ԷԴՎԱՐԴ ՄԻԼԻՏՈՆԵԱՆԻ «ՓՇՐՎԱԾ ԶԱՐԴԱՆԱԽՇԸ» Թորոս ԹՈՐԱՆԵԱՆ Շուրջ երեք տարի Երեւանէն բացակայելէս ետք Սուրիոյ պատերազմին պարտադրանքին պատճառաւ տարւոյս 13 յուլիսին վերադարձայ Երեւան: 14 յուլիսի առաւօտուն Գրողներու տան մէջ եմ: Զիս դիմաւորողը Գրողներու միութեան նախագահն է: Գիրկնդխառնում, երկար զրոյց, հիւրասիրութիւն, որոնց կը միանայ բանաստեղծին 45-րդ քերթողական գիրքըՙ «Փշրված զարդանախշը»: Կը տանիմ նոր վարձուած տունս ու կը կարդամ: Պոռթկացող խոհերու գիրք մըն է ընծայուածը, նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին: Որպէս նիւթ նորութիւն մը չէ մատուցուածը, բայց որպէս մօտեցումՙ ինքնեկ ու բարձրօրէն խոհական: Իր հարիւր էջերուն վրայ, հարիւր անգամ արիւնոտուած ճիչ մըն է, աղաղակ մը, որ վրէժխնդրական կոչէ աւելի, բանաստեղծին խոհերուն պարագրումն է եղած վէրքին դարմանը գտնելու վճռականութեամբ: Միթէ դարման ունի՞ հոլոքոսթային այդ վէրքը: Անցաւ դար մը: Չենք մոռցած: Այլՙ դարձած ենք ոչ թէ մուրիկ, այլ պահանջատէր: Այդ մասին նոր փաստաթուղթ է բանաստեղծ Էդվարդ Միլիտոնեանի այս գիրքը, որ Մուշով կը սկսի ու կը վերջանայ Հրանդ Դինքի ծակ կօշիկով: Այսինքն տեսակ մը հայոց պատմութեան դասագիրք, որ գրուած է ոչ միայն հայոց մէկ դարը ներկայացնելու, այլ հայոց հարիւրամեակներըՙ իրենց մշակոյթի բերքերով: Հայաստանի մէջ հայոց հոլոքոսթին ենթարկուիլը թաբու մնաց շրջան մը: Այդ հասկնալի էր: Բայց նոյնիսկ այդ շրջանին Շիրազը գրեց իր «Դանթէականը» եւ Պարոյր Սեւակը իր ու մեր «Անլռելի զանգակատուն»ը, փակ դռները բանալով: Պոռթկացող ջրվէժին ո՞վ կրնայ փականք դնել: Մեր երկինքները բզքտող ցաւին ո՞վ կրնար փականք դնել: Բանալի մըն ալ, որ բանաստեղծութիւն չէր այդ շրջանին, այլ հերոսական կոթողուած Ծիծեռնակաբերդը իր բոցէ լեզուով: Հիմա կարգը բանաստեղծ Էդվարդ Միլիտոնեանինն է, որ ապրումով, վերապրումով կերտած է խոհերու այս բազմափունջը: Հոս կը գտնեք քերթողին պապին հօրը Մուշի մէջ եւ իր ամպերու վրայ գտնուող օրօրոցը ծաղիկներու բոյրով առլի: Հոս են Թալինը, հոս է Էրկիրը բանաստեղծին էութեանը մէջ ու ինք էութեանը մէջ Էրկրին: Հոս է, «Որպես վահան վերընձյուղված , Ուրարտական խորտակված զրահներից , Ես դաջվում եմ, ինչպես հզոր զինանշան , Քո երազի լայն թեւերին» : Ու տակաւին հոս են բիւրիցս անգամ Անին ու Վանը, Արշիլ Գորկիի վերյուշերը, ուր բանաստեղծը իր մեծածաւալ ընդվզումը կը հանգերգէ ըսելով. Ով ողորմած, ով մահուան աշխարհի մեր դեսպան : Արալէզներու բանակը մասիսներուն յարութեան դուռ մը պիտի բանա՞յ, կը գոչէ բանաստեղծը: Անշուշտ: «Լեռան անեծքը» նուիրուած է Յովհաննէս Շիրազին,- խօսքը կը միտի Արարատը փրկել գերութենէ: Սիամանթօն ներկայութիւն է հոս, ինչպէս Վարուժանն ու Ռուբէն Սեւակը: «Իսկ Հայկական պարը»ՙ լեզու առած խօսք: «Պապն ու տատիկը» երկիրը կը ներկայացնեն: Թէեւ.- «Այստեղ ապրելը տանջանք է Հոբի , Այստեղ ապրելըՙ տօն հաւիտենի» : Ահա թէ ինչու այս տողերը գրողս ես ալ եկայ միանալու այս տօնահանդէսինՙ փլցուող Սուրիայէն, որ մնալու է ամրակուռ ժայռ, ինչպէս յաւերժին գացող Հայաստանս: Բանաստեղծը հասած է Պոլիս, զոր մանրամասն գիտէ ու կ"երգէ նոյնիսկ անտեսանելին: Հոն են մեր բոլոր հարստութիւններն ու վէրքերը: Ոչ մէկ Պոլիս կրնար ըլլալ հայոց մայրաքաղաքը: «Ուխտագնացութիւն ի Հալէպ», «Ի Տէր Զօր ու Մարկատէ» ու «Եփրատ» եւ «Հրանտ Մաթեւոսեանը Եփրատի ափին» կտորները այլ էջերու կողքին սիրտ տանջող, բայց երբեք մեզ յուսահատութեան չմղող էջեր են: Մենք չենք մեռնիր, որ յարութիւն առնենք: Սարի թաղի մեջ է 1915 թիւը: Ամէն թաղի մէջ է 1915 թիւը: Ողբերգու մը չէ Միլիտոնեան բանաստեղծը, նոյնիսկ երբ ան հայրենադարձներու մասին երգ կը հիւսէ, մարդիկՙ որոնցմէ շատեր գացին Ամերիկա... Հրանտ Տինքի սպանութեամբ կը փակուին այս քերթողագիրքին էջերը, շարունակուելու համար մեր մէջ: Ահա՛ հայուն յաւերժութիւնը հաստատող երկ մը: Երեւան, 16 յուլիս 2015 թ. |