RSS | FACEBOOK | NLA
ԳԼԽԱՎՈՐ | ՄՇԱԿՈՒՅԹ | ԸՆՏՐԱՆԻ | ՈՐՈՆՈՒՄ | ԱՐԽԻՎ | ԹԵՄԱ | ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐ
#024, 2016-06-24 > #025, 2016-07-01 > #026, 2016-07-08 > #027, 2016-07-15 > #028, 2016-07-22

ԱԶԳ ՕՐԱԹԵՐԹ - ՄՇԱԿՈՒՅԹ #26, 08-07-2016



Տեղադրվել է` 2016-07-07 20:52:47 (GMT +04:00)


Ընթերցված է` 1467, Տպվել է` 8, Ուղարկվել է էլ.փոստով` 0

ՀԵՏԱՔՐՔՐԱԿԱՆ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

Մարուշ ԵՐԱՄԵԱՆ, Գահիրէ-Երեւան

Լուսիկ Ագուլեցին ծանօթ եւ սիրուած անուն է երեւանեան արուեստի տարածքէն ներս:

Ծնած է 1946-ին, ինչպէս ինք կը սիրէ ըսելՙ Գողթան գաւառի (այսօրուան Նախիջեւան) Ագուլիս քաղաքը:

1953-ին ընտանիքին հետ փոխադրուած է Երեւան, ուր կ՛ապրի մինչեւ օրս:

Ագուլիս ծնած այս գեղանկարչուհին նաեւ ծանօթ է ամէնօրեայ իր հայկական զգեստներով, որոնց հանդէպ սէրը զինք արդէն մասնագէտ դարձուցեր է այս բնագաւառին մէջ եւ մղեր հրատարակելու «Հայկական տարազը ըստ նկարչուհի Լուսիկ Ագուլեցու», 2015 թուականին Երեւան հրատարակուած, «Ագուլեցի» հիմնադրամով: Այս հիմնադրամը այսօր լծուած է Ագուլեցիի տունը թանգարանի վերածելու աշխատանքներուն:

Ալպոմը ունի նկարչուհիին գրիչով գրուած լայն մուտք մըՙ «Տարազըՙ հայ ինքնութեան խորհրդանիշ» խորագրով, որուն անգլերէն թարգմանութիւնը եւս ներառնուած է այստեղ:

Որքան գիտենք, հայկական տարազը վերջերս է միայն, որ յատուկ ուշադրութեան արժանացած է: Քանի մը տասնեակ տարիներ առաջ Պարսկաստանի հայ համայնքը հրատարակած էր շքեղ ալպոմ մըՙ «Հայկական տարազ», ուր ներկայացուած զգեստներուն մեծ մասը կը պատկանէր պարսկահայ տիկիններու նախնիներուն, այլ խօսքովՙ առօրեային մէջ իրապէ՛ս օգտագործուած նմոյշներ էին:

Աւելի ետք, Լիբանանի մէջ նմանօրինակ ալպոմ մը լոյս տեսաւ, իսկ բաւական ետքը Հալէպի Գ.Վասպուրական միութեան տիկինները կազմակերպեցին հայկական տարազներու ցուցադրութիւն մը, որ մեծ յաջողութիւն գտաւ այն օրերուն:

Այսօր Երեւանի մէջ կը բանին լուսանկարչական երկու աշխատանոցներ, որոնց մասնագիտութիւնը հայկական տարազն է. լուսանկարուիլ փափաքողները կրնան ընտրել իրենց ուզած տարածը եւ անոնցմով նկարուիլ: Ասիկա կը հաստատէ հայկական տարազին հանդէպ օր ըստ օրէ աւելցող հետաքրքրութիւնը:

Իգական տարազին անքակտելի մաս կազմած է նաեւ զարդեղէնը, որ եղած է ոսկեայ, արծաթեայ կամ պղնձեայ, ըստ ընտանիքի կարողութեան: Այս զարդեղէնէն եւս նմոյշներ կը գտնենք այս ալպոմին մէջ:

Հարցազրոյցի մը ընթացքին նկարչուհին, որ նաեւ ազգագրագէտ կը համարուի, ըսած է.

«Ես մինչեւ ամուսնութիւնս տարազ չէի կրում. ի միջի այլոցՙ այդ տարիներին շատ ճաշակով էի հագնում, ժամանակին համընթաց: Իսկ ամուսնութիւնից յետոյ սկսեցի տարրեր օգտագործել, կամաց-կամաց լրիւ անցայ տարազի» (ladynews.am):

Իսկ հայ կիներուն համար հետաքրքրական բնութագրումներ կ՛ընէ.

«Երբեմն ասում են, թէ հայ կինը ստրկական վիճակում է եղել, բայց այդպէս չէ: Նա իշխանուհի է եղել, սիրոյ եւ գեղեցկութեան խորհրդանիշ... Այդ խոնարհութիւնը ստրկութիւն չէ բնաւ: Հայ կնոջ գլխաւոր զէնքը ընտանիքը պահելու կարողութեան մէջ է: ... Հայուհիները խելացի են, կարողացել են եւ կը կարողանան դիմակալել կեանքի դժուարութիւններին» (նոյն տեղը):

Ալպոմի նախաբանին մէջ նկարչուհին կը յիշէ տարազագէտ Առաքել Պատրիկը, ըստ որուն Արեւելեան եւ Արեւմտեան Հայաստանը ունեցեր է շուրջ յիսուն գաւառներու եւ անոնց ենթագաւառներու տարազները: Հայոց մեծ եղեռնը սակայն այլ կորուստներու կարգին պատճառ դարձաւ նաեւ տարբեր գաւառներու յատուկ տարազներու կորուստին:

Յետոյ սակայն, երբ արեւմտեան գաւառներէն ժողովուրդը Սովետական Հայաստան գաղթեց, կրցաւ պահպանել Բարձր Հայքի շքեղ տարազներուն առանձնայատկութիւնները:

Անցեալ դարու եօթանասունական թուականները մինչեւ, մանաւանդ ծեր կանայք պահպանած էին իրենց տարազները եւ հպարտութեամբ կը հագնէին զանոնք:

Անշուշտ հայկական տարազներու ուսումնասիրութեան նուիրուած են կարգ մը երկեր, ինչպէս Վարդան Հացունիի «Պատմութիւն հին հայ տարազին» (1923), որ այս նիւթով առաջին ծանրակշիռ ուսումնասիրութիւնը կը համարուի: Աւելի ուշ Եր. Լալայեան, Ստ. Լիսիցեան, Հ. Փափազեան եւ ուրիշներ իրենց աշխատասիրութիւններով հարստացուցին այս բնագաւառը:

Ըստ ազգագրագէտ Վ. Բդոյեանի, հայկական տարազը հինգ խումբերու կը բաժնուի.

Արարատեան, Սիւնեաց, Բարձր Հայքի, Վասպուրականի եւ Կիլիկիոյ յատուկ տարազներ: Կիլիկիոյ տարազները բարդ են իրենց ձեւերով, ձեռագործ աշխատանքներով, թելերու բազմազանութեամբ, արծաթեայ զարդերու բացառիկ կատարելագործութեամբ, բայց մանաւանդ գաղափարով, որ կապուած է տիեզերական մտածողութեան, պտղաբերութեան եւ կենաց ծառին հետ:

Ըստ նկարչուհիին, տարազն ալ մշակութային այլ դրսեւորումներու կողքին նոյնքան կարեւոր է, մանաւանդ «կորուսեալ հայրենիքիՙ Արեւմտեան Հայաստանի տարբեր գաւառների տարազները: Հասկացայ, որ տարազը նոյնպէս կարեւոր երեւոյթ է որպէս ազգ պաշտպանուելու տեսակէտից»:

Ալպոմը կը պարփակէ Լուսիկ Ագուլեցի նկարչուհիի կեանքին վերջին 43 տարիներուն հագած կամ ձեւաւորած զգեստներու լուսանկարները, պատրաստուած հին թէ նոր նմոյշներ, ոտնամաններ, կերպասէ գօտիներ եւ այլ մանրամասնութիւններ:

Ամենէն հետաքրքրական ու գեղեցիկ լուսանկարները սակայն արծաթեղէնն էՙ գլխու յատուկ զարդերէն մինչեւ գօտիները, ապարանջանները, մատանիները:

Անակնկալ էր տեսնել ապարանջաններու ա՛յն նմոյշները, որոնց կը կապուին քանի մը մատանիներ, ափին վրայէն, շղթաներով միացուած, եւ որոնցմէ մէկն ալ ոչ թէ մատանի, այլ... մատնոց մըն է: Ասիկա շատ լաւ ձեւ է անձնական մատնոցը քովը ունենալու եւ չկորսնցնելու, եւ անշուշտ կը հաստատէ կարի եւ ձեռագործի կարեւորութիւնը հայ կնոջ համար:

Հետաքրքրական են կնոջական կարմիր ֆէսերը, որոնք զարդարուած են արծաթեայ նախշերով կամ արծաթաթել հիւսուածքներով:

Կ՛ուզէի տեսնել նաեւ նմոյշ մը արծաթեայ հարսանեկան այն գօտիներէն, որոնց երկու կողմերը ունելիներ ամրացուած են, պարի ընթացքին հարսին կրկնազգեստը վեր պահելու համար:

Ալպոմը հարուստ է նաեւ վաւերագրական լուսանկարներով, ուր կ՛երեւին տարբեր գաւառներու հայուհիներ իրենց տարազներով:

Օգտաշատ, միաժամանակ հաճելի ալպոմ մը:

 
 

ԱԶԳ ՕՐԱԹԵՐԹ - ՄՇԱԿՈՒՅԹ #26, 08-07-2016

Հայկական էկեկտրոնային գրքերի և աուդիոգրքերի ամենամեծ թվային գրադարան

ԱԶԳ-Ը ԱՌԱՋԱՐԿՈՒՄ Է ԳՐԱՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

ԱԶԴԱԳԻՐ