RSS | FACEBOOK | NLA
ԳԼԽԱՎՈՐ | ՄՇԱԿՈՒՅԹ | ԸՆՏՐԱՆԻ | ՈՐՈՆՈՒՄ | ԱՐԽԻՎ | ԹԵՄԱ | ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐ
#002, 2013-02-09 > #005, 2013-02-20 > #006, 2013-02-20 > #003, 2013-02-23 > #004, 2013-03-16 > #005, 2013-03-23 > #006, 2013-04-06

ԱԶԳ ՕՐԱԹԵՐԹ - ՄՇԱԿՈՒՅԹ #4, 16-03-2013



Տեղադրվել է` 2013-03-17 00:13:59 (GMT +04:00)


Ընթերցված է` 1905, Տպվել է` 106, Ուղարկվել է էլ.փոստով` 96

ԵՐԿՈՒ ՀԱՅԱՇԽԱՐՀՆԵՐԸ ԸՆԴԵԼՈՒԶՈՂ ՄԵԾ ՄԱՐԴԸ

ՆԱՐԵԿ ԱՐՔ. ԱԼԵԷՄԷԶԵԱՆ

Երեւանէն Պուրճ Համուտ եւ ապա Պիքֆայա հասնող հեռախօսազանգը կը գուժէր. «Յակոբ Յակոբեան ոչ եւս է»:

Ոչ եւս է՞... իսկ սո՞ւտ է «Ի սկզբանէ էր Բանն» աստուածային ճշմարտութիւնը (Յիսուս Քրիստոսի Աւետարանը ըստ Յովհաննէսի 1.1): Ո՛չ. ոչ եւս չէ. որովհետեւ ի սկզբանէ էր, ի սկզբանէ եւ առ յաւէտ պիտի ըլլայ Բանը:

Միակ խոր ափսոսանքս այն է, որ համեմատաբար ուշ ճանչցայ Պատմական Հայաստանը-Կիլիկիան եւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը միաւորող եզակի եւ ամբողջական ՄԱՐԴ-ըՙ Յակոբ Յակոբեանը: Սակայն, մխիթարուած եմ, որ տիկին Մարիին, իր եւ բուռ մը համախոհ բարեկամներու հետ յաճախակի առիթներով գտնուեցայ իր հիւրընկալ յարկին տակ:

Յակոբին արուեստանոց-բնակարանը հայրենի մի քանի այն ջերմ օճախներէն էր, ուր գրեթէ ամէն Երեւան այցելութեանս սեղմ շրջանակով մը կը համախմբուէինք եւ արուեստի, հայրենասիրութեան ու համամարդկայնութեան թելերով հիւսուած երկար եւ անկաշկանդ զրոյցներ կ՚ունենայինք:

Արդէն երկու տարի է, որ Հայաստան չեմ եղած եւ երկու բարեկամներու անդառնալի մեկնումը կը մղկտէ սիրտս. Կարպիս Սուրէնեան եւ Յակոբ Յակոբեան: Յաջորդ Հայաստան այցելութեանս անոնց շիրիմներուն դիմաց եւ անոնց ոգեղէն ներկայութեան արտասանելիք աղօթքս յարգանքի պարտք մը հատուցելէն անդին անմահութեան հետ զրուցելու երկարաձգուած սրբազան պահ մը պիտի ըլլայ...:

Այսօր, Պիքֆայայի բարձունքին գտնուող Մեծի տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ս. Աթոռի դպրեվանքին մենութեան մէջ, նո՛յն աստուածային Բանն է, Լոկոսը, որ կը կամրջէ զիս Յակոբ Յակոբեանի վաստակին ու յիշատակին եւ բողբոջող դպրեվանեցիներու վաղուան հայ գիրի ու գոյնի ծառայական ձգտումներուն եւ կարողականութիւններուն, երբ քիչ ետք, Անթիլիասի Մայր տաճարին մէջ, հոգեհանգիստի պահուն, պիտի մրմնջեմ մեր նախնիներուն դարաւոր աղօթքը. «Քրիստոս, Որդի Աստուծոյ, գթա քո արարչական սիրովդ ի հոգի հանգուցեալ Յակոբ Յակոբեան ծառայի քո...»:

Յակոբ Յակոբեան իր կեանքով եւ արուեստով, իր վրձինով եւ գրիչով, իր բանաւոր եւ գրաւոր հայերէնով, իր ապրումներով եւ իրագործումներով ամրօրէն հաստատեց միացեալ հայ ըլլալու կարելիութիւնն ու իրաւութիւնը: Ան ո՛չ այնթապահայ է, ո՛չ եգիպտահայ է եւ ո՛չ ալ երեւանահայ է. առաւել, ան ո՛չ Մելգոնեան կրթական հաստատութեան կը պատկանի, ո՛չ Յակոբեան գերդաստանով կը սահմանափակուի եւ ո՛չ ալ հայրենի մեծ նկարիչ ըլլալու համբաւով կը պարուրուի: Անվարան կ՚ընդգծեմ. Յակոբ Յակոբեան այնքա՜ն կենսայորդ, այնքա՜ն հաղորդական, այնքա՜ն քաղցր, այնքա՜ն անսեթեւեթ, այնքա՜ն համեստ (կարելի է շարքը երկարել, սակայն զինք չվշտացնելու համար կանգ կ՚առնեմ) վաւերակա՛ն հայ էր եւ մարդ էր: Իր երկրաւոր կորուստով հայ մարդու ճշմարիտ տիպար մը հողին կը յանձնուի եւ միաժամանակ կը դրուի յաւիտենական արժէքներու գանձարանին մէջ ու իր գոյներուն խաղաղ ներդաշնակութեամբ եւ կանաչ գիծերով պատարագուած նշխարին նման կը բացուի մեր հոգիներու երանգապնակին վրայ:

2009-ի մայիսին, Կիլիկիա այցելելէ անմիջապէս յետոյ, Երեւան կը գտնուէի: Յակոբին բուռ մը պիստակ տուի եւ ըսի. «Այնթապէն է. թարմ-թարմ կերէք»: Միայն ինք կրնար այդ պահը իր վրձինով անմահացնել, երբ երիտասարդական աւիւնով պատասխանեց. «Այս Այնթապի ֆըստըխ-ը մէկուն պիտի չհրամցնեմ. ամէն օր մէկ-մէկ պիտի ուտեմ»: Ահա իր ամբողջ կեանքը ուրիշին բաշխած հայորդին այսպիսով ինքնալիցքաւորման իր ուխտը կը կատարէր իր կորուսեալ հայրենիքին հետ խորհրդանշական հաղորդութեամբ: Այսպէ՛ս էր Յակոբ Յակոբեանը եւ այսպիսի՛ յուշերով պիտի ապրի իմ մէջ, մեր բոլորին մէջ:

Աւետարանին մէջ, հողեղէն կեանքի փորձառութիւնը ապրած եւ յաւիտենական կեանքի խոստումը շնորհած Աստուածորդին կը պատգամէ. «Արդարները արեւու պէս պիտի փայլին երկինքի արքայութեան մէջ» (Յիսուս Քրիստոսի Աւետարանը ըստ Մատթէոսի 13.43):

Կ՚աղօթեմ, որ արդարներու ժառանգակից դարձած Յակոբ Յակոբեանի կեանքի եւ արուեստի ջերմութիւնը երկինքէն երկիր հասնելով միշտ արեւուն լուսաշաղ հպումը պարգեւէ բոլորիս:

10 Մարտ 2013, Դպրեվանք (Լիբանան)

 
 

ԱԶԳ ՕՐԱԹԵՐԹ - ՄՇԱԿՈՒՅԹ #4, 16-03-2013

Հայկական էկեկտրոնային գրքերի և աուդիոգրքերի ամենամեծ թվային գրադարան

ԱԶԳ-Ը ԱՌԱՋԱՐԿՈՒՄ Է ԳՐԱՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

ԱԶԴԱԳԻՐ