«ԱՆՄԱՀՆԵՐԸ» Մարուշ ԵՐԱՄԵԱՆ Գիրքը գրաւեց, առինքնեց եւ ստիպեց, որ անպայման մօտէն ծանօթանամ իրեն, իր խորքերուն: Ծաւալը տպաւորիչ է, բայց ծաւալը ոչինչ է, եթէ չըլլայ նաեւ շապիկին հմայքըՙ թագադրութեան տեսարան մը, որ կը խօսի դժբախտաբար անցեալ փառքի մըՙ Արշակ երկրորդի թագադրութեան մասին: Ենթախորագիրը կ՛ըսէՙ «Պատկերաւոր ծաղկաքաղ պատմական նկարներու, Հայաստանի, հայերու եւ մասնաւորաբար պարսկահայերու»: Շապիկին ներսի երկու կողմերը նոյն գծանկարը ունին, 1968-ին NY-ի եւ Cleveland-ի մէջ հրատարակուած Websters New twentieth century բառարանէն առնուածՙ հնդեւրոպական լեզուներու տոհմածառը, ուր կ՛երեւին հոնկէ բխած առաջին երկու լեզուներըՙ հայերէնն ու ալպաներէնը: Այս գծանկար-տոհմածառը ինքնին շատ հետաքրքրական է եւ շահեկան: Եզնիկ Կողբացիէն առնուած խօսքը որպէս «բնաբան»ՙ կը յստակացնէ շարժառիթը. «Ոչ թէ ձգտում ենք անիրաւութեամբ յաղթել, Այլ արդարութեամբ ճշմարիտը սորվեցնել»: Մէջբերումը այն քիչ բաժիններէն է, որ գրուած է հայերէն, որովհետեւ գիրքին լեզուն անգլերէնն է: Գիրքը ձօնուած է հեղինակինՙ Ալիս Նաւասարգեանի թոռներուն, «Ճուլիէնին եւ Հենրիին եւ բոլոր հայ զաւակներուն, թոռներուն եւ ծոռներուն»: Այս գիրքը իր 529 էջերով աւելի նկարներու ալբոմ մըն է, քան խոր ուսումնասիրութիւն, որ կրնար «շատ մասնագիտական» ըլլալ, մինչ այս ձեւին մէջ շատ աւելի մատչելի է ժողովուրդին (առանց նկատի առնելու հաւանական բարձր սակը, որ նման բարձրորակ հրատարակութիւն մը կրնայ պարտադրել եւ, դժբախտաբար, գիրքը անմատչելի դարձնել: Ասիկա շատ ցաւալի հարց մըն է, որ կ՛առնչուի գիրքերու եւ ընթերցումի աշխարհին: Այդ մասին սակայնՙ այլ առիթով): Ներկայացուած է Նոյ Նահապետի սերնդական ծառը, առնուած L"Histoire Universelle-էն, հրատարակուած Paris, 1750-ին: Անոր կը նախորդէ Այվազովսկիի նշանաւոր գործինՙ Նոյի տապանէն իջնելու կտաւին վերարտադրութիւնը: Այս հսկայածավալ գիրքը հեղինակուհիին տասը տարուան հաւաքումին արդիւնքն է. «Իմ ոճովս հաւաքած եւ դասաւորած եմ բոլոր նիւթերը: Գիրքս կը պատմէ հայերու եւ Հայաստանի մասին, յատուկ ուշադրութեան արժանացնելով պարսկահայերը»: Գիրքը նուիրուած է հեղինակուհիին մօրՙ շուշեցի Աստղիկ Ալավերդեանին եւ հօր, նոյնպէս ղարաբաղցի Պօղոս Ալեքսանեանին, «որոնք ծանր ժամանակներու ստիպումով Ռուսաստանէն Պարսկաստան գաղթած են եւ 1932-ին Թաւրիզ հաստատուած»: Շատ հետաքրքրական է Նոյ Նահապետէն սերող «մարդկութեան տոհմածառը», որ պատրաստուած է 1749-ին Universal Magazine-ին համար, J. Hinton-ի կողմէ: Բոլոր վերարտադրութիւնները - ընդհանրապէս կրավիւր գործեր - ոչ միայն շատ գեղեցիկ են, այլ մանաւանդ հազուագիւտ են. այս իմաստով գիրքը շատ կարեւոր դեր կը կատարէ, շրջանառութեան դնելով այնպիսի գործեր, զորս այլապէս տեսնելու առիթ թերեւս չունենայինք: Նկարներէն մաս մը անգլերէն բացատրութիւններուն կողքին ունին նաեւ գրաբար բնագիրներ: Հետաքրքրական է Վարդան Մամիկոնեանի դստեր Շուշանիկի նկար-քարտը, ուր լատինատառ թրքերէնով գրուած է. General BՖyՖk Vartanin kizi Şuşanig. Ներկայացուած է «եկեղեցի մտնելուն համար պատժուող իշխանուհի Մարիամ»ին նկարը. անոր առիթով յիշուած են Սիպիլները եւ Արեւելեան ու այլ եկեղեցիներուն մէջ այրերուն հետ կիներուն ունեցած հաւասարութիւնը, որուն որպէս օրինակ կը յիշուի Միքել Անջելոյի Սիսթինեան տաճարի առաստաղին նկարը, ուր հինգ Սիպիլներ հաւասարապէս նկարուած են հին- կտակարանեան հինգ մարգարէներու կողքին: Առանձին բաժին յատկացուած է պարսկահայերուն: Յստակ եւ բացայայտ է անոնց լիիրաւ քաղաքացիներ ըլլալու եւ իրենց քաղաքացիական յանձնառութիւնը լիովին կատարած ըլլալու իրողութիւնը: Մեր պատմութիւնը թէեւ բաւական բան կ՛ըսէ պարսկահայերու մասին, սակայն այս գիրքին նկարներըՙ լուսանկար թէ գեղանկար, իրենց հակիրճ բացատրութիւններով մանրամասնութիւններ կ՛ուրուագծեն: Օրինակՙ Մոսկուայի Լազարեան ճեմարանը, որուն հիմնադիրը Լազարեան նշանաւոր տոհմէն է եւ որուն մասին այնքան քիչ բան գիտենք մանաւանդ մենքՙ սփիւռքահայերս: Եթէ այստեղ միայն յիշեմ անունները միջազգային հռչակ նուաճած հայ թէ ռուս այն մեծերուն, որոնք Լազարեան ճեմարանէն ներս ստացած են իրենց ուսումը, փոքր, բայց խորապէս տպաւորիչ գաղափար մը տուած կ՛ըլլամ այդ ճեմարանի մակարդակին եւ վարկին մասին. Mikhayel Ivanovich Glinka (1804-1857) երաժիշտը, Constantin Sergeevich Stanislavsky (1863-1938) բեմուսոյցն ու բեմադրիչը, Lev Nikolayevich Tolstoy (1828-1910) վիպագիրը եւ Ivan Sergeyevich Turgenyev (1818-1883) վիպագիրը, եւ այսՙ պարզապէս քանի մը օրինակներ տալու համար: Թադէի վանքին նուիրուած էջերը շատ գեղեցիկ լուսանկարներ կը պարունակեն, ուր յստակ կ՛երեւին ճարտարապետութիւնը, բարդ քանդականախշերն ու որմնաքանդակները: Այստեղ չեմ կրնար բարիով չյիշել Արմէն Հախնազարեան (+) ճարտարապետը (պարսկահայ), որուն ուսանողական աւարտաճառը եղած է այս վանքը, եւ եղած է որպէս հիացմունքի արտայայտութիւն ու սիրոյ տուրք: Իրմէ է որ լսեր էինք ես եւ ճարտարապետ ամուսինսՙ Գէորգ Երամեանը (+) հայկական վանքերուն հանդէպ պարսկական պետության ունեցած յարգալից կեցուածքին եւ զանոնք նորոգելու որոշումին մասին: Անգնահատելի հաւաքածոյ մըն է այս գիրքը, որ մեծ հաճոյք կը պատճառէ զայն թերթողին: Քանի մը խօսք հեղինակինՙ Ալիս Նաւասարգեանի մասին: Ծնած է Իրանի Թաւրիզ քաղաքը եւ հասակ առած հայկական հարցերով եւ մշակոյթով խորապէս շահագրգռուած ընտանիքի մը մէջ: Իր ներշնչումը իր ժողովուրդին եւ մշակութային ժառանգութեան հանդէպ զգացած սէրը եղած է: Թաւրիզի մէջ արուեստ եւ երաժշտութիւն ուսանած հեղինակուհին Իսֆահանի համալսարանէն որպէս հայագէտ եւ պատմագէտ վկայուած է: 1978-ին ընտանիքին հետ Ամերիկա կը տեղափոխուի: Առաջին գիրքըՙ «Ոսկեայ Կամուրջներՙ Իրան-Հայաստան», 1997-ին լոյս տեսած, կը ներկայացնէ պարսկահայ 55 նկարիչներու կեանքն ու գործը: Երկրորդըՙ «Բեմին Նուիրուած Հայուհիներ» (1999) կը ներկայացնէ իրենց ժամանակին հռչակաւոր, երբեմն մինչեւ միջազգային բեմեր հասած հայուհիներ: Նախկին երկու գիրքերն ալ ունին այս երրորդին շքեղութիւնը եւ ընթերցող-դիտողին խոր հաճոյք պարգեւելու շնորհքը: Երեւան |