ԵՐՈՒԱՆԴ ՕՏԵԱՆ
Քրիստոսատուր Ղազարոսեանի թոռը, Աբրահամ Այվազեանի զաւակը եւ Աբիկ Մուպահեաճեանի եղբայրըՙ Արշակ Ալպոյաճեան, բնականաբար օրորոցէն նախասահմանուած էր օր մը գալ բազմելու Ազգային երեսփոխանական աթոռին վրայ, որ կերպով մը իր արդար ժառանգութիւնը կարելի է համարել:
Արշակ Ալպոյաճեան, առ ոտս «Բիւզանդիոն»ի պահպանողականութեամբ սնած, մեծցած ու զարգացած, անշուշտ, ժողովասրահէն ներս մտածին պէս, պիտի երթար բազմիլ աջակողմեան թիկնաթոռի մը վրայ, եւ այնպէս ալ ըրաւ:
Իբրեւ երեսփոխանՙ իր մտահոգութիւնն է միշտ արթուն հսկել, որպէս զի դաշնակցականները խաղի մը չբերեն Ազգային ժողովը:
Ի՛նչ առաջարկութիւն, ի՛նչ դիտողութիւն որ ըլլայ դաշնակցականի մը կողմէ, Ալպոյաճեան իսկոյն կը մտածէ.
- Արդեօք խա՞ղ մը ծածկուած է այս առաջարկութեան, այս դիտողութեան ներքեւ...
Եւ այնքա՜ն կասկածոտ է այս մասին, որ երբեք ձախակողմէն եկած խօսքի մը ի նպաստ ձեռք չի բարձրացներ:
Իբրեւ կուսակցական կը պատկանի այն չորս գիրերուն (ՀՍՌԿ), որոնք կոչուած են օր մը ազգը փրկելու, եթէ միւս գիրերը թոյլ տան իրենց:
Բարեբախտաբար, սակայն, Արշակ Ալպոյաճեան իր ռամկավարութիւնը ամէն առթիւ Ազգային ժողովին մէջ չի ցուցադրեր, ինչպէս կ՛ընեն միւս կուսակցականները, եւ յանուն իրենց ծրագրին ու սկզբունքներունՙ անճոռնի առաջարկութիւններ չի բերեր:
Ազգային երեսփոխանէ մը պահանջուած շատ մը յատկութիւններ կը միացնէ իր վրայՙ կռուազանութիւն, դիմացինին խօսքը ընդմիջելու փութկոտութիւն, աղմկահարութիւն, եւ այլն:
Խօսելու դիւրութիւն ունի եւ պէտք եղած ատեն մախարայի պէս կը խօսի, բայց ձայնը անհաճոյ է մանաւանդ դաշնակցական փափուկ ականջներու համար: Ճչող, ճուացող ձայն մը ունի, որ զուրկ է լրջութենէ. պոռացած ատենը կարծես դպրոցական տղայ մըն է, որ կռիւ կ՛ընէ իր ընկերներուն հետ:
Խորապէս ուսումնասիրած է Սահմանադրութիւնը, ներքին կանոնագրութիւնը եւ, կարծեմ, ծայրէ ծայր գոց ըրած է Ազգային ժողովի ատենագրութիւնները:
Ոեւէ խնդրոյ առթիւ կարող է ոտքի ելլել եւ ըսել.
- Այս խնդիրը նոր չէ, Ազգային ժողովը նմանօրինակ խնդրով մը արդէն զբաղած եւ որոշում տուած է...
Եւ եթէ անգիտակ երեսփոխան մը համարձակի պոռալ, թէ «ատանկ բան չկայ, մենք չենք յիշեր կոր», Ալպոյաճեան իր սուր ու ճչող ձայնովը կը պատասխանէ.
- Բացէ՛ք 1867 սեպտեմբեր 12 ուրբաթ օրուան Ազգային ժողովի ատենագրութեան 167-րդ էջը եւ երկրորդ սիւնակին մէջ պիտի գտնէք ըսածս:
Եւ ընդդիմախօսը կը ստիպուի լռել: Սակայն կը պատահի, որ Հայկ Խոճասարեան դիտել տայ.
- Արշակ էֆենտի Ալպոյաճեանի ըսածը շատ ճիշտ է, միայն թէ կէտի մը մէջ կը սխալի:
- Ի՛նչպէս կը սխալիմ:
- Այո՛, ձեր ըսածը ատենագրութեան 186-րդ էջին առաջին սիւնակին մէջ կը գտնուի:
- Կարծես Խոճասարեան էֆենտին իրաւունք ունի,- կը ձայնէ հեռուէն Հրանտ Ասատուր:
Եւ Տոքթ. Թորգոմեան5 տարտամօրէն մօրուքը կը շոյէ, չկրնալով վճռել, թէ երկուքէն ո՞րը իրաւունք ունի:
Իբրեւ խմբագիրՙ Արշակ Ալպոյաճեան ծանօթ է ազգային խնդիրներու վրայ իր խղճամիտ ուսումնասիրութիւններովը:
Իր մասնագիտութիւնն է նաեւ ծանօթ ազգայիններու ընդարձակ կենսագրականը գրել իրենց մահուան յաջորդ օրը:
Կ՛ըսուի, թէ 600 ծանօթ ազգայիններու կենսագրութիւնն ալ պատրաստելու վրայ է:
- Այսինչ եպիսկոպոսը ծանրապէս հիւանդ է եղեր, իմացա՞ր,- ըսէք իրեն:
Եւ Ալպոյաճեան ամենայն հանդարտութեամբ պիտի պատասխանէ.
- Հոգ չէ, կրնայ մեռնիլ, կենսագրութիւնը արդէն պատրաստած եմ, միայն քանի մը երես աւելցուելիք բան կայ:
Իսկ եթէ ծանրապէս հիւանդ եղող ազգայինը այնպիսի անձ մըն է, որուն կենսագրականը տակաւին պատրաստուած չէ, Ալպոյաճեան կը յուզուի, կը խռովի.
- Ի՞նչ է եղեր, բժիշկները ի՞նչ կ՛ըսեն կոր, բնաւ յոյս չկա՞յ ազատելու... զարմանալի՜ բան, առողջ մարդ մը կ՛երեւար:
Եւ դէմը ելլողէն տեղեկութիւն կը հարցնէ հիւանդին վրայ:
- Թո՛ղ մէյ մը տոքթոր Խնդիրեանը բերել տան, խորհուրդ կու տայ հիւանդին բարեկամներուն եւ վերջապէս կ՛երթայ Գընալըի եկեղեցին մոմ մը կը վառէ, որպէսզի մարդը չմեռնի կենսագրականը չաւարտած:
Այս մասին Թէոդիկ աւելի երջանիկ է Արշակ Ալպոյաճեանէն:
- Ամէնքն ալ կրնան մեռնիլ,- կը յայտարարէ ֆէսը վեր նետելով ու ճակատին սահարայական լերկութիւնը պարզելով,- ամէնուն ալ պատկերը եւ կենսագրութիւնը կայ Տարեցոյցներուս մէջ:
«Մեր երեսփոխանները, Մեր Ազգային ժողովը», 1999 թ., Երեւան, «Մագաղաթ» հրատ., աշխատասիրութեամբ Գէորգ Տէր-Վարդանեանի