ՅԱՌԱՋԴԻՄՈՒԹԻՒՆ ԴԷՊԻ Ե՞Տ ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ Աշխարհն ու մարդկութիւնը ատենը անգամ մը փոփոխութեան, վերափոխուելու կարիքը կը զգան, վերանորոգուելու եւ նոր թափ տալու համար իրենց կեանքին: Յաճախ փոփոխութիւնը կ՛ըլլայ հեզասահ ու հեշտընթաց, երբեմն ալ, ճիշդ հակառակըՙ հինին դէմ պայքարելով ու ոտնատակ ընելով հինին հետ կապուած ամէն ինչ, ինչպէս որ Գրիգոր Լուսաւորիչ եւ հետեւորդները վարուեցան, երբ Քրիստոնէութիւնը տարածելու սիրոյն, աշխատեցան հինին հետքը չձգել: (Մենք պատմութեան հմուտ եւ դասագիրքերու հեղինակ ուսուցիչ մը ունէինք, որ «Գրիգոր Խաւարիչ» կ՛անուանէր Լուսաւորիչը, քանի որ ան մեր հարուստ հեթանոսական մշակոյթը ոչնչացուցած էր, ըստ իրեն): Նոյնպէս վարուեցան նախկին Սովետական Միութեան անդամ երկիրները, 1990ական թուականներուն, ոչնչացնելով ամէն ինչ, որ Համայնավարութեան խորհրդանիշ էր, իսկ Երեւանի մէջ գլխաւոր հրապարակի Մերկուրովի ձեռակերտ Լենինի արձանը տապալեցին, երբ կրնային զայն թանգարան դնել որպէս պատմական արժէք: Այսպէս ալ պատահեցաւ ու կը շարունակուի պատահիլ գրեթէ բոլոր ասպարէզներու մէջ ալ, սկսեալ քաղաքականութենէ, մինչեւ կենցաղ, արուեստ եւ նոյնիսկ կրօն: Աշխարհի բոլոր երկիրներուն մէջ ալ գրանցուած յեղափոխութիւններն ու յեղաշրջումները միեւնոյն նպատակին ծառայած ենՙ վերանորոգում: Նկարչութեան, գրականութեան, երաժշտութեան, պարարուեստի, թատրոնի եւ այլ ասպարէզներու մէջ վերացականի, գերիրապաշտի եւ անհեթեթի շարժումները միեւնոյն բացատրութիւնը ունին: Մարդոց կենցաղին մէջ անարդուկ, պատառոտած զգեստները, նիստուկացի անյարգալից վիճակները, անխնամ, խռիւ մազերն ու մօրուքները, նոյնիսկ ճաշատեսակները, բոլոր-բոլորը յեղաշրջումի արդիւնք են, յեղաշրջումՙ երբեմն հինին վերադառնալով եւ երբեմն ալՙ հինին, օրինաւորին, գեղեցիկին դէմ պայքարելով: Վարակը հասած է աւանդապաշտ Անգլիոյ, մինչեւ իսկ անոնց արտաքին գործոց նախարար Պորիս Ճոնսընի մազերուն... Հայերս, որ ընդօրինակելու վարպետ ենք, վերջերս սկսած ենք, յանուն փոփոխութեան, յառաջ երթալու փոխարէն ետ երթալ: Սկսած ենք Հեթանոսական Հայաստանի ու Արեւապաշտութեան մասին գրառումներ կատարել, ոչ միայն գրառումներ կատարել, այլեւ ընդունիլ, որ Արեւապաշտներու հաւաքականութիւն կայ Հայաստանի մէջ, քուրմերով, հետեւորդներով, ծիսակատարութիւններով... Բնութիւնը ինք ալ ինքզինք կը վերանորոգէ ամէն տարի, սակայն տիեզերական կարգ ու կանոնով, ոչ թէ կամայական ու անմիտ: Բնութիւնը նոր զարթօնք կ՛արձանագրէ ամէն տարի: Զարթօ՛նքՙ ողջունելու նորը, ոչ թէ նահանջելու եւ վերադառնալու հինին: Աշխարհը անդադար յառաջընթացի մէջ է, տեղքայլն ու ետդարձը դէպի մահ կ՛առաջնորդեն: Մարդիկ հարկ է հասկնան, թէ ինչ կ՛ընեն, տասը չափեն, մէկ կտրեն, թէ ոչ կամաց-կամաց սղոցած պիտի ըլլան իրենց իսկ նստած ճիւղը: Փոփոխութիւնը պէտք է ըլլայ դէպի առաջ, քայլ պահելով գիտութեան եւ ճարտարագիտութեան սրարշաւ յառաջընթացին հետ: Հինին վերադարձը ոչ միայն նորը մերժել է, կամ կարօտի մղում է, այլՙ սնանկութեան ցուցանիշ, նոր միտք, նոր խօսք, նոր շարժում, նոր հեռանկար չունենալու փաստ: Շատ հետաքրքրական գիտաերեւակայական, արկածախնդրական շարժանկար մը կայՙ Back To The Future (Վերադարձ դէպի ապագայ), ուր ժամանակի մէջ ինքնաշարժով դէպի անցեալ ճամբորդողը կ՛ուզէ վերադառնալ դէպի ապագայ, այսինքն դէպի ներկայ: Իսկ ի՞նչ կոչելու ենք մերը, Forward To The Past ? (Յառաջընթաց դէպի անցե՞ալ): Կարծեմ տարածուեցանք: Փորձեմ ամփոփել. ամբողջ տիեզերական համակարգը եւ անոր մէջ մեր աշխարհը անդադար վերափոխման ու վերանորոգման գործընթացի մէջ են, պէտք է քայլ պահել զարգացումի ու յառաջդիմութեան հետ, ոչ թէ հոսանքն ի վեր թիավարել: Ներկայէն դժգոհելով անցեալ չեն վերադառնար, կը դիմեն դէպի ապագայ: |