ԱԶԳ ՕՐԱԹԵՐԹ - ՄՇԱԿՈՒՅԹ

https://www.azg.am | WAP | WAP-CULTURE

#18, 2011-10-22 | #19, 2011-11-05 | #20, 2011-11-19


ԵՐԿԱՐ ՈՒ ՎԱՍՏԱԿԱՇԱՏ ԿԵԱՆՔԻ ՄԸ ԻՄԱՍՏՈՒԹԵԱՆ ԱՐԳԱՍԻՔԸ`

Երուանդ Պապայեանի «Սիրուած Դէմքեր, Գիրքեր, Իրագործումներ Եւայլն» Ժողովածուն (Լոս Անճելըս, 2010)

ԳԷՈՐԳ ԵԱԶԸՃԵԱՆ

Սոյն հատորը թէեւ թուագրուած է 2010 թուականով, սակայն լոյս տեսած է այս տարուան գարնան: Ան կը բովանդակէ հոյլ մը յուշեր, գրախօսութիւններ եւ ելոյթներ մարդու մը, որուն համար քիչ է ըսել, թէ շատ բան ըրած է: Ան հարիւրամեակի դուռը բախող վաստակաշատ կրթական մշակ, կուսակցական եւ հասարակական գործիչ Պարոն Երուանդ Պապայեանն է (Պէյրութի Վահան Թէքէեան վարժարանին մէջ ինը տարի աշակերտ եղած ըլլալով, շատ դժուար է ինծի այս` գլխագիրով Մարդուն մասին գրել առանց «պարոն» պատուանունին):

Ահա՛ թէ ինչ կ՛ըսէ նոյնինքն հեղինակը իր մասին` «Ոզնի» երգիծական հանդէսի խմբագիր Արամայիս Սահակեանինՙ 1993-ին Լոս Անճելըսի մէջ իր կենսագրութիւնը ներկայացնելով: «Գլխաւոր Ոզնի»ի` իր կեանքէն զուարճալի դրուագ մը պատմելու խնդրանքին հայկական կրթութեան մերօրեայ նահապետը կ՛արձագանգէ այսպիսի տխուր արտայայտութիւններով. «... ես ծնած եմ 1913-ին: Մանկութիւնս անցաւ տարագրութեան արիւնոտ ճամբաներուն վրայ... Զինադադարէն ետք վերադարձ Այնթապ` խանդավառ յոյսերով: Սակայն ահաւոր յուսախաբութիւն, նենգ Արեւմուտքի դաւաճանութեան հետեւանքով: Կիլիկիան ամբողջ ընծայեցին ոճրապարտ թուրքին: Այնթապի ինքնապաշտպանութեան կռիւներուն եօթը տարեկան էի, պատնէշներու շինութեան օգնեցի... Կիլիկիոյ վերջնական պարպումով յառաջ եկաւ նոր տարագրութիւն: Հալէպ դարձաւ հազարաւոր թշուառներու գաղթակայան» : Շատ չանցած` Երկրորդ համաշխարհային պատերազմ, Սուրիոյ անկախութեան համար պայքար, այնուհետեւ` իրարայաջորդ բռնատէրներ Սուրիոյ ղեկին, քաղաքական հալածանքներ, բանտ ու տանջանք: «Ապահովութեան ակնկալութեամբ` ընտանիքիս հետ տեղափոխուեցանք Պէյրութ: Չէի գիտեր թէ ճակատագիրը կը հալածէր զիս: Դարձեալ յուսախաբութիւն: Լիբանանի մէջ քսան տարուան մէջ երկու քաղաքացիական պատերազմ, մէկը միւսէն արիւնալի: Մահը տեսայ տասը անգամ: Ողջ մնացի հրաշքով: Ի վերջոյ, զաւակներուս ստիպումով կնոջս հետ տեղափոխուեցայ Լոս Անճելըս» (հատուած մը «Տասը օր Հայաստանի մէջ» ուղեգրութենէն, գրուած 6 յունուար 2000-ին, տե՛ս գրախօսուող գիրքը, էջ 358-359): Եւ ըսել թէ այսպիսի դաժան պայմաններու մէջ ապրած ու գործած Մարդը իր ետին կը ձգէ կրթական ու հասարակական իսկապէս վիթխարի վաստակ մը, որուն ապացոյցը իր աշխարհասփիւռ բիւրաւոր աշակերտներն են, այդ շարքին` Մեծ հայրենադարձութեան տարիներէն առ այսօր հայրենի հողին վրայ հանգրուանածները:

15 x 22.8 սմ. չափի 383 էջ ծաւալ ունեցող ժողովածուն, հեղինակի նախորդ քանի մը գիրքերուն նման, «լոյս կը տեսնէ հեղինակին զաւակներուն նախաձեռնութեամբ»: Անոնք ենՙ Սիլվան (անուանակոչուած ի պատիւ Սիլվա Կապուտիկեանի), Ներսէսը (հեղինակի հօր` Այնթապի ինքնապաշտպանութեան կազմակերպիչներէն Տ. Ներսէս ա. քհնյ. Պապայեանի ի պատիւ) եւ Արան, որոնք Մ. Նահանգներու հայկական գաղութին մէջ հասարակական բեղուն գործունէութիւն կը տանին:

Հատորը կը բացուի ամերիկաբնակ գրող, Կիլիկիոյ Գարեգին Ա. երջանկայիշատակ կաթողիկոսի երբեմնի գաւազանակիր Թորգոմ Փոսթաճեանի «Սրտի խօսք» վերնագրուած նախաբանով (էջ I-IV), որուն մաս կը կազմէ «Երուանդ Պապայեանի կեանքն ու գործը» գրութիւնը: Արժեւորելով Մարդն ու Հայը Պր. Երուանդ Պապայեանի մէջ, Փոսթաճեան իր սրտի խօսքը կաւարտէ յանուն հեղինակին ներկայացնելով երեք ձօներ` ուղղուած յաջորդաբար իր ընթերցողներուն, հայ ազգին եւ Աստուծոյ բանաստեղծինՙ հետեւեալ գեղեցիկ երկտողով. «Ինչ որ տուիր, կը դարձնեմ զայն Քեզի / Ահա Աստուած` երկու ափիս մէջ պարփակ» :

Ինչպէս կը կռահուի խորագրէն, ժողովածուն բաղկացած է երեք հիմնական մասերէ: Այդուհանդերձ, ժողովածուն կը սկսի անոնցմէ դուրս գտնուող երկու նիւթերով. առաջինը նուիրուած է Հայ բանաստեղծութեան իշխան Վահան Թէքէեանին (գրուած է 5 ապրիլ 2010-ին, էջ 1-8), որու բանաստեղծութիւնները «կը նմանին ոսկիի հանքի», ինչպէս ակնարկին ամէնէն սկիզբը կը գրէ պր. Պապայեանը (էջ 1): Կը հետեւի Թէքէեանի «Մէկ հատիկս» ցնցող բանաստեղծութեան վերլուծականը, զոր հեղինակը գրած է առաջինէն ... 80 տարի առաջ եւ լոյս տեսած է «Զուարթնոց» հանդէսի օգոստոս 1930-ի թիւին մէջ: Այս եւ ուրիշ գրութեանց մէջ դէմ յանդիման կու գանք իսկական գրականագէտի վերլուծական շնորհքով օժտուած մտաւորականի մը, որ գիտէ անաչառ կերպով արժեւորել մարդիկը` այնպէս ինչպէս որ են անոնք, առանց աւելորդ ու վերամբարձ գնահատականներ տալու ասոր կամ անոր, յատկանիշ մը, որ յատուկ է իսկակա՛ն մտաւորականներուն եւ որուն վերջին տարիներուն շատ աւելի հազուադէպօրէն կը հանդիպինք հայկական իրականութեան մէջ: Կը հետեւի «Նոր հայ մը» վերնագրուած իրապատում պատմուածքը (էջ 9-16) Հայրենիքէն արտագաղթին մասին, թէեւ հոն կը հաստատուի, թէ «Հայաստանը մե՛րն է եւ մենք` հարազատ զաւակները անոր» (էջ 16):

Գրեթէ հասակակից ըլլալով Ռամկավար ազատական կուսակցութեան ու անոր Լիբանանի կառոյցներուն մէջ ղեկավար պաշտօններ վարած ըլլալով, նաեւ մօտէն շփուած ըլլալով Հ. Բ. Ը. Միութեան ղեկավարներու եւ Հայ եկեղեցւոյ բարձրաստիճան հոգեւորականներու հետ, Երուանդ Պապայեանը յուշերու անյատակ գանձարանի տէր է, որոնք նաեւ իր հոգեմտաւոր հարստութեան մէջ առաջնային տեղ կը գրաւեն: Այդ յուշերէն մաս մը տեղ գտած է «Սիրուած դէմքեր» շարքին մէջ: Անոնք առաւելաբար կենսագրական ակնարկներ են տուեալ հայրենանուէր անհատին մասին, երբեմն ալ` անոնց մահուան առթիւ գրուած կամ արտասանուած խօսքեր են, բոլոր պարագաներուն` համեմուած անոնց հետ հեղինակին անձնական շփումներէն դրուագներով կամ ընդհանուր արժեւորումներով: Ինչպէս այս մասի, այնպէս ալ ժողովածուի միւս նիւթերուն մեծ մասը գրուած է 1990-2000-ական թուականներուն, երբ հեղինակը գիտակցած է կարեւորութիւնը այդ յուշերը պատմութեան ի պահ տալուն:

«Սիրուած դէմքեր» շարքը (էջ 17-145) կը սկսի Գարեգին Ա. Յովսէփեանց մեծանուն հայ գիտնական-կաթողիկոսին վերաբերող ակնարկով: Կը հետեւին ուրիշ համահայկականօրէն քաջածանօթ, երբեմն ալ` նուազ յայտնի հայ պատուական դէմքեր` բարերարներ Ալեք Մանուկեան, Վաչէ եւ Թամար Մանուկեաններ, Գէորգ Մոմճեան, Արմէն եւ Միմի Յարութիւնեաններ, Գեղամ եւ Անգինէ Տանձիկեաններ, Ալեքսան եւ Աշխէն Փիլաւճեաններ, Լեւոն Իգնատոսեան, Հալէպի հռչակաւոր «Օթէլ Պարոն»ի սեփականատէր եւ տնօրէն Գրիգոր Մազլումեան, Նուպար Նազարեան, Ժան Ապաճեան, Հաճի Յակոբ եւ Ազատուհի Սինանեաններ, Կարպիս եւ Շաքէ Պալըքճեաններ, սուրիական բանակի հրետանիի հրամանատար զօրավար Արամ Գարամանուկեան, «Ամենայն հայոց բանաստեղծուհի» Սիլվա Կապուտիկեան, երաժշտական գործիչ, երգահան Համբարձում Պէրպէրեան, սոփրանօ Արփինէ Փեհլիւանեան, գրող, խմբագիր եւ ՌԱԿ-ի գաղափարախօս Անդրանիկ Անդրէասեան, կրթութեան մասնագէտ եւ համալսարանի դասախօս դոկտ. Բերկրուհի Նաճարեան-Սվաճեան, Մայր աթոռի միաբան Ներսէս արք. Պոզապալեան: Հեղինակի անաչառութեանը չէ խանգարած այն փաստը, որ իր ներկայացուցած դէմքերէն մէկ քանին եղած են դաշնակցական կամ Հ. Յ. Դ.ի ուղեկից կազմակերպութեանց մօտէն առնչուած մարդիկ: Այդուհանդերձ, իրեն զգացնել կու տայ այնթապցիական հայրենակցականութիւնը (է՛հ, ինչ ընենք, որ այնթապցիները յարաբերաբար աւելի առատաձեռն են ու աւելի գործունեայ առեւտրական, մտաւորական եւ հասարակական գործունէութեաց մէջ...): Սիրուած կամ հասարակական կեանքին մէջ գործունեայ անհատներու ակնարկներու կը հանդիպինք նաեւ երրորդ` «Իրագործումներ եւայլն» խորագրուած մասին մէջ, ինչպէս փաստաբան Տիգրան Սմսարեանը, բարերարներ Սերոբ եւ Մարօ Պետրոսեանները եւ այլք:

Երկրորդ` «Գիրքեր» խորագրուած մասը (էջ 147-237) կը պարունակէ գրախօսութիւններ կամ գիրքերու ընդարձակ ներկայացումներ` թիւով 11 հատ (այս մասին մէջ տեղ գտած է նաեւ Լոս Անճելըսի մէջ Սամուէլ Դավայեանի խմբագրութեամբ լոյս տեսնել սկսած «Քո առողջութիւնը» առողջապահական թերթին տեսութիւնը): Այդ գիրքերը կը վերաբերին Մուսա Լերան 1915-ի ինքնապաշտպանութեան, Արսէն Եարմանի «Հայերը Օսմանեան առողջապահութեան ծառայութեան մէջ Եւ Պատմութիւն Սուրբ Փրկիչ հայոց հիւանդանոցի» թրքերէն կոթողային հատորին (Սթամպուլ, 2001), արեւելագէտ պրոֆ. Աւետիս Փափազեանի հերթական` «Պայքար յանուն արդարութեան» գիրքին, գրող Սարգիս Վահագնի «Տագնապը» պատմուածքներու ժողովածուին, Անի Աղպաշեանի Արեւմտահայաստան եւ Կիլիկիա ուխտագնացութեանց տպաւորութիւնները ներկայացնող «Լուռ վկաներ» ուղեգրութեան, մանկավարժ Ժանէթ Քասունիի «Ուրիշ գիծ ունիմ» պատմուածքներու ժողովածուին, պասքէթպոլի միջազգային իրաւարար Դաւիթ Դաւիթեանի «Չխամրող յուշեր» յուշագիրքին, Ներսէս Տէր Մեսրոպեանի (Բալայեան) «Ձմրան շէմին» քերթողագիրքին, արժանթինահայ Գէորգ Սարաֆեանի «Եփրատից Ռիօ տէ լա Փլաթա» սպաներէնէ հայերէն թարգմանուած եւ հայոց տարագրութեան նուիրուած ինքնակենսագրական բնոյթի հատորին, այնթապցի Քէյվանեան գերդաստանի պատմութեան մասին Սարգիս Քէյվանեանի թրքերէն գրած ու հայերէն թարգմանուած գիրքին ու Արմէն եւ Միմի Յարութիւնեաններու մեկենասութեամբ տպագրուած «Տոմար արձանագրութեան Հայ ազգային միութեան (Այնթապ, 1920)» պատմական արժէքաւոր փաստաթուղթ-հատորին: Յիշեալ հրատարակութեանց մէկ մասը հայագիտական մեծարժէք նիւթեր են, որոնց ներկայացման ու վերլուծման ոչ այնքան դիւրին աշխատանքը կատարած է Երուանդ Պապայեան, եւ, պէտք է խոստովանիլ, գրեթէ մասնագիտական մակարդակով:

Ժողովածուին երրորդ մասը խորագրուած է «Իրագործումներ եւայլն» (էջ 239-379. նախընտրելի պիտի ըլլար հրաժարիլ «Եւայլն» բառէն ու բաւարարուիլ բազմակէտով, որ ընթերցողին նոյն գաղափարը կը փոխանցէ): Այս մասին նիւթերը խայտաբղէտ են, թէեւ միշտ ալ իրենց կարեւորութիւնն ունին այսօրուան ու մանաւանդ վաղուան ուսումնասիրողին համար: Այսպէս, առաջին իսկ հրապարակումը` «Ողջո՜յն Վահան Թէքէեան վարժարանի 50-ամեայ յոբելեանին» վերնագրով, այս կրթական օջախի համառօտ պատմութեան ուրուագիծն է փաստօրէն: Այսօր ո՞վ կը յիշէ, թէ այս դպրոցը հիմնուած է 1951-ին` տեղաւորուելով Բուրճ Համուտի Թիրօ-Նորաշէն քէմփի վեց առանձին, թիթեղածածկ տուներու մէջ, իսկ անոր ներկայի շէնքը պաշտօնապէս բացուած է 7 մարտ 1965-ին` համահայկական հանգանակութեամբ հաւաքուած, մասնաւորապէս Թէքէեան մշակութային միութեան եւ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան նուիրաբերած գումարներով: Ուրիշ ելոյթ մը նուիրուած է հայկական կրթական ուրիշ դարբնոցի մը` Հալէպի Կիլիկեան վարժարաններուն, որոնք, տակաւին մէկ վարժարան, աւելի քան տասնամեակ մը գտնուած են պր. Պապայեանի հայրական տնօրինութեան տակ: «Հայ ուսուցիչին առաքելութիւնը» հրապարակման (էջ 262-265) եւ այլ գրութեանց մէջ հեղինակը կարմիր թելի նման կը շեշտէ այն միտքը, թէ հայ ուսուցիչը պարզապէս գիտելիք փոխանցող մը չէ, այլեւ` հայեցի դաստիարակութեան քուրայ մը: Այս առաքելութեան գիտակցութենէն զուրկ կրթօճախներու գոյութեան պարագային, կիմաստազրկուի հայ ուսուցիչին ու հայ դպրոցին գոյութիւնն առհասարակ: Աւելի քան 40 տարի ծառայած ըլլալով Լիբանանի մէջ, պր. Պապայեանը իր քանի մը հրապարակումներուն մէջ կարծարծէ տակաւին քաղաքացիական պատերազմի մէջ գտնուող կամ անոր դաժան հետեւանքներէն դեռ չսթափած լիբանանահայութեան, մանաւանդ անոր կրթական բնագաւառին օժանդակելու համազգային պարտաւորութեան խնդիրը: Չափազանց հետաքրքրական է հալէպահայ հռչակաւոր ակնաբոյժ եւ հասարակական գործիչ ու ֆրանսահայ գեղանկարիչ, վերապատուելի Արմիսի (Արմենակ Միսիրեան) հետ հեղինակին ուղեւորութիւնը Պէյրութէն Հալէպ` 1956-ին: Կարգ մը հրապարակումներ ալ նուիրուած են հայ արուեստի զանազան ոլորտներուն` երաժշտութիւն (Կոմիտաս, «Գոհար» համոյթ եւ այլն), գեղանկարչութիւն (Դանիէլ Վարուժան Հեճինեան), թատրոն (դերասանուհի Լուլու Ֆերմանեան), պղնձագործութիւն (Ներսէս Մանուկեան): Ընթերցողը հեւիհեւ ու սրտատրոփ կը կարդայ «Երկու Համօները» յուշագրութիւնը (էջ 327-334), ուր, ներգաղթի հայաստանցի պատուիրակ Համօ Խաչատրեանը, Քեսապի մէջ տեղացիներէն ծխախոտ նուէր ստանալով (որու արտահանումը նահանգէն խստօրէն արգիլուած էր), հայ վարորդին կը հրահանգէ կանգ չառնել սուրիացի ոստիկաններու կանգառի հրահանգին: Կը հետեւի ամերիկեան ֆիլմերու ոճով հետապնդում մը, որ բարւօք կ՛աւարտի, երբ Հալէպի մուտքի անցարգելի ոստիկանին կը մեկնուի Խաչատրեանի սովետական անցագիրը... Հետաքրքրութեամբ կը կարդացուի նաեւ «Տասը օր Հայաստանի մէջ» ուղեգրութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան` 1990-ականներու երկրորդ կէսին պարզած տխուր եւ յուսատու իրավիճակներու պարզումով ու վերլուծութեամբ (էջ 335-360): Այցի ընթացքին ըլլալով Մայր աթոռի թանգարանին մէջ ու հոն տեսնելով հայոց ոսկեզօծ ու գոհարներով զարդարուած այբուբենը, հեղինակը կը խորհրդածէ. «Աշխարհին մէջ արդեօք կա՞յ ուրիշ ժողովուրդ մը որ մեզի պէս պաշտելու չափ կը սիրէ իր այբուբենը եւ անոր ստեղծիչը» (էջ 350): (Թող ներէ իմ սիրելի տնօրէնը, որ ոչ միայն անհամաձայն ըլլամ իրեն, այլեւ ճիշդ հակառակը հաստատեմ. «Աշխարհին մէջ արդեօք կա՞յ ուրիշ ժողովուրդ մը, որ մեզի չափ ատէ ու անարգէ իր այբուբենը, իր լեզուն ու իր այբուբենի հնարիչը». ապացո՞յց` ինչքան ուզէք` Հ. Բ. Ը. Մ.ի ու «Համազգային»ի նման կառոյցներէն հայերէնի աստիճանական դուրսմղումը, Հ. Հ.ի եւ նոյնինքն հայոց մեծագոյն սուրբին անունը կրող պողոտայի վաճառատուներուն ցուցանակները, Հ. Հ.ի պետական մարմիններու եւ Մայր աթոռի ուղարկած բջջային հեռաձայնով հաղորդագրութեանց մէջ մեսրոպեան տառերուն ի սպառ բացակայութիւնը: Զո՞րն ասենք եւ զո՞րը խոստովանինք...): Հայկական հեռատեսիլի կայաններու լուսաւոր եւ խաւար կողմերը վեր հանուած են «Հեռատեսիլի մեր հաղորդումները» հրապարակման մէջ (էջ 361-364): Հայ մօր եւ հայ երիտասարդին առաքելութեան հարցերը կը շօշափուին «Շատ դժուար է հայ մայր ըլլալը» (էջ 369-373) եւ «Երիտասարդութիւնը` մեր ապագան» (էջ 375-379) հրապարակումներուն մէջ, որոնցմով ալ կաւարտի շահեկան եւ դաստիարակիչ նիւթերու այս ժողովածուն:

Պր. Երուանդ Պապայեանը այս հատորով մեզի կը ներկայանայ իր մարդկային ու ազգային ողջ արժեհամակարգով, եւ իր հրապարակումներուն ընդմէջէն զանոնք կը փոխանցէ ընթերցողին: Հետեւաբար, հատորն ունի դաստիարակչական մեծ նշանակութիւն` 20-րդ դարու երկրորդ կէսի ու 21-րդ դարու առաջին տասնամեակի հայկական կեանքի նիւթերու շտեմարան մը ըլլալու ակնյայտ փաստին զուգահեռ:

Ժողովածուին մէջ կա՞ն թերիներ: Անշուշտ: Սակայն նկատելի է պր. Պապայեանի բծախնդիր մօտեցումը գրիչի մարդու իր կոչումին: Այդ թերիները առաւելաբար հետեւանք են շփոթի: Այսպէս, խօսելով Ալեք Մանուկեանի մասին, ան կը գրէ, թէ այս մեծ Հայորդին արժանացած է «Ազգային հերոս շքանշանին» (էջ 31): Փառք Աստուծոյ, շքանշաններու եւ մետալներու այս բազմազանութեան մէջ նման շքանշան գոյութիւն չունի (սատանային ականջը` խուլ): «Հայաստանի ազգային հերոս»ը կոչում մըն է, զոր կը շնորհէ Հ. Հ.ի նախագահը, եւ անպայմանօրէն տուեալ անհատին միաժամանակ կը շնորհուի «Հայրենիք» պետական բարձրագոյն շքանշանը (Հ. Հ.ի վերանկախացման 20-ամեակի առթիւ ու առ այսօր կը լսենք զանազան ու զարմանազան անուններով պետական «բարձրագոյն շքանշաններ»ու մասին...): 36-րդ էջին մէջ կը յիշատակուի Իսրայէլ պետութիւնը 1941-ին, մինչդեռ ան ծնունդ պիտի առնէր եօթը-ութը տարի ետք: Նմանապէս շփոթի հետեւանք է 1996-ին Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի յիշատակումը (էջ 48. Մեծի տանն Կիլիկիոյ Գարեգին Բ. կաթողիկոսը շփոթուած է Մայր աթոռի իր նոյնանուն գահակալին հետ), Հ. Հ.ի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Արեւելագիտութեան հիմնարկը ներկայացուած է «Արեւելեան ինստիտուտ» սխալ ձեւով (էջ 168), արեւելահայերէն աղբիւրին մէջ սխալ նշուած է պրոֆ. Աւետիս Փափազեանի «Հայերի Ցեղասպանութիւնը Ըստ Երիտթուրքերի Դատավարութեան Փաստաթղթերթի» հայերէն գիրքի արաբերէն թարգմանութեան վայրը` Հալէպ (էջ 169, ճիշդն է` Դամասկոս), ինծի ծանօթ չէ Հ. Հ.ի մէջ Ղազարավանքը, որու նորոգումէն ետք վերաբացմանը հեղինակը կը հրաւիրուի Վազգէն Ա.էն (էջ 217), Իրանի Մեսճէտ Սուլէյման քաղաքին անունը տպուած է «Մեշհէտ Սուլէյման» ձեւով (էջ 294. յայտնապէս, շփոթուած են Իրանի Մեսճէտ Սուլէյման եւ Մեշհէտ քաղաքներուն անունները):

Կուզէի առանձնապէս կանգ առնել «հայոց հայրենիք» հասկացութեան կարգ մը թիւր ըմբռնումներուն վրայ: Այսպէս, գիրքին մէջ «Մայր հայրենիք» բառերը մէկ տպուած են գլխագիրով, այլ պարագաներու` փոքրագիրով (միայն եւ միայն պէտք է գլխագիր ըլլան իբրեւ յաւերժական-յաւիտենական սրբութիւն): Միւս կողմէ, շփոթուած են «պետութիւն» եւ «հայրենիք» հասկացութիւնները, որոնք իրարմէ էապէս տարբեր են (այս շփոթը համաճարակի նման տարածուած է, եւ, ըստ էութեան, կը ծառայէ հայոց թշնամիներու շահերուն): Հայոց հայրենիքը մեր ազգին տրուած է ի վերուստ եւ գոյութիւն ունի անկախ մեզմէ ու ժամանակէն, մինչդեռ հայկական պետութիւնը պատմութեան ընթացքին երբեմն բացակայած է: Հետեւաբար, սխալ է «... Հայաստան պիտի բարգաւաճի ու պիտի դառնայ անխտիր բոլոր հայերուն սիրելի հայրենիքը» նախադասութեան շարադրանքը (էջ 287): Հայաստանը (եւ ոչ թէ միայն Հայաստանի Հանրապետութիւնը. այս երկու հասկացութիւններն ալ կը շփոթուին համատարած կերպով, որով, փաստօրէն, գերեզմանաքար կը դրուի հայկական հողային պահանջատիրութեան վրայ. այս դաւադրութիւնը հիւսուեցաւ «Հայաստանի անկախութեան մասին» 23 օգոստոս 1990-ի հռչակագրով, երբ պետութեան անունը փոխուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան` փոքրիկ, բայց հեռահար դաւադրական նպատակով եղած յաւելումով մը, թէկուզ փակագիծերու մէջ` «կրճատ` Հայաստան» տեսքով):

Նշուած թերիներն ու շփոթները,- որոնց զգալի մասը համատարած է ու իբրեւ այդպիսին չի ալ գիտակցուիր այսօր դժբախտաբար,- երբեք չեն նսեմացներ ժողովածուին արժէքը, մասնաւորապէս անոր դաստիարակչական մեծ նշանակութիւնը:

Մատչելով ի համբոյր այս գիրքին տողերը հեղինակած իմ սիրելի տնօրէնիս ձեռքերուն, խնդրելու եւ աղաչելու նման պիտի պահանջեմ, որ ան անդուլ կերպով շարունակէ իր հսկայական կենսափորձէն հաւաքած իմաստութիւնը փոխանցել այսօրուան ու վաղուան սերունդներուն: Բիւր անգամ բիւր ճիշդ են անոնք, որոնք կապրին ու կը ստեղծագործեն «Գիրս մնայ յիշատակող» եւ «Գործն է անմահ» սկզբունքներով:

Անոնցմէ է Պր. Երուանդ Պապայեանը: Ecce Homo! («Ահա՛ Մարդը»):

Վարձքդ կատա՛ր, երէց Այնթապցի, Հայ եւ Մարդ, սիրելի՛ Պր. Պապայեան: Գրիչդ դալա՛ր մնայ:

Երեւան


© AZG Daily & MV, 2009, 2011, 2012, 2013 ver. 1.4