ԱԶԳ ՕՐԱԹԵՐԹ - ՄՇԱԿՈՒՅԹ

https://www.azg.am | WAP | WAP-CULTURE

#17, 2012-09-21 | #18, 2012-10-06 | #19, 2012-10-20


ՍՐԲՈՑ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՊԱՏԳԱՄԸ

ՍԱՐԳԻՍ ՎԱՀԱԳՆ

Գիրի եւ մշակոյթի դպիրներուս համար ինչքան լաւ է, որ գոնէ տարին անգամ մը, հոկտեմբերի կէսերուն, ազգովին, պահ մը կ՛ամփոփուինք ու յետադարձ ակնարկով առիթը կ՛ունենանք հաշուեկշիռը կատարելու մեր հոգեկան եւ իմացական գանձարանին: Անտարակոյս, մեր ազգային, հաւաքական այդ մեծագոյն տեսլականին փառաբանման ու պանծացումին պատիւ տալով, բայց եւ նաեւ անով ոգեշնչուած, անգամ մը եւս հաստատ վճռակամութեամբ, ազգովին անցնինք ուղղակի գործի, ոչ միայն պահպանելու այլ մանաւանդ շարունակելու գրական ու մշակութային կոթողական այն աւանդը, զոր մաշտոցեան Ոսկեդարով պարգեւուեցաւ հայ սերունդներուս: Որովհետեւ, բաւարարուելով անցեալի սխրանքներուն գովեստով միայն, տուրք տուած կ՛ըլլանք ինքնախաբութեան, անտեսած կ՛ըլլանք այդ աննման ժառանգին իսկ սպառնացող մերօրեայ բազում վտանգներն ու սադրանքները, որոնք կամայ կամ ակամայ, արդիականութեան եւ globalism կոչուող տիեզերականութեան հեզասահ յորձանուտներով կոչուած են մեզ տանելու համատարած ուծացումի եւ այլասերումի: Կենսական է ուրեմն, որ մշտապէս ի մտի ունենանք անցեալի եւ ներկայի այս սերտ, կապակցուող զուգահեռականը, երբ կը փորձենք արժեւորել եւ գնահատել թարգմանչաց շարժումին աննախընթաց տարողութիւնը:

Բարեբախտաբար, մեր ժողովուրդի կարեւորագոյն յատկանիշներէն ամենահիմնական գործօնը - ծանր, ճգնաժամային կացութիւններու մէջ իսկ գտնել, ի յայտ բերել հրաշածին փրկութեան ելքը,- դարձեալ կատարեց կարեւոր իր դերակատարութիւնը 5-րդ դարուն սկիզբը: Գտնուեցան տեսլապաշտ, խիզախ եւ խորաթափանց այրեր, ինչպիսիք էին Մեսրոպ Մաշտոցն ու Սահակ կաթողիկոսը, որոնք խորապէս գիտակցելով տագնապի էութեան, գտան փրկութեան միակ ելքը. հայ գիրերու գիւտն ու տարածումը:

Մեսրոպ, ըլլալով միանգամայն զինուորական, արքունիքի ատենակալ գրագիր եւ ապա կրօնական քարոզիչ, անմիջականօրէն զգաց հայերէն լեզուին գիր չունենալու մահացու հիւանդութեան լուրջ հետեւանքները եւ մարգարէական իր տեսլականով գնաց վարակել Կաթողիկոսն ու Արքան, որոնք սիրայօժար հովանաւորեցին եւ վարկաւորեցին անոր յղացումն ու գիրերու գիւտի հետազօտութիւնը: Մեսրոպ իր տեսլական հանճարով ստեղծեց մեր ոսկեղնիկ լեզուին ոսկետառ այբուբենը:

Կարեւորը սակայն գիրերու գիւտին տարողութիւնն էր, որ հիմնովին փոխեց մեր ազգային ճակատագիրը: Մեր ոսկեղնիկ լեզուն, որ արդէն յղկուած եւ թրծուած էր մեր բանաւոր բանահիւսութիւններով, ոչ միայն փրկուեցաւ կորուստի վտանգներէն, այլ ստացաւ նոր աւիւն, նոր սլացք ու փայլՙ դէպի կատարելագործում, դէպի նարեկաշունչ գագաթային ճաճանչում:

Արդարեւ, Մեսրոպ որպէս անխոնջ վարդապետ-դաստիարակ, հայոց աշխարհը ծաղկեցուց դպրոցներու ծաւալուն ցանցերով, ուր սկսան հնչել մեր լեզուին վանկարկումները, բառերն ու շարահիւսութիւնները նորովի շքեղանքով: Գիտակցութեան լոյսը փողփողեց մեր շէներէն ներս նոր հպարտութեամբ մըՙ որուն նմանը չէր տեսնուած բնաւ: Եւ ուր կայ գիտակից հպարտութիւն, հոն անպայման կը վարարի նաեւ հայրենասիրութիւնն ու ինքնուրոյնութիւնը: Կարճՙ հայոց լեզուն կենդանացաւ նոր աւիւնով եւ նոր սլացքով: Հսկայական թափով ստեղծուեցաւ նաեւ մեր գրաւոր մշակոյթն ու գիտութիւնն ալ: Նախ, Մեսրոպի կողմէ թարգմանուեցաւ Աստուածաշունչէն Սողոմոն Իմաստունի առակներուն գիրքը որպէս նախաճաշակ եւ առաջին նախադասութիւնը, որպէս մնայուն բնաբան ընտրուեցաւ «Ճանաչել զիմաստութիւն եւ զխրատ, իմանալ զբանս հանճարոյ» սքանչելի եւ այնքան թելադրականօրէն պերճախօս խրատականը: Ի զուր չէր որ աստուածաշնչային ամբողջական թարգմանութիւնը միջազգային հայագէտներու կողմէ հռչակուեցաւ որպէս «թագուհի թարգմանութեանց:» Սա անհերքելի ապացոյց էր, որ հակառակ հայ տառերու չգոյութեան, մեր լեզուն իր հարստութեամբ, ճկունութեամբ եւ պայծառութեամբ, շնորհիւ մեր կենդանի լեզուին բանաւոր աւանդին, կրցաւ մէկ օրէն միւսը, ընկալել եւ նուաճել այդ օրերու իմացական, զգացական, գիտական եւ փիլիսոփայական նուաճումները, մութ ու խաւարի մէջ խարխափող անդիմագիծ զանգուածէն այդ դարերու յառաջապահ մարդկութեան շարքին կեցող լուսաւոր ժողովուրդ մը դառնալով, մարդկութեան տալով մեր պատմիչներու փաղանգը, գերարժան Խորենացիէն մինչեւ Մանանդեան եւ Ադոնց, ոգեղինացուած բանաստեղծական հանճար Նարեկացիէն մինչեւ Չարենց եւ Պարոյր Սեւակ, շնորհազարդ Ներսէս Շնորհալիէն մինչեւ Վարուժան եւ Թէքէեան, գիտութեան գագաթներէն Անանիա Շիրակացիէն մինչեւ Համբարձումեան եւ Գուրզադեան: Այս բոլորը, անտարակոյս, կը պարտինք հայ գիրերու գիւտին:

Տակաւին, չմոռնանք որ շնորհիւ հայ գիրերու գիւտին, մեզի հասած են կարգ մը օտար մատենագիրներու հայերէնի թարգմանուած մատեաններն ալ, որոնց բնագրերը կորսուած են առ յաւէտ: Իր յաջողութեան ճանապարհին, ի պատիւ աննման Մեսրոպին, պէտք է նշել, որ ան բնաւ տուրք չտուաւ ազգային սահմանափակուածութեան, այլ ընդհակառակը, որպէս մեծ մարդասէր, մեծահոգաբար, իր ջանասիրութենէն բաժին հանեց նաեւ վրացի ժողովուրդին, զայն օժտելով իւրայատուկ այբուբենով եւ նմանապէս դպրոցներ բանալով: Ինչ փո՜յթ, թէ այսօր վրացիները ապերախտօրէն կ՛ուրանան այդ բարիքը եւ սադրանքներ կը հիւսեն մեր եկեղեցիներուն դէմ, բռնագրաւելով զանոնք: Անոնք, նոյնիսկ, ընդօրինակելէ վերջ մեր տաճարներուն մասիսաձեւ, հայաստեղծ եւ հայադրոշմ կաթողիկէները, ծիծաղելի յանդգնութիւնը կ՛ունենան զանոնք հռչակելու որպէս վրացակա՜ն ստեղծագործութիւն:

Ըսինք, պարզապէս ժամավաճառութիւն պիտի ըլլար լոկ գոհանալ Թարգմանչաց սխրանքներուն գովաբանութեամբ եւ չանդրադառնալ անոր այժմէական առնչութիւններուն:

Արդ, մեսրոպեան պատգամը մեզի իրաւունք կու տայ տէր կանգնելու թարգմանչաց հսկայական ժառանգութեան, գոնէ ոչ թէ զայն նորանոր նուաճումնրով զարգացնելու առաջադրանքով,- բան մը որ սփիւռքեան այս պայմաններուն մէջ գերիվեր է մեր ուժերէն,- այլ լոկ պաշտպանելու, տէր կանգնելու, անաղարտ պահելու համար տրուած աւանդը: Այսինքնՙ լեզուն եւ գի՛րըՙ որոնք հիմնաքարերն են եւ կրողները մեր դարաւոր մշակոյթին: Այդ առաքելութեան առաջին քայլը կը հանդիսանայ սէրն ու գուրգուրանքը հայ լեզուին եւ գիրին: Արդարեւ, իւրաքանչիւր ինքզինք յարգող հայ գրող պարտաւոր է գործածել մեր լեզուն եւ գիրերը բացարձակ խղճմտութեամբ, ճշգրտութեամբ, մաքրութեամբ եւ գեղեցիկի, վսեմականի մատուցումով: Մեր նախնիները ի զուր չէ որ սրբացուցեր են մեր գիրն ու լեզուն: Քանզի անոնք իրենց մորթին վրայ կրեր են տաժանքը գիր չունեցող լեզուի պապանցումին եւ զգացեր գիրին հրաշափառ ուժն ու տարողութիւնը, անոր մօտենալով սրբագործուած պաշտամունքով: Իսկ մենք այսօր, ինչպի՜սի անշնորհքութեամբ եւ անփութութեամբ կը վարուինք այդ սրբազան աւանդին հետ: Գաղտնիք չէ. շատ քիչ բացառութեամբ, դժբախտաբար արշակաւանեան խառնիճաղանճն է այսօր իշխողը մեր սփիւռքեան մամուլին ու տպագրական արտադրութեան մէջ: Իսկ հայրենիքի մէջ, մեր անկախ պետականութեան հովանիին տակ իսկ, ամէն օր կը խողխողուի Սուրբ Մեսրոպի աւանդը, գաւառային գռեհկութեամբ եւ օտարամուտ բառերու առատաձեռն, անտեղի գործածութեամբ: Ութը տասնեակ տարիներ առաջ, մեր սքանչելի տեսանող գրող Շահան Շահնուր երբ կը հնչեցնէր նահանջի ահազանգը, շարք մը երեւոյթներու ձաղկումին քով, անպայման կը հնչեցնէր նաեւ լեզուի տագնապն ալ, զոր կ՛արժէ կրկնութեան գնով հոս մէջբերել.-« Կը նահանջեն ծնողք, որդի, քեռի, փեսայ, կը նահանջեն բարք, ըմբռնում, բարոյական, սէր: Կը նահանջէ լեզուն, կը նահանջէ լեզուն, կը նահաջէ լեզուն: Եւ մենք դեռ կը նահանջենք բանիւ եւ գործով, կամայ եւ ակամայ, գիտութեամբ եւ անգիտութեամբ, մեղա՜յ, մեղա՜յ Արարատին»: Երիցս շեշտուած լեզուի այս նահանջը արդէն մեզ կը տանի նոր եզրայանգումներու: Հինգ տասնեակ հազարներու հասնող նոր սերունդ ուսանողներու հսկայ բանակ մ՛ունինք որ այսօր, տնտեսական-նիւթականի չգոյութեան պատճառով կը յաճախէ պետական ձրի վարժարանները, որով դատապարտուած է հեռանալու մեր գիր ու լեզուէն եւ անմիջականօրէն ենթակայ է այլասերման, ուշ կամ կանուխՙ ձուլումի: Զարմանալիօրէն, ազգովին անտարբեր կը մնանք այս տխուր երեւոյթին հանդէպ: Կը գոհանանք ազգային վարժարաններու մօտ հինգ հազար աշակերտներով միայն: Ձեւով մը, կարծես անոնք ըլլան մեր ընտրանին: Հապա միւս, հայ դպրոցներէն զրկուած, դուրս մնացած յիսուն հազար հայորդինե՞րը ... արդեօք զիրենք կորսնցուցած ըլլալու գաղափարին հետ հաշտուա՞ծ ենք արդէն...: Կ՛երեւի այո՛: Ապացոյց, որ դոյզն ջանքն իսկ կը զլանանք անոնց հանդէպ: Պիտի ըսուի, թէ գրողներս ի՞նչ առնչութիւն ունինք այդ հարցին հետ: Բայց ունի՛նք. չէ՞ որ անդադար կ՛ողբանք ընթերցողի պակասը, առանց հարց տալու, թէ ուրկի՞ց պիտի գայ այդ երանելի ընթերցողը, երբ հայ վարժարաններէն իսկ ելլող շրջանաւարտները մեծ մասամբ հայերէն չեն կարդար կամ չեն կրնար կարդալ: Լուծումը պարզ է. լուծումը կրնայ գալ զանգուածէն, մնացեալ յիսուն հազարէ՛ն, եթէ կամեցողութինը ունենաք թեւերնիս սոթտելով գործի անցնելու: Հայ դպրոցները ծախսալի են, անմատչելի. մեր ուժերէն վեր են նորերը բանալ: Սակայն մենք ունինք, բարեբախտաբար օժանդակութիւնը ամերիկեան պետութեան. չարթըր դպրոցներու կարելիութիւնն է այդ բարեբաստիկ առիթը: Պետական պիւտճէով վարկաւորուած, որոշ ծրագրումով դասաւորուած դպրոցներ են անոնք, որոշակի համայնքի մը տրամադրութեան տակ դրուած, այդ համայնքին լեզուական թեքումով դասաւանդութեամբ առանձնաշնորհուած:

Կրնանք նաեւ, եթէ կամենանք, նախաձեռնակ ըլլալ գիշերային կամ շաբաթօրեայ դպրոցներու ցանցի մը ստեղծումին, օգտագործելով արդէն գոյութիւն ունեցող մեր դպրոցական վայրերը, ակումբներն ու եկեղեցիները, ինչպէս նաեւ նոյնիսկ օտար հանրային վայրերը: Որպէս դաստիարակներ կամաւորաբար տրամադրենք մեր ուժերըՙ հայերէն գիր, լեզու եւ պատմութիւն ուսուցանելով անոնցմէ զուրկ մնացած հայորդիներուն: Ինչո՞ւ չմտածել այդ ուղղութեամբ ալ:

Գուցէ թէական, երազայի՞ն թուի այս մտածումը: Բայց հոս ալ ունինք բարեդէպ օրինակը, Թէքէեան մշակութային միութեան հովանիին տակ գործող, պարոն Խաչիկ Ճանոյեանի ղեկավարած շաբաթօրեայ դպրոցը, որ տասամեակներու յաջող յարատեւութիւնը ունի: Չենք փորձած: Փորձե՛նք: Ա՛յս է թելադրանքը մեսրոպեան թարգմանչած մեծ շարժումին: Տարածել հայ լեզուն եւ գիրը, մեր միակ անցագիրը դէպի յաւերժութիւն:

Լոս Անջելես


© AZG Daily & MV, 2009, 2011, 2012, 2013 ver. 1.4