ՀԻՆՆ ՈՒ ՆՈՐԸ ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ Կառուցման ընթացքի մէջ եղող շինութիւնները շրջապատող պաստառներուն վրայ «Աւելի բարեկարգ Երեւան» լոզունգը կ՛աւետէ մայրաքաղաքին տեսքը բարելաւելու միտումը, երբ տգեղ ու անբնակելի դարձած հին շէնք մը նորով կը փոխարինուի: Սակայն վերջերս նոր լոզունգ մը գրաւեց ուշադրութիւնս, բայց այս անգամ պատմական եւ ճարտարապետական արժէք ներկայացնող շէնքերը շրջապատող պաստառներուն վրայՙ «Պահպանենք հինը, կառուցենք նորը»... Հասկնալի է, թէ ինչ ըսել կ՛ուզուի այդ յայտարարութեամբ: Կը փորձեմ ներս թափանցել, գոնէ հայեացքով, եւ կը նկատեմ սեւ տուֆով ու գեղեցիկ նախշերով շինութիւն մը. աւելի ուշադիր նայելով կը տեսնեմ, թէ պահպանուածը անոր միայն երեսն է...այսինքն ամբողջ շինութիւնը քանդած են եւ մարդոց կամ պետութեան աչքին փոշի փչելու համար, պահած են «ֆասատը» միայն, եւ ասիկա երեւի ընդունած է Երեւանի քաղաքապետարանը, քանի որ կալուածատէրը օր ցերեկով, ազատօրէն կը շարունակէ իր գործը: Ուրեմն հին ու պատմական շէնքին արժէքը միայն անոր երեսին մէ՞ջ է: Եթէ ճարտարապետական գլուխ-գործոց մըն է, հասկնալի է, սակայն յաճախ մասնաւոր ճարտարապետական արժէք չներկայացնող շէնքեր ալ «կը պահպանուին», այս պարագային իրենց պատմական արժէքին համար. ուրեմն, անոր դէմքը պահելով, պահած կ՛ըլլա՞նք անոր պատմութիւնն ալ, թէ՞ շքամուտքին մօտ տեղադրուած ցուցանակին վրայի գրութեամբ կը բաւարարուինք: Ազգային-պետական դէմքի մը, կամ մեծանուն հայու մը տան մէջ արդեօք ինչեր անցած-դարձած են, ինչ յիշատակներ կան թաղուած անոր մէջ տասնամեակներ, գուցէ ամբողջ դար մը: Նորին վսեմութիւն դրամը ոչ սրբութիւն կը ճանչնայ, ոչ ալ պատմութիւն, կամ մշակութային արժէք. կալուածատէրը պիտի շահագործէ իր կալուածը իր հասկցած ձեւով եւ իր հոգը չէ, թէ ինչ կը ջնջուի իր բահին ու բրիչին հարուածներով: Քաղաքի պատմութենէն էջեր կը պատռուին ու կը թափուին, կը մնայ միայն գիրքին կողքը, որպէս վկայ եւ յուշարձան... Ամէն տեղ ալ ասպէս կը վարուին, երբ պետութիւնը ինք տէր չի կանգնիր ու թանկարժէք շինութիւն մը սեփականացնելով չի պահպաներ: Հալէպի կեդրոնական փողոցներէն մէկուն վրայ գեղակերտ դրուագներով ու նախշերով զարդարուն հին շէնք մը կար, որ վաճառուած էր կապալառուի մը, եւ այդ մարդը ծրագրած էր քանդել զայն եւ տեղը բարձրացնել բազմայարկ շէնք մը, որ իրեն հսկայ շահ պիտի ապահովէր: Քաղաքապետարանն ու հնութեանց վարչութիւնը ամիսներ ամբողջ վէճի մէջ էին, քաղաքապետարանը կ՛ուզէր արտօնել ձեռնարկատիրոջ որ քանդէ շէնքը, քանի շահաբեր էր նաեւ իրեն համար, մինչ հնութեանց վարչութիւնը դէմ էր եւ չէր ուզեր որ քաղաքին գեղեցիկ զարդերէն մէկը կուլ երթայ ընչաքաղցներուն: Ու պատահեցաւ անխուսափելին, ձեռնարկատէրը գիշերով մարդիկ ուղարկեց եւ շէնքին վրայի զարդերն ու քանդակները կոտրտել տուաւ... Ասկէ աւելի մեծ վանտալիզմ չէի տեսած. առաւօտուն երբ կ՛անցնէի յանդիպակաց մայթէն, տեսայ ու ահաբեկեցայ: Ինծի նման ուրիշներ ալ կեցած կը դիտէին ափսոսալով ու գլուխնին տարուբերելով: Կոտրտած քանդակներուն տեղերը յստակ կ՛երեւէին, քանի որ տարիներու ընթացքին գորշ գոյն ստացած շէնքի քարերուն մէջ անոնք սպիտակ էին, ժամանակի մաշումի կնիքը քարերուն ներսը չէր թափանցած, ու հիմա շէնքը կու լար կարծես, կու լար սպիտակ արցունքով: Դրամատէրերուն ու դրամասէրերուն համար ոչ մէկ սրբութիւն կը գերազանցէ դրամը. օրինակներ տալու կարիք չկայ. ես մէկը տամ, դուք տասը կու տաք. սակայն ինչ օգուտ: Ու քանդումը կը շարունակուի, մարդիկ կը կառուցեն նորը, բայց ի գին ինչի՞: |