RSS | FACEBOOK | NLA
ԳԼԽԱՎՈՐ | ՄՇԱԿՈՒՅԹ | ԸՆՏՐԱՆԻ | ՈՐՈՆՈՒՄ | ԱՐԽԻՎ | ԹԵՄԱ | ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐ
#004, 2019-02-01 > #005, 2019-02-08 > #006, 2019-02-15 > #007, 2019-02-22 > #008, 2019-03-01

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #6, 15-02-2019



ՕՐԱԿԱՐԳ

Տեղադրվել է` 2019-02-20 19:23:43 (GMT +04:00)


Ընթերցված է` 2174, Տպվել է` 145, Ուղարկվել է էլ.փոստով` 0

ԱՐԳԻԼԵԱԼ ՊՏՈՒՂԸ

ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ

Տակաւին կը շարունակուի Կրթութեան եւ Գիտութեան նախարարի ժխտական վերաբերմունքի հարցը դպրոցներէն մէկուն մէջ, ի տես քահանայի մը ներկայութեան, որ ըստ նախարարին սխալ է, քանի որ, նոյնիսկ օրէնքով ալ արգիլուած է եղեր դպրոցներուն մէջ կրօնական քարոզչութիւն ընելը: (Բայց ինչո՞ւ, չեմ հասկնար. Ամերիկա՞ եղանք, ի՛նչ):

Հարցը բաւական փափուկ է երեւի, որ ժողովուրդին կողմէ այսքան հակադարձութիւններու առիթ տուած է, մասնաւորաբար նկատի առնելով, որ տասնամեակներ ամբողջ համարեա արգիլուած պտուղ մըՙ Հայ եկեղեցին, երկրի անկախացումէն ի վեր սեղանի վրայ դրուած է, եւ ժողովուրդը գտնուած գանձի պէս կը փայփայէ զայն:

Շատ մը բաներու շարքին այս միջադէպն ալ զարմանք պատճառեց ինծի, քանի որ Հալէպի մեր դպրոցներուն մէջ կրօնի դասաւանդութիւնը անքակտելի կերպով կապուած եղած է հայերէն լեզուին ու գրականութեան, առաջին օրէն իսկ: Հարցը միմիայն կրօնագիտութիւնը չէ եղած, այլ Հայկական եկեղեցին, որպէս ազգապահպան կառոյց, եւ կրթական որոշ հաստատութիւններու մէջ եկեղեցականներու վստահուած է այդ նիւթին դասաւանդումը:

Բացի այս, ուսումնական տարուան ընթացքին, դպրոցի աշակերտները յաճախ տարուած են եկեղեցի զանազան եկեղեցական տօներու առթիւ, յատկապէս Ս. Յարութեան տօնի նախօրէին, խոստովանանքի եւ հաղորդութիւն ստանալու համար: Այնպէս որ, դպրոց եւ եկեղեցի ընդելուզուած են ու կը շարունակեն այդպէս ալ մնալ, միշտ ի մտի ունենալով, որ արտերկրի մէջ, ընտանիքի կողքին ազգապահպանման երեք յենակներն ենՙ դպրոցը, եկեղեցին եւ ակումբը, որոնցմէ ամենատոկունը եկեղեցին է, մասնաւորաբար արեւմտեան կարգ մը հայագաղութներու մէջ:

Մենք, որ սփիւռքի մէջ մեր արեւելումը ստացած ենք միշտ մայր հայրենիքէն, ինչպէ՞ս կ՛ըլլայ, որ Հայաստանի մէջ այս կարեւոր գործօնը կասկածի տակ կ՛առնուի, կամ, լաւագոյն պարագային, կը լուսանցքուի: Ասկէ առաջ անդրադարձած եմ այս հարցին, այս առթիւ դարձեալ կ՛անդրադառնամ. մեր դպրոցներուն մէջ օրը կը սկսէր աղօթքով, իսկ այստեղ այդպիսի բան չեմ տեսած, կամ լսած, ընհակառակըՙ շատ յաճախ օտար երգեր են որ կը հնչեն դպրոցներուն մէջ առաւօտեան եւ դասապահերու ընդմիջումներու ատեն:

Կրօնն ու հաւատքը իրենց էութեան կողքինՙ նաեւ աւանդոյթ են, ազգային եւ ազգագրական իւրայատկութիւն, արժէք ու արժանիք, այնպէս որ քմահաճօրէն վերաբերուելու չէ անոնց հետ: Հայաստանի դպրոցներուն մէջ հայ եկեղեցւոյ պատմութիւն կը դասաւանդուի՛, եւ այդքան միայն:

Գիտութեան սրընթաց արշաւի այս դարուն իսկ, ազգային իւրայատկութիւններն ու աւանդոյթները պահպանող ազգերը աւելի յառաջադէմ են, զօրաւոր եւ հաստատուն: Նայեցէք ձեր շուրջը եւ կը տեսնէք: Իսկ մենք քմահաճօրէն կը վերաբերինք այս կարեւոր ազդակին, երբ մեր ազգային համերաշխութիւնն ու միակամութիւնը անհրաժեշտօրէն կարիքն ունին անոր:

Ծայրայեղ հաւատացեալ, նոյնիսկ սովորական հաւատացեալ ըլլալը պայման չէ մեր ազգային արժէքներուն վրայ գուրգուրալու համար, իսկ Հայ եկեղեցին արժէք է, ով ալ ըլլայ անոր գլուխը: Գլուխները կ՛անցնին, կ՛երթան, եկեղեցին կը մնայ: Ամուր պահպանելու է զայն, որպէսզի հոս ու հոն ծուարած աղանդներ մեր թուլութեան առիթը չօգտագործեն:

Թող ներկայ իշխանութեան կարգ մը «համաշխարհայնացած» ուղեղները անտեղի փայլատակումներ չունենան: Ազգը պահպանելու երաշխիքներու պէտք ունինք: Չկորսնցնենք զանոնք, եթէ իսկապէս սրտցաւ հայրենասէրներ ենք:

 
 

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #6, 15-02-2019

Հայկական էկեկտրոնային գրքերի և աուդիոգրքերի ամենամեծ թվային գրադարան

ԱԶԳ-Ը ԱՌԱՋԱՐԿՈՒՄ Է ԳՐԱՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

ԱԶԴԱԳԻՐ