ԵՐԿՈՒ ԳԻՐՔ ԱՖՂԱՆ ԳՐՈՂԷՆ ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ Վերջերս մէկ շաբթուան ընթացքին երկու գիրքի ընթերցում աւարտեցի, ընդամէնը մօտ 750 էջ: Երկու գիրքերուն հեղինակը նոյն անձն էՙ ամերիկացի-աֆղան գրող Խալէտ Հուսէյնի : Գիրքերը կը կոչուէին «Հազար չքնաղ արեւներ» եւ «Օդապարիկ թռցնողը»: Երկու գիրքերն ալ ԱՄՆ-ի մէջ «Լաւագոյն վաճառուող» (best seller) եղած են, եւ երկուքն ալ ֆիլմի վերածուած: Ես շատ արագ ընթերցող չեմ, որովհերեւ ընթերցումը պարտականութեան պէս չեմ ընդունիրՙ վայրկեան առաջ աւարտելու համար, այլՙ յաճախ կանգ կ՛առնեմ էջի մը վրայ, նոյնիսկ բառի մը վրայ ու կը փորձեմ լրիւ ընկալել բառը, կամ միտքը, կամ որեւէ տեղեկանք, պարզապէս իմ ընդհանուր զարգացման պահեստս նորութիւնով մը հարստացնելու համար: Երբեմն համաձայն չեմ ըլլար հեղինակին պարզած տեսակէտին, կանգ կ՛առնեմ եւ իմ տեսակէտս կը դնեմ հակառակ նժարին մէջ ու կը փորձեմ կշռել, կշռադատել: Երբեմն, գեղեցկօրէն տրուած պատկերի մը առջեւ կը յամենամ ու կը փորձեմ լիարժէքօրէն վայելել զայն, նոյնիսկ պատահած է, որ բարձրաձայն հիացական արտայայտութիւն ալ ունենամ: Երբ գիրքը իմս է, ֆոսֆորագոյն գրիչով կ՛ընդգծեմ կարեւոր բառ մը, կամ նախադասութիւն մը, զոր հաւնած եմ: Այս գիրքերուն պարագային, հետաքրքրութենէ մղուած ընթերցանութեան հեւքս շատ առիթ չընծայեց ընդգծումներ կամ գրառումներ կատարելու, սակայն աւարտեցի անոնց ընթերցումը լրիւ բաւարարուած, նոյնիսկ բարի նախանձով: Ես սիրած եմ մեր այն գրողները, որոնք իրենց ծննդավայրը ներկայացուցած են պատմուածքին կամ վէպին մէջ, գեղարուեստական վրձնահարումով ընդելուզուած դիպաշարին մէջ, առանց տեղեկագրութեան ցանցին մէջ իյնալու, այլՙ հիմնական թեմային շուրջ ընթացող դէպքերուն ու դէմքերուն որպէս ենթահող, միջավայր: Խալէտ Հուսէյնի այս իմաստով մեծ վարպետ է, երբ այնպիսի մանրամասնութիւններ կը յիշէ, որոնք կրնան աւելորդ նկատուիլ այն ընթերցողներուն կողմէ, որոնք հետաքրքրութենէ մղուած կ՛ուզեն վայրկեան առաջ գիտնալ իրադարձութիւններուն ընթացքն ու աւարտը: Խալէտ Հուսէյնին ծնած է Քապուլի մէջ, 1965-ին: 1978-ին սովետական բանակի Աֆղանիստան ներխուժման պատճառով, ընտանիքը 1980-ին ԱՄՆ կը փոխադրուի որպէս քաղաքական ապաստանեալ: Երկրորդականի ուսումնառութիւնը աւարտելէ ետք, սկիզբը կը մասնագիտանայ կենսաբանութեան գծով, ապա Սան Տիէկոյի բժշկ. Համալսարանը կը յաճախէ ու կը վկայուի որպէս ներքին հիւանդութեանց բժիշկ, սակայն իր գրական նախասիրութիւնը կը մղէ զինք իր մանկութեան ծննդավայրին մէջ կուտակած ամբողջ յուշերը որպէս ատաղձ օգտագործէ, գրելու համար իր առաջին վէպըՙ «The Kite Runner» «Օդապարուկ թռցնողը», որ լոյս կը տեսնէ 2003-ին ու անմիջապէս կը դառնայ «best seller», իրեն ապահովելով աննախընթաց վարկ մը: Քաջալերուած այս յաջողութենէն, կը գրէ իր երկրորդ վէպըՙ «A Thousand Splendid Suns» (Հազար չքնաղ արեւներ) 2007-ին եւ « And The Mountains Echoed» (Եւ լեռները արձագանգեցին) 2013-ին: Իսկ 2018-ին լոյս կը տեսնէ իր չորրորդ վէպըՙ « Sea Prayer» (Ծովի աղօթք): Աֆղանիստան տարիներէ ի վեր պատերազմներու, յեղաշրջումներու, իրարամերժ իսլամական ծայրայեղ խմբաւորումներու պայքարի թատերաբեմ դարձած է, յատկապէս սովետական բանակի ներխուժումին ընթացքին, ապա անոր քաշուելէն եւ ամերիկեան բանակին մուտք գործելէն ետք, երբ ամերիկացիները եկան կռուելու «Թալիպան» կոչուած իսլամ ծայրայեղական կազմակերպութեան դէմ, որ շրջան մը իշխանութեան տիրանալով, երկիրը վերադարձուցած էր խաւարի տիրապետութեան դարերուն, պայքարելով զարգացումի եւ նորարարութեան դէմ, քանդելով պատմական կոթողները, հաստատելով իսլամական «Շարիաթի» պատժական օրէնքները, ինչպէս գլխատում, անդամահատում, քարկոծելով սպանութիւն եւ նման անմարդկային պատժամիջոցներ: Աֆղանիստանը աշխարհի թմրամիջոց աֆիոնի 90% կ՛արտադրէ իր անծայրածիր կակաչի դաշտերով: Թալիպանները, իսլամական կրօնը դէմ ըլալով թմրամիջոցներուն, կը ջանան փճացնել զանոնք: 2001-ին, երբ Նիւ Եորքի զոյգ երկնաքերները ռմբահարուեցան, ԱՄՆ հակաահաբեկչական արշաւի մը ձեռնարկեց ու իր բանակային միաւորները մտան Աֆղանիստան: Եկան Թալիպանին դէմ կռուելու եւ չձգելու, որ փճացնեն կակաչի դաշտերն ու աֆիոնի արտադրութիւնը... (Իսկական «մարդասիրական» խաչակրութիւն...) Եւ այս քաղաքական խառնարանին մէջ, որ հեռու չէ դժոխք կոչուելէ, տեղացիները ապրեցան ու տակաւին կ՛ապրին իրենց կեանքի ամենաթունաւոր ու խաթարուած օրերը: Հեղինակը այնքան հարազատօրէն կը նկարագրէ տեղի ունեցածները, որ ընթերցողը կը փշաքաղի, մասնաւորաբար, որ այս հսկայ տարածութեամբ երկիրին մասին գրեթէ ոչինչ գիտենք, միմիայն օրընդմէջ լրատուութեանց հաղորդած պատերազմական ու ահաբեկչական գործողութիւններու լուրերով գաղափար մը կը կազմենք, երբ այս ժողովուրդն ալ ունի իր բարոյական եւ կենցաղային իւրայատկութիւնները, իր թապուներն ու, նաեւ, ազատ մտածողները: Երկու գիրքերն ալ զուրկ չեն ցնցող տեսարաններէ, որոնք նողկանքի կողքին չարը վերացնելու վրէժխնդրութեան զգացումներու կը մղէ նոյնիսկ հեռաւոր ընթերցողը: Այս պատկերներուն զուգահեռ կան նաեւ մարդկային, բարի վերաբերմունքի գեղեցիկ դրսեւորումներ, որոնք կու գան բարի տրամադրութեամբ համակելու մեզ: Երկու գիրքերն ալ անգլերէնէ թարգմանուած էին Մարիա Սաթոյեանի կողմէ եւ բաւական հարազատօրէն, ինչ որ սահուն կը դարձնէ ընթերցումը: Աֆղանիստանը դեռ չէ գտած իր վերջնական խաղաղութիւնը, քանի որ հակամարտ ոյժերը դեռ վար չեն դրած իրենց զէնքերը: Ամերիկան կը պատրաստուի քաշել իր բանակային միաւորները երկրէն, թէեւ մարդկային ու զինական բաւական վնաս կրած քսանամեակի ընթացքին, սակայն կակաչներէն ալ բաւական «բուրմունք» քաշած: Թարգմանուած գիրքերու տպագրութիւնը «Զանգակ» հրատարակչատունը իրագործած է: Ընթերցասէրներուն կը թելադրեմ անպայման կարդալ զանոնք: |