ՀԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ
Այս տարուան օգոստոս 23ին իր այնքան սիրած բնութեան աշխարհէն հրաժեշտ կու տար կանադահայ նկարիչ Արման Թադոսեանը 61 տարեկանին: Ծնած էր Աղեքսանդրիա 1951ին: Կանադայի արքայական արուեստի ակադեմիայի անդամ` 1973ին: Մեծ հայրը` Եղիշէ Թադոսեան, ծանօթ բնանկարիչ էր, նաեւ հայրը` Շարլ Կարօ Թադոսեան: Ահա այսպիսի արուեստի մթնոլորտի մէջ ալ ան հասակ կ՛առնէր:
Թէքէեան մշակութային միութիւնը իր հիմնադրութեան տարեդարձին, 2009ի մայիս 2ին, Մոնթրէալի մէջ պատուեց կանադահայ մշակութային միջազգային ճանաչողութեան արժանացած հայ գործիչներ, որոնց մէջ էր նաեւ Արմանը: Ես եւս հրաւիրուած էի այդ հանդիսութեան: Ունեցայ այս հանդիպումը Արմանին հետ:
***
- Ի՞նչն էր, որ քեզ գեղանկարչութեան հրաւիրեց:
- Բնութիւնը: Ամէն բան կայ բնութեան մէջ: Պէտք է գիտնալ գնահատել եւ ընտրել անոր տարբեր երեսները:
- Ո՞ր բնութեան մասին է ձեր խօսքը:
- Ամէն կողմի եւ տեսակի բնութիւնը: Բնութիւնը զօրաւոր է իր բոլոր կողմերովը: Ըսեմ որ, սակայն, երբ Հայաստան այցելեցի, մեր հայրենիքին բնութիւնը շատ ազդեց վրաս:
- Ուրեմն պիտի կարենանք եզրակացնել, թէ հայրենի բնութիւնը ազդեցիկ կը նկատէք:
- Այո՛ եւ շատ զօրաւոր: Ըսեմ որ այդ բնութեան գեղեցկութիւնը Սարեանով սկսաւ եւ մինչեւ այսօրուան նկարիչները կը մնան ազդեցութեանը տակ հայրենի այդ զարմանալի բնութեան: Հայաստան այցելեցի 1975ին: Սարեանը ողջ չէր այդ ժամանակ: Մահացած էր, բայց իր ոգին հո՛ն էր: Հանդիպեցայ Վարուժան Սարգիսեանին եւ ուրիշ նկարիչներու, անուններ չեմ յիշեր: Այդ այցելութեան ես հոն ցուցահնդէս բացի Սփիւռքահայութեան հետ Մշակութային կապի կոմիտէութեան կազմակերպութեամբ:
- Փոքր ինչ կենսագրութիւն մը. կ՛ուզեմ ձեզմէ լսել:
- Եգիպտոս ծնած եմ: Եգիպտոսը նկարիչներու սերունդ մը ունէր, սակայն ես անոնց չհանդիպեցայ: Շատ փոքր տարիքիս` տասը տարեկան էի, երբ ընտանիքով Կանադա փոխադրուեցանք: Ես հոս մեծցայ: Կանադայի բնութիւնը ունեցաւ մեծ ազդեցութիւն իմ վրաս: Սակայն երբ Հայաստան գացի, այդ եւս ազդեց վրաս: Իմ նկարչութեան մէջ ե՛ւ Կանադայի ե՛ւ Հայաստանի բնութիւններուն խառն ազդեցութիւնները կան: Կանադայինը եւ Հայաստանինը թէեւ տարբեր գոյներ են: Հայաստանինը` զօրաւոր է, արեւային: Սակայն, այստեղինն ալ զօրաւոր է կրնամ ըսել ... կախում ունի նկարիչէն:
- Կրնա՞ք ըսել, թէ ձեր անձնական գեղանկարչական դպրոցը բացիք, թէ միջազգային այս կամ այն նկարիչին ազդեցութեան տակ կը շարունակէք ստեղծագործել:
- Ո՜չ ... ես իմ դպրոցս ունիմ, սակայն ոչ անպայմանօրէն որպէս գեղանկարչութեան արուեստին պատկանող «դպրոց» հասկացողութեամբ, ինչպէս որ Սարեանը ունեցաւ, բայց եւ այնպէս «իմ» դպրոցը աւելի համեստ է, եւ ուրախ եմ ըսելու նաեւ, որ ունեցայ աշակերտներ եւ հետեւողներ: Ունիմ իմ անձնական ոճս:
- Կանադայի մէջ կա՞ն արդեօք հայ նկարիչներ, որոնք ապագայ կը խոստանան:
- Հոս կայ Արթօն (Չաքմաքճեան), որ արդէն կազմուած արուեստագէտ է: Կը կարծեմ, որ շա՜տ եւս ուրիշները կան, սակայն պէտք է փնտռել: Ես այդ նկարիչներուն հետ կապի մէջ չեմ: Առաջ կապ ունէի, սակայն, հիմա կապ չկայ:
- Կեանքի ձեր այս հանգրուանին պիտի ուզէի՞ք ունենալ ձեր մնայուն ցուցասրահը կամ այսպէս կոչուած թանգարանը, ուր կարելի ըլլար մնայուն կերպով ցուցադրել ձեր ստեղծագործութիւնները: Այդ կրնայ ըլլալ հոս` Մոնթրէալի կամ Երեւանի մէջ:
- Այդպիսի ծրագիրներ ունենալը գէշ չէ...: Խորհիլ պէտք է. պէտք է մտածեմ: Մինչեւ հիմա այդպիսի ծրագրի մասին իրաւ որ չեմ մտածած: Անձ մը կամ կազմակերպութիւն մը պէտք է նման ծրագրի մը գլուխը անցնի եւ նախաձեռնէ: Ես «ուիլ չէյր»ի (անվասայլակ) վրայ եմ արդէն, ինչպէս կը տեսնես ... այս վիճակովս, ես այդ չեմ կրնար ընել:
- Կրնա՞նք ըսել, թէ ձեր նկարչութիւնը կազմաւորուեցաւ Եգիպտոսի մէջ: Նաեւՙ ծնողներդ բնիկ ո՞ւրկէ Եգիպտոս գաղթած են:
- Մայրս բնիկ զէյթունցի է, հայրս` վստահ չեմ: Կազմաւորուած եմ Աղեքսանդրիոյ մէջ, Գահիրէի նկարիչներու հետ թէեւ յարաբերութիւն չեմ ունեցած: Հայրս ու մեծ հայրս նկարիչներ եղած են: Անոնք էին որ կապ ունէին եգիպտահայ նկարիչներու հետ, ինչպէս` Կոճամանեանի, Զօրեանի, Սարուխանի, Օննիկ Աւետիսեանի հետ:
- Սիրելի Արման, ձեր գործերը ընդհանրապէս իւղանե՞րկ են միայն: Ունի՞ք նաեւ դիմանկարներ, բացի բնանկարներէ:
- Այո՛, իւղաներկ են, բայց ունիմ նաեւ ջրաներկ: Այո, գծած եմ դիմանարներ ալ:
- Վերադառնալով Հայաստանին. ո՞ւր կը ցուցադրուին ձեր գործերը:
- Ժամանակակից հայ նկարիչներու թանգարանին մէջ: Իտալիոյ մէջ եւս կը ցուցադրուին, օրինակ` Սուրբ Ղազար` Մխիթարեաններու մօտ: Ունիմ նաեւ գործեր Երեւանի Ազգային թանգարանին մէջ: Շահէն Խաչատուրեանն էր որ առաջին անգամ կազմակերպեց իմ ցուցահանդէսս հայրենիքի մէջ:
- Բացի Հայաստանէն եւրոպական երկիրներու մէջ եւս տուա՞ծ էք ցուցահանդէսներ:
- Այո, Փարիզէն մինչեւ Չինաստան:
- Կանադական կառավարութիւնը ի՞նչպէս օգնեց ձեզի:
- Ամենէն երիտասարդ անդամն էի Ակադեմիայի: Երբ Ակադեմիա մտայ, 19 տարեկան էի. սուտ խօսեցայ եւ ըսի թէ 23 տարեկան եմ: Անոր համար ալ պաշտօնական կենսագրութիւններուս մէջ աւելի մեծ տարիքով արձանագրուած մնացի: Ակադեմիա կը մտնես քու տաղանդիդ շնորհիւ, արձանագրած յաջողութիւններուդ շնորհիւ: Ըսեմ որ, իմ ունեցած տիտղոսս բաւական եղաւ Կանադայի ժողովուրդին կողմէ ճանչցուելուՙ պատճառ հանդիսանալով գործերուս տարածումին եւ ծախուելուն:
- Յետադարձ ակնարկ մը նետելով դէպի անցեալը, կը խորհի՞ս որ այն ինչ որ կը փափաքէիր տալ, արտադրել ... կրցար ամբողջութեամբ տալ:
- Այո, կրցայ տալ: Մոռցայ ըսելու, որ ես ինքզինքս հայ նկարիչ կը նկատեմ: Կանադա ապրող հայ նկարիչ: Իմ գործերս գնահատած են լոյսի եւ գոյներու գեղեցկութեան համար: Նկարներուս երկար ատեն երբ նայիս, միշտ նոր բան մը կը նկատես: Նկարչական քննադատները կ՛ըսեն, թէ կեանք կայ իմ գործերուս մէջ: Կարմիրը, նարնջագոյնը ... տիրապետող գոյներս են:
- Ստեղծագործելու ամենէն յարմարաւէտ տեղը քեզի համար բնութեան ծո՞ցն է, թէ՞ սթիւտիօն:
- Երկուքն ալ:
- Ի՞նչը կիսատ ձգեցիք, որուն համար ցաւ կը զգաք:
- Ամէն բան ըրի, ինչ որ կ՛ուզէի ըրած ըլլալ կեանքիս մէջ, ըրի: Եւ յուսախաբ չեմ երբեք:
- Միջին Արեւելքի մեր գաղութներու մէջ ձեր գործերը ցուցադրուա՞ծ են:
- Ո՛չ: Բայց Միացեալ Նահանգներու մէջՙ յաճախ. Նիւ Եորք, Լոս Անջելըս, Բոստոն, ... բոլորն ալ ամերիկեան ցուցասրահներու եւ գալերիներու մէջ: Հայկական տեղ ըլլալով միայն Հայաստանի մէջ ցուցադրեցի: Սովետական Միութեան օրերուն Կանադայի հետ փոխանակումներ կ՛ըլլային նկարչական եւ այլ արուեստի շրջանակներու մէջ: Այդ մակարդակի վրայ ալ ես մաս կազմած եմ: Համագործակցութիւն կար եւ ասոր կարգին էր նաեւ Մոսկուայի իմ ցուցահանդէսս:
- Պիտի ուզէի՞ր դարձեալ նկարել ... կարօտցա՞ր:
- Ոչ... բայց երբեմն կը կարօտնամ:
- Աւարտելէ առաջ, քանի մը հարցում եւս. սփիւռքահայ նկարիչներէն որո՞նք կը գնահատես:
- Ծանօթացած եմ եւ կը գնահատեմ Գառզուն, Ասատուրը: Ծանօթ եմ Նորիկեանի գործերուն, ինչպէս նաեւ` Փոլ Կիրակոսեանին: Իւրաքանչիւրը անոնցմէ ունի իր մասնաւոր տեղը արուեստի աշխարհին մէջ: Ըսեմ, որ ասոնց բոլորին մէջ ալ հայկականութիւն կայ:
- Օրինակ. ո՞ւր է Գառզուին հայկականութիւնը, կամ` Ժանսեմինը:
- Գառզուի դիմանկարներն են: Ժանսեմինը` տխրութիւնն է: Նորիկեանինն ալ տխրութիւնն է:
- Ձեր գործերուն մէջ տխրութիւն կա՞յ:
- Ո՜չ, բացարձակապէս, տխրութիւն չկայ: Մի՛շտ դրական է, պայծառ է: Ես ալ բնաւորութեամբ այդպէս եմ:
- Բան մը կա՞ր, որ չհարցուցի եւ կ՛ուզէք հարցնեմ:
- Ո՜չ, ամէն բան խօսեցանք:
Մոնթրէալ, Կանադա, Մայիս 2, 2009