(XIe XIVe sie՛cle)
Միջերկրականեան Հայաստանը
Հայագէտ, պատմական գիտութիւնների դոկտոր ՀՀ ԳԱԱ արտասահմանեան անդամ Արմէն-Քլոդ Մութաֆեանի հետ հանդիպումը տեղի ունեցաւ Երեւանում: Այս անգամ նրա ուղեկիցներն էին ընտանիքի անդամներըՙ մաթեմատիկոս կինը եւ թոռնիկը:
Բարի գալուստի մաղթանքներից յետոյ, անմիջապէս դիմեցի պատմաբանին:
- Այս անգամ ընտանիքի հետ այցելութիւնը Հայաստան զուգադիպեց Ցեղասպանութեան օրուայՙ ապրիլի 24-ի հետ. պատահակա՞ն էր արդեօք, թէ՞ նախօրօք մտածուած:
- Ֆրանսական դպրոցներու արձակուրդի ժամանակաշրջանն է, առիթէն օգտուելով որոշեցինք մեր թոռնիկը եւս բերել Հայաստան: Լաւ զուգադիպութիւն էր:
- Այժմ անդրադառնանք Ձեր նոր աշխատութեանը, որը պատմական Հայաստանի XI-XIV դարերն են:
- Աշխատութիւնը կառնչուի նաեւ Ցեղասպանութեան: Ինչպէս գիտէք, տարիներէ ի վեր շարունակական պայքարի մէջ եմ Ցեղասպանութիւնը հերքողներուն դէմ: Խնդիրը ան է, որ համալսարանական տիտղոսներս ուսողութեան կը վերաբերին, հակառակ ասոր տասնեակ տարիներ է որ պատմութեամբ կը զբաղիմՙ համալսարանական տիտղոս չունենալով: 1997թ. շատ սուր պայքար սկսաւ Ցեղասպանութիւնը հերքող ֆրանսացի գիտնականի մը դէմ. որոշ պատմաբաններ անդրադարձան, որ ես մաթեմատիկոս եմ եւ միայն սիրողական պատմաբան եմ եւ լուրջ, իսկական պատմաբաններու շարքին չեմ պատկանիր, ուրեմն ես գիտնական պատմաբան մը չեմ: Այդ ժամանակէն ի վեր որոշեցի լռեցնել ոմանց ձայնը. անհրաժեշտ էր ունենալ պատմութեան համալսարանական տիտղոս մը: Անդրադարձը, պայքարը պատմաբաններուն միջեւ էր, շատերը հերքողներուն դէմ էին, սակայն ստիպուած էին գիտական աստիճան ունեցող պատմաբաններու կողմը անցնիլ: Ուրեմն անհրաժեշտ էր տիտղոս ունեցող պատմաբան դառնալ, այսինքն, պաշտօնապէս պատմութեան դոկտոր ըլլալ:
Սորբոնի համալսարանին մէջ պաշտպանեցի իմ աշխատութիւնսՙ «Հայոց դիւանագիտութիւնը Խաչակիրներու ժամանակաշրջանին» թեմայով: Պաշտպանութիւնս հիանալի անցաւ, շնորհաւորանքներ, ողջագուրանքներ... Արդէն պատմական գիտութիւններու դոկտոր էիՙ ի հեճուկս որոշ գիտնականներու (շատերու բերանը գոցեցի):
Աշխատութիւնս հրատարակելու համար ինծի ձեռք մեկնեց Անթիլիասի Արամ Կաթողիկոսը, սակայն տպագրութեան համար անհրաժեշտ էր նորէն աշխատիլ, ճշտումներ ընել: Երբ սկսայ աշխատիլ, կամաց-կամաց հասկցայ, որ շատ աւելի մեծ եւ ընդարձակ նիւթի մը անդրադարձած եմ, 150 էջնոց աշխատութիւնը դարձեր է 1000 էջէն աւելի, սկսած XIդ մինչեւ XIV դարի ոչ միայն Կիլիկեան Հայաստանի պատմութիւնը: Արդէն կը գուշակէի, որ հնարաւոր չէ բաժնել հայոց թագաւորութիւնը եւ պետականութիւնը (որ Կիլիկիա էր) եւ ժողովուրդն ու իշխանութիւնները (որ Մեծ Հայք էին). անոնք մշտապէս կապի մէջ եղած են միմեանց հետ, հնարաւոր չէ մէկը միւսէն բաժնել: Եւ այսպէս, նիւթը ընդլայնեցաւ, դիմացս մեծ աշխատութիւն էրՙ մօտաւորապէս 70 տոհմածառ, 60 քարտէս եւ 200-է աւելի նկար: Աշատութիւնը կընդգրկէ XI-XIV դարերու հայոց պատմութիւնը, այսինքն կիլիկեան Հայաստանի ժամանակաշրջանն է, աւելի շատ կարեւորագոյն մասն է, բայց միակը չէ, որովհետեւ կամաց-կամաց անդրադարձայ, որ XIII դարը հայոց պատմութեան ամենապայծառ ժամանակաշրջաններէն մէկն էր, որովհետեւ ոչ թէ մէկ, ոչ թէ երկու, այլ երեք Հայաստան կար: Կար Հայոց թագաւորութիւնը, ատ Կիլիկեան էր, որուն թագաւորը կը կոչուէր ԹԱԳԱՒՈՐ ՀԱՅՈՑ, նոյնիսկ երբեմն ԹԱԳԱՒՈՐ ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ, սա մեկ. երկրորդըՙ ՄԵԾ ՀԱՅՔԸ, որ թուրքերուն կողմէն նուաճուած էր, բայց Վրաստանի թագաւորներունՙ Բագրատունիներուն հովանաւորութեան տակ կը գտնուէր: Ինչպէս գիտէք, շատ հայկական տոհմեր կրցան վերագրաւել իրենց տիրոյթներըՙ Վրաստանի սահմաններէն ներս ինքնավար իշխանութիւններ ստեղծելով. Զաքարեանները, Օրբելեանները, Պռօշեանները, Ջալալեանները, եւ ուրիշներ ոչ ամբողջ ՄԵԾ ՀԱՅՔԻ, այլ անոր հիւսիսային եւ արեւելեան մասերուն վրայ: Ասիկա ուրիշ Հայաստան մըն էր: Իսկ երրորդը, այդ ժամանակաշրջանին, երբ Կիլիկեան շատ մեծ ծովափնեայ տարածք կը գրաւէր եւ միջազգային առեւտրական կեդրոն էր, հայերը ընդարձակեցին իրենց կապերը օտար տէրութիւններուն հետ, եւ շատ հայեր մեկնեցան եւ հաստատուեցան այն երկիրներուն մէջ, ուր առեւտուր կընէինՙ օտար ափերու վրայ, ասիկա երրորդ Հայաստանն էր. գլխաւորաբար իտալական քաղաքներն էինՙ Վենետիկ, Ճենովա, այնուհետեւՙ Ղրիմ, որովհետեւ XIV դ. Ղրիմի հարաւ-արեւելեան ափը ճենովացիներուն ձեռքն էր, այնտեղէն ալ Լեհաստան եւ այլ երկիրներ:
Ուրեմն երեք Հայաստան կար, ոչ թե մրցակից Հայաստաններ, այլ համերաշխ Հայաստաններ:
Համերաշխութեան օրինակ մը բերեմ. երբ մոնղոլները Կենտրոնական Ասիայէն հասան Փոքր Ասիա 1220թ. շուրջ, բոլորին համար շատ անծանօթ ցեղ մըն էին: Երբ հասան Միջին Արեւելք, ուր սովորաբար կը կռուէին տարբեր կրօններու պատկանող ցեղեր, մոնղոլներուն համար ոչ մէկ կարեւորութիւն ունէր կրօնը, կարեւորը տիրելն էր: Անոնք իրենք զիրենք կը համարէին աշխարհին տիրող ազգ: Այս հանգամանքը դժուար էր հասկնալ: Նուաճեցին ամբողջ Հայաստանը, ջարդեցին, կոտորեցինՙ այս էր խնդիրը: Սակայն հայ իշխանները հասկցան, որ ասոնց պէտք չէ դիմադրել, ասոնք կրնան նոյնիսկ օգտակար ըլլալ. պէտք է զիրենք ուղղել մահմեդական թշնամիներուն դէմ: Շատ հայ իշխաններ դաշնակցեցան եւ անոնցմէ ոմանք, Կիրակոս Գանձակեցին բացէիբաց կը նշէ թէ ինչպէս Հասան Ջալալի ուղեկցութեամբ Կիլիկիա գացին Հեթում թագաւորին մօտՙ իրեն բացատրելու համար, որ մոնղոլները հոն ալ պիտի հասնին, ուստի հարկ կայ զգուշացնելու, թէ ինչպէս վարուիլ մոնղոլներուն հետ: Եւ Հեթում թագաւորը Միջերկրականի իշխաններուն միջեւ խելացի դիւանագիտութիւն վարեց, որովհետեւ Մեծ Հայքի փորձառութենէն տեղեակ էր:
Հեթում թագաւորի լաւատեղեակութիւնը օգնեց հայութեան: Յոյս ունիմ, որ այս օրինակը լաւագոյնն է երեք Հայաստաններու կապերուն մասին: Կարելի է բերել ուրիշ օրինակներ եւս. մտաւորական Վարդան Արեւելքցիի մասինՙ իբրեւ պատմաբանի, գրողի, իմաստասէրի, որ մի քանի անգամ գացած է Կիլիկիաՙ կաթողիկոսին քով, նաեւ խորհրդատու աշխատած է:
Այս տարի պիտի նշուի XIII դարու ճարտարապետ, արուեստագէտ Մոմիկի յոբելեանը: Ինքը Մեծ Հայքէն է, բայց ուսում առաւ Կիլիկիոյ մէջ, ապա վերադարձաւ: Շատ արուեստագէտներ ասպարէզ մտած են Մեծ Հայքի մէջ, ուսումը շարունակած են Կիլիկիա, այնուհետեւՙ Հռոմ:
1562 թուակիր Աւետարան մը կայ, որուն նկարիչը Գանձակեցի գրիչ մը եղած է, որ այնուհետեւ գացած է Կիլիկիա, սակայն իր երազը եղած է Հռոմը, ի վերջոյ Եւրոպայի մէջ աւարտած է իր ուսումը: Հետաքրքրական է, որ երկրի մը մէջ սկսելով ուսումը, չի բաւարուիր արուեստագէտը, կաշխատի եւ կը շարունակէ ստեղծագործել Եւրոպայի տարբեր երկիրներու մէջ, մասնաւորաբար Իտալիայի:
Ի վերջոյ եկայ այն եզրակացութեան, որ միայն Կիլիկեան, Հայաստանի մշակոյթը բաւարար չէ եղած արուեստագէտներուն համար:
Անկասկած, իսկական պետութիւնը Կիլիկիան էր. Մեծ Հայքի մէջ իշխանները վրաց թագաւորի եւ մոնղոլ իշխաններուն ենթակայ էինՙ չնայած մեծ ինքնավարութիւն ունէին: Անկախ պետութիւնը Կիլիկիան էր, կաթողիկոսն ալ հոն կը նստէր: Գրիչ մը երբ կընդօրինակէր ձեռագիր մը, ըլլայ Էրզրում, Տաթեւ, Հռոմ կամ Լեհաստան, կը գրէր Սիս նստող թագաւորին անունըՙ հակառակ անոր, որ աշխարհագրական տեսակէտէ բոլորովին կապ չունէր, եւ թագաւորն ալ որեէ իշխանութիւն չունէր իր վրան:
- Դուք բազմաթիւ գրքերի հեղինակ էք, բայց տեսնում եմՙ այս գրքով աւելի ոգեւորուած էք երեւում. ճի՞շտ եմ կռահել:
- Հաւանաբար. երբ գիրքը աւարտելու տառապանքէն ետք ստիպուած էք մուրացկանի պէս երթալ եւ ծեծել հրատարակիչի դուռը «լինել թէ չլինել» հանգամանքով, դժուար գործ է: Այս անգամ բախտը ժպտեցաւ ինծի: Տակաւին 1988-ին Փարիզի համբաւաւոր «Les belles lettresե հրատարակչութենէն հրատարակած էի «Կիլիկեան կայսրութիւններու խաչմերուկներին» երկհատորեակը, որ հետագային Մեսրոպ սրբազան Աշճեանի շնորհիւ թարգմանուեցաւ նաեւ հայերէնի: Եւ այլեւս կապ չունէի այդ հրատարակչութեան հետ, սակայն այս անգամ նոյն հրատարակիչը հեռաձայնեց եւ ըսաւ, որ նախորդ գիրքը սպառած է, որ համաձա՞յն եմ արդեօք զայն վերահրատարակելու:
Ասոր փոխարէն ես առաջարկեցի նոր գիրքը եւ հրատարկիչին հետ հանդիպումէ մը ետք համաձայնութեան եկանք, պայմանագիր կնքեցի եւ շարունակեցի աշխատիլ աշխատութիւնը հրատարակելու ակնկալիքով: Այս առաջին անգամն է, որ գիրք մը կը պատրաստեմՙ գիտնալով, որ ան պիտի տպագրուի (ծիծաղում է), ան ալ համբաւաւոր հրատարակչի մը կողմէ: Ես կրնայի հրատարակել առանց որեւէ մէկուն օգնութեան, սակայն կուզեմ գիրքը շատ ճոխ ըլլայ, մօտ 200 գունաւոր նկարներ զետեղուին մէջը:
Ինծի շատ օգտակար եղաւ նաեւ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի «Խաչակիրներն ու հայերը» վերնագիրով աշխատութիւնը, յատկապէս երկրորդ հատորը, որ գլուխգործոց մըն է. ահագին նորութիւն բերաւ, ահագին հանելուկներ վերլուծեց: Ուրիշ նորութիւններ ալ կան, սակայն լաւագոյնը Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի գիրքն է:
Ինծի օգնութեան հասաւ Կիւլպենկեան հիմնարկութիւնը, ուրիշ ընկերութիւն մը եւսՙ լրացուցիչ ծախսերը հոգալու ամար: Գիրքի ամէն մէկ էջին վրայ կէս էջ բուն նիւթն է եւ կէս էջ ալ ծանօթագրութիւններ, որոնք միայն յղումներ են, միայն աղբիւրներ, բայց ոչ մեկնաբանութիւններ: Կը մնայ ամբողջացնել անուանացանկի դժուարին գործը:
- Մաղթենք յաջողութիւն եւ նորից հանդիպումներՙ այս անգամ նոր գրքի շնորհանդէսովՙ Երեւանում: Բարի ճանապարհ:
Զրուցավարՙ ԳՈՀԱՐ ԱՃԵՄԵԱՆ