«ԳՐԱԿԱՆ ՀԱՄԱՍՏԵՂՈՒԹԻՒՆ» ՄԱՐՈՒՇ ԵՐԱՄԵԱՆ Լսեր էի այս գիրքին մասին, բայց տեսած չէի մինչեւ օրս: Սփիւռքի հարցերէն մէկն ալ – եթէ կարելի է հարց որակել երեւոյթը – այն է, որ գաղութները իրարմէ այնքան ալ լուր չունին, տեղեակ չեն մանաւանդ, թէ ո՛ւր ի՛նչ գիրք լոյս տեսած է. լաւագոյն պարագային «ստացանք» մը կ"երեւի թերթի մը մէջ, բախտաւոր հեղինակի մըն ալ գիրքը կրնայ գրախօսուիլ, եւ այդքան միայն: Նոյնն էր պարագան Սարգիս Վահագնի 2008 թուականին Լ.Ա.ի մէջ լոյս տեսած «Գրական համաստեղութիւն»ին, որ, հիմա կրնամ հաստատել, արդարացի խորագիր է գիրքի մը, որ միջազգային թէ հայ գրականութենէն կարեւոր անուններու յոյլ մը կը ներկայացնէ: Ողջունելի է գիրքին բաժանումըՙ ոչ թէ «սփիւռքահայ» եւ «հայրենի» գրագէտներ, այլՙ Ա. մասՙ Քնարական, Միջազգային բանաստեղծներ, Բ. Մասՙ Դիմաստուերներ եւ գրախօսութիւններ արձակի, եւ Գ. Մասՙ Այլազանք: Ներկայացուած են 33 հայ եւ 4 միջազգային հեղինակներՙ 18 բանաստեղծներ եւ 15 արձակագիրներ, իսկ Այլազանք բաժնին մէջ կը ներկայացուին ծաղրանկարիչ Ալեքսանդր Սարուխան իր «Ընկեր Փանջունի»ով, նկարիչ Արշիլ Կորքին (Ոստանիկ Ադոյեան) եւ քանդակագործ Բիւզանդ Մէյմարեան: Գրութիւն մըն ալ նուիրուած է մտաւորականութեան եւ անոր դերին: Այս վերջին գրութիւնը հեռու արձագանգ մըն է Վազգէն Շուշանեանի «Ո՞վ է մտաւորականը» յօդուածին եւ կը փորձէ ժամանակին համեմատ նոր դեր մը տալ մտաւորականին: Ս. Վահագն իրաւունք ունի «արագութեան, ճարտարագիտութեան եւ ուրեմն նիւթապաշտութեան անողոք ծաւալումի» այս դարուն վերատեսութեան ենթարկելու մտաւորականի կերպարն ու բառը ինք, եւ նոր ժամանակներու յարմար նոր դեր մը տալու անոր. որովհետեւ այնքա՜ն թեթեւօրէն սկսած ենք օգտագործել այս ծանրակշիռ բառը... Հեղինակը այստեղ մատը կը դնէ իրապէ՛ս համաճարակի տարողութիւն ստացած այլ երեւոյթի մըՙ «շքանշաններու տուչութեան» վրայ եւ կ"ըսէՙ «ե՞րբ ունեցեր ենք շքանշաններու այսքան առատութիւն»: Եւ կը նշէ մտաւորականին առաջին պարտաւորութիւնըՙ մեր ազգային տաճարին եւ տան մաքրագործումը, որովհետեւ «միայն ան (մտաւորականը) ունի բարոյական կշիռն ու գրիչի եւ խօսքի հզօր զէնքերը»: Սակայն հեղինակը չ"ըսեր, թէ նիւթի տիրապետութեան այս օրերուն, մտաւորականը ինչպէ՞ս պիտի կարենայ մնալ մտաւորական իր բարձունքին վրայ, որովհետեւ այս դարուն չենք կրնար սպասել մեր մտաւորականներէն, որ ապրին անցեալ դարու չափանիշերով, բայց ազգին ծառայեն ա՛յս դարէն եւ ա՛յս ժամանակներէն ծնած հարցերուն լուծումներ գտնելու համար: Գիրքին հետաքրքրական գրութիւններէն մէկը Արմէն Լիւպէն-Շահան Շահնուրի բանաստեղծութեան նուիրուած բաժինն է: Շահնուր հայերէնով միա՛յն արձակ գրած է, իսկ ֆրանսերէնովՙ միա՛յն բանաստեղծութիւն: Կը կարծենք, որ այս երեւոյթը կը խարսխուի հոգեբանական խորունկ հէնքի մը վրայ, որ մինչեւ այսօր ուսումնասիրուած չէ լիարժէք կերպով: Այս գրութիւնը կրնայ սկզբնակէտ որպէս ծառայել սպասելի ուսումնասիրութիւններու համար: Ս. Վահագն ինք թարգմանած է Շահնուրի քերթողական երկը, «Շուրջըՙ ոչինչ» խորագրով: Այստեղ իր շահեկանութեան համար կը մէջբերեմ հատուած մը այդ գիրքին յառաջաբանէն, ուր յստակօրէն կը յիշուին մեր մեղքերը Շահնուրի հանդէպ. «Անկե՛ղծ ըլլանք: Խոստովանինք այնՙ ինչ որ տարիներով, ներքնապէս գոնէ, լռեր ենք մենք մեզի, ջանացեր պահել, քօղարկել զայն մեր զգացական գաղտնարաններուն մէջ. այսպէ՛ս, բնա՛ւ չներեցինք Արմէն Լիւպէնին, մեզմէ մեր անկրկնելի Շահան Շահնո՛ւրը վաղաժամօրէն խլած ըլլալուն համար: Ձեւով մը քէն պահեցինք անոր դէմ: Անգիտանալ ձեւացուցինք անոր ֆրանսերէնով գրուած սքանչելի քերթողութիւնը, մինչ անդին, ազգովին արդարօրէն կը հպարտանայինք Ուիլեըմ Սարոյեանի անգլերէն նուաճումներով կամ նոյնիսկ հայութիւնը ուրացող Հանրի Թրուայայի մը հայութեան հետ ոչինչով առնչուող միջակութիւններով: Պատճառը այս մեղանչումինՙ սխալ մեր ա՛յն մտածողութիւնն էր, թէ Շահան Շահնուր, յուսախաբ եղած հայութենէն եւ անոր գրական գրեթէ անգոյ մակարդակէն, ինչպէս նաեւ հայ գիրքին նկատմամբ ունեցած անտարբերութենէն, վերջապէսՙ հայ իրականութեան ախտավարակ կռուըտուքներէն, քէն ու մախանքէնՙ որպէս թէ «շահադիտական» նկատումներով կ"անցնէր ֆրանսական վաճառաշահ շուկային, հոն փառք ու հռչակ ու նիւթական ապահովութիւն փնտռելով: Բնա՛ւ չուզեցինք կամ չկրցանք պահ մը կասկածիլ, թէ կրնար միայն ու միայն ներքին պահանջի մը արդիւնքը ըլլալ այդ անցումը ֆրանսական սքանչագեղ պառնասէն ներս, վաղուց ներմղուած ինքնութեան մը անզսպելի մէկ բացայայտումըՙ որմով ան, բանաստեղծական իր ինքնութիւնը ձեւաւորել եւ դրսեւորել ուզած էր, եւ ազատ ասպարէզ ընձեռելՙ փարիզեան նոր միջավայրի հմայքին ազդեցութեամբ իր մէջ արդէն հասունցած քերթողական բարձրաճաշակ խմորումներուն ու թռիչքներուն, որոնք դժուար թէ հաղորդական ըլլային այդ օրերու եղեռնապուրծ մեր ներամփոփ հասարակութեան»: Այլ հետաքրքրական գրութիւն մըն է Զարեհ Որբունիին նուիրուած բաժինը, որ «Վերջին մոհիկանը» խորագրուած է: Դիպուկ է հեղինակին այն խօսքը, թէ «շլացած Շահնուրի պատկերագեղ ոճին շքեղանքէն եւ տարուած Շուշանեանի տրտմագեղ ու զեղուն քնարականութեամբ, մեզի չտրուեցաւ անոր անպաճոյճ արտաքին պարզութեան տակ տեսնել ու ըմբոշխնել ներհուն խորութիւնը իր գրականութեան» : «Գրական համաստեղութիւն»ը շահեկան է այն իմաստով, որ սովորական ընթերցողին համար կը բանայ երկերու ներքին ծալքերը, մատչելի եւ դիւրընկալելի ձեւով, առանց երկարաշունչ ուսումնասիրութիւններու բարդութեան: Այսպէս է, որ Չարենցի եւ Թէքէեանի նման հեղինակներ – որոնց երկերուն շուրջ հիւսուած ուսումնասիրական գրութիւնները կը գլեն կ"անցնին անոնց երկերուն թիւը – կու գան իր գրիչին տակ եւ իրենց «գաղտնիքները» կը բանան: Պէտք է նշել նաեւ, որ հայ թէ միջազգային գրականութեան լաւագոյն անուններուն կողքին տեղ գրաւած են նաեւ քիչ մը անծանօթ անուններ, որոնց ներկայութիւնը բացատրուած չէ, որովհետեւ գիրքը անոնց ընդգրկուիլը պարզաբանող կամ արդարացնող յառաջաբան մը չունի: Կարելի է սակայն հասկնալ Ս. Վահագնի մտահոգութիւնը այս առնչութեամբՙ տեղ տալ քիչ ծանօթ հեղինակներու նաեւ, զանոնք մոռացումէ փրկելու եւ անոնց աշխատանքն ու կեանքի նուիրումը գնահատելու ազնիւ առաջադրանքով: Սպասելի էր, որ ներկայացուած գրութիւններուն մէջ, ներբողներու կողքին ըլլային նաեւ նշումները այն կարգ մը թերութիւններուն, որոնք հեղինակի մը գործը խոցելի կը դարձնեն: Այսպէսով գիրքը պիտի աւելի ծանրակշիռ դառնար, սովորական ընթերցողը ճիշտ կերպով կողմնորոշելու համար, որովհետեւ յաճախ այնպէս է, որ ընթերցողը կ"ուզէ գործ մը կարդալ, բայց «չի կրնար» ու կը գանգատիՙ «չեմ գիտեր ինչո՛ւ չեմ կրնար այս գործը կարդալ եւ հաճոյք ստանալ անկէ»: Երբ կարգ մը խոցելի կէտեր բացատրուին, ընթերցողը կրնայ «հասկնալ» եւ կողմնորոշուիլ: Այս մէկըՙ միայն ներբողներով արտայայտուիլ լոյս տեսած գիրքերու մասին, կը թուի ընդհանրութիւն մը ըլլալ, հայրենի թէ սփիւռքահայ գրախօսներուն մօտ: Օրինակ մը տալու համար նշեմ Զ. Մելքոնեանի շատագրութիւնը, որ երբեմն ջուր խառնուած գինիի տպաւորութիւն կը ձգէ եւ ափսոսանք, որովհետեւ քերթողութիւնը, վերջին հաշուով խտութեան արուեստն է: Կամ երբ Ժագ Յակոբեան բանաստեղծին նուիրուած էջերը կը սկսինՙ «Յանձին Ժ. Յակոբեանին, ունինք բանաստեղծ մը, որ իւրայատուկ երեւոյթ է մեր արդի բանաստեղծութեան մէջ» խօսքով, բայց այդ իւրայատկութիւնը չի բացատրուիր կամ բացայայտուիր: Սակայն այս գիրքը կը մնայ բաւական հետաքրքրական եւ հաճոյքով կը կարդացուի, նոյնիսկ երբ համաձայն չենք ըլլար հեղինակին արտայայտած կարծիքներուն, որովհետեւ կը զգանք, թէ երկխօսութիւն մը սկսած է ընթերցողին եւ հեղինակին միջեւ: Եւ ասիկա չէ՞ արդեօք գիրքի մը յաջողութեան գլխաւոր գաղտնիքը: Երեւան |