RSS | FACEBOOK | NLA
ԳԼԽԱՎՈՐ | ՄՇԱԿՈՒՅԹ | ԸՆՏՐԱՆԻ | ՈՐՈՆՈՒՄ | ԱՐԽԻՎ | ԹԵՄԱ | ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐ
#001, 2013-01-26 > #002, 2013-02-09 > #005, 2013-02-20 > #003, 2013-02-23 > #004, 2013-03-16 > #005, 2013-03-23

ԱԶԳ ՕՐԱԹԵՐԹ - ՄՇԱԿՈՒՅԹ #3, 23-02-2013



Բանասիրական

Տեղադրվել է` 2013-02-22 23:27:44 (GMT +04:00)


Ընթերցված է` 2576, Տպվել է` 123, Ուղարկվել է էլ.փոստով` 111

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՇԻՐԱԶԻ «ԱՆԻ» ՎԻՊԵՐԳԸ

ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ

ՍԻՄՈՆ ՍԻՄՈՆԵԱՆԻ ԿՐԱԾ ՊԱՏԻԺԸ ԵՎ ՅՈՒՇԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ՎՏԱՆԳՆԵՐԸ

2012-ի տարեսկիզբին Երեւանի պետական համալսարանի հրատարակչատունը լոյս ընծայած է Յովհաննէս Շիրազի «Անի» վիպերգը (պոէմը)ՙ պրոֆեսոր Սամուէլ Մուրադեանի խմբագրութեամբ: Այս հրատարակութիւնը մեր գրականութեան հերթական «սպիտակ էջ»երէն մէկը կը փակէ:

Օր մը, թերեւս, խիզախ սուզորդ մը յաջողի գրել խորհրդահայ գրահրատարակչութեան պատմութիւնը: Ատիկա կ՚ենթադրէ ո՛չ միայն հայ գիրքի տարեգրութիւնը կազմել ու վեր հանել կարգ մը յատկանշական իրագործումներ, այլեւ վերլուծականօրէն անդրադառնալ այն բազմաթիւ խոչընդոտներուն ու հալածանքներուն, որոնք հայ գիրքին ու հեղինակին բաժին ինկած էին այդ տարիներուն: Վերջին քսան տարիներուն հրապարակուած յուշագրական կամ փաստական բազմաթիւ վկայութիւնները բաւ են հասկնալու համար, որ կարելի է իրապէս «սեւ գիրք» մը կազմել այդ նիւթին շուրջ, եթէ ո՛չ ապրողաց, գոնէՙ գալիք սերունդներուն համար: Ազատութեան ներկայութիւնը միայն կարելի է լիովին ըմբռնել անոր բացակայութեան պայմաններուն ծանօթանալով:

Այդ պատմութիւնը նաեւ պիտի կազմէ Հայաստան-Սփիւռք կապերուն ուշագրաւ մէկ երեսը: Ի վերջոյ, ինչ որ կ՚անցնէր ու կը դառնար Արաքսի այն ափին, նաեւ իր անդրադարձն ու հետեւանքը ունէր ա՛յս ափին վրայ:

Այդ պատմութեան մէկ անսպասելի վկայութիւնը սերտօրէն առնչուած է «Անի»ի հրատարակութեան: 2009ին լոյս տեսած էր վեթերան հետախոյզ Պետրոս Պետրոսեանի «Էջեր հետախոյզի կեանքից» յուշագրութիւնը, երաշխաւորուածՙ ՀՀ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան գիտա-ուսումնական կեդրոնին կողմէ, չորս գրախօսներու վկայութիւններով: Յառաջաբանը ստորագրած էին այդ գրախօսներէն երկուքըՙ անցեալ տարի մահացած Խորհրդային Միութեան հերոս եւ «Թեհրան-43» գործողութեան յայտնի դերակատարներէն Գէորգ Վարդանեանն ու իր կինըՙ Գոհար Վարդանեանը: Անոնք վկայած են, որ «հեղինակի ամենաբեղուն հետախուզական աշխատանքը կապուած է եղել Լիբանանի հետ, որտեղ կենտրոնացուած էր նաեւ ողջ սփիւռքահայութեան քաղաքական եւ մշակութային կեանքը» եւ ուր Պ. Պետրոսեան աշխատած է 1959-1963 թուականներուն, «կանգնած լինելով Հայաստան-Սփիւռք կապերի ստեղծման ակունքներում»:

Պէյրութեան այդ գործունէութենէն մեր ուշադրութիւնը գրաւեց «Յովհաննէս Շիրազի անտիպ բանաստեղծութիւնների պատմութիւնը» գլուխը (էջ 222-224), որ պիտի կազմէ այս յօդուածին առանցքը: Հոն կը պատմուի, որ օգոստոս կամ սեպտեմբեր 1962ին հեղինակը Յովհաննէս Շիրազի ստորագրութեամբ հեռագիր մը ստացած է, որ կը խնդրէր կասեցնել անոր քերթուածներուն հրատարակութիւնը. «Հեղինակին յայտնի էր դարձել, որ «Սփիւռք» թերթի խմբագիր Սիմոն Սիմոնեանը, վերջերս լինելով Հայաստանում, կը գրէ Պետրոսեան, իրեն անյայտ ճանապարհով կարողացել էր Երեւանից իր հետ տանել իր գրչին պատկանող մի քանի անտիպ բանաստեղծութիւններ»:

Անձնական դերանուններու խախտումը սրբագրելով, հասկնալի կը դառնայ, որ «նրան» (Շիրազի) անյայտ ճանապարհով Սիմոնեանը իբրեւ թէ կրցած էր Երեւանէն տանիլ «նրա» (Շիրազի) եւ ո՛չ թէ «իր» (Սիմոնեանի) գրչին պատկաող անտիպներ:

Գիտէինք, որ Սիմոնեան այցելած էր Հայաստան մայիս 1954ինՙ Գէորգ Զ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի թաղման մասնակցելու որպէս Մեծի տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան պատուիրակութեան անդամ: «Վերջերս լինելով Հայաստանում»ը կ՚ենթադրէ, որ ան 1954ին ձեռք ձգած էր անտիպները եւ ութը տարի սպասածՙ հրատարակելու համար, հակառակ անոր, որ 1958էն ի վեր սեփական ամպիոն ունէր:

Այստեղ տրամաբանութեան հարց մը կար, որ սրեց մեր բանասիրական հետաքրքրութիւնը: Աղօտ կերպով կը յիշէինք նշմարած ըլլալ, «Սփիւռք»ի առաջին տարիներու հաւաքածոները թերթատած ատեն, Շիրազի անտիպներու պատմութիւն մը: Որոշեցինք թարմացնել մեր յիշողութիւնը:

Նախ եւ առաջ, նկատեցինք, որ հեռագիրը գրուած էր Շիրազի անունով եւ ո՛չ թէ Շիրազի կողմէ: Երբ «1962 թուականի խոր աշնանը» երկու գիւմրեցիներըՙ Պետրոսեանն ու Շիրազը, հանդիպած են Երեւանի մէջ, առաջինը բանաստեղծին յիշեցուցած է հեռագրին մասին ու ստացածՙ հետեւեալ պատասխանը. «Ծօ՛, ըդիկ ըշտը ճիշդ է, որոշ ընկերներ ընձի ըսեցին այդ հեռագրի մասին, չնայած տուի իմ համաձայնութիւնը, բայց հոգուս խորքում ուզում էի, որ ըդոնք տպուեն»: Մեր ընդգծումէն յստակ է, որ «որոշ ընկերներ» հրահանգած էին նման հեռագիր առաքել Շիրազի անունով, իսկ վերջինը, բնականաբար, «համաձայնած» էր:

Ըստ իր պատումին, Պետրոսեան հանդիպեր է Սիմոնեանին, որ կտրուկ մերժեր է նման անտիպներու գոյութիւնը եւ զանոնք տպելու մտադրութիւնը: Գոհ մնալով անոր պատասխանէն, Պետրոսեան իր առաքելութեան արդիւնքին մասին հեռագրեր է Հայաստան: «Բայց աւաղ, կը գրէ հեղինակը, մեր հանդիպումից երկու օր անց Սիմոն Սիմոնեանի խմբագրած նոյն Սփիւռք թերթում լոյս տեսան Յովհաննէս Շիրազի հայրենաշունչ ոգով գրուած երեք անտիպ բանաստեղծութիւններ (այն տարիներին, մեղմ ասած, խորհուրդ չէր տրւում տպագրել այդպիսի բանաստեղծութիւններ, աւելի ճիշդՙ չէր թոյլատրւում)»:

1950-1951ին գրուած ու աւելի քան վեց տասնամեակ մնացած անտիպ վիպերգը հանդիպած էր լուրջ դիմադրութեան: Ըստ իր գրչակիցներուն ու քննադատներուն, Շիրազը իրաւունք չունէր գրելու

«Դեռ մի կարօտ ունեմ անյագՙ հասնեմ Անի ու նոր մեռնեմ

Բանամ ճամբիս դռները փակ, տեսնեմ Անին ու նոր մեռնեմ»:

1962ին Շիրազի հայրենասիրական լարը աւելի մեծ սեղմումներու ենթակայ էր, քան 1970-80ական թուականներուն, երբ անոր անտիպները կը զարդարէին սփիւռքահայ զանազան թերթեր, պաշտօնական կամ անպաշտօն խողովակներու ճամբով: 1960ականներու առաջին կէսը այն ժամանակն էր, երբ Հրանտ Մաթեւոսեանի «Ահնիձոր» ակնարկին հրատարակութիւնը երկու գրախօսներուն գործէ ազատման պատճառը եղած էր, իսկ Պարոյր Սեւակի «Առաջադրանք համայն աշխարհի հաշուիչ մեքենաներին եւ ճշգրիտ սարքերին» բանաստեղծութիւնըՙ հանրապետութեան թիւ 1 դէմք Եակով Զարոբեանի հրապարակային սաստին:

Բայց պատրաստ չէինք յաջորդ անակնկալին. ժամանակագրական ու փաստական խառնափնթոր պատկերի մը գոյութիւնը: Արդարեւ, Պետրոսեանի պատմութիւնը ո՛չ թէ 1962ին, այլ ամբողջութեամբ 1961ին կը վերաբերի:

Կծիկը կը սկսի քակուիլ «Սփիւռք»ի «3 Հայաստաններ եւ 2 հայութիւն» խմբագրականներու շարքին (10 յունիս 2 սեպտեմբեր 1961) եօթներորդ բաժինով (յուլիս 29)ՙ «Հայաստանի իրական իրականութիւնը. հայրենի գրականութիւնը», որ արձանագրած է ի միջի այլոց.

«Բազմաթիւ օրինակներէն մէկը տուած ըլլալու համար, յայտնենք թէ տասնեակ տարիներէ ի վեր անտիպ կը մնայ եւ կը մերժուի հրատարակուիլ Յովհ. Շիրազի Անի սքանչելի պոեման, որուն ձեռագիրը կարդացող մտաւորականներ խոր հիացմունք միայն ունին եւ որմէ բազմաթիւ հատուածներ անգիր կ՚արտասանուին ուսանողներու կողմէ: Հայպետհրատի վարչական մեքենային մէջ սպրդած են Ապարանցիներ, որոնք առ ի չգոյէ լաւագոյնի կրնան ըլլալ միլիցիաներ եւ... գրաքննիչներ: Ապարանը միայն իր եզներով չէ որ նշանաւոր է, այլ նաեւ իր գրաքննիչներով...»:

Չենք գիտեր, թէ ասիկա յականէ-յանուանէ առաջին յիշատակո՞ւմն էր բազմաչարչար «Անի»ի ճակատագրին, բայց ըստ երեւոյթին բաւարար եղած է ահազանգի մատնելու խորհրդահայ աչալուրջ վարչա-գրական մեքենան: Ահազանգը, բնականաբար, տեղի տուած է զօրաշարժին. պատասխան քայլը անմիջապէս ձեւակերպուած է թերթը Հայաստան հասնելէ ետք: Օգոստոս 25, 1961ին, երեւանեան տօթակէզ ամրան օրերուն, երբ քաղաքը ընդհանրապէս կիսադատարկ կ՚ըլլար, «Սովետական Հայաստան» օրաթերթը կազմակերպած է «հերթական Ուրբաթ»ըՙ լրագրողներու, գրագէտներու, գրականագէտներու եւ գրասէներու ներկայութեամբ, «Անի» անտիպ վիպերգը մտիկ ընելուՙ բանաստեղծին ընթերցումով: Օրաթերթին հաւաքածոն ձեռքի տակ չունինք, որ իմանանք, թէ իրապէս ասիկա «հերթակա՞ն» Ուրբաթներէն էր, թէ՞ առաջինն ու վերջինը: Շիրազ կարդացած է «Թոնդրակեցիներ» վերնագրուած հատուածը: Անստորագիր թղթակցութիւնը հաղորդած է, որ վիպերգը ծնած էր Մոսկուայի մօտ, Պերեդելկինոյի գրական հանգստավայրին մէջ, երկու շաբթուան ընթացքին, եւ որ վիպերգը առայժմ երեք տարբերակ ունէր:

Մինչ «Սովետական Հայաստան»ի թղթակցութիւնը կը ճամբորդէր դէպի Պէյրութ, Պետրոսեանն ու Սիմոնեանը հեռագիր կը ստանային Շիրազի անունով: Սիմոնեանին հասած սեպտեմբեր 15ի հեռագիրը կ՚ըսէր.

«Լուրերի համաձայն ինձ անյայտ ճանապարհով ձեզ մօտ է ընկել իմ Անի պոեմ. կտրականապէս արգելում եմ պոեմիս տպագրում. պոեմս հում է, մշակում եմ: Յովհաննէս Շիրազ» (Սփիւռք, սեպտեմբեր 30, 1961):

Պետրոսեան պէտք է միաժամանակ ստացած ըլլայ իր հեռագիրը (ինչպէս տեսանք, ան չի նշեր, թէ որո՞նք էին «մի քանի անտիպ բանաստեղծութիւններ»ը) եւ անմիջապէս գացածՙ տեսակցելու Սիմոնեանի հետ: Բնականաբար, զրոյցին բովանդակութիւնը հաստատելու ձեւ չունինք: Բայց ձեւ ունինք հաստատելու, որ այնուհետեւ Պ. Պետրոսեան խառնած է փաստ ու ժամանակ, քանի որ «Սփիւռք»ի խմբագիրը Շիրազէն երեք անտիպ բանաստեղծութիւն չէ տպած հանդիպումէն երկու օր ետք:

Ըստ Պետրոսեանի, Սիմոնեան «կտրականապէս ժխտեց իր մօտ Շիրազի անտիպ բանաստեղծութիւններ լինելու մասին տեղեկութիւնը եւ բացառեց դրանց տպագրումը»: «Սփիւռք»ի խմբագիրը հաւանաբար այնքան միամիտ չէր նման պնդում ընելու համար, երբ երկու շաբաթ առաջ գովասանական երկար պարբերութիւն մը նուիրած էր վիպերգին, որ կը մատնէր, թէ ծանօթ էր անոր: Արդ, եթէ ան բանաստեղծութիւններ չունէր իր քով, ինչո՞ւ գրուած է «բացառեց դրանց տպագրումը»: Միայն թուաբանութեան մէջ երկու ժխտական նշաններ մէկ դրական նշանի կրնան վերածուիլ: Այլապէս, միայն բան մը ընդունողը կրնայ բացառել մէկ ուրիշը:

Շիրազի անունով ղրկուած հեռագրէն երկու օր ետք, սեպտեմբեր 17ին, «Սովետական Հայաստան»ի ընդարձակ թղթակցութիւնը արտատպուած է Պէյրութի հայ յառաջդիմական շաբաթաթերթ «Մեր նշանաբանն է յառաջ»ի կողմէ: «Պատասխան Սփիւռքին» ենթավերնագրով, թերթին խմբագրութիւնը կը յայտնէր, թէ «Սփիւռք»ը «աղմկած էր» վիպերգին մասին, իսկ «Սովետական Հայաստան»ի լրատուութիւնը «ինքնին կը հանդիսանայ պատասխան մը... Սփիւռքի ողբասացներուն»:

Սիմոնեան խմբագրի արժանապատուութիւնը չէր կրնար հանդուրժել խաղը: Հեռագրէն ճիշդ երկու շաբաթ ետք, ան երկու էջնոց «Հեռագիր Յովհաննէս Շիրազէն» յօդուածը կ՚ընկերացնէր անոր լատինատառ բնագրին, յայտնելու համար, թէ օգոստոս 25ին «բեմադրութիւն» մը կազմակերպուած էրՙ զինքը հերքելու համար, երբ նման բանաստեղծութեան ընթերցում տեղի ունեցած չէր 1954էն ի վեր (վիպերգի գրութեան ժամանակը, ըստ իրեն).

«ԱՆԻ պոեման 7 տարիէ ի վեր գրուած եւ աւարտած է: Պետհրատի Ապարանցի գրաքննիչները քանի՜ անգամներ մերժած են անոր հրատարակութիւնը: Մինչդեռ անոր ձեռագիր ընդօրինակութիւնները կամ անկէ հատուածներ Երեւանի շիրազապաշտ գրասէրներուն ձեռքերուն մէջ եւ շրթներուն վրայ եօթ տարիներէ ի վեր կը շրջին: Հատուածներ հասած են... մինչեւ այստեղ, Մայրիներու երկիրը» (Սփիւռք, սեպտեմբեր 30, 1961):

Սիմոնեան ուրիշ յաղթաթուղթ մը ունէր ձեռքը: «Սովետական Հայաստան»ի թղթակիցը առանց շիկնելու գրած էր. «Յետոյ, բանաստեղծը պատմում է, շուտով լոյս կը տեսնի Իմ ընկեր Լորիկը անունով ժողովածուն: Այդտեղ ընթերցողը կը գտնի Տիգրան Մեծի վիշտը, Շղթայուած մեղեդիներ, Ծնողական սէր, Կուժկոտրուկ եւ այլ նոր գործեր: Բացի այդ, վերամշակուած կը կարդայ Իմ ընկեր Լորիկը եւ Մարդկանց անունները պոեմաները: Պետհրատին է յանձնուած նաեւ Աստծոյ գլուխ գործոցը պոեմը եւ Քնար Հայաստանի գրքի երկրորդ հատորը»:

Որպէս պատասխան, Սիմոնեան հրատարակած է «Իմ ընկեր Լորիկ» ժողովածուի 1960ի հրատարակութեան կողքին, անուանաթերթին, բովանդակութեան ցանկին, տպագրական յիշատակարանին եւ գինին լուսանկարները: Յիշեալ բոլոր գործերը բացի «Շղթայուած մեղեդիներ»էն լոյս տեսած էին հոն, թէեւ թղթակցութիւնը այնպէս կը ձեւացնէր, թէ նոր գործ է: Գիրքը ստորագրուած էր տպագրութեան հոկտեմբեր 22, 1960ին, 20.000 տպաքանակով, «եւ ոչ մէկ օրինակ հրապարակ հանուած է, կրնա՞ք հաւատալ», գրած է Սիմոնեան, աւելցնելով. «Կարելի չէ հաւատալ որ պետական հսկայ միջոցներ փճացուին նախ տխմար գրաքննիչի մը կիրքին յագեցում տալու եւ ապա կեղծիք մը կեղծիքով վարագուրելու համար»:

Ու Շիրազին հասցէագրուած վերջին ենթաբաժնին մէջ, ան պարզաբանած է, թէ «Լուրերի համաձայն քեզ անյայտ ճանապարհով իմ մօտս չէ ինկած քու Անի պոեմդ: Վեց ամիսներ առաջ հասցէիս հասաւ քու 1960 թուին տպագրուած ԻՄ ԸՆԿԵՐ ԼՈՐԻԿԸ գիրքդ եւ Անի պոեմէն երկու պզտիկ հատուածներ» («Սփիւռք», սեպտեմբեր 30, 1961): Տողընդմէջ պէտք է հասկնալ, կը կարծենք, որ Շիրազին յայտնի՛ էր ճանապարհը. ան չհրապարակուած գիրքէն իրեն «տակից» հասած օրինակներէն մէկը Սիմոնեանին ղրկած պէտք է ըլլարՙ «Անի»ի երկու հատուածներու ուղեկցութեամբ եւ այն լուրով, թէ գիրքը տպուած, բայց լոյս տեսած չէր: Ահա թէ ինչու Շիրազ ըսած է Պետրոսեանին, թէ «հոգուս խորքում ուզում էի, որ ըդոնք տպուեն»

Ուրեմն,

ա) Սիմոնեան «Անի»ն իր հետ Հայաստանէն բերած չէր:

բ) Շիրազ անձամբ երկու հատուած ղրկած էր «Սփիւռք»ին:

գ) Երկու հատուածներըՙ «Նախերգանք»ը եւ «Անի քաղաք...», լոյս տեսած են շաբաթաթերթի հոկտեմբեր 7 եւ 14, 1961ի համարներուն մէջՙ հեռագրին ստացումէն երեք շաբաթ եւ մէկ ամիս ետք:

Աւելցնենք, որ այդ նոյն համարներուն մէջ նաեւ հրատարակուած էին «Պոէմ երաժշտութեան մասին» (հոկտեմբեր 7) եւ «Տիգրան Մեծի վիշտը» (հոկտեմբեր 14), որոնք արդէն տպուած էին «Իմ ընկեր Լորիկը»ի մէջ:

Հետագային, Սիմոնեան կրկին պիտի անդրադառնար Շիրազի արգիլուած գործերուն: Անոր ծննդեան 50ամեակին նուիրուած «Սփիւռք»ի թիւը (օգոստոս 15, 1964) ո՛չ թէ մէկ, այլ երկու անգամ կը յիշեցնէր չտպուած գործերուն ճակատագիրը: Առաջին հերթինՙ խմբագրական յօդուածի մը մէջ.

«Այս ազնիւ մտածումներով եւ ցանկութիւններով կ՚ողջունենք Յովհաննէս Շիրազի ծննդեան յիսնամեակը, կ՚ողջունենք իր տպագրուած գործերուն տաղանդաւորութիւնն ու բեղունութիւնը, կ՚ողջունենք իր անտիպներըՙ ԱՆԻ պոեման ու ԻՄ ԸՆԿԵՐ ԼՈՐԻԿԸ (...)»

Ապաՙ Շիրազի կենսագրականին մէջ.

«1960-ին կը տպագրուի «Իմ ընկեր Լորիկը», բայց հրապարակ չի հանուիր. տպուած բոլոր օրինակները (20000) կը փճացուին, անըմբռնելի ու անորակելի կարգադրութեամբ մը... (...) Սպասելի է որ հետզհետէ տպուին Շիրազի անտիպները «Իմ ընկեր Լորիկը», «Անի» պոեման եւ այլն»:

Սիմոնեանի սպասումը չիրականացաւ. «Իմ ընկեր Լորիկը» անունով գիրք լոյս չտեսաւ հետագային: Բայց 1960ի հրատարակութեան բոլոր օրինակները փճացած չէին: Ըստ «Հայաստանի գրադարանների համահաւաք գրացուցակ»ին (www.flib.sci.am), անկէ օրինակներ կան Գրապալատին, Ազգ. Գրադարանին, Երեւանի պետ. համալսարանին, Գիտութիւններու Ազգ. Ակադեմիային եւ այլ գրադարաններու մէջ: Ան յիշուած է Հայկ Խաչատրեանի կազմած «Գրական տեղեկատու»ի երեք հրատարակութիւններուն մէջ (1975, 1981, 1986): Օրինակներ կան Վիեննայի Մխիթարեաններու գրադարանը, ինչպէս եւ Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի եւ Անթիլիասի մատենադարանին մէջ, թերեւս նաեւՙ այլուր:

Պ. Պետրոսեանի յուշագրութիւնը նաեւ շարք մը անփաստ պնդումներ կը պարունակէ Սիմոնեանի մասին: Զարմանալի է, քանի որ կ՚ենթադրուի, որ ՊԱԿի գործակալ մը պէտք է տեղեկագրական ճշգրիտ աղբիւրներ ունենարՙ գոնէ լիբանանահայ գաղութի «ով ով է»ի քարտէսը կազմելու համար: Այսպէս, թէեւ Պետրոսեան կը նշէ, թէ «Սփիւռք»ը ոչ մէկ հայկական կուսակցութեան կ՚ենթարկուէր, սակայն կ՚աւելցնէ, թէ «Սիմոն Սիմոնեանը, իրօք, պաշտօնապէս որեւէ հայկական կուսակցութեան անդամ չէր համարւում, բայց ինչպէս ինքն անձամբ, այնպէս էլ իր խմբագրած թերթն ունէին դաշնակցամէտ հայեացքներ»: Ու դեռ կ՚աւելցնէ ոմանց այն կարծիքը, թէ ան «նախկինում անդամակցել էր դաշնակցական կուսակցութեանը», որուն մասին «ստոյգ տեղեկութիւններ չունեմ»:

Կը պարզուի, որ յուշագիրը ստոյգ տեղեկութիւններ չունի ընդհանրապէս: Աւելի՛ն. կարծես թէ սեպտեմբեր-հոկտեմբեր 1961ին անոր տեղեկատուական համակարգը ամբողջովին ինկած էր «սեւ խոռոչ»ի մը մէջ: Ան կը թուի տեսած չըլլալ Սիմոնեանի ընդարձակածաւալ «Բաց նամակ հայրենասէր բարեկամներուս» յօդուածը, որ հրատարակուած է «Սփիւռք»ի սեպտեմբեր 16 եւ 23, 1961ի թիւերով (այսինքնՙ հեռագրի ստացման եւ Պետրոսեանի այցելութեան ծիրին մէջ), ուր ան պարզած է գաղափարական իր անցեալին հիմնական ուղեգիծըՙ կցելով իր դէմ եղած վարկաբեկումի արշաւին իրողութիւնը: Կու տանք մեր նիւթին հետ կապուող էական հատուածները.

«Մինչեւ 1954 թուականը սիրելին էի հայ յառաջդիմական կուսակցութեանց: Ճանչցուած էի իբրեւ բուռն սովետասէր, ինչ որ իրականութիւն էր, եւ ճամբորդութիւններուս ընթացքին սահմաններու վրայ մէկէ աւելի անգամներ քննութեան եւ ձերբակալութեան ենթարկուած: (. . .)

Կը վայելէի ամէն յարգանք ու պատիւ հայ յառաջդիմականներէն: Աչքին լոյսն էի մանաւանդ Ռամկավարներուն, յատկապէս անոնց վերին մարմնին: Բարձրագոյն պաշտօններ, ինչպէս երկրորդական դպրոցի մը տնօրէնութիւնը, կրթական քննչութիւն, իրենց երկու մեծ օրաթերթերէն որեւէ մէկուն խմբագրապետութիւնը եւայլն, առաջարկուած են յաճախ 1946-1954 թուականներուն եւ կանխայայտ շնորհակալութեամբ մերժուած, վասնզի պաշտօնի պէտք չեմ ունեցած: (. . .)

Գարեգին կաթողիկոսի [Յովսէփեանց. Վ.Մ.] անձին ու գործին հանդէպ ցոյց տուած հաւատարմութեանս եւ զոհաբերութեանս համար արժանացած եմ Դաշնակցութեան բուռն հալածանքին եւ ենթարկուած վնասներու...

(. . . ) 1954 թուին, իմ առաջին ու միակ այցելութեանս, ես տեսայ իրական Հայաստանը, որ այնքան տարբեր էր մեր երազէն, ինչպէս ըսեր է Թէքէեան, իր իրապէս դրական ու ժխտական կողմերով կամ երեւոյթներով:

Եւ եթէ գիրք մը գրէի, զայն պիտի խորագրէիՙ Իրական Հայաստանը, թերեւս նուազ քնարական, բայց համեստ պատմասէրի մը շիտակ կոչումով, առանց Համայնավար, առանց Ռամկավար եւ մանաւանդ առանց Դաշնակցական ըլլալու...» (Սփիւռք, սեպտեմբեր 16, 1961.):

Յստակ է, ուրեմն, որ Սիմոնեանը ո՛չ Հ. Յ. Դաշնակցութեան նախկին անդամ էր, ո՛չ ալ «դաշնակցամէտ»: Պարզ է, որ խորհրդային սեւ ու ճերմակ գաղափարախօսութիւնը իւրացուցած էր աւետարանական խօսքին առաջին մասը եւ մոռացութեան մատնածՙ երկրորդը. «Ա՛ն որ ինծի հետ չէՙ ինծի հակառակ է, եւ ա՛ն որ ինծի հետ չի հաւաքերՙ կը ցրուէ» (Ղուկ. 11:23): «Սփիւռք»ի խմբագրի անկախ հայեացքները պէտք է տեղադրուէին խորհրդային զսպաշապիկին երկու չափերէն մէկուն մէջ:

Ահա այսպէս է, որ Պետրոսեան հետեւած է գաղափարական այդ անշեղ ուղեգիծին ու պատժածՙ Սիմոնեանը. «Այդ օրուանից սկսածՙ դադարեցի նրա հետ որեւէ ուղղակի կամ անուղղակի շփում ունենալուց, եւ, ինչպէս ասում են, նրա անունը եւ թերթը ընդգրկուեցին սեւ ցանկում: Այդ օրուանից մինչեւ դեսպանատանն իմ պաշտօնավարելու ժամկէտի աւարտը Սիմոնեանը չհրաւիրուեց որեւէ պաշտօնական կամ այլ միջոցառման»: Ան թէ՛ միջնորդներով եւ թէ՛ անձամբ «ներողամիտ լինել» խնդրեր է, բայց երկաթեայ կամքի տէր Պետրոսեանը մնացեր է անդրդուելի ու որոշումը պահերՙ ուժի մէջ:

«Անհեթեթութեանց այս թանգարանով» (Պարոյր Սեւակ) անցած Սիմոնեանը արդեօք ազատա՞ծ է «սեւ» ցանկէնՙ Պետրոսեանի պաշտօնավարութեան աւարտէն ետք: Պետական ապահովութեան որեւէ կարգ ու սարքի մէջ թիւրիմացութեամբ իսկ սպրդած անձի մը անունը շատ աւելի դիւրին է մուծելը, քան դուրս հանելը: Պատահական չէ, որ Սիմոնեան այլեւս Հայաստան ոտք դրած չէ մինչեւ մահը, վստահաբարՙ ո՛չ սեփական ցանկութեամբ: 1969ին, Կոստան Զարեանի մահուան առիթով գրուած կարճ յօդուածին մէջ, ան պիտի նշէր. «Յայտնենք որ մեր թելադրութեամբ ներշնչուածՙ մեկնեցաւ Հայրենիք, հակառակ իր խառնուածքէն եւ շատ այլ բաներէն բխող արգելքներուն, ինչպէս մենք օր մը նոյն ձեւով կը մեկնինք Մայր Հայրենիք, հակառակ մեր ահաւոր քննադատութիւններուն, արտասահմանը ձգելով գինով ու կաշառուած գովաբանողներուն» (Սփիւռք, 21 դեկտեմբեր 1969): Մեկնումի այդ օրը, թէկուզ եւ այցելութեան ձեւով, երբեք հասած չէ:

Պետրոսեան չէ խուսափած վկայելէ, որ Շիրազի հետ հանդիպումին ատեն, «երբ հայ ժողովրդի սիրելի պոէտին ասացի, թէ ինչ զրկանքներ կրեց Սիմոն Սիմոնեանը այդ տպագրութեան պատճառով, նա յանդիմանեց ինձ այս խօսքերով. Ծօ՛, խիստ ես վարուել, չպիտի ըդպէս վարուէիր...»: Կ՚երեւի թէ նման սկզբունքային կեցուածքներու շնորհիւ էր, որ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան գնդապետ Պետրոս Պետրոսեանը, ըստ գիրքի շապիկի տուեալներուն, «Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններում նպաստել է ոսկի կամրջի ստեղծմանը եւ ամրապնդմանը» եւ արժանի նկատուած է Սփիւռքահայութեան հետ մշակութային կապի կոմիտէի նախագահի տեղակալի պաշտօնը վարելու 1973-1977ին:

Անձ մը որ, ըստ յառաջաբանին, «իր ողջ գիտակցական կեանքը նուիրել է Հայաստանի անվտանգութեան ապահովման սուրբ գործին», կը թուի, որ պատրաստ չէր այդ անվտանգութիւնը ի հիմանէ՜ խարխլած մարդուն հանդէպ իր կեցուածքը վերաքննելու. «Ոմանք կարող են մեղադրել ինձՙ կարծելով, որ ես խիստ եմ վարուել Սիմոն Սիմոնեանի հետ, որ այդ բոլորից յետոյ պէտք էր ներել նրան: Կէս դար անց նորից կարծում եմ, որ ես ճիշդ եմ վարուել»:

Կէս դար ետք, սակայն, «կարծում ենք», որ յարգելի հեղինակը ճիշդ վարուած կ՚ըլլար, եթէ չհրատարակէր փաստական վրիպումներով յորդող ու, հետեւաբար, կասկածելի արժանահաւատութեամբ բնորոշուող իր երեք էջերը: Պատմութիւնը ըստ կամս վերաշարադրող յուշագրութեան վտանգները շատ աւելի՛ մեծ են, քան բարիքները: Ա՛լ չխօսինք յիսուն տարի առաջ պատահածը անսխալականութեան կարծիքով դատելու փորձութեան մասին:

Նիւ Ճըրզի (ԱՄՆ)

 
 

ԱԶԳ ՕՐԱԹԵՐԹ - ՄՇԱԿՈՒՅԹ #3, 23-02-2013

Հայկական էկեկտրոնային գրքերի և աուդիոգրքերի ամենամեծ թվային գրադարան

ԱԶԳ-Ը ԱՌԱՋԱՐԿՈՒՄ Է ԳՐԱՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

ԱԶԴԱԳԻՐ