RSS | FACEBOOK | NLA
ԳԼԽԱՎՈՐ | ՄՇԱԿՈՒՅԹ | ԸՆՏՐԱՆԻ | ՈՐՈՆՈՒՄ | ԱՐԽԻՎ | ԹԵՄԱ | ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐ
#022, 2015-06-12 > #023, 2015-06-19 > #024, 2015-06-26 > #025, 2015-07-03 > #026, 2015-07-10

ԱԶԳ ՕՐԱԹԵՐԹ - ՄՇԱԿՈՒՅԹ #24, 26-06-2015



Տեղադրվել է` 2015-06-25 21:34:08 (GMT +04:00)


Ընթերցված է` 1262, Տպվել է` 10, Ուղարկվել է էլ.փոստով` 4

ՎԿԱՅՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԾԱՌՈՒԿՅԱՆԻՑ

ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԾԱՌՈՒԿԵԱՆ

***

Շատ կանուխէն թուած է ինծի, թէ «Յառաջ»ը թերթ մը ըլլալէ աւելիՙ մթնոլորտ մըն է, կուսակցութեան մը բերանը ըլլալէ առաջՙ ժողովուրդի մը խղճմտանքը, զարնուած Արեւմտահայութեան սիրտէն բխող զգացումներու ուժեղ ցայտք մը, որ հոսանք կը կազմէ եւ աղտ չի բռներ, եւ նոյնիսկ տափարակ իր հունին մէջ ու տափակցնող ափունքինՙ չի լճանար, ու ճահճացում երբեք չի ճանչնար:

Հոսեցաւ այսպէս, քսան, երեսուն եւ աւելի տարիներ, դալար այգիներ ոռոգելով ճամբուն վրայ, մատղաշ տունկեր սնուցանելով, ծիլը դարձնելով ծաղիկ եւ սրսփուն տունկը ընելով հաստաբուն ծառ: Ապրիլ 24էն ետք, եթէ տասը անուն պիտի ապրի այս ժամանակէն Հայ գրականութեան մէջ, այդ տասէն առնուազն հինգը Ֆրանսայէն է, եւ «Յառաջ»ի կաթով կամ հասակ նետած «Յառաջ»ի շունչով: Վազգէն Շուշանեանէն մինչեւ Շահան Շահնուր, Շաւարշ Նարդունիէն մինչեւ Նշան Պէշիկթաշլեան, Նիկողոս Սարաֆեան, Հրաչ Զարդարեան եւ այնքան ուրիշներ բան մը պարտական են «Յառաջ»ին, եւ փոխադարձաբարՙ իրենց տաղանդով փայլ տուած են թերթին:

Ոչ միայն գրողները, այլ ամբողջ ֆրանսահայ գաղութը պարտք ունի իրեն: Հատուածական կիրքը, գաղափարական պայքարը այնտեղ եթէ մնաց իր չափաւորութեան մէջ, ծայրայեղութիւններու չհասաւ, պատճառըՙ միջավայրին կրթիչ ազդեցութեան հետ, առաւելաբար «Յառաջ»ի զուսպ եւ ողջմիտ կեցուածքն էր: Գիտցողները գիտեն, բայց չգիտցողները դժուար թէ ուզեն հաւատալ հետեւեալ իրողութեան, տխուր մեր բարքերուն համար թէեւ խիստ «տարօրինակ»ՙ բայց իրաւ- Երեք յարկանի շէնքի մը մէկ յարկը ակումբն էր Համայնավար երիտասարդական միութեան մը, վրայի յարկը... Դաշնակցական Նոր սերունդին, եւ գետնայարկը խմբագրատունն էր «Յառաջ»ի: Այս անկարելի դրացնութիւնը կրնար իրագործել, եւ ապա շալկել իր ուսերովՙ «Յառաջ»ը միայն:

Ուրիշ գաղութներու մէջ «Յառաջ»ի գաղափարակից թերթերը մէյմէկ պատնէշ էին ի պաշտպանութիւն սեփական կալուածին, կամ ընդդէմ հակառակորդ ճակատին- իւրատեսակ վարագոյրներ, որոնք երկաթեայ չըլլալնուն եւ թուղթէ ըլլալնունՙ նուազ անթափանց չէին, ու չեն, դժբախտաբար- իսկ «Յառաջ»ըՙ միութեան կապ մըն էր, համերաշխութեան օղակ մը:

Թերթ կայՙ որ խրամ կը բանայ եւ, տարիներու ընթացքին, անզգալաբար, պայքարի խրամը անուն եւ դեր կը փոխէ, ի վերջոյ դառնալու համար պատրաստի փոսՙ յանպատրաստից դիակներու...

«Յառաջ»ը խրամ մը չէր: Կամուրջ մըն էր:

Ահա թէ ինչու, բովանդակ Ֆրանսահայութիւնը մէկ մարդու պէս գլխարկ հանեց ու խոնարհեցաւ, երբ կամուրջին խոնջ ճարտարապետը հող կ՛իջնէր... [*]

***

- Ա՛յս աղջիկը... կ"ըսեմ, կ"ըսեմՙ մտիկ չ"ըներ... Աղջիկ է, ինչ կ՛ուզես որ ըլլայ....

Աղջիկըՙ Արփիկն էր: Խօսողըՙ հայրը: Դժգոհութեան պատճառըՙ Արփիկը ֆրանսերէն կը գրէ, իսկ հայրը կ՛ուզէ որ հայերէն գրէ:

- Ի՞նչպէս կ"ուզես որ հայերէն գրեմ իր ներկայութեան, երբ աչքովս կը տեսնեմ թէ անուն ունեցող գրագէտներուն ձեռագիրները վերէն վար կը սրբագրէ, կը գծէ, չի հաւնիր:

Այս ալ Արփիկն է հօրը մասին:

- Կարեւորութիւն մի՛ տար, դուն գրէ՛, ֆրանսերէն թող ըլլայ, միայն գրէ՛,- ես եմ:

Քանի մը պզտիկ յօդուածներ գրեց Արփիկը: Թարգմանեցի ու տպեցի «Նայիրի» ամսագրին մէջ:

- Շատ երես կու տաս, աղջիկներուն երես տալու չի գար...

Խոժոռ ու կախ դէմքով մըն էր որ կ՛ըսէր այսպէս, բայց ժպիտէ մը աւելի անուշ էր իր խոժոռութիւնը:

Հայր էր...

***

- Չորս տարի է, շաբաթ մը արձակուրդ չեմ ունեցած...

Արփիկն է դարձեալ: Օդերը լաւ չեն, մայրն ալ ստիպւած է տունը մնալ, ինքըՙ մինակ, ամէն օր, չորս տարիէ ի վեր...

Չորս տարի առաջ էր, որ մեռաւ Շաւարշ Միսաքեան:

Ու չորս տարիէ ի վերՙ «Յառաջ»ը կը շարունակէ լոյս տեսնել ժամացոյցի կանոնաւորութեամբ: Այլեւս ֆրանսերէն չի գրեր Արփիկ, հայերէն կը գրէ, մաքուր, յստակ, գեղեցիկ: Ու թերթը կը շարունակուի, կեանքին պէս, կեանքին հետ:

...Տեսնէի՜ր անգամ մը, սիրելի Շաւարշ, ու խոժոռ գոհունակութեամբդ հասատատէիր յետմահու յաղթանակդ: Դուն որ չարտայայտուած նախանձով մը կը դիտէիր ընկերներուդ զաւակները- «բոլորը մանչ ունին, ես միայն աղջիկ»- տեսնէի՜ր անգամ մը, թէ անոնց խոշոր-խոշոր մանչերը ինչպէ՜ս կորած գացած են այս մեծ քաղաքին մէջ, իրենց փառաւոր հայրերուն անունն իսկ շալկելու անկարող ուսերով, իսկ քու մէկ հատիկդ, քու բառովդՙ պատնէշին վրայ է միշտ- քո՛ւ պատնէշիդ- եւ... «չորս տարի է, շաբաթ մը արձակուրդ չեմ առած»:

Երկրորդ անգամ աշխարհ գալուդ, եթէ կրնաս, անգամ մըն ալ ըսէ. «Աղջիկ է, ինչ կ՛ուզես որ ըլլայ»:

«Առկայծող հայեր Եւրոպայի լոյսերուն մէջ» հատորից, հրատարակվածՙ Բեյրութ, 1999 թ.ին, Արմեն եւ Սալբի

Հարությունյանների մեկենասությամբ եւ խմբագրությամբ Թորոս Թորանյանի:

*) Խոսքը «Յառաջ»ի հիմնադիր-խմբագրապետ Շավարշ Միսաքյանի մասին է: Խմբ.:

 
 

ԱԶԳ ՕՐԱԹԵՐԹ - ՄՇԱԿՈՒՅԹ #24, 26-06-2015

Հայկական էկեկտրոնային գրքերի և աուդիոգրքերի ամենամեծ թվային գրադարան

ԱԶԳ-Ը ԱՌԱՋԱՐԿՈՒՄ Է ԳՐԱՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

ԱԶԴԱԳԻՐ