ՍԻՐԱՆ ՍԵԶԱՆ ՍԱՐԳԻՍ ՎԱՀԱԳՆ Ծննդեան 110-ամեակին առիթով Իր ներկայութիւնը ինքնին երեւոյթ մըն էր Պէյրութի մշակութային եւ ընկերային կեանքէն ներս: Իր զօրաւոր անհատականութեան դրոշմը կարելի չէր անտեսել: Հոն ուր լճացում կար կամ թերացումՙ իր ընդվզումի ձայնը անպայման կը հնչէր: Եւ ասիկա ոչ միայն իր լրագրողի հանգամանքով, այլեւ կեանքի, առօրեայի հոլովոյթին մէջՙ որպէս նկարագրի էական երկրորդ բնութիւն: Անհանդուրժող էր մանաւանդ կեղծիքի եւ շողոմանքի երեւոյթներուն հանդէպ: Ճշմարտութեան իր մատնանշումները, շատ անգամ, անհանգիստ կը դարձնէին, իրենց համբաւին վրայ գուրգուրացող կարգ մը տարեկից գրողները: Այս առնչութեամբ, կը յիշեմ Պէյրութի «Սայեաթ Նովա» ճաշարանին մէջ, լիբանանահայ գրողներու մէկ հոծ հաւաքը, ուր երէց եւ նորահաս գրողներու սերունդը, շնորհիւ ֆրանսահայ գրող Զարեհ Որբունիի նախաձեռնութեան, առաջին անգամ ըլլալով հաւաքուեր էին հիմը դնելու գրական լայն միութեան մը: Անկիւն մը, մեկուսի նստեր էին գաղութին երէց գրողներու ծանօթ եռեակը: Անշուշտ խօսքի նախապատուութիւնն ալ անոնց տրուեցաւ: Բայց զարմանալիօրէն, փոխանակ գործնական եւ շինիչ առաջարկներ բերելու, անոնք, խօսքը իրարու բերնէն խլելով, սկսան պատմել իրենց երիտասարդական յուշերը, զանոնք գունազարդելով կարօտաբաղձութեան շղարշով եւ անդադար իրարու դիմելով կը կրկնէինՙ «Կը յիշե՞ս այսինչ... կը յիշե՞ս այնինչ ...» յանկերգերը: Յանկարծ, այդ հովերգութիւնը կտրուկ ընդմիջուեցաւ. Տիկին Սեզան էր, ընդվզած, բացագանչեց. «Ի՞նչ կը գրգռէք անցեալի յուշերու մոխիրները, որոնց մէջ կային այնքան քէն ու մախանք: Դուք նոր խօսք ըսէք նոր կացութեան մասին: Ուրախութեամբ հոս կը տեսնեմ ներկայութիւնը բազմաթիւ երիտասարդ գրողներու, որոնք ձեզմէ կը սպասեն քաջալերանքի խօսքեր ու յառաջընթացի ցուցմունքներ: Անոնք եկած չեն ունկնդրելու ձեր եսերուն ինքնագովութիւնը: Իսկ ձեզմէ ո՞վ հետաքրքրուեցաւ անոնցմով, ո՞վ սատարեց անոնց կազմաւորումին: » Դէմը պապանցումն էր Զաքարիային: Յաջորդ ժողովին անոնք ոչ միայն չեկան, այլեւ կարծեմ իրենց պաշտպան կուսակցութիւններուն միջոցաւ ականահարեցին միութեան գաղափարը: Ուզեցի հոս շեշտել տիկին Սեզային այս խիստ իւրայատուկ նկարագրին գիծը, որ դժբախտաբար այնքան պակսած էր ուրիշ շատ մը երէց գրողներու մօտ : Ան դարձեր էր մեր գաղութին խղճմտանքին անլռելի ձայնը, որ լսելի դարձաւ խօսքով, գրիչով, բեմերէն եւ մանաւանդ իր արժէքաւոր գրականութեամբ, մատուցուածՙ շքեղ հայերէնով մը, եւ ճկուն, նրբին, պատկերալից ոճով մը գեղապաշտ: Ան ծնաւ պոլսահայ զարգացած ընտանիքի մը յարկին տակ, ուր արդէն բանաստեղծութիւնը կը թեւածէր տիրական, յանձին իր եղբօր, մեր վերջին քնարերգակ եւ գերզգայուն բանաստեղծ Մատթէոս Զարիֆեանին: Ան սնեցաւ գեղեցիկի եւ ներդաշանակութեան այդ մթնոլորտին մէջ, ինչպիսին էր նաեւ անցեալ դարասկիզբին պոլսահայ գրականութեան ծաղկեալ վիճակը, եւ, բնականաբար, ինք ալ բացուեցաւ գրականութեան, նախընտրելով արձակ պատմուածքի սեռը, անոր տալով սակայն քնարական շունչ, երազանք ու սլացք: Իր պատմուածքները նախ լոյս տեսան «Հայրենիք», «Նաիրի» եւ այլ ամսագրերուն մէջ, 1926-էն սկսեալ, եւ հատորի վերածուեցան շատ աւելի ուշՙ 1959-1960 թիւերուն, Պէյրութի մէջ, «Պատնէշը», «Մեղաւորուհին» եւ «Հեքիաթներ» խորագիրներով: Իր գրական վաստակը ձեւաւորուեցաւ երեք հանգրուաններով: Առաջին շրջանը գրուած է գեղեցիկի ընկալչութեամբ, հեքիաթային աշխարհ մը հաղորդական դարձնելու միտումով: «Կակաչներու իշխանուհին», «Մեղաւորուհին», «Զենոպի», «Շամիրամ», «Աղաւնիւներու քարայրը», «Շէրիֆի» եւ այլ պատմուածքներ կը յատկանշուին իրենց քնարական շունչով եւ նրբահիւս ոճով: Անցեալի եւ իր ժամանակի կանացի դէմքերու ապրուած տրամաները պատկերուեցան արձակ բանաստեղծութեան կաղապարումով, տեսակ մը շարունակելով պոլսահայ կին գրողներուՙ Սիպիլի, Մաննիկ Պէրպէրեանի, Եւփիմէի մօտայիկ ու պչրագեղ գրականութիւնը: Իր առասպելական կամ առօրեայ համեստ հերոսուհիները ընդհանրապէս կը ներկայացուին որպէս խաբուած սիրոյ, մերժումի եւ լքումի զոհեր: Այս շրջանին իսկ, Սեզայի մօտ զգալի կը դառնայ լեզուի վայելչագեղութիւնն ու թարմատի շունչը: Ինքնատիպ է իր ընկալումով եւ հայեցողութեամբ: Իր նպատակը ֆեմինիզմի ջատագովութիւնը չէ միայն, այլՙ կիներուն ճանչցնել կիներու բարդ եւ զգայուն հոգեկան աշխարհըՙ որպէս ինքնաճանաչում: Այս շրջանին իսկ, շնորհիւ Սեզային, մեր գրականութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով մուտք կը գործէ Լիբանա՛նը: Մանաւանդ, անոր լեռնաշխարհըՙ նախ իր խորհրդաւորութեամբ եւ ապա իր հրաշագեղ բնութեամբ, հպարտ ու քաջարի մարդոցմով եւ տոհմիկ, հայկականը այնքա՜ն յիշեցնող բարքերով, ինչպէս, օրինակի համար, կուժերը ուսերնունՙ աղբիւրը ջուրի գացող նազելաճեմ դրիւզ աղջիկներով ու հարսերով, միշտ պահելով երազայինի շղարշեայ բնոյթը: Այս օրերու ակնոցով դիտած, գուցէ միամիտ ու պարզունակ թուի այս գնահատականը: Բայց մի մոռնաք, որ Էռնեսթ Ռընանի եւ Մորիս Պարէսի նման հռչակաւոր ֆրանսացի գրողներ, տարբեր երանգներով չէր որ ներկայացուցին այդ օրերու Լեռնալիբանանը: Սեզայինը սակայն, պատահական սէր մը չէր. տէրզօրեան անդոհանքէն ետք, մեր ժողովուրդին ուղեկորոյս մնացորդացը յանկարծ ապահով կայք կը գտնէր Լիբանանի մայրիներուն հովանիին տակ: Եւ կարծեմ շնորհիւ այդ նմանութիւններուն է որ, շուտով կ՛ընտելանար նոր միջավայրին: Կորսուածին կարօտը հիմնական դեր կը կատարէր: Առաջին ակնարկին դիւրահաւանութենէն ետք սակայն, կեանքի նոր պայմաններն ու դէպքերը կը թելադրէին տարբեր մօտեցում, ռոմանթիզմէն դէպի իրապաշտութիւն անցումով: Մնացորդացին կարեւոր մէկ զանգուածը, տակաւին կը տուայտէր թշուառութեան, թիթեղաւան կոչուած աղտեղութեան մէջ, իսկ միւս զանգուածն ալ, մեր որբերը, այլազան միսիոնարական եւ բարեգործական որբանոցներու մէջ, տակաւին ենթակայՙ ֆիզիքական եւ հոգեբանական այլատեսակ զրկանքներու եւ ցնցումներու, անձկութեամբ կը սպասէր նոր տնօրինումներու: Այս մարզէն ներս ալ, Սեզան առաջիններէն հանդիսացաւ այդ իրավիճակը մատնանշող, պախարակելով անմարդկային վարուելակերպն ու պատուելիական կեղծիքը այդ հաստատութիւններուն: Իր «Անո՛նք» խորագիրով վիպակը յատկանշանական է բովանդակութեան, ոճի եւ ընկալումի նորութիւններով: Հոն լեզուի եւ ոճի պչրագեղ սեթեւեթանքը անհետացած է արդէն, իսկ կեանքի դաժան տնօրինութիւնը վանած է ընդմիշտ ռոմանթիք զգայնութիւնները, տեղի տալով իրապաշտ մօտեցումին եւ դիտարկումին: 1925-ական թուականներու հողմացրիւ հայութեան կենդանի վաւերաթուղթն է ան ամէն բանէ առաջ: Այդ վիպակով, Սեզա գրականութեան կը բերէ մնացորդացին տիպական չորս կերպարները որոնց կեդրոնական երկուքը որբեր են, կենդանի, ապրող գիծերով վրձինուած: Սիրարփի եւ Օննիկ, արդէն նորահաս չափահասներ, կը սիրեն զիրար: Այդ սէրը տոկալու եւ յարատեւելու իրենց միակ կռուանն է: Սակայն չես գիտեր ո՞ր մէկ անգութ ուղեղին որպէս ծնունդ, կ՛որոշուի «ծախու» հանել որբուհիները, որդեգիրի կամ ամուսնութեան կարծեցեալ պիտակումներով, բայց իսկութեամբՙ որպէս սպասուհիներՙ հարուստ տուներու մէջ: Սիրարփին «կ՛որդեգրուի» հարուստ երիտասարդ այրիի մըՙ տիկին Նեվրիկի մը կողմէ, որ «բարեսիրաբար» զինք կը գործածէ որպէս սպասուհի: Սակայն տիկինը, տակաւին իր կանացիութեան վերջին փուլերուն մէջՙ նոր սիրահարի մը կամ ամուսին մը ձեռք ձգելու յաւակնութիւններ սնուցանելով, երբ կ՛իմանայ իր մէկ հեռաւոր երիտասարդ զարմիկին գալուստը իր մօտ, կը գիտակցի որբուհիին գեղեցկութեան եւ կը ծրագրէ որբուհին ամուսնացնել թաղի մէկ համեստ եւ տարիքոտ նպարավաճառին հետ, ձերբազատուելու համար վտանգաւոր մրցակիցէ մը: Բայց Սիրարփի կը մերժէ եւ կը նախընտրէ վերադառնալ որբանոցի դժխեմ պայմաններուն, քան թէ ամուսնանալ չսիրած անձին հետ: Սիրարփիի եւ Օննիկի ամուսնութեամբ, Սեզան նաեւ կը սեւեռէ հայ նոր ընտանիքին վերընձիւղումը, ինչ փոյթ թէ օտար ափերուն վրայ, այն առաւելութեամբ որ, ինչպէս պիտի նախատեսէր հեղինակուհին Սիրարփիի բերնով. « Հայրենիքին այսքան մօտիկը, գրեթէ անոր եզրին, շուտով կը բազմանանք: Առողջ, կտրիճ, աշխատասէր սերունդ մը կը բաւէ մեր տառապանքներուն վրէժին համար»: Ի պատիւ Սեզային պէտք է շեշտել, թէ ան շատ կանուխէն հեռազգաց Հայրենիքի մը ֆիզիքական գոյութեան յոյժ կարեւորութիւնը եւ փարեցաւ նոր Հայաստանին, եւ աստանդական հայութեան փրկութեան փարոսը նկատեց զայն, փոխանակ «հոգեկան» երեւակայական հայրենիքի մը անորոշ բաւիղներուն մէջ զառածելու: Վկայՙ նաեւ իր « Գաղթականին տղեկը» գողտրիկ պատմուածքը, ուր հայ գաղթական տղեկին կրած նուաստացումները իր օտար թաղեցի ընկերներէն կը խոցոտեն անոր մատղաշ հոգին: Բայց մայրը պայծառատեսութիւնը կ՛ունենայ տղեկին վհատած աչքերուն առջեւ պարզելու նոր Հայաստանի ներշնչող յոյսը: Այս բոլորով, Սեզա գրողը իր հիմնական նկարագրի գիծերով եւ կոչումի տեսլականով եղաւ ու մնաց վտարանդի հայութեան հոգերով ու ցաւերով տոչորուող, նաեւ անոր վերածնունդին հաւատացող եւ նպաստող նուիրեալը: Այս առաքելութեան կողքին նաեւ ան եղաւ զտարիւն արուեստագիտուհի գրող, որ խորացումով եւ նրբութեամբ միանգամայն, գեղաճաշակ իր հայերէնին ուժականութեամբ պեղեց հայ եւ արաբ կիներու բազմածալք ներաշխարհն ու մտածումի ոլորտները եւ վերակերտեց իր կանացի սքանչելիօրէն քանդակուած տիպարներըՙ «Շրջապատ», «Եասմինա», «Պատնէշը», «Անբացատրելին», «Լուիզ Մահտէսեան», եւ «Մեղաւորուհին» գեղակերտ պատմուածքներով: Իւրաքանչիւրըՙ իւրայատուկ կացութեան մը եւ հոգեխառնութեան մը ներքին տեսադաշտը պարզող: Սէրը հոն գերիշխան թեմա է, իր բուռն թափով, նուիրուածութեամբ, քնքշութեամբ, երանութեամբ, նաեւ կիրքով ու նախանձով, վերջապէս մարդկային բոլոր զգացական տեսականիով կենդանացած: Իրեն համար, սիրելն ու սիրուիլը կանացի էական ու բնատուր պահանջ մըն է, հոգեկան աշխարհը ազնուացնող ու հարստացնող, որ սակայն յաճախ բախելով կարծր եւ անգիտակից շրջապատի մը նախապաշարումներուն, դրամի եւ անհասկացողութեան պատնէշներուն, կը կազմալուծուի եւ տեղի կու տայ ողբերգութեան, ինչպէս «Լուիզ Մահտէսեան», «Պատնէշը» եւ «Մեղաւորուհին» խորագիրով պատմուածքներուն մէջ: Մինչ «Անբացատրելին» պատմուածքի հերոսուհին իր անտեղի կասկածանքով եւ նախանձի իր հիւսած սարդոստայնով կը քանդէ իր եւ ամուսինին երջանկութիւնը: Խաբուած, պատրանաթափ եղած սիրոյ զոհեր են իր հերոսուհիները ընդհանրապէս, բայց անոնք մեր գութը չէ որ կը շարժեն, այլ կը խլեն մեր խոր համակրանքն ու հիացումը, հեղինակին կողմէ իրենց տրուած հոգեկան հարուստ աշխարհին շնորհիւ եւ մանաւանդՙ սեզային նրբահիւս արուեստին հմայքով: Բնականաբար, կանացի կազմախօսութեան դիւրազգածութեամբ օժտուած Սեզան չէր կրնար տարբեր մօտեցում ցուցաբերել: Հետեւաբար իր իրապաշտութիւնն իսկ զգեցաւ զգացական տարազ, որմով ան թափանցեց հոգիներէն ներս, նրբութեա՛մբ, ճշգրտութեա՛մբ եւ հարազատութեա՛մբ,- ոչ մեկ հոգեախտաբանական տեսութիւն ձեւաւորելով,- այլ պարզապէս մարդկային հոգիին այն գաղտնի ծալքերուն մութն ու լոյսը յայտնաբերելով: Ահաւասիկ նմոյշ մը միայն ՙ Սեզային կանացի աշխարհին բնորոշումներէն: - «Ամէն կին պաշտպան մը կ՛ուզէ: Մէկը, որուն վստահի քաղցրութեամբ, բարութեամբ: Մի՛ հաւատաք մեր արհամարհանքին. մութին մէջ լացով երգող երախաներ ենք մենք: Որքան լրիւ ըլլայ կանացիութիւնըՙ այնքան աւելի տանջող է պահանջը: Ընկեր մը, բարեկամ մը, եղբայր մը: Ու յաճախ, խանձուած թեւերով կ՛իյնանք կիսամեռ: Այրերը չեն հասկնար մեզ, չեն ներեր: Պատրանախաբ կիներու հէքիաթին չեն հաւատար անոնք: Անոնցմէ շատերուն համար կինը միջոց մըն է ճոխացնելու իրենց սեփական կեանքը, հերոսանալու իսկ: Կը սիրե՞ն, կ՛ատե՞ն. ո՞վ գիտէ: Նոյնիսկ կը սպաննեն եւ կը սպաննուին, բայց երբեք չեն փորձեր ըմբռնել մեզ: Իսկ մե՞նք: Մեր կեանքին ազնուագոյն մասը շռայլօրէն կը նուիրենք անոնց: Ու երբ մեր երիտասարդութիւնը, մեր գեղեցկութիւնը թարշամի ագահ, անփոյթ մատներու տակ, երբ ալ բան մը չունինք տալիք, անոնք կը վերսկսին իրենց փորձը, մինչեւ որ իրենք ալ իյնան պարտասած: Ա՜հ, թշուառութիւնը մարդերուն: Ի՞նչպէս կը վատնենք մեծագոյն գանձը զոր տիեզերքը կը շնորհէ մեզի»: Այսքա՜ն սրտբաց եւ քաջ մատնանշումՙ հիմնական պատգամն է զոր կանացի հարցով կը թելադրէ Սեզա, հեռու ֆեմինիստական աժան քարոզչութենէ, վասն մարդկային երջանկութեան եւ հաւասարակշռուած ընկերային արդարութեան: Իր տեղը սփիւռքահայ գրականութեան մէջ կը մնայ արդար եւ պատուաբեր պատուանդան մը որպէս, գեղեցիկի նուաճումով եւ կանացի նրբազգածութեամբ օժտուած: Յարգանք իր անթառամ յիշատակին: Գլենդեյլ, ԱՄՆ |