ԱԶԳ ՕՐԱԹԵՐԹ - ՄՇԱԿՈՒՅԹ

https://www.azg.am | WAP | WAP-CULTURE

#21, 2012-11-17 | #22, 2012-12-01 | #23, 2012-12-15


ԽԱՌՆԱԿ ՕՐԵՐ ՀԱԼԷՊԻ ՄԷՋ

ԹՈՐՈՍ ԹՈՐԱՆԵԱՆ

Գարունը չի կրնար ուշանալ

Եկուր, եկուր...

Եկուր, Պէյրութ եկուր, կ՛ըսէ աղջիկս անդադար, ի՞նչ գործ ունիս պատերազմի այդ դաշտին մէջ. չե՞ս լսեր, հայրիկ. շուրջդ կատարուածները, լուր չունի՞ս, անտեղեա՞կ ես, չե՞ս լսեր վիրաւորներու աւաղը, սպաննուածներու հարազատներուն հառաչը, խռովայոյզ վիճակը, եկո՜ւր, հայրիկ, քու հոն մնալդ մեզ սարսափի կը մատնէ:

Տղաս Երեւանէն կ՛ըսէ եկուր, ե՞րբ դիմաւորենք քեզ, ե՞րբ պիտի որոշես գալ Երեւան:

Նոյն պահանջը Երեւանէն աւագ թոռնիկէս, որ զիս մեծ հայր դարձուց:

Իսկ Հալէպ ապրող թոռնուհիս թէեւ կ՛ապրի վախի մթնոլորտը, կը կրկնէ յաճախ.- Պապի, որոշողը դուն պիտի ըլլաս, Հալէպ մնալդ կամ մեկնիլդ դուն պիտի որոշես, կ՛ըսէ: Բայց երբ հարց կու տամ իրեն, որ ինչպէս է վիճակը ծոռանս, որուն մայրն է ինք, կը պատասխանէ.-Արդէն հայերէն նախադասութիւն կազմել սկսած է: Այո՛, հայերէն լեզուն ես սորվեցայ Հալէպի մէջ, զաւակներս արեւմտահայերէն խօսեցան Հալէպի մէջ, թոռներս հայերէնով բառբարեցան Հալէպի մէջ, մայրս յանձնեցի Հալէպի հողին, Հալէպի հողին յանձնեցի սիրեցեալ Արմինէս, որուն յիշատակովը կ՛ապրիմ, ինչպէ՞ս լքեմ Հալէպը, ըսէք, ինչպէ՞ս լքեմ, երբ տանս իւրաքանչիւր անկիւնին մէջ իրմէ յիշատակներ ունիմ, անվերջանալի յիշատակներ, վաթսուն տարիներու վրայ երկարող յիշատակներ, որոնց եօթը տարիները անցուցինք Երեւանի մէջ, որպէս սփիւռքահայ ուսանողներ: Անմոռանալի, յիշարժան տարիներ:

Սիդնիէն կը գրեն.-Քեզի համար մեծ մտահոգութիւն կ՛ապրինք... Փարիզէն Ռոժէ-Կարպիսը կը հեռախօսէ.-Ինչո՞վ օգտակար կարող եմ լինել քեզ.. Լոս Անջելեսէն յօդուածներս կարդացող բարեկամներ նոյն յանկերգը ունին իրենց շրթներուն, երկրին վիճակը կրնայ վատթարանալ, չես կրնար միջոցը գտնել դուրս գալու...

Ասիկա իմ վիճակս է ու ես միակը չեմ այս դրութեան մէջ:

Հազարաւորներ կ՛ապրին նոյն կացութիւնը: Այսպէս աշխարհի բոլոր կողմերէն հազարաւոր մարդիկ S.O.S. կը հնչեցնեն Հալէպի մէջ ապրողներուս համար... Շուէտէն, մինչեւ իսկ Մելպուռնէն ու Երեւանէն, աշխարհի շատ մը մայրաքաղաքներէն:

Այս կոչերը հնչեցնողները բազմաթիւ են, բայց նոյն կոչերը լսողները կարելիութիւնը ունի՞ն գործի վերածելու կանչերը:

Հոս քիչ չեն այն մարդիկ, որոնք ի պատասխան այդ կոչ ու կանչերուն կ՛ըսեն հաստատակամօրէն. -Հոս ծնած ենք, հոս ապրած ենք, եւ հոս ալ պիտի մնանք, գուցէ եւ մեռնինք փամփուշտի նենգ հարուածէ մը, կամ ռումբի մը պայթումէն:

Ոմանք ալ կը կրկնեն.- Հարազատ տունէս ելլողը չեմ:

Մի՞թէ բոլոր կռիւները, վէճերը, պատերազմները վերջ մը չե՞ն ունեցած: Այդ ե՞րբ եղած է որ գիշերին չէ յաջորդած այգաբացը... այս մէկն ալ իր վախճանը պիտի ունենայ, իր վերջակէտը, երկար չի կրնար տեւել այս կացութիւնը:

Այո՛, մարդիկ շուարած են, ձանձրացած են նոյն հարցումները ծեծելէ եւ նոյն պատասխանները ստանալէ:

Բայց խաղաղ այս երկրին համար ո՞վ ստեղծեց այս դրութիւնը, այս կացութիւնը, այս փլուզումները, այս ոճիրները, որո՞նք ստեղծեցին եւ ինչու համար: Շան գլուխը ո՞ւր թաղուած է: Ահա անոնց վրայ պէտք է իջնէ հարուածը ժողովուրդի զայրոյթին:

Տեղ մըՙ այսպէս կոչուած «մեծեր» իրենց շահոյթին ետեւէն են ու այստեղ ժողովուրդ մը այդ շահոյթին զոհը կը դառնայՙ մահերով ու փլուզումներով:

Անտառի օրէնք, ո՞ր հզօր ձեռքը պիտի զսպէ քեզ:

Այս աշնան Հալէպը իր ձմեռը տեսաւ, իսկ գարունը չի կրնար ուշանալ, այդ է մեր յոյսը, եւ ով որ զինուած է այդ հաւատքով շուտով գալիք գարունը պիտի ապրի, անոր համայնաբոյր կանանչ դաշտ ու ծաղիկներով:

Թող այս մասին իմանան այսօր ժողովուրդի գլխուն կապար ու փամփուշտ տեղացողները, հոգիին վրայ, թող մտածեն, որ այս անգամ իրենց երգն է որ պիտի երգուի ու ոչ երգի ձեւով, թող մտածեն, մտորեն այս մասին, եթէ պուտ մը խելք մնացած է իրենց անասունի ուղեղին մէջ:

Աստուած լսե՞ց Վեհափառին աղօթքը

Կը քալէի Հալէպի Պաղտատ կայարանի ճամբուն մէկ մայթին վրայ: Քովէս անցաւ կին մը որ բարեւելով ըսաւ.- Կ՛երեւի զիս չճանչցաք, բժիշկ, ես Գասարեան ընտանիքէն եմ:

- Դէմքերնիդ ծանօթ է ինծի, տիկին, բայց չեմ յիշեր ուրկէ,- եղաւ պատասխանս:

- Յաճախ դիմած եմ բժշկուհի կնոջդ, օրհնեալ ըլլայ իր յիշատակը, ան զաւակս կը բուժէր, շատ գոհ էինք իրմէ:

- Շնորհակալ եմ, ազնիւ էք, տիկին,-գոչեցի:

Տիկինը շարունակեց.- Դէպքերուն կը հետեւիք, բժիշկ: Վերջ մը ունի՞ այս վիճակը.. երէկ փամփուշտ մը վար բերաւ մեր պատուհանի ապակին, մեր մէկ սենեակը ապակիի փշուրներով ողողելով: Սարսափ ապրեցանք, Իսկ եթէ այդ փամփուշտը, կոյր այդ փամփուշտը մեր ընտանիքի անդամներէն մէկուն հանդիպէր, ի՞նչ պիտի ըլլար մեր վիճակը ... մահուան սարսափը ունեցանք, բայց, փառք Աստուծոյ, միայն ապակի մը փշրուեցաւ...

- Անշուշտ, տիկին, ամէն սկիզբ վախճան մը ունի: Առաջին եւ Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմները վերջ մը չունեցա՞ն: Ժամանակին Եւրոպայի մէջ մղուած երեսնամեայ պատերազմը վերջ չունեցա՞ւ...

- Բայց բժիշկ, դուք զիս աւելի վախցուցիք, մեր մօտ մղուող պատերազմը կրնա՞յ այդքան երկար տեւել, ինչեր կը պատմէք, վախնալիք բաներ կը պատմէք, կը զարհուրիմ: Էրէկ, նորէն, մեր դրացի դեղագործը արդէն առեւանգած են եւ որպէս փրկագին պահանջած տասը միլիոն սուրիական , անտանելի չէ՞:

Ալ գիշերները քնանալ չեմ կրնար, կ՛ելլեմ մեր ննջարանի պատին հետ կը կռուիմ: Ամուսինս արթննալով եւ վիճակս տեսնելով կը բացագանչէ.-Խենթացա՞ր, այ կնիկ...

- Այո՛, խենթանամ պիտի.-կ՛ըսեմ,- եթէ չեմ խենթացած ի զուր գիշերային ռմբակոծումներու շառաչին, դիպուկահարներու կապարներու ֆշշոցին, արկերէն փլչող տուներու պատերու ձայնին, եւ ի զուր բազմաթիւ առեւանգումներու: Խենթանալիք է, բժիշկ, խենթանալիք:

Այս վիճակը վերջ մը ունի՞: Ե՞րբ պիտի վերջանայ:

Այսպէս կը շարունակուի իր խօսքը եւ այնպիսի շեշտադրութեամբ, որ կարծէք ես ըլլամ պատասխանատուն գործուող զզուելի արարքներուն, նաեւ որպէս բժիշկ կրնամ դեղատոմսով մը բուժել այս լեռնանման վէրքը:

- Պիտի վերջանայ,- կ՛ըսեմ.- այս փուչ ու փճացնող պատերազմն ալ պիտի վերջանայ, բայց քիչ մը համբերել պէտք է, տոկալ պէտք է, աւեր գործողները զսպել պէտք է:

Տիկինը անհանգիստ է.-Բայց ե՞րբ, ե՞րբ, ե՞րբ...

- Երբ որ,- կ՛ըսեմ, մեր հարեւանները հանգիստ թողուն մեր երկիրը, երբ մեր դրացիներուն տէրերը մեր յամառութեան չդիմանալով դադրին մեր սահմաններէն մարզուած զինեալներ ուղարկել: Թշնամին դուրսէն է, տիկին, լիբիացի է, ամմանցի, լիբանանցի, մանաւանդ թուրքիացի, չէչէն, աֆղան, եւ այլ թափթփուկներ... եթէ չանցնին մեր սահմաններէն ներս:

Դժգոհ պատասխանէս, տիկին Գասարեանը հեռացաւ ըսելով.-Թող Աստուած բարին կատարէ...

Իսկ ես մտովին ըսի.-հայու վրայ կատարուած ցեղասպանութեան ընթացքին Աստուած լսե՞ց արդեօք մեր միլիոններուն աղօթքը, ձայնը, անէծքը... լսե՞ց արդեօք Կիլիկիոյ հայոց Վեհափառին ՙՍահակ Բ. Խապայեան կաթողիկոսին աղօթքի ձայնը հալէպի Քառասնից մանկանց Ս. եկեղեցւոյ մէջ արտասանուած, երբ հոն հաւաքուած հայու բեկորներ հաց, հաց, հաց, հաց կը պոռային անօթիներու ձայներով:

Իսկ Վեհափառը կ՛ըսէր բազկատարած.-Ժողովուրդ հայոց, ես ալ անօթի եմ, ես ալ հաց կ՛ուզեմ, բայց ձեզի հաց չեմ կրնար տալ, կրնամ միայն աղօթել եւ ահա իմ աղօթքս.-Տէր ամենակալ ու ամենակարող, դուն շատ սիրեցիր մեր ժողովուրդը ու երկար ժամանակ փորձեցիր մեզ, իսկ հիմա կ՛առաջարկեմ, կը պաղատիմ առ քեզ, որ այլեւս դադրիս հայը սիրելէ, այլեւս թուրքը սիրէ...

զԱստուած դաւանող ու քարոզող Վեհափառը լաւայի հանգոյն պոռթկացած էր զուսպ Աստուծոյ դէմ եւ ոչ թէ Նարեկացիի նման Աստուծմէ շնորհք խնդրելով ինքզինք ինքնախարազանումի ենթարկած....

Խաղաղութեան աւետաբե՞ր

Այս տարուան 19 սեպտեմբերին ինքնաշարժի մը պայթումը հեռակայ միջոցով մեծ աւեր գործեց Էշրեֆիէ թաղամասի հարաւային մասին մէջ քովիկը հիւանդանոցի մը, պատճառելով զոհեր ու վիրաւորներ, առաւել նիւթական մեծ վնաս. փշրուած էին հիւանդանոցին ապակիներն ու մէկ պատը:

Ժամանակին այս թաղամասը կը կոչուէր Դաուուդիէ, իսկ ժողովրդային խօսակցութեան մէջՙ «Բոլշեվիկ դաղը»: Ժամանակին զուտ հայաբնակ արուարձան մըն էր ասիկա, հինգ հարիւր տուն հայերով, մեծամասնութեամբ հնչակեան: Ահա թէ ինչու ժողովուրդը «բոլշեւիկի լեռ» կը կոչէր այս թաղամասը:

Հոն, ուր այս պայթումը տեղի ունեցաւ, ժամանակին կար հայկական նախակրթարան մը «Վարդանեան» անունին տակ:

Այսօր չկայ այդ վարժարանը, հայ բնակիչ ալ չկայ:

Ուրեմն ի՞նչ բանէ մղուած տեղի կ՛ունենան այս արարքները: Մարդ իր ձեռքով իր երկիրը կը քանդէ՞: Այս թաղի կառուցումը հայերը իրականացուցած էին անցեալ դարու երեսնական թուականներէն սկսեալ:

Տխուր եմ, կ՛իջնեմ վար: Կը հասնիմ ճամբաբաժան հրապարակ մը, ուր մօտ անցեալին բարձրացած էր կոթող մը, ուր կը շողար խաղաղութիւն բառը երեք լեզուներովՙ արաբերէն, ֆրանսերէն, անգլերէն:

Ի՜նչ հոյակապ բառՙ խա-ղա-ղու-թիւն:

Ո՞ւր ես խաղաղութիւն, ո՞վ խլեց քեզ մեզմէ:

Այդ կոթողը ատենին զոհ գնաց ճամբու ընդլայնումին:

Բայց ահա թէ ինչ կը տեսնեմ, զոր ամիսներէ ի վեր տեսած չեմ- երթեւեկութեան ոստիկան մը, որ ձեռքերը լայն բացած ուղղութիւն կուտայ երթուդարձող մեքենաներուն: Ճերմակ, ուսադիրներով ժաքէթ մը հագած:

Սա արդէն իրաւ խաղաղութիւն է: Ճամբաներու վրայ նման ոստիկաններ չկային, բայց ահա «Դըուէրէթ Էլ Սալամ»ին («Խաղաղութեան Օղակ») վրայ երթեւեկը կանոնաւորող ոստիկանՙ խաղաղութեան աւետաբե՞ր... Ուրեմն երթեւեկող ինքնաշարժներն ալ շատցած են:

Քիչ մը առաջ պայթում եւ աւեր, կարճ միջոց մը ետքՙ խաղաղութեան կէտին վրայ կառքերու ուղղութիւն տուող բարի ոստիկան: Օրերը յղի են: Նժարը պէտք է հակի յաղթանակի կողմը: Ուրիշ ի՞նչ բացատրութիւն տալ այս զոյգ պատկերին... եթէ ոչ դիմել դէպի խաղաղութիւն:

Աւելցնե՞մ, որ այս Էշրեֆիէ նոր անունով կոչուող թաղամասին մէջ կայ փողոց մը, որ կը կոչուի «Շարէէ Էլ Քնիսէ» (Եկեղեցիի փողոց»), հին օրերէն հոս հաստատուած հայ ընտանիք մը եւ մէկ բժիշկ, երկու դեղագործ, ելեկտրական գործիքներ նորոգող մը, նաեւ ակնոցավաճառ մըՙ շուկային մէջ, թերեւս այլ հայեր ալ կան հին Դաուդիէի մէջ...

Քիչ մը վարն ալ բազմած է Մխիթարեան վարժարանը, շրջակայ բազմաթիւ հայերը մխիթարելու համար...

Հալէպեան ժարգոն

Ինչպէս ամէն տեղ, Հալէպի մէջ ալ ժողովուրդը կը ստեղծէ եզրեր, բառեր, որոնց կու տայ իր ուզած նշանակութիւնը: Օրինակ, երբ Հալէպի մէջ ըսեն.-Քանի՞ գլխարկ ունիս, կը նշանակէ քանի՞ հինգ հարիւրանոց դրամ ունիս: Երբ կ՛ըսես գերմանացի մը անցաւ, ըսել կ՛ուզես ալաուի մը անցաւ: Երբ կ՛ըսես-Այսօր կանանչը ի՞նչ կ՛արժէ, ուրեմն տօլարին արժէքը կ՛ուզես իմանալ...

Գուցէ դուք ըսէքՙ այս մէկը ժարգոն լեզու է:

Երեւանցին ալ եթէ ըսէ փաթոշ երեսՙ պիտի հասկնանք թէ ըսել կ՛ուզէ երեսը կաշիի պէս է... Թքնես երեսին, կ՛ըսէ անձրեւ կու գայ... Կամ եթէ ըսես այս ուսանողին գլուխը տախտակ է-այսինքն անհասկացող մէկն է...

Այսպէս է քիչ մը ամէն տեղ:

Այսօր նոր բառ մը սորվեցայ, որուն գոյութեան տեղեակ չէի-բարեկամի մը հետ խօսած պահուս զրուցակիցս ըսաւ.-Գիտե՞ս որ քու յիշածդ անունին տէրը կօշիկ մըն է:

- Եղբայր, ըսի,-չհասկցայ թէ ի՞նչ ըսել կ՛ուզես:

Խօսակիցս պատասխանեց. Ինչպէ՞ս չես գիտեր կօշիկ բառին իմաստը, երբ ամէն օր Հալէպի դժուարանցելի փողոցներէն կ՛անցնիս, ականջդ ժողովուրդին չէ՞:

Ըսի.- Մի՛ չարչարեր զիս, դուն կօշիկ բառը գործածելով ի՞նչ ըսել ուզեցիր:

- Կօշիկով ուրկէ՞ կ՛անցնիս, փողոցներէն ուր ըլլայ կոխկրտելով կ՛անցնիս չէ՞, մաքուր կամ աղտոտ, աղբալի կամ ցեխոտ: Ուրեմն կօշիկ բառը այսօր Հալէպի մէջ կը գործածուի որպէսՙ վնասակար մարդ, այլ խօսքով դաւաճան:

Երբ կ՛ըսես այս մարդը կօշիկին մէկն է, ըսած կ՛ըլլաս վատին մէկն է: Իսկ եթէ ըսես մերիններէն է, ուրեմն ըսած կ՛ըլլաս գաղափարակից մըն է:

Կ՛ուզեմ եզրակացնելՙ կօշիկ բառին իմաստը հասկնալով յիշեցի Յովհաննէս Շիրազը, որ օր մը Մեսրոպ Մաշտոցի պողոտային վրայ զիս կանգնեցնելով ըսաւ.-Ման եկող տղայ, էսօր մի սթիխ եմ (բանաստեղծութիւն) գրէ. Կարդամ (արտասանեմ) քեզ համար: Կարդա, Շիրազ ճան.-ըսի:

Բանաստեղծը արտասանեց.-Անցայ կեանքի հետքերով, մաքո՜ւր բոպիկ ոտքերով: Ի՞նչ ասացի: Շիրազ ճան,-պատասխանեցի, ըսել կ՛ուզես անցած ես ցեխերու մէջէն բայց ոտքերդ չեն ցեխոտած:

- Ապրես,-գոչեց բանաստեղծը, ճիշդ ըմբռնած ես, ես գնացի: Ու Շիրազը մեկնեցաւ:

Մի քանի օր ետք դարձեալ նոյն պողոտային վրայ երբ հանդիպեցայ Շիրազին, այս անգամ ես էի ըսողը.-Շիրազ ճան, նոր քերթուած մը հեղինակած եմ, արտասանե՞մ քեզի համար:

- Լսում եմ ,-ըսաւ բանաստեղծը,- ուժեղ շեշտադրումով մը արտասանեցի.-Անցայ կեանքի հետ-քերով, բոպիկ մա-քուր ոտքերով:

Շիրազը ըսաւ.-Դո՞ւ ես գրել այս տողերը: Երբ այո՛ ըսի, գոչեց.-Եթէ դու ես գրել, ինձ հասել ես:

Բայց երբ հաստատեցի թէ արտասանածս իր գործն է.

- Շո՛ւտ, շո՛ւտ, գոչեց,-մօտդ թուղթ ու մատիտ կա՞յ: Տուի: Շիրազը գրի առաւ իր իսկ ըսածը ու թուղթը ծալլելով դրաւ գրպանը, աւելցուց, գրեմ-պահեմ, ապահովեմ իմ գործը, վայ թէ դու սեփականացնես ասելովՙ սա իմ գործն է, հըպը՜...

Ահա թէ Հալէպի կօշիկ բառը ինչ մաքուր տեղ հասցուց զիս...


© AZG Daily & MV, 2009, 2011, 2012, 2013 ver. 1.4