Ի ԽՈՐՈՑ ՍՐՏԻ ՍԱՐԳԻՍ ՎԱՀԱԳՆ Մեր գեղանկարչութեան մեծերէն Յակոբ Յակոբեանի գոյժը մեզ անակնկալի առջեւ դրաւ, երբ վերջերս մեծ հետաքրքրութեամբ ընթերցելով իր առոյգ ոճով գրուած յօդուածները, մեր մտապատկերացումին մէջ նոյնացուցեր էինք զանոնք իր առողջական կայտարութեան եւ «երիտասարդական» կորովին հետ: Անշուշտ, աւաղելով, դեռ երկար պիտի փնտռենք սրտցաւ հայ մարդու եւ քաջ մտաւորականի վայել իր գրութիւններըՙ մեզ զգաստութեան մղող: Բարեբախտաբար, ան մեկնելէ առաջ իր ժողովուրդին եւ մարդկութեան ընծայեց անգնահատելի գանձ մըՙ իր սքանչելի ու սփոփարար գեղանկարչութիւնըՙ ներհուն քնարականութեամբ թաթաւուն, մեղմ ու նուրբ գոյներու կախարդանքով վրձինուած եւ մարդկային խոր թափանցումով ընկալուած: Համատարած լռութեան, խոկումի, զգաստութեան եւ սպասումի վեհաշունչ ոգիները կը թեւածեն իր պաստառներուն ընդմէջէն: Սահմռկած տիեզերքն է կարծէք քարացած, շունչը բռնած, մեր ժողովուրդը պատուհասածՙ Մեծ Չարիքին դիմաց: Իւրաքանչիւր պաստառ լռութեան անզսպելի աղաղակ մըն է, որ կը պոռթկայ մարդկութեան քուն մտած խղճմտանքին դէմ: Այս ամենքըՙ արուեստի ամենադժուար ուղիներուն որդեգրումով եւ կիրարկումով. պարզութեամբ, մեղմութեամբ, նրբութեամբ, ներթափանցութեամբ եւ ներքին երաժշտականութեամբ: Առաւելաբար երկու գոյներու, թեթեւ դեղինի եւ նոսր սպիտակի հիանալի ներդաշնակութեամբ ստեղծելով մթնոլորտ, պահ ու հոգեվիճակ: Իր ամէն մէկ իւղանկարին առջեւ յուզումով, երկիւղածութեամբ եւ զգաստութեամբ կ՛ամփոփուինք անպայման, առանց ընկճուելու սակայն, զի անկից ծորող գեղեցկութեան լոյսն ու ներքին մեղեդին կը հարստացնեն մեր հոգին, կը զօրացնեն մեր կամքը: Ի խորոց սրտի կը սգանք իր մեկնումը, կը խոնարհինք իր անմար յիշատակին առջեւ եւ կը մրմնջենք ցաւագինՙ Յօ՞ երթաս, Վարպե՛տ: Լոս Անջելես |