ԱԶԳ ՕՐԱԹԵՐԹ - ՄՇԱԿՈՒՅԹ

https://www.azg.am | WAP | WAP-CULTURE

#22, 2011-12-17 | #1, 2012-01-21 | #2, 2012-02-04


ՄԵԿՆՈՒՄ

ԹՈՐՈՍ ԹՈՐԱՆԵԱՆ

Կարպիս Սարգկաւագեան կը կոչուէր ան Կիպրոսի Մելգոնեան կրթ. հաստատութեան մէջ իր ուսանողական տարիներուն:

Մեկնեցաւ Հայաստան, ուր զինք մկրտեցին Սուրէնեան մականունով:

Մելգոնեան հաստատութիւն հասած օրս իսկ, 1944-ին ծանօթացայ Սուրէնեանին: Այդպէս պատուիրած էր ինծի Մարտիրոս Գուշագճեանը, որ նոր ժամանած էր Հալէպ, գալով Կիպրոսէն:

Առաջին հանդիպումս վերածուեցաւ բարեկամութեան, որ տեւեց մինչեւ Կարպիս Սուրէնեանին վախճանումը:

Ու ահա երէկ, թոռնուհիս Երեւանէն, աղջիկս` Պէյրութէն ու թոռնիկներուս հայրը` Հալէպէն հեռախօսով ինծի կը յայտնեն գոյժը Կարպիս Սուրէնեանի վախճանումին:

86 տարիներու վրայ տարածուող կեանք մը հասած էր իր վախճանին:

Կեանք մը, որ զարմանալիօրէն եւ ամբողջապէս եղաւ նուիրում մեր մշակոյթին, մեր գրականութեան:

Աթէնք ծնած, Կիպրոս ապրած Կարպիս Սարկաւագեանը, արդէն դպրոցական, ցոյց կու տար ամբողջական հակում գրականութեան:

Տասերորդ դասարանի աշակերտ, մեծ սիրով կապուած էր ոչ միայն հայոց դպրութեան, այլ նաեւ համաշխարհային գրականութեան:

Կը կարդար ոչ միայն մեր դասականները, այլ նաեւ դասականներն ու արդի գրողները եւրոպական եւ ամերիկեան գրականութեան: Կը կարդար չորս լեզուներով` յունարէն, հայերէն, ֆրանսերէն եւ անգլերէն:

Շրջանաւարտ Մելգոնեան կրթ. հաստատութենէն, իրեն խոստացուած էր մեկնիլ Պելճիքա, իր բարձրագոյն ուսման հետեւելու համար:

Ինք նախընտրեց մեկնիլ հայրենիք:

Դպրոցական տարիներուն ինք յաճախ ըսած էր իր շուրջիններուն.

- Հայաստան պիտի երթամ, ռուսերէն լեզուն սորվիմ ու բնագիրէն պիտի թարգմանեմ Տոսթոյեւսկիի «Կարամազով եղբայրներ» վէպը:

Այդպէս ալ եղաւ: Ռուս գրականութեան ամենադժուար թարգմանելի գործը հայերէնով լոյս ընծայեց հայրենադարձ հայ մը` Կարպիս Սուրէնեանը:

Այդ վէպը արժանացաւ զոյգ տպագրութեան:

Այս մէկը պատճառ եղաւ, որ Սուրէնեան հրաւիրուի Երեւանի Պետական համալսարան` դասախօսելու համար Տոսթոյեւսկիի դարագլուխ կազմող այս վէպին շուրջ:

Այդ դասախօսութիւնը ծափողջոյններով ընդունուեցաւ եւ մղեց ունկդիրները պահանջելու, որ Սուրէնեանը մնայ համալսարանին մէջ, որպէս դասախօս:

Ազատ ու անկախ ըլլալը սիրող մարդը նախընտրեց իր տան մէջ մնալ եւ լոկ գրականութեամբ զբաղիլ:

Կարպիսը հրաշալի ասմունքող ու երգող էր, հակառակ իր մօտ յամեցող կակազութեան: Երբ կ՛ասմունքէր ու կ՛երգէր` չէր կակազեր երբեք:

Օր մըն ալ, Երեւանի մէջ զինք պաշտօնի հրաւիրեցին: Պիտի խմբագրէր «Սովետական արուեստ» ամսագիրի երաժշտական բաժինը:

Այդ օրերուն, յաճախ երբ հնչէր հեռախօսազանգը խմբագրատան, հարց կու տային Սուրէնեանին, թէ ինք «Ո՞ր կոնսերուատորիան է աւարտել», ինք ուղղելով հարցումը` «Ըսէք խնդրեմ, ո՞ր երաժշտանոցը», կ՛աւելցնէր. «Աւարտած եմ միայն Մելգոնեան կրթական հաստատութիւնը»:

Անշուշտ ապագային Սուրէնեանը աւարտեց Մոսկուայի Մաքսիմ Գորկիի անունը կրող գրականութեան բարձրագոյն համալսարանը, սերտօրէն կապուելով ռուս դասական գրականութեան:

Օր մը, երբ Սուրէնեանը «Սովետական արուեստ» ամսագիրի երաժշտական բաժինի խմբագիրն էր, իրեն կը ներկայանայ երիտասարդ մը, որ տպագրութեան յանձնէ երաժշտական յօդուած մը:

Խմբագիրը կ՛ըսէ. «Սիրով, իմ մօտ թողէք ձեր գրածը, եւ երկու օրից անցէք, որ տամ կարծիքս»:

Յօդուածագիրը` ճշդապահ մարդ, երկու օր ետք կը ներկայանայ խմբագիրին:

Խմբագիր Սուրէնեանին պատասխանը այս հարցին կ՛ըլլայ` «Ձեր յօդուածը, ընկեր ջան, տպագրելի չէ, անհամ է ու կապ չունի ձեր մշակած նիւթին հետ: Ուրեմն չի տպագրուելու»:

Երիտասարդ յօդուածագիրը քմծիծաղ մը իր շրթներուն կ՛ըսէ. «Ընկեր խմբագիր, կը տպագրէ՜ք, կը տպագրէ՜ք...»:

Ժամեր յետոյ կու գայ զանգ մը Կենտկոմէն (Կեդրոնական կոմիտէէն). «Ընկեր Սուրէնեանՙ տպագրեցէք ընկերոջ յօդուածը»:

Այս կողմէն Սուրէնեանին պատասխանը կ՛ըլլայ. «Եթէ ես եմ խմբագիրը այս սիւնակներուն` չեմ տպագրեր, ի՛նչ էլ ասէք»:

Միւս կողմէնՙ «Ասացի` տպագրեցէք»:

Այս կողմէն` Սուրէնեանը. « Կը նախընտրեմ խմբագիրի պաշտօնս թողնել, քան թէ տպել այդ խլամ յօդուածը»:

Ու Սուրէնեան կը լքէ իր խմբագիրի պաշտօնը:

Այնուհետեւ Կարպիս Սուրէնեան հարստացուց մեր գրականութիւնը տասնեակ ստեղծագործութիւններով եւ թարգմանական գրականութեամբ:

Կարպիս Սուրէնեան վարպետ յուշագրող էր, վկայ` իր երկու ծանրակշիռ հատորները, իր բովանդակ կեանքը ներկայացնող:

Վարպետ էսսէիստ էր, որ ներկայացուցած էր վարպետ Սարեանի երփնագեղ ստեղծագործութիւնները:

Դժուարահաճ էր:

Յաճախ կ՛այցելէր վարպետ գեղանկարիչ` Յակոբ Յակոբեանին ու երկխօսութեան կը դիմէր իր դպրոցակիցին հետ:

Ամուսնացած էր Պուլկարիայէն հայրենադարձ Մարիամին հետ: Ան եւս անոյշ ձայնի տէր, պետական երգչախումբի երգիչներէն մէկն էր իր ամուսնոյն կողքին:

Մէկ զաւակով բախտաւորուեցան, որ դարձաւ բժիշկ ու բազմահմուտ վիրաբոյժ: Ան Արցախեան ճակատի շատ մը վիրաւորներ բուժեց:

Կարպիս Սուրէնեանը հպարտ էր իր զաւակով ու զոյգ թոռներով:

Արդիւնաւէտ կեանք մը ունեցաւ այս մելգոնեանցին, թէ՛ որպէս ստեղծագործող, թէ՛ որպէս թարգմանիչ, յատկապէս թարգմանած ըլլալով «Կարամազով եղբայրներ»ը Դոսթոյեւսկիի եւ բազմահատորեակը անգլերէն գրականութենէն Ջոն Կոլսուորտի «Ֆորսայթների պատմությունը»:

Նոյն Սարկաւագեան-Սուրէնեանը գրեց «Մաքուր ձեռքեր», «Բնիկ ո՞րտեղացի էք», «Ոգու ամրոցներ», «Արեւորդիները», «Երանութեան կղզին» գործերն ու այլ գիրքեր, որոնք խոհագրութիւններ են, առլեցուն փիլիսոփայական խոհերով եւ հոգեբանական վերլուծումներով:

Աղքատիկ յարկի մը տակ ծնաւ Սուրէնեան ու հարստացուց իր եւ մեր գրականութիւնը եւ հարուստ ալ մեկնեցաւ:

Մեր ուսանողական տարիներուն, Երեւան (1963-1970), շարունակուեցաւ մեր բարեկամութիւնը: Արդէն մտերիմներ էինք: Երբ իր միկրէնը (գլխացաւ) այցելէր իրեն, կու գար, կը թակէր մեր դուռը, ու մենք սաստկացող ձիւնի փաթիլներուն տակ փողոց կ՛իջնէինք եւ օփերայի մօտէն անցնող ու դէպի Բաղրամեան բարձրացող պողոտան կը չափէինք քանի մը անգամ, մինչեւ որ հանդարտէր Կարպիսին միկրէնը:

Ահա այդ օրերէն մէկուն ընթացքին, երբ Երեւանի բժշկական համալսարանի վերջին դասարանի ուսանող էի, ըսի Կարպիսին. «Կարպիս ջան, շրջանաւարտ ըլլալէ ետք, երբ Հալէպի մէջ ունենամ յարմար բնակարան, քեզ ու տիկինդ պիտի հրաւիրեմ Հալէպ, որպէսզի Սուրիոյ բաց թանգարանները ձեր աչքերովը տեսնէք»:

Թերահաւատութիւն ցուցաբերեց սիրելի Կարպիսը թոթովելով. «Դո՜ւ, դուն, Հալէպ պիտի երթաս, լա՜ւ, լա՜ւ տուն ունենաս ու մեե՜զ հրաւիրես Հալէ՜պ... ըլլալիք բա՜ան է...»:

Խոստումս յարգեցի: Սուրէնեանները երեք ամիսով Հալէպ հրաւիրեցի 1994 թուականին, սակայն տիկինը` Մարիամը, չկրցաւ գալ, որովհետեւ թոռներուն կը նայէր: Ինք եկաւ: Մենք շրջեցանք Սուրիոյ բոլոր հնավայրերը: Ուղիղ երեք ամիս միասին էինք: Այդ օրերուն միասին գացինք Պէյրութ: Հոն ալ հիացանք Պաալպէքի աւերակներով: Զոյգ քաղաքներուն մէջ Կարպիսը հանդէս եկաւ դասախօսութիւններով: Հ.Բ.Ը.Միութիւնը Կարպիսին գիրքերէն հատ մը հրատարակեց` իր բարեկամին` Թորանեանին յառաջաբանովը. իսկ ես, անձամբ գիրք մը գրեցի Սուրէնեանի մասին «Զրոյցներ Կարպիս Սուրէնեանի հետ» խորագրով:

Ուրախ էր Սուրէնեանը:

Բայց այսօր տխուր ենք մենք Սուրէնեանին հեռացումովը, ծանրօրէն տխուր:

Բայց նոյն Սուրէնեանը մեզ շէնշող կը պահէ իր տուածովը, իր ստեղծագործութիւններովը, որոնցմով մեզի այցելել պիտի շարունակէ:

Կարպիս Սուրէնեա՛ն, սիրելի՛ս, մեկնումովդ հայրենի հողը քիչ մը եւս ծաղկեցուցիր: Վեցիկ ճարտարապետին ստորագրութիւնը յայտնաբերող Սուրէնեան, դուն մեր մշակոյթով ամբողջովին լեցուած էիր: Ինչո՞ւ գացիր, երբ կրնայիր եւս հարստացնել ընթերցողներդ:

Հալէպ, 8 Հոկտ. 2011

Նկար 1. «Հե՛յ դու ջահել, հպարտ հասակ...»


© AZG Daily & MV, 2009, 2011, 2012, 2013 ver. 1.4