ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ
Կարպիս Սուրէնեանի մահուան բօթը աղջիկս Երեւանէն հեռաձայնով շատ զգոյշ հաղորդեց. մէկ անգամէն չյայտնեց, նախապատրաստեց զիս` «Պապ, գէշ լուր մը պիտի տամ, շատ պիտի նեղուիս» ըսելով, գիտնալով, որ այդ անսպասելի գոյժը իսկապէս կրնար զիս ցնցել:
Ինծի ծանօթ ի՜նչ մարդիկ անցան մտքէս այդ երկվայրկեաններուն, բայց, զարմանալիօրէն Սուրէնեանը մտքէս չանցաւ, չեմ գիտեր ինչու, երեւի բնաւ չէի սպասեր որ մահանար...:
Իսկապէս ցաւեցայ ու մտքով տասը տարի ետ գացի ու յիշեցի Երեւան ապրած օրերս, երբ Կարպիս Սուրէնեանին յաճախ հանդիպելու եւ հետը զրուցելու առիթներ կ՛ունենայի, յատկապէս Կիրակի օրերը, երբ կ՛այցելէի նկարիչ Յակոբ Յակոբեանին բնակարանը, ուր Սուրէնեանն ալ կ,ըլլար ու քանի մը ժամ այս երկու տաղանդաշատ մարդոց հետ կ՛ապրէի իմ ամենահաճելի եւ ամենաուսանելի պահերս: Իրենց բերնէն կախուած մտիկ կ՛ընէի իրենց վերլուծումներն ու գնահատականները, ոչ միայն գրականութեան ու արուեստի մասին, այլեւ` Հայաստանի անկախացումէն ետք երկրին մէջ տիրող զանազան իրավիճակներուն մասին:
Սուրէնեան սովորաբար իրեն հետ բերած կ՛ըլլար քսան-երեսուն էջ իր «Օրագիր»ներէն, զորս հրատարակութեան կը պատրաստէր:
Մեծ հետաքրքրութեամբ կը հետեւէինք իր պատանեկան ու երիտասարդական ապրումներու արձանագրութեանց:
Ժամերը ինչպէս կը սահէին` չէի զգար: Սուրէնեանի իրերայաջորդ ընթերցումները իր օրագրութիւններուն, զորս տարիներ ետք պիտի հրատարակուէին երկու պարարտ հատորներով, ոչ միայն հետաքրքրական էին իրենց ինքնակենսագրական բնոյթով ու դիպաշարով, այլեւ անաղարտ, մաքրամաքուր հայերէնով մը, որուն մրցակից գտնելը դիւրին չէ, մասնաւորաբար առաջին բաժինին մէջ, ուր տակաւին մինչեւ հայրենիք ներգաղթելը Մելգոնեանի իր յուշերը շարադրած է արեւմտահայերէնով: Եւ ի՜նչ լեզու, ի՜նչ անթերի, գեղեցիկ բառապաշար, յաճախ լրիւ նոր, ինքնակերտ:
Կարպիս Սուրէնեանը, սիկարէթը մատներուն արանքը, կը խօսի ու կը պատմէ, կը կարդայ ու կը մեկնաբանէ: Հաստատ է իր համոզումներուն մէջ, անվիճելի են իր տեսակէտերն ու վերլուծումները:
1925-ին Յունաստան ծնած Կ. Սուրէնեան, Մելգոնեանի մէջ ուսումնառութենէն ետք, ծնողքին հետ ներգաղթեց Հայաստան 1946-ին, սակայն իր «Սարկաւագեան» մականունը չյաջողեցաւ «ներգաղթել», որովհետեւ անկէ կրօնական հոտ կու գար, ուստի դարձաւ Սուրէնեան:
Իր հեղինակած մէկ ու կէս տասնեակ գիրքերուն զուգահեռ, ան պիտի հռչակուէր անստգիւտ թարգմանիչը «Կարամազով եղբայրներ»ուն:
Իր բացառիկ իմացութիւնը անգլերէնի եւ ռուսերէնի արտացոլաց իր «Պսակ թարգմանական» հոյակապ ժողովածուին մէջ:
Սուրէնեան միայն գրող ու թարգմանիչ չէր, այլեւ` բազմակողմանի զարգացում ունեցող մարդ էր: Շատ լաւ կը հասկնար երաժշտութենէ, յատկապէս մեր շարականներէն: Տարիներով իր կնոջ հետ երգած էր Հայաստանի պետական երգչախումբին մէջ: Հմուտ գիտակ էր հայկական ճարտարապետութեան եւ մեր հնադարեան եկեղեցիներու շօշափելի եւ անշօշափելի խորհուրդը կը մեկնաբանէր իւրայատուկ ձեւով, վկայ` Հալէպի մէջ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի օժանդակութեամբ հրատարակուած անոր «Ոգու ամրոցներ» գիրքը:
Իր մահով մեր գրականութիւնը կորսնցուց անկրկնելի դէմք մը:
Հանգիստ իր յոգնաբեկ ոսկորներուն:
Հալէպ, 9 Հոկտ. 2011