ԱՆԾԱՆՕԹ «ԿՈՒԼՏՈՒՐԱՆ» Յակոբ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ Տարիներ առաջ, գործի բերմամբ, օտարերկրացիներու խումբի մը հետ նստած էի Յունաստանի հիւրանոցներէն մէկուն ճաշարանին մէջ ու կը խօսակցէինք, իւրաքանչիւրը իր քովինին հետ, երբ ականջիս սովորականէն տարբեր բառեր հասան մեզի սեղանակից երկու անգլիացիներէ: Ակամայ ականջս լարեցի ու անդրադարձայ, որ անոնք բաւական լուրջ վէճի բռնուած են ու առանց իրենց տեղերէն շարժելու, նոյնիսկ առանց իրենց դէմքերուն արտայայտութիւնը փոխելու, զիրար կը քննադատեն եւ սպառնալիքներ կը տեղացնեն, առանց որեւէ վիրաւորական բառ գործածելու: Ափ ի բերան մնացի: Այս տեսակ վիճաբանութի՞ւն կ՛ըլլայ, առանց պոռալ-կանչելու, առանց հայհոյելու, կամ իրարու վրայ ձեռք բարձրացնելու: Երբ բոլորս մեր խօսակցութիւնները դադրեցուցած, իրենց սեւեռեցինք մեր աչքերը, զարմացած, որ մեր խումբին դասախօսելու եկած այս մարդիկը ինչպէ՞ս կը վարուին իրարու հետ, երբ ոչինչ նկատած էինք համագումարի ընթացքին անոնց բնական փոխ-յարաբերութենէն, այն ատեն վերջ տուին իրենց վէճին ու մեզի դառնալով ժպտացին եւ նոյնիսկ զուարճախառն կատակներ ալ սկսան ընել: Երիտասարդ էի ու ասանկ բան տեսած չըլլալուս դրականօրէն տպաւորուեցայ: Հիմա, այսքան տարիներ ետք, հոս շուրջս կը նայիմ, կը մտաբերեմ այդ դէպքը ու կը մտածեմ. եթէ հրաշքով մը ետ վերադառնամ այդ դէպքին, փոխանակ լռելու, ոտքի կ՛ելլեմ ու լաւ մը կը խայտառակեմ զիրենք. «Այս ի՞նչ տեսակ վիճաբանութիւն է, ամօթ չէ՞ ձեզի, կնիկի պէս նստեր կը խօսիք: վիճելուն քաղաքավարութիւնը ո՞րն է եղեր, իրարու ծանր խօսքեր չ՛ըսէ՞ք, իրարու եօթը պորտը չհայհոյէ՞ք, չելլէ՞ք ոտքով-ձեռքով իրար ծեծէք...Դուք հայերը չէ՞ք տեսած ինչպէս կը վիճին, նոյնիսկ մտաւորական մարդիկ, եկէք Հայաստան ու տեսէք ի՜նչ խօսքեր կ՛ուղղեն իրարու, ի՜նչ ածականներ ու հայհոյանքներ, այն ալ, ոչ թէ սեղանի շուրջ, այլ դիմատետրի (facebook) մէջ, թերթերու մէջ... Սկիզբը կը զարմանաս, յետոյ կը զայրանաս, յետոյ ալ կամաց-կամաց կ՛ընտելանաս, սակայն զարմանքդ ու զայրոյթդ զզուանքի կը փոխուի: Մամուլը իր գրուած, կամ անգիր օրէնքները ունի զորս հարկ է յարգել, եթէ անշուշտ թերթը ինքզինք կը յարգէ, նոյնիսկ եթէ վիճողները իրենք զիրենք չյարգեն: Խօսքի ազատութիւնը պէտք չէ չարաշահել. Հայաստանի թերթերը, մեծաւ մասամբ զիրար մերկացնողներու ժամադրավայրի վերածուած են եւ զգալի է անձն ու արարքը որսալու մրցակցութիւնը. որսալ ու խոշորացոյցի տակ առնել, քանի գիտեն, թէ ընթերցող հասարակութիւն մը կայ, որ հաճոյք կը ստանայ այս տեսակ բաներէն: Ի՜նչ ծանր խօսքեր, ի՜նչ ամօթալի փողոցային արտայայտութիւններ: Մտաւորական ըսածդ քիչ մը զուսպ ըլլալու է իր արտայայտութեանց, նոյնիսկ նիստ ու կացին մէջ: Չէ՞ որ մտաւորականներն են որ պիտի առաջնորդեն ժողովուրդը, չէ՞ որ օրինակ պէտք է ծառայեն հանրութեան, ճիշդին ու սխալին, գեղեցիկին ու արդարին, հայրենասիրութեան ու նուիրումին, բարոյականութեան ու առաքինութեան ուղեցոյց դառնալով: Երեւի վիճելու ու բանավիճելու «կուլտուրա» ունենալու է: Բան մը, որ, ափսոս, մեզմէ շատերու մօտ կը պակսի: |