ՕՓԵՐԱՅԻ ԱՌԱՋԻՆ ՏԻԿԻՆԸ ՄԱՐՈՒՇ ԵՐԱՄՅԱՆ Ինչպէ՞ս գրել երգչուհիի մը մասին, որ վաղուց, շա՜տ վաղուց եղեր է քու տրտմութիւններուդ մխիթարանքը իր «կարագի պէս ձայնով», դարձեր է ուրախութիւններուդ արտայայտիչը եւ հիմա եկեր է տօնելու իր ութսունամեակը, արդար իրաւունքով: Էլվիրա Ուզունեան: Երէկ էր: Երբ բեմը բացուեցաւ, ինք չկար: Իր փոխարէն կային իր տեսահոլովակները, ուր կ՛երեւէր երգչուհին իր ձայնին եւ իր ներկայութեան ամբողջ շքեղութեամբ: Բայց երբ ինք բեմ մտաւ, սկսելու համար իր երկխօսութիւնը Օփերայի «թատրոն»ին հետ, յուզումս շա՜տ մեծ էր, պարզապէս տեսնելով ութսուն տարիներու ծանրութիւնը իր ուսերուն, տեսնելով մարդ արարածին անկարողութիւնը ժամանակին առջեւ, միաժամանակ նշելով նոյն այդ «անկարող» մարդուն յաղթանակը ժամանակին դիմաց: Երկար եւ շատ հաւանաբար դժուար եղած է իր ուղին. «գրականութեան ճամբան ե՛ւ վեհ, ե՛ւ անո՞ւշ. քիչ մը շատ չէ՞» ըսեր էր Գուրգէն Մահարին ժամանակին Վ. Թեքեանի առաջին երեւումին առիթով: Հիմա նոյնը կարելի է ըսել մեծ երգչուհիին համարՙ եւ վեհ, եւ անո՞ւշ: Հաւանաբարՙ վեհ, ու յաճախ դառն: Ժամե՜ր ու ժամեր տեւող աշխատանքն ու փորձերը առանձինն, եւ յետոյ քանի վայրկեաններու ծափողջիւններ միայն: Բայց ի՜նչ հրաշք է, որ այդ քանի մը վայրկեաններու ծափողջիւնները կրնան սրբել տառապանքը երկար ու դառն աշխատանքին: Թիֆլիսէն Երեւան, յետոյ բացուելու համար ամբողջ աշխարհին, տանելու իր երգին հմայքը, ձայնին գեղեցկութիւնն ու շքեղ ներկայութիւնը: Բայց ինչ որ զիս խորապէս տպաւորեց իր խօսքն էր «Անուշ»ին առիթով: - Այստեղ երգչուհիները կոնսերվատորիայից են օփերա գալիս եւ Անուշ են երգում: Իսկ ես Անուշը սկսեցի ծայրամասերից: Երկրի գիւղերից ու աւաններից սկսեցի, որովհետեւ ինձ պէտք էր հասկանալ Անուշին, իմանալ Անուշը ու յետոյ միայն կատարել այն այստեղ, այս մեծ բեմում... Ու երբ Էլվիրա Ուզունեանը իր գեղեցիկ ձայնով ըսաւ. - Թատրոն ասելիս հոգիս է լցւում Թատրոն ասելիս սիրտս է խնդում Թատրոն ասելիս լացս է գալիս ... Ուրիշները չեմ գիտեր, բայց ես տարօրէն յուզուած էի: Ըլլալ թատրոնի երկրպագու-ծառայողը, տարինե՜ր շարունակ խնկարկել այդ տաճարին, տալ անոր լաւագոյնը կեանքին, եւ յետոյ ստիպուիլ հեռանալ, իջնել այնքա՜ն պաշտած բեմէն, ու հեռուէն, միայն հեռուէն հետեւիլ այնտեղ կատարուածին: Ընդունեցէք որ դժուար է, շատ դժուար: Բայց եւ գիտնալ ճի՛շդ պահուն, բարձունքի վրայ հեռանալ, եւ ափսոսանքով ու կարօտով լեցնել անթիւ երկրպագուներու սրտերը. ա՛յդ ալ մեծ շնորհ կ՛ենթադրէ: Երաժշտութիւնը դժբախտաբար այն արուեստներէն է (ընդհանրապէսՙ կատարողական), որուն մասին որքան ալ գրուի, որքան հմտութեամբ ալ գրուի ու նկարագրուի, չի կրնար հաւասարիլ կենդանի կատարումին: Սակայն երէկ, երբ տիկ. Ուզունեան բոլորին հետ ինք եւս կը դիտէր իր անցած ուղին, ինծի կը թուէր, թէ տակաւին կ՛երգէ մեզի համար, զինք գնահատող հանդիսատեսին համար, ներկայութեամբ մը, որ անգամ մը որ դաջուի մարդուն յիշողութեան մէջ, դժուար թէ ջնջուի: Այս հանգրուանին, նուաճած ամէն կարելի բարձունք, նուաճած բազմահազար հանդիսատեսներու սէրն ու գնահատանքը, ի՞նչ կարելի է մաղթել «ամէն բան» ունեցած, տեսած ու ապրած Տիկինին, առողջ ու խաղաղ օրերէ աւելի: |