ՌՈՄԷՆ ԿՈԶՄՈՅԵԱՆԻ «ԻՄ ԿԵԱՆՔԻ ՀԱՒԱՏԱՄՔԸ» ԳԻՐՔԸ Թորոս ԹՈՐԱՆԵԱՆ Կարելի հարազատութիւն պահելու ձգտող ինքնակենսագրական մըն է ընթերցողին մատուցուածը, ուր երբեմն կողմ ըլլալը կրնայ մանր շեղումներ արձանագրել: Այդ եւս բնական է: Ռոմէն Կոզմոյեանը խորհրդահայ դիւանագիտական կեանքին մէջ յայտնի աձնաւորութիւն է, որ իր այս գործին մէջ երբեք չէ անցած վարագոյրի ետին եւ ինքզինք ներկայացուցած է այսպէս, այսպիսին.- «Երջանիկ եմ ոչ միայն այն պատճառով, որ այս հողում թաղված են պապերս, այլեւ որ ես այս հողի մշակն եմ, տերը, ծառան, զինվորը, քաղաքացին, եւ վերջապէսՙ պահակը»...: Պէտք է հաստատել, որ Ռոմէն Կոզմոյեան լիարժեք մտաւորական է եւ, իր այս գործը արձանագրած է մաքուր հայերէնով, համեմուած ժողովրդային բառուբանով, շղարշած պայծառախօսութեամբ` «Ձիւն անմազ գլխին», «Կաթը թափուած էր արդէն», «Եփն առել է, եռքըՙ նստել», խօսքաշէն բառն ալ վրան: Առաջին էջին վրայ կը կարդանք.- «Հեղինակը եւ հրատարակչությունը շնորհակալություն են հատնում Սալաթյան ընտանիքին սույն գրքի տպագրությունը հովանավորելու համար, զանց առնելով նրանց բարեգործությունների մասին լռելու սկզբունքը»: Ապա կը հանդիպինք բանաստեղծական էջի մը, ուր հեղինակը իր իսկ Նոր տարիին մասին խօսելով դէպի բարձունք դիմելու իր վճռականութիւնը կը յայտնէ: Կը յաջորդէ գիրքին առաջին բաժինը.- «Յիշատակարան, ամէն տեղ հայ կայ, ու փոքրիկ Հայաստան»: Անվարան կրնանք ըսել, թէ ներկայացուած պատումները գրական էջեր են: «Ճակատագիր, թէ՞» վերնագիրին տակ կը կարդանք.- «Երբ լրացավ իմ հիսուն տարին, մի օր մայրս շատ խորհրդավոր շուրջը նայելով, որ լսող չլինի, կիսաշշուկով ինձ ասաց. «Դու Սարդարապատի թանգարանում եղե՞լ ես:- Այո:- Մահապարտների գնդի նկարը տեսե՞լ ես:- Չեմ հիշում...:- Դու գիտե՞ս, որ այդ նկարի կենտրոնում նստած հոգեւորականը քո պապն է, իսկ ցածի շարքի աջից երկրորդը քեռիդ էՙ Մուկուչը»: Այսպէս հեղինակը խօսած կ՛ըլլայ իր ծագումին մասին, արտայայտուելով նաեւ երկրին 1937 թուականը ապրած ըլլալուն եւ այն մասին, թէ ինք ինչո՞ւ այսքան ուշ կը տեղեկանար կարեւոր ճշմարտութիւն մը: Որովհետեւՙ «որեւէ քաղաքական ու ազգային թեմա միշտ փակ է եղել»: Այո՛, ինչո՞ւ չէՙ խոստովանանք: Հոս ներկայացուածը անօրինակ պատահարներու շարք մըն էՙ տրուած գրագէտի շունչով: Կը յաջորդէ.- «Աշխարհում ինչքա՞ն «մայդաներկներ կան»: Խօսքը ֆաշիզմի մասին է: Մայդանենգ տեսած իսրայելացիք Լիբանանի վրայ յարձակելով Պեյրութի Սաբրա եւ Շաթիլա թաղամասին մէջ 1979ին կը ջարդեն պաղեստինցիները, մանուկ ու ծեր: «Սպանդը սկսուեց լուսաբացին, տեւելով օրուկես»: Այսքանը բաւարար չէ.- «Հիմա էլ եկել է «Քեռի Սեմը», գրավել մայրաքաղաք Բէյրութը, նավահանգիստը, օդանավակայանը, նրա զինվորները որպես զսպիչ ուժ տիրաբար շրջում են քաղաքում, հրեան «սաստվեց» սպանդն իրականացնելուց հետո»: Այս եւս պատմական փաստաթուղթ մըն է: Նման փաստաթուղթ մըն է նաեւ յաջորդ նիւթը: «Հետահայեաց մտորումներ» վերնագիրին տակ անաչառօրէն ներկայացուած է Լիբանանի նախկին ազգայիններէն Գէորգ Մոմճանի յախճապակիի գործարան հիմնելը Արտաշատի մէջ, որ հետագային, արդէն անկախութեան շրջանին, սեփականաշնորհումի կ՛ենթարկուի... աճուրդով: Ժամանակին այս հարցը աղմուկի տեղիք տուաւ: Հեղինակը լաւատեղեակ է: Հարցին անտեղեակ մարդիկ սուտ լուրեր կրնան տարածել ու կը տարածեն: Որդի Մոմճեանը Ամերիկայէն գալով կը լուծէ հարցը: Հեղինակը իր կարգին լոզունգով մը կը վերջացնէ հարցը.- «Բարձրացրու, որ բարձրանաս»: Յաջորդ բաժին. «Աշխարհն ու հայերը»: Այստեղ խորհրդածութիւն կատարողը քառասուն տարի Սփիւռքի հետ կապ ունեցող Ռոմէն Կոզմոյեանն է: Ոմանք շաբաթ մը քաղաք մը այցելելով վէպ մը կը գրեն: Իսկ 40 տարի Սփիւռքի հետ կապ ունեցող Կոզմոյեանը կը հաստատէ.- «Դեռ դպրոցից հիշում եմ, որ որքան մոտ է առարկան լույսի աղբյուրին, անքան մեծ է նրա ստվերը»: Հեղինակը յուշեր ունի նաեւ Արժանթինէն, Ուրուկուայէն եւ այն մասին, թէ Լոլիտա Տորեսը կը յայտնուի Հայաստանի մէջ: Պատմութեան մէջ կը մտնէ նաեւ Սարգիս Սողանալեանը, որ զէնքի առեւտուրով կը զբաղէր: Հումորով գրուած էջեր են: «Էջեր օրագրից» բաժինին մէջ կը հանդիպինք յուշարձանի մը, որուն վրայ դրուած են երկու ծաղկեպսակՙ երկու կողմերու ձեռքով: Ինչո՞ւ չըսենքՙ նոյն քաղաքին մէջ երկու եկեղեցի, մէկը էջմիածնական, միւսըՙ անթիլիասական, երբ ուղղութիւնը միակ է... Դէպի երկինք: Խօսք կայ նաեւ սփիւռքահայու կարօտին մասին առ Հայաստան: Լա՛ւ խօսք: Կողմեր կան: «Դուն որո՞ւն հետ ես, հայաստանցի պարոն»: Հայաստանցի պարոնը բոլորին հետ է: Հաճելի դէպք է «Պատմութիւնը մնաց»ը, հիւմըրով գրուած: «Էսքիզներ» բաժինին մէջ իրապէս կան անջնջելի հանդիպումներ Պէյրութի մէջ: Մարդիկ կային հոն, որոնք այսօր չկան, շատեր չկան: Օհան հայրիկին մահը կը նկարագրուի: Սփիւռքահայ մը, որ մահամերձ է, կ՛ըսէ.- Եթէ նոյնիսկ մեռած ըլլամ ճամբուն, զիս տարէք Հայաստան: Այդպէս ալ եղաւ, Օհան հայրիկը Հայաստան հասաւ»: Կը խօսուի սփիւռքի դպրոցներուն մէջ հայ մանուկներու արտասանած բանաստեղծութիւններուն մասինՙ հատ-հատ, բառ առ բառ: Անոնք վաղը պիտի տոկան սպիտակ ջարդին: Ջարդ մըն ալ Հայաստանի երկրաշարժն է, որ հազարաւոր հայ մանուկներ փլատակներու տակ առաւ... Բայց Հայաստանը պիտի փոխարինէ այդ մեծ կորուստը.- «Վարդաններով, Անդրանիկներով, Բաղրամեաններով», կ՛ըսէ հեղինակը: Ու կ՛աւելցնէ. «Համոզուած եմ, որ ավերված քաղաքների փոխարեն կը կանգնեն նորերը, աւելի լաւերը, սակայն այլեւս արեւ չեն տեսնի հազարաւոր պզտիկ սեւուկ աչուկներ»: Էսքիզները գրուած են գրողական ձեռքով: Հասած ենք հատորին «Գրախօսականներ, ելոյթներ, խօսք առ յիշատակ» բաժինին. հոս տիրողը հրապարակախօսութիւնն է: Այս բաժինին առաջին նիւթը.- «Խոսք Սիրիայի Մշակութային միության 50-ամյակին», որ սկսած պատմութեամբ մըՙ երբ գերմանացի գերիներ գլխիկոր կ՛անցնին քաղաքի փողոցներէն ու... ռուս կիներ անոնց հաց կ՛երկարեն: Տիրողը մարդկային վերաբերմունքն է: Իսկ հեղինակին խօսքը ՍՄՄ-ի մասինՙ իրապէս արդար եւ արժեւորող վկայութիւն: Կը հաստատենք, քանի տարիներ այդ միութեան մէջ աշխատած ենք: «Ես մեղադրում եմ» յառաջաբան մըն է գիրքի մը, որ նուիրուած է դիւանագիտութեան, ուր հատու խօսք կայ Հայոց ցեղասպանութեան մասին, այպանելով լուռ կեցող պետութիւնները: Գրախօսուող գիրքին մէջ հետաքրքրական ցայտուն միտքը հետեւալն է.- «Լսելը եւ լռելը խոսելուց դժվար է»: Դիւանագէտի ճակատային խօսք: «Ե՞րբ հասար 75-ին» գրութիւնը իրաւ վկայութիւն մըն է Արման Նաւասարդեան դիւանագէտին մասին, քիչ մըն ալ յուզումնալից: Իսկ «Հայերի ներդրումը Օսմանեան կայսրութիւնում» ռուսերէն գիրքը տեղին կը բացայայտէ հայոց բերած ներդրումը Օսմանեան կայսրութեան մէջ կեանքի բոլոր ճակատներուն վրայ: Իրաւ փաստաթուղթ: «Մի փոքր ճշտում»ը կը վերաբերի կրօնքին ոչ մօտիկ հեղինակին կողմէ իրաւ նիւթի մըՙ նահատակուած վարդապետի մը գործին շուրջ, որ Պօղոս նուիրեալ վարդապետն է: Սրտալի ջերմութեամբ գրուած են «Երուանդ Պապայանի մեծարման խոսք», «Խոսուն հիշատակ» (խօսք Մեսրոպ Սրբազանին մասին), «Հավերժի ճամբորդները» (Գասպարեան Պատրիարքէն է նիւթը), «Դալլաքյան Կարլեն» (Հրաժեշտի խօսք), «Հասրաթեանի հիշատակին» էջերը: Բոլորին ժամանակակից ըլլալով կը հաստատեմ ըսուածներուն ճշգրտութիւնը: Հատորին «Լիբանանեան խճանկար» բաժինը անկեղծ մօտեցումի օրինակը մըն է իր «Սեխի պատմությամբ», պարզ հայու մը կողմէ Պէյրութի սովետական դեսպանատուն տարուած սեխ, նիւթապէս օգնելու պատմութեան հերոսներուն պէսՙ Սարգիս Սարգիսեան, Զաւէն Կոստանեան, որոնց մօտէն ծանօթ եղած եմ: Այս բոլորին մէջ ներկայ է հեղինակը, որ կ՛ուզէ «ես»ին «մենք» դառնալը: Բան մը, որ մինչեւ օրս բաղձանք կը մնայ: «Հիշատակ Լիբանանի պատերազմից»ըՙ վայրագութեանց շարք: Ուրիշ որոշում մըՙ ով ալ ըլլայ ղեկավարը, շարունակել աշխատիլ, երկրին համար աշխատիլ: Աշխատողը գործած է 12 վարչապետներու օրերուն: Իրաւ մեծ երեւոյթ: Երբ հեղինակը Տիգրան Մանսուրեանին համար կ՛ըսէ.- «Բարեկամ, եղբայրս, սիրելիս, միակս, անկրկնելիս, տաղանդավորս, հայրենասերս, ժպտերեսս, համեստս», այնքան սրտանց կ՛ըսէ, որ կը հաւատանք անոր անկեղծութեան: «Մեծերը անուն առ անուն» բաժինին հերոսները հանրածանօթ են.- Անդրանիկ Ծառուկեան, Վահրամ Մավեան, Վահէ-Վահեան, Մուշեղ Իշխան, Ուիլիամ Սարոյեան, Գառնիկ Ադդարեան, Վարուժան Սալաթեան, Երուանդ Քոչար, Վարուժան, Սերօ Խանզադեան, Վահագն Դաւթեան, Վարդգէս Պետրոսեան, Սիլվա Կապուտիկեան, Արա Կիւլէր, Սիմոն Սիմոնեան, Տիրան Աճեմեան, Յարութիւն Կուժունի: Բոլորին հետ ծանօթանալու, գործելու առիթ ունեցած է հեղինակը եւ բոլորին մասին ունի բարի խօսք, որոնց բոլորին մենք եւս ծանօթ ու մերթ գործակից ըլլալովՙ ուրախութեամբ կը ձայնակցինք Ռոմէն Կոզմոյեանի յայտնած միտքերուն: Գիրքին հրապարակագրական բաժինին մէջ կը հանդիպինք նաեւ Սփիւռքը սիրող Լեւոն Հախվերտեանին, ուր կը բացայայտուի Կոզմոյեան գրաքննադատը, այդ ալ ուժեղ ձեւով: Սփիւռքահայութեան հետ մշակութային կապի կոմիտէի մասին հեղինակին արժեչափերը ճիշդ են. մենք եւս կը վկայենք Համազասպեանին նուիրումին բերքառատ ըլլալը: «Մի սրբագրէք պատմութիւնը»: Այո՛ լաւին լաւ ըսելը աղուոր բան է: Մէկ խօսքովՙ Ռոմէն Կոզմոյեանի այս գործը տարիներու իր նուիրումէն ետք, ընթերցողին տեսադաշտին դիմաց պարզուող համայնապատկեր մըն էՙ մայր հայրենիքէն մինչեւ սփյուռքի զանազան գաղութներ: Երեւան, 9 սեպտ. 2015 |