ԳԻՐՔԵՐՈՒ ԱՇԽԱՐՀԸ ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ Այն դպրոցը, ուր կը պաշտօնավարեմ, տարիներ առաջ նուէր ստացած էր արեւմտահայ մտաւորականի մը սեփական գրադարանին հարիւրաւոր գիրքերը, որոնք խնամող ձեռքի մը կը սպասէին: Ուրախալի տնօրինութեամբ մը ինծի յանձնուեցաւ այդ գիրքերուն ցանկագրումն ու դասաւորումը, յօգուտ վարժարանի աշակերտութեան արեւմտահայ գրականութեան դասերու որպէս օժանդակ ընթերցանութիւն: Առաջարկը ընդունեցի ուրախութեամբ, քանի որ գիրքերու աշխարհը միշտ ալ հետաքրքրած է զիս ու մեծ սիրով մտած եմ այդ դիւթական աշխարհէն ներս: Գիրքերու հմայքին հանդէպ ունեցած տկարութիւնս չեմ թաքցներ. պատահած է, որ երկար վայրկեաններ կանգնիմ գրավաճառի մը ցուցափեղկին առջեւ ու չդիմանալով գայթակղութեան, մտած եմ ու գնած նոր հասած գիրք մը, ուրիշ կարեւոր բանի մը համար մէկ կողմ դրած գումարը տեղւոյն վրայ «զոհելով»: Դպրոցի գրադարանը բաւական ճոխ է հայերէն, ռուսերէն եւ անգլերէն գիրքերով, որոնց մէջ Հայաստանի մէջ տպուած արեւմտահայ գրողներու գործեր ալ կան, սակայն, դժբախտաբար անոնք տպուած են արեւելահայ ուղղագրութեամբ, հայաստանահայ ընթերցողին մատչելի դարձնելու համար, բայց, իմ կարծիքով, անոնց իսկական արժէքէն բան մը պակսած է: Անցայ աշխատանքի խումբ-խումբ գիրքերը դարակներէն վար առնելով եւ ցուցակներ կազմելով: Ամենագրաւիչները հնատիպ գիրքերն էին, որոնք 100, 120, 140, մինչեւ իսկ 155 տարիներու հնութիւն ունին: Անոնցմէ շատերուն թերթերը այնքան փտած են, որ ձեռնելու կը վախնայի: Սկսայ մեծ հետաքրքրութեամբ եւ զգուշութեամբ թերթատել որոշ գիրքեր եւ օրերու ընթացքին ամբողջ ժամեր անցուցի անոնց հետ: Ես այս գրութեանս կը կցեմ անոնցմէ քանի մը հատին նկարները, որպէսզի ինծի նման ընթերցողներն ալ տեսնեն, թէ ինչքան չլսուած անուններ կան հեղինակներու, որքան տարբեր նիւթեր շօշափած են անոնք, որքան ստուար մտաւորական խաւ մը ունեցած ենք անցեալին, յատկապէս Պոլսոյ մէջ, ուր մեր խմբագրատուներն ու տպարանները ահագին գործ տեսած են ժողովուրդին տարատեսակ գրական գործեր մատակարարելով: Մատենագրութիւն, գրականութիւն, տրամաբանութիւն, մանկավարժութիւն, բարոյախօսութիւն... ինչերու ըսես չեն անդրադարձեր անոնք: Գիրքեր կան, որոնց վրայ յիշուած է «երկրորդ, երրորդ, չորրորդ տպագրութիւն»... Այդ որքան ընթերցող ունեցած են, որ շուկայի պահանջքը գոհացնելու համար քանի մը անգամ հրատարակութեան տուած են գործ մը: Ահա՛ քանի մը նմոյշ. - «Սկզբունք Տրամաբանութեան», Ա. Մ. Վ. Գարագաշեան, Կ. Պօլիս, 1864 - «Հայկական Նամականի» Գրեցՙ Վրոյր, Հրատ. Տիգրան Յարութիւն Տէտէեան, 1872, Զմիւռնիա: «Անիծեալն», Աբբա, թարգմ. Մ. Մամուրեան, Հրատ. Տ. Յ. Տէտէեան 1875, Զմիւռնիա: - «Ճաշակ Արդի Հայ Մատենագրութեան», աշխատասիրող Ա. Պիպէռճեան, Կ. Պոլիս, 1884 - «Մարդ Ըլլալու Միջոցը», Ա. Կ. Սէքլէմեան, Կ. Պոլիս, 1894 - «Աշխարհաբար Գործնական Քերականութիւն եւ Շարադրութեան Տարրեր», հեղ. Ա. Կ. Պետիկեան: Կ. Պոլիս, 1898 - «Առաջին Ընթերցարան», Կ. Պոլիս, 1907 Երբ կ՛ըսենք, որ մեր երկրորդ Ոսկեդարը եղած է 19-րդ դարը, չափազանցած չենք ըլլար: Եւ տակաւին, նկատի առնել, որ այս բոլորը իրագործուած են օսմանեան իշխանութեան օրերուն: Արդեօք որեւէ յիշատակում կա՞յ տեղ մը, թէ քանի հատ եւ ինչ հայերէն գիրքեր տպուած են այդ օրերուն, եւ միեւնոյն շրջանին թրքերէն ի՛նչ եւ քանի՞ գիրք տպուած է: Չեմ կարծեր որ անոնք կրնան մրցիլ հայկականին հետ: Զիս զարմացուց Պոլսոյ հայկական տպարաններուն մեծ թիւը. Ահա՛, անոնցմէ մի քանին. - Տպարան Քիւրքճեան, Պոլիս: - Տպարան Տէտէեան (Զմիւռնիա): - Տպարան Արամեան, Պոլիս: - Տպարան Նշան Կ. Պէրպէրեան, Պոլիս: - Տպարան Յ. Մատթէոսեան, Պոլիս (ամենաշատ կրկնուող անունը) - Տպարան Արշակ Կարօեան, Պոլիս: - Տպարան Տէր Սահակեան, Պոլիս: - Տպարան Արզումանեան, Պոլիս: - Տպարան Գ. Պաղտասարեան, Պոլիս: Տակաւինՙ հրատարակչութիւններ, գրատուներ... Երբ 1512-ին Յակոբ Մեղապարտ Վենետիկի մէջ հայերէն տառերով տպեց առաջին հայերէն տպագիր գիրքըՙ «Ուրբաթագիրք»ը, պարզապէս Կիւթենպերկի գիւտէն (1468) ընդամէնը 44 տարի ետք, Թուրքերը միայն 200 տարի յետոյ ունեցան տպարան ու տպագիր գիրք: Գիրքը եւ մասնաւորաբար տպուած գիրքը չափանիշն է ազգի մը մտաւոր մակարդակին: Ընթերցասէր ժողովուրդ մը նախ աւելի գիտակ կ՛ըլլայ, ապա բազմակողմանի զարգացում կ՛ունենայ: Այնպէս որ շատ մը հարուստ հայեր, ինչպէս տպագրութեան գիւտէն առաջՙ ձեռագիր, իսկ յետոյ ալ տպուած օրինակներ պատուիրած են ու բաժնած իրենց բարեկամներուն, որպէս թանկարժէք նուէր: Եթէ նկատի առնենք, թէ առաջին գիրքի տպագրութեան յաջորդող տարիներուն ու նաեւ 16-րդ դարուն յաջորդող դարերուն որքան աճեցաւ տպուած գիրքերուն քանակը, պիտի զարմանանք, իսկ երբ թեւակոխենք 20-րդ դար եւ յատկապէս Հայաստանի մէջ խորհրդային շրջանին տպուած գիրքերուն քանակին անդրադառնանք... գիրքեր, որոնք տասնեակ հազարներով կը տպուէին եւ մարդիկ օրերով հերթերու մէջ կը կանգնէին գիրք գնելու համար: Հայաստանի մէջ քաղաք կամ գիւղ, տուն չկար, որ գրադարան չունենար: Իսկ այսօր... Ափսոս, կեանքի պայմանները ստիպած են, որ այդ գիրքերը հնավաճառներուն մօտ ծախու դրուին: Երեւանի «Վերնիսաժի» արեւմտեան կողմէն որ մտնէք, արդէն մայթէն սկսեալ ձեզ դիմաւորողները կ՛ըլլան գիրքերու կոյտերը: Այո, ոչ միայն կեանքի պայմանները, այլեւ ներկայ արհեստագիտութեան բարիքներըՙ համակարգիչը, համացանցը, ձեռքի հեռախօսը պատճառ դարձան, որ մարդիկ ընթերցանութեան փոխարէն անոնցմով զբաղին: Սակայն եւ այնպէս, տակաւին կան շատ մարդիկ, որոնք ընթերցանութեան հաճոյքն ու բաւարարութիւնը ոչ մէկ բանի հետ կը փոխեն: Ընթերցանութիւնը խթանելու ինչ-ինչ ձեւերու մասին կը մտածեն ու կ՛օգտագործեն թէ՛ գրավաճառները, թէ՛ գրադարանները եւ թէ՛ դպրոցները, ինչու չէՙ նաեւ ակումբները, մրցումներու միջոցով, մրցանակներ շնորհելով, յաճախ անոնց մասին խօսելով ու դասախօսելով: Թէեւ պէտք է խոստովանիմ, որ Հալէպի, հաւանաբար նաեւ Պէյրութի հայկական ակումբները բոլորն ալ գրադարաններ ունին, որոնք սակայն, որոշ բացառութիւններ յարգելով, տարիներով «յաճախորդ» չեն ունենար ու փակ կը մնան: Իմ կարծիքով, վերոյիշեալ բոլոր միջոցներէն աւելի օգտակար կ՛ըլլայ երեխաներուն փոքր տարիքէն գիրք նուիրելն ու կարդալու մղելը: Շատ ծնողներ սովորութիւն դարձուցած են իրենց մանուկներուն քնանալէ առաջ կէս ժամ գիրք կարդալը, հոգ չէՙ սկիզբը նկարներով կը զբաղին, յետոյ, երբ արդէն գրաճանաչ կ՛ըլլան, կը սկսին կարդալ: Շրջան մը ետք, արդէն սովորութիւն կը դառնայ եւ երեխան ինք գիրք կը խնդրէ: Այս սովորութիւնը կը շարունակուի մարդու կեանքի ամբողջ ընթացքին ու մարդիկ ընթերցանութեան մոլի կը դառնան: Մոլեռանդութիւնը վնասակար բան է ընդհանրապէս, սակայն ընթերցանութեան մոլի դառնալը թերեւս միակ օգտակարն է: Ընթերցանութեան տուած հաճոյքն ու օգտակարութիւնը ուրիշ ոչ մէկ բան կու տայ: |