RSS | FACEBOOK | NLA
ԳԼԽԱՎՈՐ | ՄՇԱԿՈՒՅԹ | ԸՆՏՐԱՆԻ | ՈՐՈՆՈՒՄ | ԱՐԽԻՎ | ԹԵՄԱ | ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐ
#001, 2014-02-28 > #002, 2014-03-07 > #003, 2014-03-14 > #004, 2014-03-21

ԱԶԳ ՕՐԱԹԵՐԹ - ՄՇԱԿՈՒՅԹ #2, 07-03-2014



ՔՆՆԱԴԱՏԱԿԱՆ

Տեղադրվել է` 2014-03-07 00:26:29 (GMT +04:00)


Ընթերցված է` 1518, Տպվել է` 51, Ուղարկվել է էլ.փոստով` 35

ՀԱՅՈՑ ԼԵԶՈՒՆ ՀՀ-Ի ՄԷՋ ՎՏԱՐԱՆԴԻ՞

ՊԵՐՃ ԹԵՐԶԵԱՆ

Սփիւռքի մէջ ապրող եւ իր մայրենիին նախանձախնդիր արեւմտահայը կոտտացող վէրք մր ունիՙ իր լեզուին դժբախտ եւ անկար վիճակը:Արեւմտահայերէնի փրկութեան համար Սփիւոքի թէ հայրենիքի պատասխանատու մարմիններուն առած մասնակի եւ կարկտան քայլերը որեւէ տեղ չեն կրնար հասցնել, որովհետեւ աղէտը ահաւոր է, իսկ տրուած դարմանըՙ տկար եւ անզօր: Ի զուր չէ, որ Միացեալ Ազգերու կրթական, գիտական եւ մշակութային կազմակերպութիւնըՙ UNESCO¬ն արեւմտահայերէնը դասած է վտանգուած լեզուներու շարքին:

Այս ցաւալի իրադրութեան առջեւ, Սփիւռքի մէջ ապրող, արեւմտահայերէնի նախանձախնդիր հայուն միակ սփոփանքը պիտի ըլլար Հայաստանի մէջ տեսնել հայերէնի մակարդակ մը, որ արտացոլէր պետական հովանաւորութիւն վայելող լեզուի մը ամբողջ շքեղանքը: Լեզու մը, որ պետական հովանիին տակ շարունակէր պահել անցեալի իր գեղեցկութիւնն ու զարգանար ժամանակակից նոր երեւոյթներ եւ ըմբռնումներ արտայայտող նորովի գեղակերտ բառերով:

Իրականութիւնը, սակայն, բոլորովին տարբեր է:

ՀՀի լրատուամիջոցներուն հետեւողը կը շշմի ի տես բոլոր մակարդակներու վրայ հայերէնի մէջ ընդելուզուած օտար բառերու քանակին:

Անհատներու կողմէ օտար բառերու գործածութիւնը կրնայ այլեւայլ պատճառներ ունենալ: Օրինակՙ ենթակային հայերէնի իմացութեան պակասը, օտարոտի բառեր գործածելով դիմացինը տպաւորելու միամիտ ճիգը, կամ մեզի անծանօթ այլ ենթակայական պատճառներ:

Սակայն երբ օտար բառեր բանաւոր եւ գրաւոր կերպով առատօրէն գործածուին պաշտօնական կառոյցներու գլուխը կանգնած պատասխանատուներու կողմէ, որոնց առաջնահերթ պարտականութիւնն է ազգայինը պահելը, պահպանելը եւ զարգացնելը, պարագան բոլորովին կը տարբերի:

Արդարեւ, այդ պատասխանատուները եթէ նոյնիսկ իրենք անձնապես անտարբեր են մայրենիին հանդէպ, իրենց հանգամանքներուն բերումով պարտաւոր են մաքրամաքուր հայերէնով արտայայտուիլ, այլապես կը համարուին իրենց պարտականութեան մէջ թերացած պաշտօնատարներ, որոնք պարտաւոր են հաշիւ տալ իրենց ապազգային կեցուածքին համար:

Շարունակելէ աոաջ հարկ է նշել, թէ տողերս գրողը լեզուագիտական պատրաստութիւն չունի եւ աւելորդ յաւակնութիւններ չունի իր նախակրթարանի հայերէնով այլոց հայերէնի դասեր տալու: Զինք ներկայ գրութեամբ արտայայտուելու մղողը մեր մայրենիին հանդէպ իր տածած սէրն է եւ մեր լեզուն գոնէ մեր հայրենիքին մէջ անաղարտ տեսնելու նախանձախնդրութիւնը:

Արեւելահայ մեր հարազատներուն մօտ մեր լեզուն օտար բառերով «զարդարելու» աւանդոյթը հինէն կու գայ, ռեսպուբլիկայի եւ մինիստրներու օրերէն: Կ՚ակնկալուէր որ անկախութենէն ասդին ստեղծուած գերիշխան ազգային պետութեան առկայութեան մեր լեզուն արմատապէս ձերբազատուէր օտար բառերէ:

Սակայն, օտար բառեր գործածելու այդ աւանդոյթը յամառօրէն կը պահպանուի, սկսելով պետական ամենաբարձր մակարդակէն: Կը բաւէ միայն ակնարկ մը նետել ՀՀ-ի հետեւեալ նախարարութիւններուն անուններուն վրայ: Այսպես, գոյութիւն ունին, Աշխատանքի եւ ՍՈՑԻԱԼԱԿԱՆ (փոխան ընկերային-ի) նախարարութիւն, ԷԿՈՆՈՄԻԿԱՅԻ (փոխան տնտեսութեան) նախարարութիւն, ԷՆԵՐԳԵՏԻԿԱՅԻ (փոխան ուժանիւթի) եւ բնական պաշարների նախարարութիւն, ՍՊՈՐՏԻ (փոխան մարզական-ի) եւ երիտասարդութեան հարցերի նախարարութիւն, ՏՐԱՆՍՊՈՐՏԻ (փոխան փոխադրութեան) եւ կապի նախարարութիւն ու ՖԻՆԱՆՍՆԵՐԻ (փոխան ելեւմտական)ի) նախարարութիւն:

Ինչո՞ւ մեր նախարարութիւնները հայերէնին անհարազատ այս անունները պէտք է կրեն: Ո՞վ պիտի տայ այս հարցադրումին համոզիչ պատասխանը:

***

Այժմ անցնինք շախմատի կամ ճատրակի բնագաւառին:

Ուրախալի է որ ՀՀ-ի մէջ ճատրակին վայելած պետական ամենաբարձր մակարդակի հովանաւորութեան շնորհիւ Հայաստանը դարձած է ճատրակի համաշխարհային ախոյեան, որուն հաւաքականը կը յաղթէ Չինաստանի, Հնդկաստանի եւ ռուսական Դաշնութեան նման հսկաներու ճատրակի հաւաքականներուն:

ճատրակը դարձած է Հայաստանի ազգային խաղը, բայց երբ այդ ազգային խաղին մասին կը խօսուի, կը գործածուին ապազգային եզրեր, ինչպէս ճատրակիստ, շախմատիստ կամ չեմպիոն: Կարծեք յատուկ ճիգ մը կայ ԻՍՏ մասնիկին հայկական անձնագիր տալու: Ինչո՞ւ չենք գործածեր ճատրակորդը եւ շախմատորղըՙ յար եւ նման լուղորդին, հեծանուորդին, օդանաւորդին, անկարգելորդին եւայլն: Իսկ չեմպիոնը ուղղակի վիրաւորանք է ուղղուած մեր փառաւոր եւ հոգեհարազատ ախոյեանին:

***

Անցնինք այլ օրինակի մը:

Մամուլին մէջ կը կարդանք թէ ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ «ՖԻՆԱՆՍԻՍՏՆԵՐԻ եւ ԲԱՆԿԻՐՆԵՐԻ համահայկական երկրորդ համաժողովը», որին մասնակցում էին Սփիւռքից ժամանած ՖԻՆԱՆՍԻՍՏՆԵՐ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի կենտրոնական ԲԱՆԿԻ, առեւտրային ԲԱՆԿԵՐԻ ապահովագրական եւ ԱՈԻԴԻՏՈՐԱԿԱՆ ընկերութիւնների, վարկային կազմակերպութիւնների ղեկավարներ եւ ներկայացուցիչներ:

Այս համաժողովը Սփիւռքի նախարարութեան բոլոր միւս նախաձեոնութիւններուն նման շատ գեղեցիկ եւ գնահատելի նախաձեռնութիւն մըն է, բացառութեամբ իր խորագրին մէջ անկոչ հիւրի պէս անտեղիօրէն սպրդած «ֆինանսիստ»ներուն եւ «բանկիր»ներուն, անկախաբար համաժողովին մասին հրապարակուած լրատուութեան մէջ տեղ գտած այլ օտար բառերէն: Տողերս գրողը այս օտար բառերուն հայերէն համազօրը «յայտնաբերելու» ճիգով դիմեց համացանցի վրայ տեղադրուած «Նայիրի» հայերէնի ուղղագրիչ բառարանի կայքէջի բառարաններու հաւաքածոյին:

Այդ ճիգին արդիւնքն եղաւ այն, որ գտնուեցան «ֆինանսիստ»ին կամՙ աւելի ճիշդը «ֆինանսիէ»ին համագօր հայերէն երկու գեղեցիկ բառեր, մէկը ելեւմտագէտն է, միւսը դրամավարը, որոնց երկուքն ալ կրնան արժանապատիւ կերպով, ճշգրտօրէն եւ հարազատօրէն փոխանցել օտարոտի «ֆինանսիստ»ով ըսել ուզուածը:

«Բանկիր»ին պարագան աւելի հեշտ է: Անոր հայերէն համազօրը սեղանաւորն է: Կոստանդնուպոլսոյ մէջ անցեալին գործող շատ մը ամիրաներ սեղանաւորներ էին: Այս առիթով աւելորդ պիտի չըլլար աւելցնել, թէ ոչ մէկ անպատեհութիւն կայ «բանկ» բառին տեղ գործածելու հայերէն դրամատուն բաոը, Հայաստանի կենտրոնական դրամատուն (փոխան բանկի):

Կը մնայ «աուդիտորական» ընկերութիւններուն հարցը:

Գաղտնիք չէ, որ «աուդիտորական»ին արմատը տառադարձուած «auditor» բառն Է, որուն հայերէն համազօրներն են հաշուեքննիչը կամ հաշուետեսը: Հետեւաբար, աուդիտորականին տեղ կարելի է աւելի դիւրահունչ եւ սրտամօտ հաշուետեսականը գործածել:

Ներկայ յօդուածին սկիզբը ներկայացուած լրատուութիւնը միայն հայերէն բառապաշարով վերախմբագրելով, պիտի ստացուի հետեւեալր.

«ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցան ելեւմտագէտների (կամ դրամավարների) եւ սեղանաւորների համահայկական երկրորդ համաժողովը, որին մասնակցում էին Սփիւռքից ժամանած ելեւմտագէտներ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի կեդրոնական դրամատան, առեւտրային դրամատների ապահովագրական եւ հաշուետեսական (կամ հաշուեքննչական) ընկերութիւնների, վարկային կազմակերպութիւնների ղեկավարներ եւ ներկայացուցիչներ»:

***

Ամէն անգամ որ հայրենի լրատուամիջոցներու մէջ վերը նշուածներուն նման օտարաբանութիւններու հանդիպինք, ակամայ կը վերյիշենք սփիւռքահայ զուարթախոհ մտաւորական բարեկամուհիի մըՙ Հայաստանէն իր առաջին այցելութենէն վերադարձին ունեցած մէկ արտայայտութիւնը, ուր մօտաւորապէս կ՚ըսէր. «Ուրախ եմ որ ֆրանսերէն եւ անգլերեն գիտեմ: Ատիկա օգնեց ինծի որ հասկնամ Երեւանի մէջ խօսուած հայերէնը»:

Բարեկամներ յաճախ դիտել կու տան, թէ չի բաւեր միայն քննադատելր, հարկ է նոյն ատեն լուծումներ աոաջարկել:

Մեծագոյն ցաւը այն է, որ երկար տարիներէ ի վեր հայերէնի պատկառելի լեզուագէտներ շունչ կը հատցնեն հայկական հեռատեսիլի կայաններէն զանազան հաղորդաշարերով բացատրելով թիւրն ու թերին, փորձելով բարելաւել հայրենիքի մէջ գործածուող մայրենիի մակարդակը: Արդի՞ւնք, գրեթէ ոչ մէկ դրական արձագանգ, կարծէք ըսուածները ուղղուած ըլլային արտասահմանի, այլ ոչ թէ հայրենիքի հայութեան:

Ի՞նչ է այս քրոնիկ ցաւին լուծումը:

Առաջարկուելիքը կրնայ անսովոր թուիլ, այսուհանդերձ կ՚արժէ փորձել:

Հայոց լեզուի մեր հարցին պարագային իբր վերջին ապաւէն թերեւս կարելի է դիմել ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան:

Արդարեւ, ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան յայտարարութիւններուն մէջ կը խօսուի հայապահպանումի, հայրենադարձութեան եւ հայադարձութեան մասին: Պիտի խնդրէինք սփիւռքահայութեան նախարարէն, որ այս բոլորին կողքին իր ելոյթներուն ընթացքին խօսի նաեւ հայրէնադարձի մասին, որպէս հայապահպանումի կարեւոր եւ անշրջանցելի գործօն:

Եթէ Սփիւոքի նախարարութիւնը ձեռնարկէ հայերէնադարձի արշաւի մը, հայրենի այլ նախարարութիւններ եւ գերատեսչութիւններ, որոնց առաջնային պարտականութիւններուն ծիրին մէջ կ՚իյնայ ազգային հոգեմտաւոր ժառանգութեան հարցերով զբաղիլը, թերեւս բարի նախանձէ մղուած (թէկուզ եւ չար նախանձէ...), իրենք եւս միանան հայերէնադարձի արշաւին:

Այս միահամուռ արշաւը կրնայ օգնել, որ հայոց լեզուն հայրենի հողին վրայ իր վտարանդիի կարգավիճակը թօթափելով բազմի իրեն արժանի պատուանդանին վրայ:

Այս ուղղութեամբ որպէս առաջին քայլ ամենագործնականը այն պիտի ըլլար, որ ՀՀ Սփիւռքի նախարարը առաջարկ ներկայացնէ ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանին, որ հրամանագիր մը ստորագրէ փոխելու եւ հայացնելու ՀՀ այն նախարարութիւններուն անունները, որոնք օտարոտի են:

ՀՀ նախարարութիւններուն անունները հայացնելու նախագահական նման իմաստուն որոշում մը լաւագոյն ազդանշանը պիտի ըլլար հայերէնադարձի արշաւի մեկնարկին եւ երաշխիքըՙ անոր յաջող ելքին:

Այս բոլորին կրնայ նպաստել նաեւ այն բարեդէպ զուգադիպութիւնը, որ նախագահ Սերժ Սարգսեան ունի բանասիրական կրթութիւն:

Չենք գիտեր թէ հայոց լեզուի մասին մեր ունեցած բարի ակնկալութիւնները պիտի իրականա՞ն, թէ՞ անոնք պիտի դատապարտուին արթուն երազողներու մտքերուն մէջ ապրելու, որպէս մնայուն յաճախանք:

Ամէն ինչ կախում ունի ՀՀ-ի գերագոյն իշխանաւորներունՙ մեր մայրենիին հանդէպ ունեցած նախանձախնդրութենէն:

Կահիրէ

 
 

ԱԶԳ ՕՐԱԹԵՐԹ - ՄՇԱԿՈՒՅԹ #2, 07-03-2014

Հայկական էկեկտրոնային գրքերի և աուդիոգրքերի ամենամեծ թվային գրադարան

ԱԶԳ-Ը ԱՌԱՋԱՐԿՈՒՄ Է ԳՐԱՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

ԱԶԴԱԳԻՐ