RSS | FACEBOOK | NLA
ԳԼԽԱՎՈՐ | ՄՇԱԿՈՒՅԹ | ԸՆՏՐԱՆԻ | ՈՐՈՆՈՒՄ | ԱՐԽԻՎ | ԹԵՄԱ | ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐ
#034, 2014-10-31 > #035, 2014-11-07 > #036, 2014-11-14 > #037, 2014-11-21 > #038, 2014-11-28

ԱԶԳ ՕՐԱԹԵՐԹ - ՄՇԱԿՈՒՅԹ #36, 14-11-2014



Տեղադրվել է` 2014-11-13 21:15:54 (GMT +04:00)


Ընթերցված է` 808, Տպվել է` 7, Ուղարկվել է էլ.փոստով` 0

ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԴԱՐԱԴԱՐՁԻՆ ԹԷՔԷԵԱՆԸ ՊԻՏԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԷ «ԴԱՏԱՐԱՆՆ Է, ՈՏՔԻ՛...»

ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ, Նիւ Եորք

Յանդուգն քայլ մը եւս Թէքէեան մշակութային միութեան կողմէ նախաձեռնուած. Միութեան Նիւ Եորքի «Մհեր Մկրտչեան» թատերախումբը պիտի ներկայացնէ հայրենի թատերագիր Պերճ Զէյթունցեանի գլուխ գործոցներէն «Դատարանն է, Ոտքի՛...» («Ոտքի, դատարանն է գալիս») թատերախաղը, որ պատմութիւնն է Թալէաթը զգետնող հայ վրիժառուին` Սողոմոն Թեհլիրեանի դատական գործընթացին Պերլինի մէջ: Մարտ 14, 1921ին ան իր ազգին ու ընտանիքին վրէժն էր որ կը լուծէր Թալէաթը ճակատէն գնդակահարելով:

Այս նպատակին իրագործման համար թատերախումբին վարչութիւնը յատկապէս Փարիզէն հրաւիրած է տաղանդաշատ բեմադրիչ Ժիրայր Փափազեանը պիեսը բեմադրելու համար: Բեմ պիտի բարձրանան ամէն տարիքէ եւ սեռէ 25 դերասաններ: Թատերախումբին մնայուն անդամներուն կողքին պիտի մասնակցին նաեւ քանի մը նոր դերասաններ, որոնց մէջ է նաեւ 92ամեայ մեծ հայրիկ մը, որ կու գայ այս ներկայացումին բերել իր ալ մասնակցութիւնը որպէս աւագ սերունդի ներկայացուցիչ` հարիւրամեակի յիշատակութեան համազգային մեր ցոյցին:

Արդէն իսկ երկու ամիսէ ի վեր սկսած են փորձերը Թէքէեանի սրահին մէջ: Դերաբաշխումն ու բեմադրութիւնը կատարուած են եւ թեքնիք աշխատանքներուն լծուած են 20ի մօտ երիտասարդներ, որոնք լոյսի, զգեստաւորման, ձայնի, երաժշտութեան, բեմայարդարման համար կը բերեն աննախընթաց նորութիւններ:

Ներկայացումը տեղի պիտի ունենայ 12 ապրիլ 2015ին, կիրակի կէսօրէ ետք, Մենհեթընի «Սիմֆընի Ըսփէյս» թատերասրահին մէջ, հովանաւորութեամբ Արեւելեան Ամերիկայի ցեղասպանութեան դարադարձի կեդրոնական յանձնաժողովին:

Այս առթիւ կը ծրագրուի Երեւանէն հրաւիրել հեղինակը` Պերճ Զէյթունցեան:

Հասնելու համար անգլիախօս ամերիկահայ մեր սերունդին, ինչպէս նաեւ` օտար հանդիսատեսներուն, կը մշակուի անգլերէն լեզուով մասնաւոր պաստառի վրայ լուսարձակել դերասաններուն երկխօսութիւնը:

Թատերախումբի վարչութիւնը ամէն ճիգ ի գործ դնելով, բոլորանուէր աշխատանքով կը հետեւի տարուած աշխատանքներուն: Նիւթական մեծ յանձնառութիւն մըն է որ նախաձեռնած է ԹՄՄ-ի Նիւ Եորքի մասնաճիւղը, հաւատալով, որ թատերախումբը հանրութեան պիտի հրամցնէ որակաւոր մշակութային ներկայացում մը:

Ամէն կասկածէ վեր է, որ սոյն ներկայացման յաջողութեան համար մեր ժողովուրդը սատար պիտի հանդիսանայ բարոյապէս ու նիւթապէս թատերախումբին: Հետեւաբար միութեան վարկին եւ այս մեծ ոստանին վայել մակարդակով, թատերախումբը պիտի ներկայանայ հասարակութեան:

 
 

ԱԶԳ ՕՐԱԹԵՐԹ - ՄՇԱԿՈՒՅԹ #36, 14-11-2014

Հայկական էկեկտրոնային գրքերի և աուդիոգրքերի ամենամեծ թվային գրադարան

ԱԶԳ-Ը ԱՌԱՋԱՐԿՈՒՄ Է ԳՐԱՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

ԱԶԴԱԳԻՐ