ԹՈՐՈՍ ԹՈՐԱՆԵԱՆ
Եթէ Եղեռնի օրերուն ըսէին թէ Հայաստանը նոյն ընտանիքէն երեք գիտնական պիտի ունենայ ու մէկ ճարտարապետ, անհասկնալի պիտի ըլլար: Եղեռն, ու երեք գիտնականի ու մէկ ճարտարապետի ներկայութի՞ւն, այո՛, այդ ալ մէ՛կՙ Գուրզադեաններու ընտանիքէն:
Սեբաստացի այր ու կին Գուրզադեանները Տէր Զօրէն վերապրողներ էին, ապաստան գտած Պաղտատի մէջ:
Հոն, 1922 թուին կը ծնի Գրիգորիկը: 1924 թուին, այր ու կին Գուրզադեանները կ՛առնեն ճակատագրական որոշում: Այո՛, 1924 թուին:
Ի՞նչ էր այդ որոշումըՙ մեկնիլ հայրենիք: Ինչպէ՞սՙ քալելով:
Պաղտատէն Հայաստան քալելո՞վ: Ո՞վ կը հաւատայ այդ հրաշալի ու խենթ որոշումին, երբ այդ թուականին Հայաստանը ճահիճներու երկիր էր, երբ Հայաստանի մէջ ուտելու հացի փոխարէն կար միայն քար, երկիրը դարձած էր խորհրդային, երբ մեր երկրին մէջ անօթութենէ մեռնողներ կային:
Գուրզադեան ամոլը, հայրը գրկած երկու տարեկան Գրիգորիկը, մայրը յղի էր երկրորդ զաւակով, կը հասնին Թաւրիզ, անշուշտ հետիոտն, քալելով, ի զարմանս զիրենք տեսնող ուրիշ հայերու:
Այդ հայերու կարգադրութեամբ Գուրզադեան ընտանիքը Արաքսի ափ կը հասնի աւելի յարմար փոխադրամիջոցով մը ու կը մտնէ Հայաստան:
Երկրորդ երեխան կը մահանայ: Գրիգորիկը տոկուն է, հեքիաթի հերոսներուն պէս մէկ օրուան մէջ ամիսներով աճած կ՛ըլլայ, կը տիրանայ նախնական ու երկրորդական ուսումի, կ՛աւարտէ Երեւանի բազմարուեստից համալսարանը, կը մեկնի Մոսկուա ու Լենինգրադ, ու Երեւան կը վերադառնայ որպէս աստղաֆիզիկոս:
Իր տեղը Բիւրականն է:
Կ՛աշխատի համաշխարհային հռչակի հասած ակադեմիկոս Վիքտոր Համբարձումեանի կողքին ամբողջ 25 տարի:
Այդ տարիները երկինքի զոյգ խուզարկուներուն համար արդիւնաշատ ու համերաշխ տարիներ էին, բայց ահա գիտական հարցերու շուրջ այս երկու հսկաներուն միջեւ կը ծագին տարակարծութիւններ, ամուր պահելով հանդերձ անձնական բարեկամութիւնը:
Աշխատիլ մեծ աստղագէտին հետ ամբողջ 25 տարի ու բաժնուելէ ետք անոր հետ մնալ բարեկա՞մ: Այո՛, այդպէս է իրողութիւնը:
Աստղաֆիզիկոս Գրիգոր Գուրզադեանը ունէր իր համախոհները ու ահա ինք կը հիմնէ գիտական նոր կեդրոն մը Գառնիի մէջ, իր շուրջ հաւաքելով շուրջ հարիւր ինժեներ ու գիտնական: Այս խումբը քոսմոսի հարցերով կը զբաղէր:
Ահա այս խումբն է, որ Հայաստանը կը հասցնէ գիտական այն զօրութեան, որ Գրիգոր Գուրզադեանի առաջնորդութեամբ կը յաջողի պատրաստել «Սալյուտ» ուղեծիրային կայանի համար յատուկ Օրիոն-2» շարժական աստղադիտարանը, որ կ՛ունենայ 6 թոն ծանրութիւն:
Ահա Հայաստանը հասած էր գիտութեան այն աստիճանին, որ պատրաստած էր տիեզերանաւի միջոցաւ տիեզերքը աւելի լաւ ուսումնասիրելու յատուկ սարք:
Փոքր Հայաստան եւ տիեզերք, տիեզերանաւ: «Օրիոն-2»ի առաքելութեան յաջողութեան համար պէտք կը զգացուի ամերիկեան ֆիլմի: Որպէսզի «Օրիոն-2»ը Երկիր վերադառնայ լուսապայծառ նկարներով:
Խումբը չի վարանիր դիմել ամերիկեան քոսմոսի կեդրոն ՆԱՍԱ-ին, որ անվարան կը ղրկէ խնդրուած ֆիլմը, ու կարճ միջոց մը ետք հրապարակ կու գայ կարճ հարցում մը.- Իսկ ինչպէ՞ս անցաւ ձեր փորձը:
Պատասխան.- Շուտով կը ստանաք լուսանկարները:
Ահա մեծագործութիւնը, որուն հասած էր Հայաստան:
Բայց քոսմոսով զբաղիլը միլիոններու կը կարօտէր: Անկախացած Հայաստանը այդ գումարները մէկտեղելու կարելիութիւնները չունէր: Եւ Հայաստանի Գառնիի Քոսմոսի կեդրոնը կ՛ամայանայ այնքան, որ կարգ մը մարդիկ մեծ շահեր ապահովելու մարմաջէն մղուած գիտութեան կեդրոնը կ՛ուզեն վերածել զուարճավայրի. վայրենիի տենչանքով, ի հեճուկս մեծ աստղաֆիզիկոս Գրիգոր Գուրզադեանին, որ այդ լուրին դիմաց կարծէք կը դառնայ պայթելու պատրաստ ռումբ:
Ակադեմիկոսը մեր անկախութեան այս տարիներուն չբաւականացաւ լոկ քոսմոսի գործերով զբաղելով, նուիրուեցաւ գիրի ու գրականութեան, դարձաւ փայլուն էսսէներու հեղինակ , ու երբ Լեւոն Անանեանը խմբագիրն էր «Գարուն» ամսագրին, հիւրընկալելով Գուրզադեանի էսսէները` նոր բարձունքի մը հասցուց «Գարուն» ամսագիրը, որուն իւրաքանչիւր համարին մէջ հայ ընթերցողը էջ առաջ կը փնտռէր Գուրզադեանի գրածը:
Գուրզադեանը յախուռն, ուղղախօս, համարձակ գրող ըլլալու կողքին դարձաւ նաեւ գեղանկարիչ:
Որպէս գեղանկարիչ Գուրզադեանը հետիոտն կը շրջէր մեր սարերուն եւ հովիտներուն մէջ ու կը նկարէր մեր երկիրը:
Երկրապաշտ մըն էր Գուրզադեան, եւ իր այդ պաշտամունքը մեզի կը ներկայացնէր բնանկարներով: Լոյսի ովկէանոսներ էին անոր բնանկարները: Գուրզադեան բնանկարիչը այդպէս կը զգար մեր երկիրը եւ որպէս այդպիսին ալ կը ներկայացնէր:
Իսկ իր հեղինակած գիրքերը, որոնք ոսկէ շղթայ մը կազմեցին, ձեռքէ ձեռք կը խլուէին:
Ո՞վ չէ կարդացած Գուրզադեանի «Նարեկացու աղերսանքը» էսսէներու գիրքը, որուն առաջին էջը կը բացուի Պարոյր Սեւակի մէկ խօսքով.-«Ապրելու կէսն էլ պատուով մեռնելն է»:
Ու կը բացուի գիրքը ճարճատող կրակի պէս, երբ 1600 թուի Փետրուարի 17-ին, հռովմէական ինկվիզիցիան խարոյկ կը բարձրացնէ Ջորտանօ Բրունոն Կամպօ Տը Ֆիւրի-ծաղիկներու հրապարակին վրայ:
Առանց սարսուռի անկարելի է կարդալ այս էջերը:
Ընթերցողը կ՛ապրի փայլուն հայերէն մը կարդալու հաճոյքը նաեւ. ինչ առնական է մեր լեզուն, երբ կը պոռթկայ չարագործներուն դէմ: Այդ Գուրզադեանի լեզուն է:
Հապա՞ «Կաքաւաբերդի առեղծուածը», ուր դարձեալ ամփոփուած են էսսէներ ազգայինի կողքին վերլուծումովը համաշխարհային արժէքներու, գիտութեան ու մշակոյթի բոլոր բնագաւառները ընդգրկելով:
Ճաշակ առնելու համար, հաղորդութիւն առնելու պէս կարդացէք սա տողերը, Գուրզադեանական սեղմ ու բանաստեղծական տողերը նոյն գիրքի «Նամակներ որդուս Կաքաւաբերդից» շարքէն.- Որդեակ իմ, արդէն մի շաբաթ է, ինչ ապրում եմ այս հեքիաթային վայրում: Աննկարագրելի է արեւածագըՙ լեռների արանքից, ու նորովի ամէն օր, բոլորովին ուրիշ է ինքըՙ Արեւը կէսօրին, գլխաւերեւում կասկապուտակ երկնքից կախուած: Ուրիշ է օդըՙ զմրուխտին տուող լանջերի թունդ բուրմունքով յագեցած, ուրիշ է ծլուըլոցը ճնճղուկների, սլացքը վայրի աղունիկների, ճախրանքը բազէի: Չեմ կշտանում այդ ամէնից ու չես պատկերացնի, թէ ինչքան լաւ եմ ինձ զգում այստեղ, այս մենութեան մէջ. մոռացել եմ արդէն որ կայ, գոյութիւն ունի մի այլ աշխարհ, մի այլ կեանքՙ առօրեայ հոգսերով լեցուն, ճապաղ, միալար, մոռացել եմ այդ ամէնը, ու չզգացի նոյնիսկ, թէ ինչպէս յայտնուեցի տեսակ-տեսակ մտքերի, խոհերի գալարապտոյտ հորձանուտում: Այն, որ անթիւ անհամար արհաւիրքներ ու զրկանքներ, պատերազմներ ու կոտորածներ, բռնութիւն, վայրագութիւն, նենգութիւն ու հալածանք տեսած այս հողագունդը, ազգերն ու ժողովուրդները եւ մարդ արարածը վերջապէս ունեցել են նաեւ փառահեղ պահեր, որ նա ստեղծել է, թողել է նաեւ արժէքներ յաւերժ մնայուն, որ մարդկութեան գոյութեան ընթացքում վատն ու արգահատելին անցնում է, մոռացւում վերջին հաշուով, մինչդեռ լաւն ու գեղեցիկը մնում է, կուտակւում ու դառնում է արժէք, հոգեւոր հարստութիւն: Արդեօք դա չէ՞ պատճառը, պատճառներից ամենակարեւորը մարդկութեան հպարտութեան»:
Կարդացիք, չէ՞, այս պիրկ, բազմիմաստ տողերը, որոնք անպայման պիտի ուղղեն ձեզ նոր խորհրդածութիւններու, աշխարհընկալման նոր ուղիներու, որ Գուրզադեանական է: Ու մի՛ մոռնաք, որ գիրքը դրուագուած է հեղինակին նկարազարդումովը:
Ու ծնաւ մեծ էսսէիստի յաջորդ գիրքը 2004 թուինՙ «Կոսմիկական կատաստրոֆան»: Էսսէներու այս շարքը եւս նուիրած է փիլիսոփայութեան, պատմութեան, արուեստներու, գրականութեան: Այս բոլորին թուարկումը կը մղէ մեզ մտածելու, որ Գուրզադեանը իր ծով գիտելիքներով եւ նիւթերը մշակելու եղանակով, վերածումներով, էնցիկլոպիստներու օրերէն եկող ու մեր մէջ բնակող արարած մըն է, որ աշխարհին համայնապատկերը կը բանայ մեր տեսադաշտին առջեւ: «Հելլենական Յունաստանը» իր մէջ կը տանի երազային աշխարհ մը, երբ յետադարձ հայեացքով հին աշխարհի աշխարհաշէն գոյութիւնը կը զինավարէ մեզ, մեր այսօրուան բոպիկութեան առջեւ:
«Մի կում ջուր» էսսէներու գիրքին մէջ Ռամզէս Նեֆերտորը եգիպտական սիմֆոնիա կոչելով, Գուրզադեանը կը գրէ.- Եգիպտոսի անթիւ, անհամար փարաւոնների մէջ խիստ է զատւում Ռամզէս 2-րդը:
Փարաւոնեան գահը 27 տարեկան հասակում ժառանգեց հանդարտ, ամենայն օրինական կերպով, իր հոր` Ռամզէս Ա.ի մահից յետոյ:
Նա, Ռամզէս 2-րդը եղաւ նաեւ ւամենաերկարակեաց փարաւոնը Եգիպտոսի պատմութեան, իշխեց 65 տարի անընդմէջ, մինչեւ իր մահըՙ 94 տարեկան հասակում: Նա եղել է նաեւ ամենանշանաւոր զօրավարը փարաւոնների էպոխայիՙ Եգիպտոսի եւ ընդհանրապէս Եգիպտոսի պատմութեան: Որպէս զօրավար, որպէս ռազմագէտՙ նրա անունը բերւում է Ալեքսանդր Մակեդոնացու եւ Հաննիբալի հետ»:
Հոս արդէն Գուրզադեանը, երկինքը խուզարկող Գուրզադեանը, պատմութեան դասախօս է եւ հմո՛ւտ դասախօս:
Կը շարունակուին իր բազում գիրքերը ընթերցողներու գիտելիքները բազմապատկողՙ լայն լուսամուտներ բանալով մշակոյթի բոլոր անդաստաններուն վրայ. «Մի սիրոյ պատմութիւն», «Գալակտիկաների աշխարհը», «Տիեզերքը ափի մէջ», «Որդիս Արարատի գագաթին», «Տիեզերքը եւ մարդը», «Խոհեր, խոհեր» գիրքերով ու այլ գրութիւններով:
Կը դժուարանամ հաստատել, որ այս տեսանող գիտնականը իր 90 ամեակը կը դիմաւորէ փակ աչքերով ու խիստ տկարացած լսողութեամբ:
Այս տարուան ապրիլին, գտնուելով Երեւանի մէջ, անզուսպ ցանկութիւնը ունեցայ միասին գտնուելու իմ մեծ բարեկամիս հետ:
Տիկին Գուրզադեանը մեր մշակոյթի մեծ նուիրեալներու շարքին անուանի հայու դուստր, սեղան պատրաստեց մեզի համար, ու մենք միտքով գացինք Սուրիոյ Բալմիրայի աւերակները, որոնք խօսուն էին այնքան: Ակադեմիկոսը Բալմիրա չեկած արդէն մանրամասն գիտէր թէ իր եկած տեղը ինչպիսի հրաշք կոթող մըն է: Յիշեց որ, երբ միասին էինք Բալմիրի շարքի կեցած կամարներուն տակ, որոնք զգալով Գուրզադեանին հսկայութիւնը կարծես բարեւի կեցած էին ի պատիւ իր գալուն: Կորսնցուց իր ակնոցը: Մենք վերագտանք իր ակնոցը այդ օրը, բայց... բայց տիեզերքի մեծ խուզարկուն երանի միայն իր ակնոցը կորսնցուցած ըլլար այսօր, երբ իր աչքերու խաւարէն կը շարունակէ ըմբոշխնել գալիք աշխարհի լոյսերը:
Եկէք հայ գիտութեան ու մշակոյթին իր ողջ կեանքին մէջ ծառայող անհանգիստ հայուն դողդոջուն ձեռքերը համբուրենք, ինչպէս տասնամեակ մը առաջ Հալէպի մէջ խումբ մը երիտասարդներ Գուրզադեանին ձեռքերը համբուրեցին անոր մեզի շնորհած մէկ դասախօսութենէն ետք:
Երկու տարեկանին Պաղտատէն հետիոտն Հայաստան հասած Գրիգորիկը Հայաստանի հողին վրայ դարձաւ Ակադեմիկոս Գրիգոր Գուրզադեան, ցոյց տալու համար աշխարհին, որ ցեղասպանութեան թէժ բոցերէն ազատած ծնողքի զաւակ մը կրնայ դառնալ ու դարձաւ Հայաստանի պարծանքը թէ՛ գիտութեան, թէ՛ մշակոյթի ճամբով:
Այդպիսին եղան իր երկու զաւակները, այդպիսին եղաւ իր ճարտարապետ եղբայրը, այդպիսին կ՛ըլլան իր թոռները, հայոց երկնակամարին վրայ ծիածանը օժտելով նոր երանգով մը:
Եկէք իր ազնիւ կնոջ, գիտնական զաւակներուն, հասակ նետող թոռներուն եւ իր եղբօր կողքին ազգովին շնորհաւորենք Գրիգոր Գուրզադեան ակադեմիկոսին եւ աստղաֆիզիկոսին ծննդեան 90 ամեակը, պանծալի 90 ամեակը:
Համբոյր վաստակիդՙ անապատէն Հայաստան եկած եւ Երկրին շողարձակումը գիտութեամբ խտացուցած, բարձրացուցած անբեկանելի ուժիդ:
Դուն կը մնաս այն բեմբասացը նաեւ, որուն խօսքերը ցորենի հատիկներուն նման կ՛իյնան պարարտ հողին վրայ: Պարարտ են Հայաստանի հողերը, որոնց համար փուշի, ինչպէս նաեւ մոլախոտերուն տեղ չկայ:
Ցորեանի երկիրը դարձեալ ցորենի երկիր պիտի մնայ այսօրուան Գուրզադեանի եւ գալիք Գուրզադեաններու միջոցով:
Դարձեալ ու նորէն, սիրելի Վարպետ, համբոյր վաստակիդ, ծննդեանդ 90-ամեակին առիթով:
Հալէպ 15 Սեպտ. 2012