RSS | FACEBOOK | NLA
ԳԼԽԱՎՈՐ | ՄՇԱԿՈՒՅԹ | ԸՆՏՐԱՆԻ | ՈՐՈՆՈՒՄ | ԱՐԽԻՎ | ԹԵՄԱ | ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐ
#002, 2015-01-23 > #003, 2015-01-30 > #004, 2015-02-06 > #005, 2015-02-13 > #006, 2015-02-20

ԱԶԳ ՕՐԱԹԵՐԹ - ՄՇԱԿՈՒՅԹ #4, 06-02-2015



ՆՈՐ ԳՐՔԵՐ

Տեղադրվել է` 2015-02-06 00:32:17 (GMT +04:00)


Ընթերցված է` 1325, Տպվել է` 16, Ուղարկվել է էլ.փոստով` 8

ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

ՄԱՐՈՒՇ ԵՐԱՄԵԱՆ

Վերջերս երէց գրագէտներուն համար կարծես «նորաձեւութին» դարձեր է հաւաքումի աշխատանքըՙ մամուլի բազմակուլ ովկիանէն փրկել ցրուած եւ հաստատօրէն կորուստի մատնուելիք յօդուածները ի՛նչ բնոյթի ալ ըլլան անոնք -, խմբել մէկ խորագրի տակ եւ հրամցնել ընթերցողին. Պօղոս Սնապեան, Սարգիս Վահագն, յիշելու համար մէկ քանին, եւ ամբողջովին վերջերսՙ Արամ Սեփեթճեան:

Սեղանիս երկու գիրքեր են, երկուքն ալ նոյն հեղինակէն, նոյն թուականին (2014), նոյն վայրը (Պէյրութ) եւ նոյն հրատարակչատունէն (Սիփան) լոյս տեսած: Տակաւինՙ երկուքն ալ հաստափոր, քանի մը հարիւր էջ հաշուող:

Ասիկա երեւոյթ մըն է, որուն հաւանաբար միա՛յն Սփիւռքի մէջ կը հանդիպինք, մասնաւորաբար Սփիւռքի այսօրուան կարեւոր երկու կեդրոններունՙ Պոլսոյ եւ Պէյրութի մէջ. եւ կը հանդիպինք միա՛յն այն հեղինակներու պարագային, որոնք հրատարակչատուներու սեփականատէրեր են, ինչպէս Ռոպէր Հատտէճեան (Պոլիս) եւ այս երկու գիրքերուն հեղինակըՙ Արամ Սեփեթճեան (Պէյրութ): Որովհետեւ թէեւ ճիշդ է, որ Սփիւռքի տարածքին գրական քանի մը մրցանակներ կան, բայց չէ պատահած, որ սփիւռքահայ հեղինակ մը նոյն տարուան մէջ երկու մրցանակ շահի եւ հրատարակուած երկու գիրք ունենայ:

Երբ կը կարդանք Ա. Սեփեթճեանի կենսագրութիւնը, կը տեսնենք որ այս տարին իր ութսունամեայ յոբելեանն է. հաւանաբար այս երկու գիրքերուն հրատարակութիւնը գեղեցիկ նուէր մը եղած ըլլայ իր հարազատներէն. ողջունելի որոշում եւ իրագործում:

Տուեալ երկու գիրքերը գեղարուեստական գրականութեան մաս չեն կազմեր, թէեւ անոնցմէ մէկը «Գրական հանդիպումներ» խորագրուած է: Բովանդակութեան ցանկը յստակ կը դարձնէ այս «հանդիպումներ»ուն բնոյթըՙ գիրքերու եւ հեղինակներու հետ, փոխանցելու համար անոնցմէ ծնած տպաւորութիւններն ու մտորումները:

Հակառակ անոր, որ յօդուածները նուիրուած են հռչակաւոր հեղինակներու կամ անոնց շատ խօսուած գիրքերէն մէկն ու մէկուն, հոն կան նաեւ մէկ քանի հետաքրքրական գրութիւններ, ինչպէս օրինակ «Վահան Թէքէեան արձակագիրը», որ վեր կ՛առնէ հնչեակի իշխանին հազուադէպօրէն լոյսին բերուած երեսը:

Այս հաւաքածոյին մէջ կարելի է հանդիպիլ նաեւ կարգ մը զարմանալի կամ անհասկնալի երեւոյթներու. օրինակՙ Մովսէս Պչաքճեանի «Լուսաւոր աչքերով օտարականը» վէպին համար հեղինակը կ՛ըսէՙ «Արտասովոր երեւոյթ մըն է սփիւռքահայ գրականութեան մէջ»: Նման ծանրակշիռ խօսք սպասելի է, որ նոյնքան ծանրակշիռ հաստատում ունենայ: Բայց չունի:

Կայ այլ խօսք մը եւս, այս վէպին առիթով ըսուած.

«Այստեղ է որ կը գտնենք խոհա-իմաստասիրական որոնումներ, լեզուական-բառակառուցային վերծանումներ, որոնք ուսանելի էջերու կը վերածեն վիպական գործողութիւնները». տեղին չէ՞ հարց տալՙ արդեօ՞ք վէպերը ընդհանրապէս ուսուցողական նպատակներ կը հետապնդեն, եւ այս մէկը, հասնելով իր նպատակին, կարելի է յաջողած համարել ...

Գիրքը բաժնուած է ըստ ժանրի.

- Երկխօսութիւն քերթողութեան հետ

- Գեղարուեստական արձակի հետքերով

- Դէմքեր ու գիրքեր

- Խոհական-գեղագիտական մատենախօսութիւն

Երկրորդըՙ «Ձայներ լռութեան մէջ», կ՛ընդգրկէ հեղինակին ազգային գաղափարախօսական բնոյթով ստորագրած խոհական էջերը, զորս ան կը ներկայացնէ իբրեւ «խաչբուռՙ ընդառաջ Հայոց ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցի անկշռելի խորհուրդին»:

Բայց ինչո՞ւ ձայներ լռութեան մէջ:

Որովհետեւ «ձայներ կու գան հեշտալուր, կ՛ըլլան ընկեր մտածումներուս, խորհրդաւոր ու խորհրդատու մտերիմ», ինչպէս կ՛ըսէ հեղինակը գիրքին Բ գլուխին մէջ, որմէ առած է գիրքը իր խորագիրը:

Մեզի կը թուի սակայն, որ խորագիրը կ՛ակնարկէ նաեւ ա՛յն լռութեան, որուն մէջ կը շարունակէ ծփալ Մեծ աղէտը, եւ որուն նուիրուած է գիրքին Ա գլուխըՙ Խորհուրդ Ապրիլեան:

Եթէ միայն ենթախորագիրները կարդանք, պիտի տեսնենք, որ հեղինակին կարկինը բաւական լայն բացուած է եւ այժմէական ու հետաքրքրական նիւթեր կ՛ընդգրկէ, ինչպէսՙ նոր համայնագիտարան մը ինչպէ՛ս կը դիտէ ու կը դատէ հայերը, կամՙ հայ մամուլին վիճակուած դերը սփիւռքահայ կեանքին մէջ, կամՙ մամուլին դերը հայ իրականութեան մէջ եւ այլն:

Կարգ մը բառեր կրկին ու կրկին կը տողանցեն էջերուն վրայ, բառեր, որոնք տասնամեակներէ ի վեր օգտագործուած, գրեթէ չարաշահուած եւ արդէն սպառած են: Ճիշդ է որ յօդուածներուն թուականները ետ կ՛երթան մինչեւ 1954, սակայն լաւ կ՛ըլլար, որ գիրքի կազմութեան ընթացքին խմբագրուէին անոնք եւ նոր շունչով թարմանային:

Այստեղ կ՛ուզեմ անդրադառնալ այն կարգ մը հարցերուն, որոնք ծնունդ կ՛առնեն այս գիրքերուն ընթերցումէն:

Գիրքերէն մէկուն յառաջաբանին մէջ հեղինակը կ՛ըսէ.

«Ընթերցումը լոկ կարդալու հաճոյքն ու ըմբոշխնումը չէ՛, այլ պաստառադրումը կեանքի բազմազան երեւոյթներէն ծնած հարցադրումներուն»: Որքան հասկցանքՙ ընթերցումը հաճոյք չէ, այլ հարցադրումներ բանաձեւելը: Անշուշտ գեղարուեստական իւրաքանչիւր երկ իր հետ կենսահայեացք կը բերէ, որուն կրնանք համաձայն ըլլալ կամ չըլլալ. ըլլալու կամ չըլլալու համար նախ պէ՛տք է ընթերցել. իսկ ընթերցումը առանց հաճոյքի չի կրնար ըլլալ. ու եթէ ըլլայ, կը դառնայ պարտականութիւն եւ ի վերջոյ կ՛ընդհատուի:

Կը կարծեմ որ այստե՛ղ թաղուած է շան գլուխը մեր ժամանակակից այն մեծ հարցին, որ չընթերցումն է: Խօսքը անշուշտ երիտասարդութեան մասին է, որուն կարեւոր տոկոսը ընթերցումէ հեռու է, շա՜տ հեռու:

- Ի՞նչ ընեմ, ի՞նչպէս ընեմ, որ ընթերցումը սիրէք,- օր մը խնդրեցի աշակերտներուս:

- Հաճելի գիրքեր թելադրեցէ՛ք, կարդանք,- ըսին պարզօրէն:

Հաճելի: Անշուշտ այս բառը տարբեր խաւի մարդոց համար տարբեր իմաստ ունի, մանաւանդ ընթերցումի պարագային. եթէ մէկուն համար ժամանցայինն է հաճելին, ուրիշի մը համար ուսումնասիրականն է, երրորդի մը համարՙ փիլիսոփայականը: Բայց երբ երիտասարդութիւնն է մեր ուշադրութեան առարկան, չենք կրնար զիրենք հետաքրքրող նիւթերը զիրենք հետաքրքրող ձեւով չներկայացնելՙ հետաքրքրական եւ հաճելի:

«Գիրքի արժեւորումը կը ծնի գրագէտ-ընթերցող յարաբերութենէն», կ՛ըսէ հեղինակը: Բայց եթէ չըլլայ ընթերցումի գրգիռը որպէս սկզբնակէտ, այդ յարաբերութիւնը երբեք չի կայանար:

Շատ լաւ բան է յօդուածներու հաւաքածոներ ձեռքի տակ ունենալ, եթէ նկատի չառնենք, որ անոնք աւելի շատ աղբիւրի դեր կը կատարեն որովհետեւ կարելի չէ միաշունչ կերպով կարդալ ինչ որ ի սկզբանէ գրուած է օր առ օր, կամ շաբաթ առ շաբաթ կարդալու համար: Որպէս աղբիւր ալ, սակայն, այս հաւաքածոները չեն կրնար ամբողջական ըլլալ, որովհետեւ գրուած են ենթակայօրէն, ըստ հեղինակին նախասիրութիւններուն. հետեւաբար շատ բան դուրս մնացած կ՛ըլլայ անոնցմէ:

Երեւան

 
 

ԱԶԳ ՕՐԱԹԵՐԹ - ՄՇԱԿՈՒՅԹ #4, 06-02-2015

Հայկական էկեկտրոնային գրքերի և աուդիոգրքերի ամենամեծ թվային գրադարան

ԱԶԳ-Ը ԱՌԱՋԱՐԿՈՒՄ Է ԳՐԱՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

ԱԶԴԱԳԻՐ