«ԶԱՐՄԱՆԱԶԱՆ» Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութիւնը արեւմտահայերէնի զարգացման իր հնգամեայ ծրագիրի ծիրին մէջ «ԶԱՐՄԱՆԱԶԱՆ» անունով կրթական աշխատանոցի մը կը ձեռնարկէ, որ նոյն վայրին մէջ պիտի համախմբէ իրար ամբողջացնող երկու ճիւղեր. - 10էն 15 տարեկան մանուկներուն ուղղուած ամառնային ճամբար մը (Լիոնի «Հազար ու մէկ աշխարհ» ընկերակցութեան հետ գործակցութեամբ), զուարճալի ու ստեղծագործական միջավայրի մը մէջ, արեւմտահայերէնի գործածութիւնը խրախուսելու նպատակով. - Սփիւռքի ներկայ եւ ապագայ արեւմտահայերէնի ուսուցիչներուն ուղղուած արհեստագիտական վարժընթաց մը (Ֆրանսայի Արեւելեան լեզուներու եւ քաղաքակրթութիւններու ազգային հիմնարկին հետ գործակցութեամբ), որ պիտի վաւերացուի համալսարանական վկայականով մը: Ամառնային ճամբարին մասնակից մանուկներն ու պատանիները 25 օր տեւողութեամբ, փորձառու 15 ուղեկիցներու հետ, ներշնչող մթնոլորտի մը մէջ պիտի ապրին: Ամբողջովին թաթխուած արեւմտահայերէն հնչող միջավայրի մը մէջ, պիտի ստեղծագործեն, պիտի յայտնաբերեն, պիտի սորվին եւ պիտի զուարճանան զանազան աշխատանոցներու միջոցով (երաժշտութիւն, պար, թատրոն, գեղարուեստ) եւ մարզախաղերով: Ասոնց ընդմէջէնՙ լեզուն վերջապէս պիտի դառնայ հաղորդակցութեան եւ ստեղծագործութեան բնական միջոց մը: «Զարմանազան» ճամբարը ներգործութիւններու տարածք մը պիտի մատուցէ, ուր բոլոր մասնակիցները իրարմէ սորվելու եւ իրարու հետ ընկերային կապեր հաստատելու առիթը պիտի ունենան, հարստացնող եւ եզակի փորձառութիւն մը ապրելով: Ճամբարը բաց է սփիւռքահայ բոլոր մանուկներուն եւ պատանիներուն համար: Նախատեսուած է 40 երախայի համար: Հայերէնի իմացում չի պահանջուիր: Ուսուցիչներու պատրաստութեան ծրագիրը 15 ուսուցիչ պիտի ընդունի, որոնք խտացեալ ուսումնակրթական ծրագիրի մը պիտի հետեւին: Ծրագիրը կ՚ընդգրկէ գործնական վարժընթաց մը եւ մասնագիտական դասախօսութիւններ, նորագոյն մանկավարժական մօտեցումներու եւ միջոցներու կիրարկումով: Ճամբարին վայրն էՙ Ֆրանսայի Լա Պուրպուլ գիւղաքաղաքը: Արձանագրութեան դիմումները կատարել նախքան 25 մարտ 2017-ը ժամը 23:00ինՙ Կրինուիչի ժամով: Յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանալու համար այցելեցէքՙ www.zarmanazan.com |