ԱՂԱՒԱՂՈՒՄ Յակոբ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ Դպրոցի գրադարանի դարակներուն վրայ իրար կողքի շարուած գիրքերուն մէջ կը փնտռեմ արեւմտահայ գրողներու գործեր: Բաւական մը աչքերս յոգնեցնելէ ետք, վերջապէս կը հասնիմ ծանօթ գունաւոր կրկնակողքերով ՀԴԳ-ի (Հայ դասականների գրականութիւն) գիրքերուն, որոնց մէջ կը նկատեմ փնտռած անուններսՙ Թէքէեան, Ռ. Սեւակ, Որբերեան, Զարիֆեան, Արփիարեան, Բաշալեան, եւ այլք, որոնք երբեմն երկուքով, երբեմն երեքով կամ չորսով մտած են մէկ կողքի տակ: Քանի մը գիրք կը վերցնեմ ու կ՛անցնիմ սեղանիս դիմացՙ տեսնելու թէ ինչեր կան անոնց մէջ: Այս կարեւոր շարքին հրատարակութիւնը քառասուն տարիներու վաղեմիութիւն ունի, այսինքն անոնք տպուած են խորհրդային վարչակարգի տարիներուն: Կը սկսիմ Թէքէեանով: Թէ ինչո՞ւ մէկտեղուած չորս արեւմտահայ բանաստեղծներու շարքին երրորդն էր Թէքէեան, չեմ հասկնար, խմբագիրը ծանօ՞թ էր արդեօք չորսին ալ ու շարքը կազմած էր անոնց տարիքի՞ կարգով, անոնց մեծութեա՞ն, թէ՞ պատահաբար: Կենսագրութիւններ չկան, իւրաքանչիւր գրողէ երբեմն ոչ- ամբողջական, միայն հատընտիր գործեր ներառնուած են: Կը կարդամ Թէքէեանի «Աղուորները», ներողութիւն, «Աղվորները»... «Աղվորն ա՛ն է հավիտյան որ անցավ օր մը քովեդ Եւ աչվըներդ օծեց,- աստվածայի՛ն այցելու,- Գեղեցկությամբ մը որուն ա՛լ չդարձար նայելու, Եվ չուզեցիր հանդիպել անոր անգամ մըն ալ գեթ...» Լեղի բան մը ցատքեց տողերէն ու անհանգստացուց զիս: Արեւմտահայերէն բանաստեղծութիւնՙ արեւելահայ ուղղագրութեամբ... Չկրցայ մարսել, չեղա՛ւ, արեւմտահայերէնի քնքշութիւնն ու շքեղութիւնը պղտորեցաւ: Անհանգստութիւնս փարատելու համար ինքզինքս համոզեցի, որ հայաստանցի ընթերցողին աւելի մատչելի դարձնելու համար եղած է այդ այլափոխումը: Մտածեցի. ըսիՙ եթէ այսօր ողջ ըլլար Թէքէեանը, ի՞նչ հակազդեցութիւն պիտի ունենար կարդալով այս եւ միւս տողերը: Հակառակ ծանօթ ըլլալուն Աբեղեանական ուղղագրութեան, իր ապրած շրջանին, վստահՙ որ չէր հանդիպած, ոչ ալ միտքէն անցուցած էր իր գրածները սովետահայ ուղղագրութեամբ տեսնել, իսկ հիմա, երբ կը կարդայ իր բանաստեղծութիւնները աղաւաղուած ուղղագրութեամբ, կարմիր գրիչը ձեռքը կ՛առնէ ու կ՛ընդգծէ սխալները, ապա, որպէս լեզուի ուսուցիչ, մեծ զեռօ մը կը դնէ գիրքի ճակտին, որպէս պարսաւ տգիտութեան, ու կ՛ուզէ ականջը քաշել, սակայն որո՞ւն, գիրքի խմբագիրի՞ն, «Սովետական գրող» հրատարակչութեա՞ն, այդ օրերու Մշակոյթի նախարարի՞ն, թէ՞ Աբեղեանին ու Մակինցեանին... Լեղին կուլ կու տամ ակամայ ու կը շարունակեմ կարդալ. այս անգամ բանաստեղծութիւն մը Ռ. Սեւակէնՙ «Բույրը» «Կը բարձրանա բույր մը աղվոր, Գաղջ բույրը կո՜ւյս մարմինիդ, Բո՜ւյրը խունկի պես միամիտ Ու մեղքի պեսՙ աղվոր... (Կ՛ըսեմՙ այդ մեղքը այս մեղքին չի նմանիր. եթէ քու նշած մեղքդ «աղուոր» էր, այս մեղքը աղուոր չէ): Կ՛անցնիմ Զարիֆեանին. «Երկու ավերակներ» «Հին օրերուն, Երբ դեռ սիրտը՛ս վարդի մը վես փթթումն ուներ, Ու երազը դեռ աչքերուս հույլ - հույլ քերթված կը ծորեր, Հին օրերուն Լիբանանի սոճիներուն կախարդանքը արյունիս մեջ Ես կերթայի Բաալբեքի ավերակները դիտելու...» (Իսկ այս տողերուն աւերակը ո՞վ պիտի դիտէ): Չեղա՛ւ, որքան ալ փորձեմ ընտելանալ այս տգեղութեան, ներսէս եկող ճիչ մը կը խանգարէ, կ՛արգիլէ: Գուցէ վարժուիս սահուն կարդալ, սակայն միեւնոյն համը չես առներ, այնպէս, ինչպէս եթէ աւանդական ուղղագրութեամբ տպուած ըլլար: Գիտէ՞ք ասիկա ինչի կը նմանի. սփիւռքահայուն փողկապը հանելուն եւ վիզին պիոներական կարմիր վզկապ անցընելուն: Չ՛ըլլար, չէ՞, իւրաքանչիւրը իր տարազը ունի, անոնց ամբողջութեամբը կը ճանչցուի: Լեզուն իր բառապաշարով, իր քերականական, կէտադրական կանոններով, իր շարահիւսական ոճերով եւ իր իւրայատուկ ուղղագրութեամբ լեզու է. ասոնցմէ որեւէ մէկը զեղչել, կամ փոխարինել ուրիշով մը, անպայման խախտում յառաջ կը բերէ, որ կը վնասէ անոր գեղեցկութեան եւ դիւրըմբռնման: Այսպիսի բաներ պատահած են անցեալին, անշուշտ որոշ նպատակով եւ տիրող օրէնքներուն ենթակայ: Կը կարծեմ որ այլեւս այդ շրջանը իր զանազան սահմանումներով անցեալին կը պատկանի: Չեմ պատկերացներ որ մեր երկրին անկախացումէն ետք այդպիսի բան պատահի. արեւելահայերէնը ի՛ր ուղղագրութեամբ, արեւմտահայերէնն ալՙ ի՛ր: Արդէն ներկայ ճարտարագիտութենէն օգտուելով ամէն ինչ իր բնագրով կը հասնի տպարան եւ իր բնագրին հարազատութեամբ ալ կը տպուի: Միայն թէ դպրոցական դասագիրքերու մէջ եթէ այսպիսի խախտած բաներ մտած են, սրբագրելու է, որպէսզի հայ աշակերտը իսկականին ծանօթանայ իր իսկութեա՛ն մէջ, ոչ աղաւաղուած ու այլափոխուած: Այս օրերուն, երբ լուրջ մտահոգութիւն կայ արեւմտահայերէնը կորուստէ փրկելու, երբ որոշ նախարարութիւններու հովանաւորութեամբ հանդիպումներ, կլոր սեղաններ ու քննարկումներ տեղի կ՛ունենան, անհրաժեշտ է հարցին ամենայն պատասխանատուութեամբ մօտենալ: Լեզուի կորուստը ազգի մը կորուստին ահազանգն է. Հայաստանը իր կարեւոր փրկարար ներդրումը պէտք է ունենայ: Քննարկումներէն պէտք է որոշումներ բխին ու անոնք կիրակուին անյապաղ: |