ՎԱՀԱՆ ԹԷՔԷԵԱՆ ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ Երկու գիրք մէկ շնորհանդէսով Տիթրոյթէն, Թորոնթոյէն, Լոս Անճելըսէն ու Ֆրեզնոյէն ետք, Թէքէեան մշակութային միութիւնը Նիւ Եորքի մէջ արձագանգեց վերջերս լոյս տեսած Վահան Թէքէեանի գրականութեան նուիրուած զոյգ հատորներու` «Վահան Թէքէեան. Հատընտիր քերթուածներ» անգլերէն թարգմանութեամբ` փարիզաբնակ Ժիրայր Փափազեանի ու իր հօրեղբօր` Ճոն Փափազեանի , եւ «Վահան Թէքէեան. Բանաստեղծութիւններու հատընտիր» խմբագրութեամբ Երուանդ Ազատեանի : Շնորհանդէսը տեղի ունեցաւ հոկտեմբեր 31, 2014, ուրբաթ երեկոյեան, Նիւ Ճըրզիի ԹՄՄ կեդրոնին մէջ, զոր Թէքէեան բանաստեղծն ու հասարակական գործիչը սիրող ու գնահատող հասարակութիւնը ամբողջութեամբ լեցուցած էր: Հրամցուեցաւ բարձրորակ յայտագիր մը` նոյնքան որակեալ գրասէր հասարակութեան համապատասխան: Այս առթիւ, յատկապէս Փարիզէն եկած էր ծանօթ բեմադրիչ-դերասան ու թարգմանիչ Ժիրայր Փափազեանը եւ Տիթրոյթէն` գրականագէտ Երուանդ Ազատեանն ու արուեստագիտուհի Նորա Իփեքեան-Ազատեանը: Միութեան Նիւ Եորքի վարչութեան ատենապետին բարի գալուստի խօսքէն ետք յայտագրին գեղարուեստական բաժինը սկսաւ դասական երաժշտութեան լաւագոյն մեկնաբաններէն Անահիտ Զաքարեանի երգով ու դաշնակի ընկերակցութեամբ, երգահան Համբարձում Պէրպէրեանի երաժշտութեամբ եւ Թէքէեանի բառերով` «Կ՛անձրեւէ տղաս» եւ «Սէր մը գաղտնի»: Օրուան հանդիսավարութիւնը կատարեց կրթական մշակ ու գրող Զարմինէ Պօղոսեանը , որ վերջերս պարգեւատրուեցաւ Մայր աթոռէն: Ան հեզասահօրէն ընթացք տուաւ յայտագրին եւ Թէքէեանի վայել լրջութեամբ ներկայացուց մասնակից արուեստագէտները յաւուր պատշաճի: Հանդիսութիւնը թէեւ նախաձեռնուած ու կազմակերպուած էր ԹՄՄ-ի կողմէ, սակայն Համազգային հայ կրթական ու մշակութային միութիւնն ու Էսայեան-Կեդրոնական սանուց միութիւնը եւս մաս կազմեցին այս ձեռնարկին որպէս մշակութայնօրէն համախոհ կազմակերպութիւններ: Վահան Թէքէեան ըլլալով աշակերտ եւ ապա տնօրէն Կ. Պոլսոյ Ազգային Կեդրոնական վարժարանին, նպատակայարմար էր որ Սանուցի ատենապետ Արթօ Խրիմեան տար իր սրտի խօսքը եւ գնահատանքը այս առթիւ: Հատընտիր քերթուածներու թարգմանական գիրքը անգլերէն լեզուով ներկայացուց հանրայայտ մտաւորական ու թարգմանիչ դոկտ. Հրանդ Մարգարեան : Տեսաերիզի վրայ բարձր մակարդակով ան վերլուծեց Փափազեաններու տարիներու ընթացքին կատարած լուրջ աշխատանքը, որ շատ ուշ եւ բախտով ի յայտ կու գար Ճոն Փափազեանի Հռոմի բնակարանէն, երբ արդէն ան մահացած էր Գահիրէի մէջ 1989ին: Այս սկզբնական գործը շարունակած է Ժիրայրը: Գիրքը հրատարակուած է Կալիֆոռնիոյ Նահանգային համալսարանի կողմէ, Ֆրեզնօ, եւ վերախմբագրուած` Երուանդ Ազատեանի կողմէ: Կողքի շապիկին նկարը ստեղծագործութիւնն է Նորա Ազատեանի, որ անձամբ ճանչցած էր Թէքէեանը, Գահիրէ, իր բնակութեան օրերուն, երբ Բանաստեղծութեան իշխանը յաճախ այցելութեան կու գար Նորայի մօրենական կողմէ մեծ հօր` Սասունի հերոս ու ՌԱԿի ղեկավար դէմքերէն Միհրան Տամատեանի: Բանաստեղծուհի Վեհանուշ Թէքեան հայերէն լեզուով ներկայացուց յաջորդ գիրքը, որ հրատարակութիւնն է Հայաստանի Թէքէեան մշակութային միութեան, հրատարակուած` Երեւան 2012ին: Յառաջաբանը գրած է ու գիրքը կազմած ու խմբագրած` Երուանդ Ազատեան: Գիրքը կը պարփակէ Թէքէեանի քերթուածներէն փունջ մը առանձնացած գլուխներու մէջ` «Ինքներգութիւն», «Սեռ եւ սէրեր անկարելի», «Հայերգութիւն», «Ահաւոր բան մը այնտեղ» եւ «Կեանքէն ու մահէն անդին», որոնք կու տան իրաւ ճաշակը մեծ բանաստեղծին: Թէքեան գիրքը ներկայացնելէ աւելի տուաւ Թէքէեանի կեանքն ու գործը, որ խղճմտօրէն ան պատրաստած էր եւ որ կարելի էր առանձին գրական հաւաքի մը ընթացքին ներկայացնել զայն: Ժիրայր Փափազեան նախ շնորհակալութիւն յայտնեց ԹՄՄի վարչութեան երեկոյի կազմակերպումին համար ու անդրադարձաւ այս հատորին թարգմանական աշխատանքին: Երկունքով ծնունդ առած աշխատանք մը, որ տաս երկար տարիներու ընդմիջումէ ետք էր որ միայն կը յանձնուէր հրատարակութեան: Այնուհետեւ, շնորհալի արուեստագիտուհի Նորա Արմանի եւ Ժիրայր կարդացին անգլերէն լեզուի թարգմանուած վեց բանաստեղծութիւններ Թէքէեանի գործերէն, արժանանալով ներկաներուն գնահատանքին: Բազմատաղանդ արուեստագիտուհի Նորա Ազատեան , հակառակ իր յառաջացեալ տարիքին, խոր ապրումով արտասանեց բանաստեղծին ծանօթ երկու քերթուածները` «Պիտի ըսենք Աստուծոյ» եւ «Պիտի իյնաս», որոնք Ցեղասպանութեան դարադարձի նուիրուած յիշատակումի նախօրէին կու տային Թէքէեանի ցասումը նոյնիսկ Աստուծոյ հանդէպ, երբ կը քերթէր ան գրելով. Ու երբ որ Ան` երկրային մեր մեծ ցաւին փոխարէն, Ուզէ ըզմեզ ըսփոփել, վարձահատո՜յց մեզ ըլլալ ..., Իր այդ շընորհն ապաժամ մենք մերժելով ուժգնօրէն` Պիտի ըսենք. - «Մեզ դըժոխք, դըժո՜խք ղրկէ անգամ մ՛ալ. Չէ՞ որ զայն լաւ ճանչցանք, զայն ճանչցուցիր մե՜զ շատ լաւ, Եւ Թուրքերուն յատկացո՛ւր արքայութիւնըդ անբաւ ...»: Ներկաները յոտնկայս եւ երկա՜ր ծափահարութիւններով եւ յուզումնախառն զգացումներով գնահատեցին Նորա Ազատեանի մեկնաբանութիւնը: Հուսկ խօսք առաւ Երուանդ Ազատեան, որ շնորհակալութեամբ գնահատեց կազմակերպիչ յանձնախումբը, յայտագրին մէջ բաժին վերցուցած իւրաքանչիւր արուեստագէտին տալով իր յարգալիր արտայայտութիւնը: Ինք որ մեր ապրող մտաւորականութեան մէջ Թէքէեանի գործն ու կեանքը ճանչցող այն քիչերէն է, որ կը փոխանցէ սփիւռքահայ թէ հայրենի գրասէր նոր սերունդին Թէքէեանի ազգային կեանքին վաստակը եւ հայ գրականութեան տուած տաղանդը: Ազատեան ունի զանազան երկասիրութիւններ նուիրուած Վահան Թէքէեանին եւ այլ գրողներու` ցրուած մեր մամուլի էջերուն վրայ եւ զանոնք հաւաքելու եւ քանի մը հատորներու մէջ դնելու աշխատանքին է լծուած վերջերս: Ժամանակակից երգարուեստի տաղանդներէն Պերճ Թիւրապեան Թէքէեանի բառերով ու իր յօրինողութեամբ ներկաներուն հրամցուց երեք երգ: Ան լաւագոյն մեկնաբաններէն է որքան Թէքէեանի, նոյնքան` Ազնաւուրի: Ունի Թէքէեանի երգերով խտասալիկ մը: Յայտագրի աւարտին ներկաները գիրքերէն օրինակներ յանձնեցին հեղինակներուն զանոնք մակագրելու համար ու երկար պահեր անցուցին միասինՙ ըմբոշխնուած օրուան խորհուրդէն: |