RSS | FACEBOOK | NLA
ԳԼԽԱՎՈՐ | ՄՇԱԿՈՒՅԹ | ԸՆՏՐԱՆԻ | ՈՐՈՆՈՒՄ | ԱՐԽԻՎ | ԹԵՄԱ | ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐ
#013, 2019-04-05 > #014, 2019-04-12 > #015, 2019-04-19 > #016, 2019-04-26 > #017, 2019-05-03

ԱԶԳ ՕՐԱԹԵՐԹ - ՄՇԱԿՈՒՅԹ #15, 19-04-2019



Տեղադրվել է` 2019-04-19 12:35:03 (GMT +04:00)


Ընթերցված է` 611, Տպվել է` 8, Ուղարկվել է էլ.փոստով` 0

ՇԱՆԹ ԱՒԵՏԻՍԵԱՆ ԵՒ ԳԱՌԶՈՒ

Երուանդ ԱԶԱՏԵԱՆ

Եգիպտահայութիւնը միշտ հպարտութեամբ կը յիշէ եւ պիտի շարունակէ յիշել ֆրանսահայ նշանաւոր նկարիչ Գառզուի անունը: Արդարեւ, երկու խոստմնալից շրջանաւարտներ Գահիրէի Գալուստեան ազգային վարժարանէն` Համբարձում Գարայեան եւ Գառնիկ Զուլումեան, Եղիայեան հիմնադրամի կրթաթոշակով ղրկուած են Փարիզ ուսանելու: Առաջինը` Համբարձում Գարայեան, վերադարձած է Եգիպտոս, ծառայելու իբրեւ մտաւորական ղեկավարներէն մէկը այդ գաղութին: Գառնիկ Զուլումեան մտած է արուեստի աշխարհՙ դառնալու համար նշանաւոր նկարիչ Ժան Գառզուն:

Այս վերջինը չէր մոռցած իր վարժարանը եւ օր մըն ալ իր լիթոկրաֆներէն տրցակ մը նուիրած էր Գալուստեանի հոգաբարձութեան, զայն վաճառելու եւ եկամուտը յատկացնելու վարժարանի օժանդակութեան ֆոնտին:

Հոգաբարձութիւնը իր հերթին որոշած էր գոյացած գումարով վերանորոգել եւ յարդարել վարժարանի շէնքին (որ այդ օրերուն կը գտնուէր Պուլաքի մէջ) սրահներէն մէկը եւ զայն անուանակոչել «Գառզու ցուցասրահ»: Սրահը ոչ միայն կը ծառայէր վարժարանի ցուցահանդէսներուն, այլեւ ամբողջ համայնքին:

Այդ օրերուն Նորա Իփէքեան-Ազատեան իբրեւ նկարչութեան ուսուցչուհի կը դասաւանդէր Գալուստեան վարժարանին մէջ: Իր պաշտօնավարութեան առաջին օրերուն իսկ ցնցումը կ՚ունենար յայտնաբերելու արտակարգ տաղանդ մը: Դասապահին կանգ կ՛առնէր թուխ դէմքով ու սեւ մազերով աշակերտի մը կողքին ու կը դիտէր պատանին, որ աջ ու ձախ ձեռքերու աշխոյժ արագութեամբ մը գոյները կը տեղաւորէր ճիշդ իրենց պատկանած տեղը եւ նկարը կ՛ամբողջացնէր արդէն վարպետութեան հասնող քոմփոզիսիոնին հաւասարակշռութեամբ: Ուսուցչուհին կը փորձուի բարձրաձայն յայտնել իր հիացումը այս անսովոր երեւոյթին առջեւ, սակայն չվիրաւորելու համար ինքնասիրութիւնը միւս աշակերտներուն` կը զսպէ ինքզինք ու կը շարունակէ դասաւանդութիւնը: Նոյն օրը տուն վերադառնալով ընտանիքի անդամներուն կը յայտնէ այդ խոստմնալի տաղանդին մասին, որ առանձին երեւոյթ մը կը հանդիսանար հարիւրաւոր աշակերտներու մէջ:

Նկարչութեան ուսուցչուհին կը դասաւանդէր նաեւ երկու այլ ֆրանսական վարժարաններէն ներս` Me՛res de Dieu եւ Lyce՛e Francais: Իր աշակերտները կը մասնակցէին մանուկներու համաշխարհային մրցումներու, ինչպիսիք էին այդ օրերուն Շանքար մանկական մրցումը Հնդկաստանի մէջ եւ UNESCO-ի մրցումը Լեհաստանի մէջ: Բոլոր մրցումներուն մէջ ոսկի մրցանակը կը շահէր Գալուստեան վարժարանի թուխ պատանին, որ կը կոչուէր Շանթ Աւետիսեան:

Շանթը զաւակն էր ծանր պայմաններու տակ ապրող ընտանիքի մը: Ընտանեկան վէճերու պատճառով հայրը կը կորսնցնէր իր ունեցուածքը` ղրկուելով հոգեբուժարան: Մայրը, վարակուած քաղցկեղով, չարացած կը ծեծէր Շանթն ու իր քոյրը, եւ երբեմն ալ` իրենց հայրը:

Երախան կու գար դպրոց յաճախ դասերը չպատրաստած, երբեմն կորսնցուցած իր գիրքը կամ տետրակը, իսկ երբեմն ալ` անօթի մնացած կը բացակայէր դպրոցէն: Ուսուցիչները հերթով կը գանգատէին տնօրէնութեան Շանթին մասին: Ոչ մէկ խրատ օգուտ կ՛ընէր, ոչ ալ ծնողներէն ոեւէ արձագանգ կը լսուէր:

Ուսուցիչները, օր մը վհատած` ուսուցչական ժողովին կ՛առաջարկեն դպրոցէն վտարել Շանթը: Նորան ահաբեկածՙ ոտքի կը կանգնի եւ իր յուզումը զսպելով կը գոչէ .

- Անկարելի է որ այսպիսի տաղանդաւոր աշակերտ մը վտարուի: Ես պիտի պաշտպանեմ զինք մինչեւ վերջին շունչս: Եւ դուք բոլորդ իմացէք, որ վաղը Գալուստեանը պիտի հպարտանայ Շանթ Աւետիսեանով, ինչպէս դուք բոլորդ այսօր կը հպարտանաք Գառզուով...:

Եւ Շանթը կը շարունակէ աշակերտել Գալուստեան ազգային վարժարանէն ներս: Միեւնոյն ատեն Նորան Շանթը կ՛առնէ իր թեւերուն տակ եւ իր զաւկին` Ժիրայրին հետ միշտ կը տանի թանգարաններ, երգահանդէսներ, պալէ, սիմֆոնիք նուագահանդէսներ, թատրոն, ինչպէս նաեւ կը տրամադրէ արուեստի գիրքեր, որոնցմով արագօրէն կ՛աճին Շանթին ճաշակը ու գեղարուեստական հասկացողութիւնը:

Գալուստեանի աշակերտութեան օրերուն եւ անկէ վերջ Շանթը կը շարունակէ իր արուեստի ուսումնառութիւնը Նորա Իփեքեան-Ազատեանի անձնական սթիւտիոյին մէջ:

Սկիզբը, Շանթ կը մերժէ յաճախել սթիւտիոն, առարկելով որ իր ընտանիքը չի կրնար վճարում կատարել:

Շանթը, բացի իր նկարչական տաղանդէն, ունէր ինքնեկ ազնուական եւ իշխանական վեհանձնութիւն մը, որ վստահաբար անյարիր էր իր անմիջական ընտանիքի գռեհիկ բարքերուն հետ:

Ի վերջոյ համաձայնութիւն մը կը գոյացնեն ուսուցչուհիին հետ, որ Շանթը հոգ տանի փոքր աշակերտներուն, երբ Նորան զբաղած կ՛ըլլայ աւելի տարեց ուսանողներով, եւ այդպիսով հատուցած կ՛ըլլայ իր կրթավճարը:

Մեր ընտանիքը Պոստոն փոխադրուելէ վերջ, Շանթը միշտ կապի մէջ էր մեզի հետ: Ինք եւս փոխադրուած էր Մոնթրէալ, իր ընտանեկան պարագաներուն մօտ, որոնք այնքան ալ բարեացակամ չէին արդէն երիտասարդութեան սեմին գտնուող արուեստագէտին նկատմամբ: Կը գանգատէին որ Շանթը երկար ատեն գրաւած կը պահէր տան ճաշասեղանը եւ անվերջ կը զբաղէր «թուղթերը աղտոտելով»:

Ան սկսած էր աշխատիլ համեստ ճաշարաններու մէջ եւ օրը կ՛անցընէր շերտ մը հացին վրայ քեչափ կամ մասթըրտ քսելով:

Օր մըն ալ հեռաձայնէն լսուեցաւ անոր դողացող ձայնը .- Տիկ. Նորա ես անձնասպան պիտի ըլլամ... Նորան, առանց այլայլելու սկսաւ մայրական գորովանքով համոզել որ հրաժարի այդ մտադրութենէն: Ընդհակառակն, եթէ բաւարար դրամ ճարէր օթոպիւսով Մոնթրէալէն Պոստոն հասնելու` կրնային միասին խորհիլ իր ապագային մասին:

Շանթը եկաւ Պոստոն, մեր տան մէկ սենեակը վերածեցինք արուեստանոցի եւ ան անդուլ աշխատանքով սկսաւ նկարել ու պատրաստուիլ իր ցուցահանդէսին զոր խոստացած էինք կազմակերպել իրեն համար Պոստոնի Թէքէեան Մշակութային Միութեան սրահին մէջ:

Ցուցահանդէսը անցաւ փայլուն կերպով: Շանթը արտադրած էր հայկական շնորհալի պարուհիներու եթերային պաստառներ, ինչպէս նաեւ հայկական մոթիֆներով այլ գործեր:

Արդէն ապահոված էինք քանի մը հազար տոլար, որ բաւարար պիտի ըլլար իրեն ուսանելու Մոնթրէալի արուեստի ակադեմիային մէջ: Երեք տարուան դասընթացքները աւարտեց երկու տարիէն եւ օր մըն ալ աւետեց.

- Տիկ. Նորա, ստացայ ակադեմիայի վկայականս. բայց այս վկայականս կը պատկանի ձեզի: Եւ այնուհետեւ Շանթը երբեք չփախցուց առիթը իր երախտապարտութիւնը յայտնելու իր ուսուցչուհիին:

Իր արուեստի զարգացման իւրաքանչիւր հանգրուանին ան իր արտադրած գործերէն նմոյշներ կը ղրկէր իր ուսուցչուհիին, կարծէք արժանանալու համար անոր հաւանութեան, երբ արդէն իր տաղանդի աճումով ու համբաւով գերազանցած էր իր ուսուցչուհին:

Մոնթրէալէն ետք ան գնաց նաեւ Փարիզՙ անկէ եւս ստանալով պատուոյ վկայական:

Մեր ընտանիքը Տիթրոյթ փոխադրուելէն ետք դարձեալ կ՛այցելէր մեզի, տան մէջ նորոգութիւններ կը կատարէր, կը նկարէր` պատրաստուելու նոր ցուցահանդէսներու:

Մեր տան պատերը զարդարուած են Շանթի պատանեկան թէ հասուն շրջանի գործերով: Մանաւանդ` իր ընթերցումներէն քաղուած բանաստեղծութիւններով եւ փիլիսոփայական խօսքերով: Աշխարհի ո՛ր կողմն ալ ըլլար Շանթՙ կը հեռաձայնէր իր ուսուցչուհիին կիսելու համար նոր կարդացած գիրքերուն խոհերը, իր լսած երաժշտական նոր կտորները եւ համեստօրէն կը խօսէր իր գործունէութեանց մասին. Բրիտանական թանգարանի կողմէ իրմէ գնուած նկարին, Ուաշինկթընի Smithsonian Institute-ի իսլամական բաժնին մէջ իր ունեցած գործերէն, Սպանիոյ եւ Հոլանտայի իր ցուցահանդէսներէն, ուր երբեք չէր մոռնար յիշատակելու իր ուսուցչուհին: Առանց վրիպելու միշտ կը ղրկէր իր ցուցահանդէսներու քաթալոկները:

Համբաւը եւ դրամը միշտ հետապնդած են Շանթը եւ ինք զարմանալիօրէն խուսափած է անոնցմէ:

Ինքնամփոփ արուեստագէտ մըն էր որ ունէր իր աշխարհը: Քիչերու կը բացուէր եւ աւելի քիչերու կը թոյլատրէր որ մօտենային իրեն: Մայրական եւ արուեստագէտի համարում ունէր Նորային հանդէպ:

Գառզու աւանդական ուղիով զարգացուցած էր իր արուեստը, իր հոգեկան աշխարհագրութիւնը պարզելով պաստառին վրայ, ուր պարտուած թնդանօթներ կը խոկային ժամանակի մէջ եւ ուր փշոտ կիներու կերպարներ, փշոտ ծառեր եւ փշալարեր կ՛արձանանային այնտեղ:

Շանթը աւելի յառաջացաւ Անտի Ուորհոլի ուղղութեամբ: Այս վերջինը երբ պաստառի վրայ պարզեց Campbell soup-ի տուփը, ոմանք ենթադրեցին որ Քոլոմպոսի հաւկիթի առասպելը կը կրկնուէր, մինչդեռ ան ունէր փիլիսիփոյական տարբեր խաղ մը - արդի կեանքի սպառողականութեան (consumerism) գաղափարը կը փոխադրուէր արուեստի բնագաւառ:

Շանթը իր հերթին Եգիպտոսի հասարակութեան կենցաղային առօրեան կ՚ոգեղինացնէր իր արուեստով, նոյն ատեն վերստին մեկնաբանելով իսլամական եւ փարաւոնեան արուեստները, որոնք կու գային սահմանելու իր տաղանդին միջօրէականն ու իր ստեղծագործութեան դիմագծութիւնը:

Իր հիւանդութեան եւ շիջումի օրերուն կը հեռաձայնէր իր ուսուցչուհիին եւ փարատելու համար անոր մտահոգութիւնը` կը խօսէր իր առողջական բարելաւման մասին...

Որքան ցնցիչ եղած էր Շանթի տաղանդին յայտնաբերումը Նորային համար, նոյնքան ցնցիչ եւ շանթահարիչ եղաւ անոր մահուան անակնկալ գոյժը: Լալը բաւարար ամոքում մը չբերաւ անոր:

Անդենական աշխարհէն հիմա Շանթը կը նայի իր ետին թողած արուեստի գանձին եւ հպարտօրէն կը կանգնի Գառզուի կողքին, գուցէ քիչ մը աւելի բարձր անկէ` հասակով ու համբաւով:

Տիթրոյթ, ԱՄՆ

 
 

ԱԶԳ ՕՐԱԹԵՐԹ - ՄՇԱԿՈՒՅԹ #15, 19-04-2019

Հայկական էկեկտրոնային գրքերի և աուդիոգրքերի ամենամեծ թվային գրադարան

ԱԶԳ-Ը ԱՌԱՋԱՐԿՈՒՄ Է ԳՐԱՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

ԱԶԴԱԳԻՐ