ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԻՔ Ագապի Աղպաշեան եւ զաւակներՙ Դալար (Աղպաշեան-Թուհտարեան) եւ Յովիկ, տէր եւ տիկ. Պարոյր եւ Անի Աղպաշեան եւ դստերք, շնորհակալութիւն կը յայտնեն Պէյրութի Ս.Նշան եկեղեցւոյ հովիւ Տ. Մկրտիչ քահանայ Քեշիշեանին, Հայ Աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ, Լիբանանահայ գրական շրջանակին, ՀԲԸ Միութեան կրթական յանձնախումբին եւ Դարուհի-Յովակիմեան վարժարանի տնօրէնութեան, Եգիպտոսի եւ Լոս Անճելըսի ՌԱԿ-ի շրջանակներուն, «Նոր Օր», «Արեւ» եւ «Ազգ» թերթերուն, պետական հիւանդանոցներու (Տահր էլ-Պաշիք եւ Քարանթինա), «Զուարթնոց» կեդրոնի եւ Զարիֆի դարմանատուներու տնօրէնութեանց, եւ բոլոր անոնց, որոնք անձամբ, հեռաձայնով, ե-նամակով, ծաղկեպսակներով եւ այլ միջոցներով իրենց ցաւակցութիւնները յայտնեցին իրենց հարազատին եւ բժշկինՙ Տոքթ. ԵՍԱՅԻ ԱՂՊԱՇԵԱՆԻ մահուան առիթով: |