ՄԷԿ ՔԱՐՈՎՙ ՉՈՐՍ ԹՌՉՈՒՆ ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ Թէեւ անոնք թեւեր չունին, սակայն շատ դիւրութեամբ կրնան թռչիլ ու մարդոց միտքերուն մէջ բոյներ հիւսել: Գիրքե՛ր են անոնք, որոնք նուէր ստացայ միասին, նոյն օրը, նոյն ժամուն: Գիրք նուէր ստանալը սովորականէն տարբեր ուրախութիւն կը պատճառէ ինծի, որովհետեւ սովորական նուէրներու պէս ան,- որպէս պարունակութիւն, ոչ որպէս կազմ,- չի թառամիր, չ՛սպառիր, չի մաշիր... մէկ խօսքովՙ մնայուն է: Առաջինը կու գար Հալէպէն, սիրելի եւ յարգելի բարեկամ գրչակիցէ մըՙ Լեւոն Շառոյեանէն , որուն անթերի հայերէնը միշտ հիացում պատճառած է ինծի: Գիրքը կը կոչուի «Դեգերումներ հայ գիրի եւ պատմութեան գետեզրին. Բ. Հատոր» : Գիրքը հրատարակութիւնն է Բերիոյ Հայոց թեմի ԱՅԳ մատենաշարի (թիւ 22): Այս մատենաշարը, որ հիմնուած էր Սուրիոյ պատերազմէն առաջ, շարունակեց լոյսին բերել շարք մը գիրքեր, նոյնիսկ պատերազմի օրերուն ալ: Շառոյեան սասունցի է արմատներով, եւ հպարտ է իր անցեալի փառքերով, ոչ որպէս խօսք, այլՙ գո՛րծ, որովհետեւ ան տարիներէ ի վեր ջանասիրաբար կը պատրաստէ Տարօն-Տուրուբերանի բազմաէջ օրացոյցները, անոնց իւրաքանչիւր էջին վրայ ներկայացնելով տարօնցի պատմական անձնաւորութիւն մըՙ եկեղեցական թէ աշխարհիկ, մտաւորական թէ ազգային-հասարակական գործիչ: Իր գրչին կը պատկանին նաեւ շարք մը այլ գիրքեր: Որպէս մեր եկեղեցուոյ պատմութեան քաջածանօթ, դասախօսած է Հալէպի Համազգայինի Հայագիտական դասընթացքներու հետեւողներուն, ինչպէս նաեւ որպէս հայերէնի դասատու ներկայիս կը պաշտօնավարէ Հալէպի ՀԲԸՄ-ի Լ.Ն.-Գ.Կ. վարժարանին մէջ: Այս երկրորդ հատորը գլխաւորաբար կ՛ընդգրկէ Մխիթարեան միաբանութեան պատմական կարկառուն դէմքերը, լոյսին բերելով անոնց կենսագրութիւնն ու աշխատասիրութիւնները: Երկրորդ գիրքը կը կոչուի «Սուրիոյ հայ համայնքի պատմութիւնը 1946-1970» , որուն հեղինակն է պատմական գիտութիւններու թեկնածու, հալէպահայ Անի Ֆիշենկճեանը : Վերնագիրն արդէն հետաքրքրութիւն կը ստեղծէ Մայր գաղութի մասին, որուն համապարփակ պատմութիւնը դեռ չէ գրուած, հակառակ որ այս գաղութը գրողներու երկար շարքի մը ծննդավայրը եղած է: Կարգ մը գրողներ ժամանակին փորձած են հալէպահայ գաղութի պատմութիւնը ներկայացնել, ինչպէս Բերիոյ թեմի նախկին առաջնորդ Արտաւազդ արք. Սիւրմէեան իր հաստափոր եռահատոր աշխատասիրութեան մէկ հատորըՙ «Պատմութիւն Հալէպի հայոց»ը յատկացուցած է Հալէպի գաղութին, սակայն եօթանասուն տարիներու վաղեմութիւն ունեցող այդ պատկառելի գործը չէ ունեցած իր յաջորդները, եւ ահա՛ այստեղ կու գայ կարեւոր բաց մը լեցնելու Անի Ֆիշենկճեանի այս գիրքը, որ հրատարակութիւնն է ՀՀ Գիտութիւններու Ազգ. ակադեմիայի Պատմութեան ինստիտուտի: Երրորդ գիրքը նոյն հեղինակէն էր, սակայն այս անգամ լրիւ տարբեր. գիրքը խորագրուած է «Արեւմտահայերէնի քերականութեան պատմութիւն» վերտառութեամբ եւ հրատարակութիւնն է ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան եւ ՀՀ ԳԱԱ Հ. Աճառեանի անուան լեզուի ինստիտուտի: Այս օրերուն, յատկապէս բաւական թիւով հալէպահայերու Հայաստան հաստատուելէն ետք, առօրեայ նիւթ դարձած է արեւմտահայերէնի պահպանման հարցը Հայաստանի մէջ, որուն համար յաճախակի դիմումներ եւ աշխատանքներ կը տարուին, սակայն, ցարդ, պետութեան կողմէ լուրջ մօտեցում մը չկայ եւ ասկէ ետք ալՙ կասկածելի է, մասնաւորաբար Սփիւռքի նախարարութեան լուծարուելէն ետք, որ որոշ յենակ մըն էր մեր դիմումները տեղ հասցնելու իմաստով: Գիտակից, սրտցաւ հայաստանցիներ կան, որոնք կը գնահատեն արեւմտահայերէնի արժանիքը եւ կը կարեւորեն անոր պահպանումը, սակայն ընդհանուր անտարբերութիւն մը կայ, քիչ մը հինէն եկած, քիչ մըն ալ ներկայ քաղաքական եւ տնտեսական վերիվայրումներուն պատճառով: Յամենայնդէպս այս գիրքը կարեւոր է, քանի անոր հրատարակիչ մարմնի նկարագրականին մէջ ըսուած է. « ...Գիրքը, անկասկած, ունի գիտական լայն ընդգրկում եւ կրնայ մեծ հետաքրքրութիւն առաջացնել հայագէտներուն, արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի մերձեցման խնդիրներով հետաքրքրուողներուն եւ ընթերցող լայն հասարակութեան համար»: Չորրորդ թռչուն-գիրքը կը կոչուի «Յովհաննէս Թումանեան, մարդը եւ բանաստեղծը» , որուն հեղինակն է Ա. Ահարոնեանի որդի Վարդգէս Ահարոնեանը , որ տպագրուած է 1936-ին եւ Հայաստանի Համազգային Հայ կրթական եւ մշակութային միութիւնը վերահրատարակած է զայն թէ՛ իր հիմնադրութեան 90-ամեակի եւ թէ՛ Ամենայն հայոց բանաստեղծի ծննդեան 150-ամեայ յոբելեանին առթիւ: Հեղինակը իր «Երկու խօսք» ին մէջ կ՛ըսէ «...Այս գրքի հեղինակը ջանացել է տալ Յովհ. Թումանեանի գրաւիչ անձնաւորութեան եւ հետաքրքրական կեանքի պատկերը այն չափով, որ երկարամեայ անձնական ծանօթութիւնը մեր բանաստեղծի հետ օգնել է գծելու այդ պատկերը»: Թումանեանի յոբելեանական տարեդարձի առթիւ բազմաթիւ են հրատարակութիւնները, յատկապէս իր անունը կրող թանգարանին կողմէ: Այս գիրքն ալ, վստահօրէն, կու գայ յաւելեալ ծանօթացում մը կատարելու մեծ լոռեցիին մասին: Չորս թռչունները չթառած գրադարանիս վրայՙ առայժմ գլխավերեւս են ու ձեռքիս տակ, ընթերցումի հաճոյքով լեցնելով համեստ սենեակիս մթնոլորտը: |