ԱԶԳ ՕՐԱԹԵՐԹ - ՄՇԱԿՈՒՅԹ

https://www.azg.am | WAP | WAP-CULTURE

#5, 2012-03-17 | #6, 2012-03-31 | #7, 2012-04-14


«ԱԶԱՏՆ ԿՈՄԻՏԱՍ»

Նուիրւում է Կոմիտաս վարդապետի ծննդեան 143 ամեակին

«... Մեր երգն ու լեզուն են, որ առաւել զտուած նիւթական տարրերէ, կը մնան իբրեւ զուտ ոգեկան ազատութիւններ: Համաձայն այս դասակարգումին, Վարդապետը կու գայ Ս. Մեսրոպէն վերջ, իբրեւ երկրորդ Սուրբ մը: Ան կըլլայ մեծագոյնը Ապրիլ 11-ի [24] մեր կորուստներուն...»:

Շահան Շահնուր


Պատմում է Արշակ Չօպանեանը.)

«...1909)ի վերջերը տեսայ զինք Էջմիածին, երբ գացի հոն մասնակցելու կաթողիկոսական ընտրութեան: Աւելի որոշ զգացի հոն թէ ինչքան շրջապատը նեղ էր իրեն համար, անթիւ ընելիք ունէր, միջավայր չկար, հարկ եղած օգնութիւնը չկար: Տարօրինակ բան է որ Մայր Աթոռը, որ հեռու էր աղքատ ըլլալէ, թէ Խրիմեանի, թէ Իզմիրլեանի, թէ Սուրէնեանի հայրապետութեան օրով, որեւէ գումար չէ տրամադրած այդ մեծարժէք արուեստագէտին որ իր երաժշտական գործերը հրատարակէ, գէթ իր դաշնակած պատարագը տպագրէ: Կը նեղուէր հոն. մանաւանդ Փարիզի մէջ ունեցած գործունէութեան լայն ու փայլուն ասպարէզէն յետոյ»:

Ահա թէ ինչպէս է ներկայացնում իր նկատմամբ ունեցած անարդարացի վերաբերմունքը Կոմիտասըՙ դիմելով Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին:

1909 սեպտեմբեր 5, Ս. Էջմիածին

Վեհափառ Հայրապետի Ամենայն Հայոց

Տ.Տ. Մատթէոս Բ.

Վեհափառ Տէր,

Քսան տարի է Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի միաբան եմ: Մտել եմ այս հաստատութեանը ծառայելու նպատակով: Քսան տարուան ընթացքում շրջապատն ինձ թոյլ չէ տուել այն անելու, ինչ կարող էի, որովհետեւ տեսայ միայն որոգայթ եւ ոչ արդարութիւն: Նեարդերս թուլացել են, այլեւս տոկալու ճար ու հնար չունեմ: Որոնում եմ հանգիստ, չեմ գտնում. ծարաւի եմ ազնիւ աշխատանքի, խանգարուում եմ. փափագում եմ հեռու մնալՙ խցել ականջներսՙ չը լսելու համար, [կապել ոտքերս] գոցել աչքերսՙ չը տեսնելու համար, կապել ոտքերսՙ չը գայթակղուելու համար, սանձել զգացումներսՙ չը վրդովուելու համար, բայց, զի՛ մարդ եմ, չեմ կարողանում: Խիղճս մեռնում է, եռանդս պաղում է, կեանքս մաշուում է, եւ միայն վարանմունքն է բոյն դնում հոգուս ու սրտիս խորքում:

Եթէ հաճոյ է Վեհիդ ինձ չը կորցնել, այլ գտնել, արտասուելով աղերսում եմՙ արձակեցէք ինձ Ս. Էջմիածնայ Միաբանութեան Ուխտից եւ նշանակեցէք Սեւանայ Մենաստանի մենակեաց: Քսան տարին կորցրի, գոնէ մնացած տարիներս շահեցնեմ եւ անդորրութեամբ գրի առնեմ ուսումնասիրութիւններիս պտուղներըՙ իբր առաւել կարեւոր ծառայութիւն հայ տառապեալ Սուրբ Եկեղեցւոյ եւ Գիտութեան:*

Վեհափառութեանդ ծառայ եւ որդի

Կոմիտաս Վարդապետ

Միաբան Ս. Էջմիածնի
 

Քանի որ ես ծնած եմ Սփիւռք,- պատմում է փարիզաբնակ հոգեբոյժ Լուիզ Ֆով Յովհաննէսեանը,- միշտ Կոմիտաս վարդապետը մեզի համար կարեւոր եղած է, ոչ միայն որպէս մեծ, տաղանդաւոր երաժիշտ. Կոմիտաս միեւնոյն ատեն հայու ճակատագիրի տեսակ մը օրինակ է: Անոր ճակատագիրը հայ պատմութեանը բնորոշ ճակատագիր մըն է: Պզտիկութենէն սկսեալ, շատ պզտիկուց, հինգ-վեց տարեկանէն կը յիշեմ, որ երբ հայերը քով-քովի կու գային, ամէնքն ալ գաղթի, կոտորածի մասին կը խօսէին, ուրիշ խօսակցութիւն չկար, դեռ նոր էր աքսորը: Չափահասները հաշուի չէին առներ, թէ փոքրիկները կը հասկնան: Մանկութեանս տարիներէն, հոգեբոյժ դառնալէս շատ առաջ, ինքզինքիս հարցում կընէի, որ այդչափ սարսափելի բաներ տեսնելէ ետք մարդիկ չե՞ն խելագարած: Եւ երբ տարիներ անց հոգեբոյժ դարձայ, անշուշտ նոյն հարցումը տուի ինքզինքիս. այդ պատճառով է որ Վարդապետին հիւանդութեամբ անչափ հետաքրքրուած եմ:

Որպէս հոգեբոյժ, վկայակոչելով Փարիզի Վիլ Ժուիֆ հիւնդանոցի փաստաթուղթերը կը յայտարարեմ, որ Վարդապետը շիզոֆրենիա չէ ունեցած: Կրկնեմՙ բուն փսիխոզները, հոգեկան հիւանդութիւնները կանուխ կը սկսին, երիտասարդ տարիքէն եւ ոչ 47 տարեկանէն անդին, իսկ Կոմիտաս վարդապտեը հոգեբուժական տեսակէտէ ոչ մէկ նշան ունեցած է կամ հակումՙ հոգեկան հիւանդութեան:

Ըստ իսՙ հիւանդութիւնը մելամաղձոտութիւն է: Ան կարծես սգաւոր մըն է, ճգնաւոր մը: Չկարծէք, թէ հայ ըլլալով է որ Կոմիտասին ողբերգութիւն-հիւանդութիւնը կը կապեմ Եղեռնին հետ: Բնաւ: Ես իմ այս թէզս Ֆրանսայի բժշկական համալսարանին պիտի ներկայացնեմ որպէս հոգեբոյժ, ուրեմն գիտական զօրաւոր փաստեր պիտի մէջտեղ բերեմ: Գիտական խնդիրները հայրենասիրութեանս հետ կապ չունին, անշուշտ: Բժշկական արխիւներուն ծանօթանալէն մարդ չի կրնար ինքզինքին չհարցնելՙ արդեօք այս մարդը ինքզինքը ամէն ինչէն չի՞ զրկեր կոր, արդեօք այս սգաւոր մարդը ողջ մեռել մը չէ՞: Արդեօք եթէ Կոմիտասը կրօնաւոր չըլլար, անձնասպան պիտի չըլլա՞ր: Բժիշկները մինչեւ վերջ կը հաստատեն, որը ինքը շատ կապուած էր իր Կրօնքին: Արդեօք իր փափաքը մեռնիլ չէ՞ր: Երբ այդ հարցումներս, միտքերս Վազգէն Վեհափառ հայրապետին փոխանցեցի, ան բացատրութիւն տուաւ, որ մեր Կրօնքը չի թոյլատրեր անձնասպանութիւնը. կեանքը Աստուած տուած է, եւ մարդը, մասնաւորապէս կրօնական մը իրաւունք չունի այդ կեանքը փճացնելու, չապրելու: Կարելի է իր կրօնական շատ մեծ զգացումին համար է որ Կոմիտասը ինքզինքը ողջ-ողջ թաղած է:»**

Իր հանդէպ ունեցած անտարբերութիւնը եւ այն դժուարութիւնները, որոնք արգելք էին հանդիսանում իր ստեղծագործական թռիչքներին, մեծապէս ազդում են Կոմիտասի Վարդապետի հոգեկանին:

Նա յուսալքումի վայրկեաններ է ապրում, անքուն գիշերներ անցկացնում, բայց շատ քչերին յայտնում իր խռովքն ու սիրտը կրծող վիշտըՙ աշխատելով օրն ի բուն, ամբողջութեամբ նուիրուելով իր գործին:

«Ափսոս որ մենք խօսող ժողովուրդ ենք,- գրում է Կոմիտասը համաժողովից յետոյ, - իսկ հազար խօսք ոչ մէկ գործ չի շիներ, մինչ մէկ գործը հազար կեանք կը շինէ. ամենէն աւելի զիս յուզեց այն բանը որ այդ օտար հեղինակաւոր երաժշտագէտները լսելով իմ բացատրութիւններս, հասկցան եւ համոզուեցան, որ աշխարհի մէջ կայ հայ երաժշտութիւն մը բոլորովին ինքնատիպ եւ ինքնուրոյն, այնպէսՙ ինչպէս հայ լեզուն եւ հայ կեանքը, մինչդեռ մեր ժողովուրդը դեռ կը տարակուսի, թէ ինքը լեզու ունի, երաժշտութիւն ունի եւ կեանք ունի:»
 

Այս մէջբերումներից յետոյ հարկ ենք համարում ներկայացնել Պոլսի «Ազատամարտ» թերթի 1914 թ. համարներից մէկում տպագրված Կոմիտասի հարցազրոյցը, երբ նա նոր էր վերադարձել Փարիզի համաժողովից. (ներկայացւում է հարազատ բնագրով):

ԱԶԱՏԱՄԱՐՏ .- Ի՞նչ տպաւորութիւն ձգեցին Ձեր յայտնած կարծիքները հայ եկեղեցական եւ ժողովրդական երաժշտութեան մասին:

ԿՈՄԻՏԱՍ.- Նախ իմ յայտնած տեսութիւնները հայ հոգեւոր եւ գեղջուկ երաժշտութեան մասին նորութիւն էին, մանաւանդ անոնց համար, որոնք դեռ տարի մը առաջ կանգիտանային կամ կը մերժէին հայ ինքնուրոյն երաժշտութեան մը գոյութիւնը: Յետոյ շատեր, որ հայ երաժշտութեան մասին հարեւանցի գաղափար մը ունէինՙ դասախօսութիւններէ ետք առաջինը եղան խոստովանող, որ հայ երաժշտութիւնը գեղարուեստական բարձր արժէք մը կը ներկայացնէ, աւելի հարազատ ուրիշ շատ մը ժողովուրդներու մէջ եւ աւելի վսեմՙ քան արեւելեան ուրիշ ազգերու մօտ:

Ու երաժշտական մեծ վարպետներՙ երբ դասախօսութիւնները կաւարտէի, չէին կրնար իրենց զարմանքն ու հիացմունքը զսպել իրենց համար օտար այս երաժշտութեան ծանօթանալով, որ ոչ միայն նորութիւն էր իրենց համար, այլ նաեւ ապշեցուցիչ նորութիւն մը: Ինձ համար ալ հետաքրքիր էր, թէ ինչ պիտի ըլլար անոնց տպաւորութիւնը երաժշտութեան մը մասին, զոր ցարդՙ իր յոռի նմոյշներէն դատելովՙ կը նկատէին իբրեւ մեղկ, տխուր, մելամաղձոտ երաժշտութիւն մը: Մինչդեռ հայ երաժշտութիւնը ոչ միայն մեղկ ու տխուր չէ, այլ համակ ուժ է եւ կենդանութիւն, ու իր մէջ կը սնուցանէ փիլիսոփայութիւնն իսկ, ոգին իր իսկ ցեղին, որովհետեւ երաժշտութիւնն ամենէն մաքուր հայելին է ցեղին, ամենէն հարազատն ու կենդանին անոր բոլոր արտայայտութեանց մէջ կենդանի, որքան կենդանի է այդ ցեղը, ուժեղՙ որքան ուժեղ է իրեն ծնունդ տուող ժողովուրդը:

Ուրախ եմ, որ այդ յայտնի բոլոր վարպետները կրցան թափանցել, որքան հնար էր, հայ երաժշտութեան խորութեանց եւ բարձրաձայն յայտարարեցին անոր ուժն ու քնքշութիւնը, չվարանելով նոյնիսկ «աստուածային» կոչել զայն: Ու հայ երաժշտութեան արծարծած հետաքրքրութիւնն այնքան ընդհանուր էր համաժողովին անդամներուն մէջ, որ նոր դասախօսութիւններ ալ խնդրեցին հայ երաժշտութեան մասին, ու ես ստիպուած եղայ համաժողովին մէջ կարդալու երկրորդ դասախօսութիւն մըն ալՙ «Հայ երաժշտութեան տաղաչափութեան եւ շեշտաւորութեան» մասին, գոհացում տալու համար այդ հետաքրքրութեան:

Մեր երաժշտութեան արծարծած այս ընդհանուր հետաքրքրութիւնը անով մանաւանդ յատկանշական է, որ մինչ արեւելեան ազգերէն ոչ մէկը, նոյնիսկ յոյնը, սերպը, պուլկարը, կամ թուրքը, չունէր իր ներկայացուցիչը համաժողովին պարզելու համար իրենց սեփական երաժշտութիւնը, հայ երաժշտութեան համար սակայն այնքան պատուաբեր տեղ մը կը տրուէր, եւ մինչ ուրիշ ազգերու ներկայացուցիչ երաժշտագէտներու ճառերը շատ անգամ բուռն դիտողութիւններով եւ քննադատութիւններով կընդունուէին, ինչպէս պատահեցաւ կաթոլիկ կրօնաւորի մըՙ որ Գրիգորեան երաժշտութեան շեշտաւորութեան մասին կը խօսէր, ընդհակառակն, հայ երաժշտութեան մասին ըսուած խօսքերը կատարեալ համակերպութեամբ լսուեցան, ու յայտնի երաժշտագէտ Վակնէրը, որ նոյն Վարդապետին ամենէն բուռն ընդունողներէն մէկը եղած էր, համակերպութեան եւ շնորհաւորութեան խօսքեր միայն ունեցաւ ըսելիք մեր երաժշտութեան մասին:

Հետաքրքրական էր նաեւ տեսնել, երբ միջազգային վարպետներ համաժողովն աւարտելէ ետք, աղբիւրներ կը փնտռէին հայ երաժշտութեան աւելի եւս ծանօթանալու համար, անոնցմէ շատերը սկսան Կիրակի օրերը Հայոց եկեղեցին յաճախել, հայ եկեղեցական երաժշտութիւնը վայելելու համար: Աւելցնեմ, որ Միջազգային երաժշտական ընկերութեան յառաջիկայ համաժողովը, որ երեք տարի ետք Պէրլինի մէջ պիտի գումարուի, կրկին տեղ պիտի տայ հայ երաժշտութեան, եւ ես հրաւիրուած եմ խօսելու «Հայոց երգեցողութեան ձեւի» մասին:

Ա . - Ի՞նչ տպաւորութիւն թողուցին հայ խազերու մասին Ձեր երեւան հանած նորութիւնները: Այն խազերուն, որոնք այնքան «խորհրդաւոր» ու «սնոտի» հռչակեցին տիրացուները:

ԿՈՄԻՏԱՍ . - Հայկական խազերու բանալիները, զորս երեւան հանած էի տարիներու պրպտումէ ետք, մեծ նորութիւն մը եղան համաժողովին անդամներուն համար, որովհետեւ հայկական խազերով կարելի պիտի ըլլայ ոչ միայն հայկական հին երաժշտութիւնը ուսումնասիրել, այլ նաեւ ուսումնասիրել ուրիշ ազգերու հին երաժշտութիւնները, ինչպէս յունականը, որոնց մասին դժբախտաբար որեւէ ուսումնասիրութեան աղբիւր գոյութիւն չունի այժմ, մինչ հայ ձեռագրերը աւելի աւանդապահ գտնուած են գուրգուրանքով պահելու համար հայկական հին երաժշտութեան աղբիւրները, որոնցմէ թերեւս երաժշտագէտներ օգտուին ժամանակակից ուրիշ երաժշտութիւններ պրպտելու համար:

Թէեւ ուրիշ ազգերու հին երաժշտութենէն նմոյշներ հասած են մեզի, բայց ամէնէն աւելի հայ խազերն են, որ կը ներկայանան ամբողջական եւ ամփոփ, եւ աւելի լրիւ նիւթ կը ներկայացնեն ուսումնասիրութեանց համար: Ասկէ զատ, հայկական հին ձեռագիրներու մէջ կը հանդիպինք յոյն կամ ուրիշ հին երաժշտութեան վերաբերեալ թարգմանութիւններու, որոնց յունական կամ օտար բնագիրը կորսուած ըլլալով, հայերէն թարգմանութիւններն են, որ պիտի կարենան լոյս սփռել ուսումնասիրութեանց պահուն: Այս տեսակէտով ալ հայկական խազերու ուսումնասիրութիւնը իր մասնաւոր կարեւորութիւնը կը ստանայ: Այս մասին գրած ուսումնասիրութիւններս պիտի հրատարակուին արդէն համաժողովին դիւանին կողմէ, հետեւաբար չեմ ուզեր աւելի երկար ծանրանալ այդ մասին:

Ա .- Հայկական ինքնայատուկ նուագարաններու մասին եւս տեղեկութիւն տուի՞ք համաժողովի անդամներուն:

ԿՈՄԻՏԱՍ . - Այո, խօսեցայ հայկական նուագարաններու մասին եւս, մասնաւորապէս ծանրանալով փողին շուրջը, զոր բացատրեցի իր ամբողջ կազմով եւ նաեւ հոգեւոր եւ գեղջուկ երգերէ նմոյշներ նուագելով անոր վրայ: Պէտք է ըսել, որ ան եւս, ինչպէս հայ երաժշտութեան միւս առանձնայատկութիւնները, խոր տպաւորութիւն գործեց ունկնդիրներուն վրայ:

Իմ կարծիքով, փողը նուագական երաժշտութեան հիմնաքարն է, եւ ունի այն տեսակ առանձնայատկութիւններ, զորս ոչ մէկ ազգի նուագարան ունի: Անոր հնչիւնները ամէնէն մօտիկ են մարդկային սրտին, ամէնէն հարազատ արտայայտիչը անոր բոլոր զգացումներուն, մարդն անոր պարզ ծակտիկներուն մէջ կրնայ արտաբերել իր հոգին իր բոլոր զգացումներով: Եթէ կատարելագործուի այս նուագըՙ իր զանազան սեռերով, ես վստահ եմ, թէ մենք այն տեսակ շնչական հրաշալի նուագորդ մը կունենանք (օրքեսթր), որը ընդունակ է բնութիւնը արտայայտելու իր սեփական խորհուրդներով, եւ սիրտըՙ իր իսկական յուզումներով, որովհետեւ փողը միակ նուագարանն է, որ կրնայ բազմաթիւ ձայներու հնչումներ հանել, ինչ որ կարելի չէ գտնել ուրիշ նուագարաններու մէջ:

Թէեւ բացատրեցի ուրիշ հայկական նուագարաններ եւս, ինչպէս պարկապզուկը կամ տկզարը, սակայն անոնք այնքան ինքնուրոյն չեն, որքան փողը, եւ անոնց մօտ կամ նման ուրիշ նուագարաններ կարելի է գտնել ուրիշ ժողովուրդներու մէջ. արդէն բոլոր ազգերն ալՙ իբրեւ ազգային նուագարան, մէկ գործիք մը միայն կունենան ընդհանրապէս, իսկ միւսները շինուած կամ յարմարեցուած կըլլան անոր վրայ: Հայոց մէջ այդ ազգային նուագարանը փողն է, որ պէտք է անգամ մըն ալ կրկնեմ, խորունկ ազդեցութիւն գործեց բոլոր համաժողովականներուն մէջ, իր պարզութեան մէջ պարփակուած վեհութեամբ:

Ա .- Իսկ ի՞նչ պիտի ըսէք, սիրելի վարպետ, այն վլվլուկներուն առթիւ, որ ցոյց տուաւ հոս տիրացուներու դահլիճը: Կակնարկեմ այն տխմար պայքարին, զոր պոլսահայ տիրացուներՙ Կրօնական ժողովին անիմաստ իրարանցումէն քաջալերուած, դատ բացին Ձեզի դէմ, կրամաֆոնի ծանօթ խնդրոյ առթիւ: (Խօսքը այն անմիտ որոշման մասին է, ուր եկեղեցին կը փորձէ արգիլել Կոմիտասի եւ Շահմուրատեանի երգերու ձայնասկաւառակի հրապարակումը):

ԿՈՄԻՏԱՍ . - Ես տարիներու աշխատանքով շիներ եմ իմ ուղեգիծը, ուրկէ ընթացեր եմ մինչեւ ցարդ եւ պիտի ընթանամ ասկէ ետք ալ, որքան ատեն որ ուժ զգամ երակներուս մէջ, ոչ մէկ խոչընդոտ չի կրնար կասեցնել զիս իմ առաքելութեանս մէջ, որու նուիրագործութեանը ես համոզուած եմ բոլոր սրտովս:

Ա .- Իսկ ասկէ ետքը ի՞նչ ընելու մտադիր էք:

ԿՈՄԻՏԱՍ . - Շարունակել իմ ճամբաս:

Նյութը հրապարակման պատրաստեց ԳՈՀԱՐ ԱՃԵՄԵԱՆԸ

Նկար 1. Կ.Պոլիս, 1914 թ.

Նկար 2. Կոմիտասը աշակերտների հետ։ Ձախից աջՙ Հայկ Սէմէրճեան, Միհրան Թումաճան, Վարդան Սարգսեան, Արտաշէս Ապաճեան, Վաղարշակ Սրուանձտեան, Բարսեղ Կանաչեան, Պոլիս, 1914թ.


* Այս թանկագին նշխարը տրամադրել է երաժշտագէտ Ներսէս Խուտավերդեանը:

** Կոմիտասին նուիրուած գիտական այս թէզը Փարիզի ակադեմիայի առջեւ Լ. Ֆ. Յովհաննէսեանը Ռընէ Դեքարթ բժշկական համալսարանում փայլուն յաջողութեամբ պաշտպանել է 1991 թ., նոյեմբերի 12-ին:


© AZG Daily & MV, 2009, 2011, 2012, 2013 ver. 1.4