրէն հանդիպեցայ Վահէինՙ Ալֆորվիլի մշակոյթային տան մէջ կազմակերպած հայ գրքի ցուցահանդէսին, ուր կ՛օգնէր կազմակերպիչ տիկիններուն: Համբուրուեցանք որպէս հին հարազատներ: Պատմեց իր յաջողութիւններուն եւ ընտանիքին մասին: Ամուսնացած է հայ աղջկան մը հետ, ունեցած երկու դուստրեր, որոնք արդէն համալսարան կը յաճախէին եւ կը տիրապետեն հայերէնին:

Իսկ գեղարուեստական ասպարէզէ ներս ունեցած է մեծ յաջողութիւններ: Մասնակցած է բազմաթիւ միջազգային ցուցահանդէսներու եւ բիէնալներու, կազմակերպած է անհատական 9 ցուցահանդէս Եւրոպայի զանազան քաղաքներուն մէջ: Արուեստանոցը կը գտնուի Փորթ տը Վիրսայի նկարիչներու տան մէջ:

Վահէ չմոռցաւ պատմել իր մասնակցութեան բաժինըՙ լուսահոգի Սարգիս Պօղոսեանի «Իքոնոկրաֆ Արմենիէնի» 2-րդ հատորի աշխատանքներուն եւ անոր ասմունքի ձայներիզներու պատրաստութեան գործին:

Այս բոլորը կրնային միայն ուրախութիւն պատճառել ինծի:

Ռուբէն Նաճարեան

Գրել Ռուբէն Նաճարեանի մասինՙ կը նշանակէ գրել աշխարհի ամէնէն նուրբ եւ ամէնէն զգայուն արուեստագէտներէն մեկուն մասին:

Ռուբէնին ծանոթացած եմ 70-ական թուականներուն «Աքադէմիի մէջ, ուր հրաւիրուած էի դասաւանդելու գծագրութիւն եւ նկարչութիւնՙ հաստատութեան զանազան բաժիններուն մէջ:

Իր դասարանին լաւագոյն գծողն էր ան. կը հիանայի իր գծագրութիւններուն, մատիտով, ածուխով կամ գուաշով:

Մեր ծանօթութեան առաջին օրն իսկ դարձանք բարեկամներ: Բարեկամութիւն մը, որ կը տիրէ մինչեւ այսօր ու պիտի շարունակուի որքան ատեն որ ապրինք:

Ռուբէն ոչ միայն օժտուած էր նկարելու տաղանդով, այլ նաեւ ունէր խորունկ ներաշխարհ եւ բանաստեղծի խոկուն նայուածք աշխարհի երեւոյթներուն դիմաց:

Քառասուն տարիներու դասաւանդութեանս ընթացքին հանդիպած եմ շատ մը շնորհալի տղոց, սակայն միայն տղու մը հանդիպած եմ Ռուբէնին արժանիքները ունեցող, որ կը կոչուէր Շարբէլ ու լիբանանեան համալսարանի նախապատրաստական դասարանին մաս կը կազմէր:

Այս երկու տղոց ձեռքերուն կարծես հրեշտակներ հպած ըլլային...

Անցան տարիներ: Շարբէլ ստիպուեցաւ ընդհատել ուսումը ինծի անծանօթ պատճառներով, սակայն Ռուբէն շարունակեց արուեստի դժուարին, փշոտ ուղին, յաղթահարելով բոլոր խոչընդոտները:

Ռուբէն Նաճարեան ծնած է Պէյրութ, խոնարհ այլ մտաւորական ընտանիքի մը մէջ:

Վկայուելէ ետք Աքադէմի Լիբանէզի ներքին ճարտարապետութեան բաժինէն, մեկնեցաւ Փարիզ, միանալու փաղանգին այն տաղանդաւոր տղոց, որոնք կ՛ապրին ու կը ստեղծագործին Փարիզի մէջ, գրաւելով ուշադրութիւնը ամենադժուարահաճ արուեստի քննադատներուն:

Ռուբէն Փարիզի մէջ մասնագիտացաւ որմնանկարչութեան մարզէն ներս, ապա արուեստի պատմութեան D.E.A. մը պատրաստեց (խորունկ ուսումնասիրութիւն), որ դոքտորայի առաջին բաժինն է: Շահեցաւ Հենրի Լեհման (Henri Lehman) մրցանակը ֆրանսական կաճառէն:

Իրագործեց բազմաթիւ որմնանկարներ եւ խճանկարներՙ Ֆրանսա եւ այլ երկիրներ:

Մասնակցեցաւ բազմաթիւ խմբական ցուցահանդէսներու եւ կազմակերպեց անհատական ցուցահանդէսներ Եւրոպայի հտեւեալ քաղաքներուն մէջՙ Մատրիտ, Լոնտոն, Փարիզ:

***

Ռուբէն հաստատուած է Փարիզ, ունի իր արուեստանոցը 15-րդ թաղամասին մէջ, ուր կը շարունակէ ստեղծագործել:

Վերջերսՙ 2011-ին, Ռուբէն ցուցադրեց իր գծանկարները Վենետիկին կիցՙ Միսթրէի մէջ եւ արձանագրեց մեծ յաջողութիւն:

Ռուբէնի արուեստը վերացապաշտ-բանաստեղծական է:

Խմբական բազմաթիւ գործերու ընդմէջէն կ՛արտացոլայ խորունկ տպաւորութիւն մը կառուցուածքի, որ նոյն ատեն մտածել կուտայ դիտողին խազերէ կազմուած չնաշխարհիկ տեսարանի մը մասին:

Սակայն, այդ գործերը նախ եւ առաջ զուտ կերպնկալ (plastique) են, մտայղացուած ու բանաստեղծական:

Ռուբէն, տոհմիկ հայ արուեստի լաւագոյն ներկայացուցիչներէն է:

Նկար 1. Ձախեն աջՙ Վահէ Պարսումեան, Յարութիւն Թորոսեան, Ռուբէն Նաճարեան

Նկար 2. Գործՙ Ռուբեն Նաճարյանի

Նկար 3. Գործՙ Վահե Պարսումյանի


© AZG Daily & MV, 2009, 2011, 2012, 2013 ver. 1.4