RSS | FACEBOOK | NLA
ԳԼԽԱՎՈՐ | ՄՇԱԿՈՒՅԹ | ԸՆՏՐԱՆԻ | ՈՐՈՆՈՒՄ | ԱՐԽԻՎ | ԹԵՄԱ | ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐ
#046, 2016-12-09 > #047, 2016-12-16 > #048, 2016-12-23

ԱԶԳ ՕՐԱԹԵՐԹ - ՄՇԱԿՈՒՅԹ #48, 23-12-2016



Տեղադրվել է` 2016-12-22 21:43:54 (GMT +04:00)


Ընթերցված է` 5456, Տպվել է` 21, Ուղարկվել է էլ.փոստով` 0

ՊԱՀՊԱՆԵԼ, ԲԱՅՑ ԻՆՉՊԷ՞Ս

ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ

Վերջին տարիներուն, աւելի ճիշդՙ Սուրիոյ պատերազմի վեցամեայ տարիներուն առընթեր, հոս ու հոն գումարուած գիտաժողովներուն, հաւաքներուն ու հանդիպում-հարցազրոյցներուն մեծամասնութեան գլխաւոր նիւթը մէյ մը Սուրիոյ պատերազմն է, մէյ մըն ալ արեւմտահայերէնի պահպանման հարցը:

Շատ մելան հոսեցաւ, թէպետ այլեւս մելան գործածող չմնաց, շատ ալ խօսք յեղուեցաւ այս երկու հրատապ հարցերու քննարկման ի խնդիր: Պատերազմի հարցն ու անկէ փխող տարատեսակ խնդիրները մէկ կողմ ձգենք ու խօսինք արեւմտահայերէնի պահպանման հարցին մասին, աւելի ճիշդՙ արեւմտահայերէնի ճգնաժամին ու զայն փրկելու ի խնդիր առաջարկուած միջոցներուն մասին:

Ընդհանրապէս կ՛առաջարկուի որ Սփիւռքի մէջ օգտագործուող լեզուին պահապանը ըլլայ Հայաստանը, քանի Սփիւռքը անկայուն է, իսկ Հայրենիքը կայացած պետականութիւն է: Առաջարկը որքան ալ տրամաբանական ըլլայ, ցանկատեսութեամբ, փափաքելով, կամ պետական, պաշտօնական որոշումով լուծուելիք հարց չէ:

Բացատրութիւնս կանխեմ ու ըսեմ, որ սփիւռքահայու խօսակցական լեզուն անհնար է Հայաստանի մէջ պահել, գրականութիւնըՙ այո՛, կարելի է նաեւ մայր հայրենիքի մէջ պահել, իսկ լեզուն, մեր գրաբարին նման կը պահպանուի միայն որոշ անձերու եւ որոշ նպատակներու ծառայելու համար եւ ոչ ամէնօրեայ խօսակցութեանց: Ո՞վ պիտի օգտագործէ արեւմտահայերէնը Հայաստանի մէջ եւ ինչո՞ւ: Սուրիահայե՞րը որ հաստատուած են այստեղ, բայց անոնք արդէն ընտելացած են տեղական լեզուին եւ կը փորձեն իւրացնել ու մերուիլ տեղացիներուն հետ:

Թերեւս անհատ լեզուաբաններ, իրենց ուսումնասիրութեանց համար, թերեւս թատրոններ, արեւմտահայ թատերգութեանց պարագային, գուցէ նաեւ ձայնասփիւռն ու հեռատեսիլը, եթէ արեւմտահայերէնով շաբաթական յայտագիր մը ունենար իր ծրագրին մէջ:

Հայաստանցին իր արատաւոր, օտար բառերով վխտացող բարբառէն վազ չ՛անցնիր, ալ ո՜ւր մնաց, որ նոր խօսակցական լեզու մը իւրացնէ: Վասն ինչի՞: երկրին պետական, պաշտօնական լեզուն հայերէնն է, որ իր տարբերակները ունի, մին գրական, որ բաւական մաքուրն է, իսկ միւսը խօսակցական, որ բաւական յագեցած է օտար բառերովՙ արաբերէն, թրքերէն, ռուսերէն... Ասոնց կողքին գոյութիւն ունի եւ լայն ու վտանգաւոր տարածում գտած է պատանի եւ երիտասարդ սերունդին մօտ այլ խօսակցական լեզու մը, որ օտար բառով «Ժառկոն» կ՛անուանեն եւ անոր անծանօթ ունկնդրին համարՙ դժուար հասկնալի:

Ահա՛ այս երեք տարբերակներն են Հայաստանի լեզուական դաշտի բաղադրիչները եւ անհնար է զանոնք փոխել:

Գալով արեւմտահայերէնին, ապա զայն պահողները պիտի ըլլան սփիւռքահայ գրողներն ու մամուլը, այնքան ատեն, որ Սփիւռք կայ եւ Սփիւռքի մէջ դպրոցներ կան, գրող եւ կարդացող կայ:

«ԱԶԳ» շաբաթաթերթը ունի եւ յաճախ կը հիւրընկալէ արեւմտահայերէնով եւ Մեսրոպեան ուղղագրութեամբ սիւնակագիր-յօդուածագիրներ. երանի ուրիշ թերթեր եւ լրատուամիջոցներ ալ հետեւէին անոր օրինակին: Արեւմտահայերէնը պահպանելու կարեւոր քայլ մը չէ՞ ասիկա: Թող դպրոցներուն մէջ ալ շաբաթական գոնէ մէկ պահ յատկացնեն, որպէսզի աշակերտին աւելի մատչելի դառնայ արեւմտահայ գրականութիւնը:

Եթէ կայ ցանկութիւն, միջոցները չեն պակսիր:

 
 

ԱԶԳ ՕՐԱԹԵՐԹ - ՄՇԱԿՈՒՅԹ #48, 23-12-2016

Հայկական էկեկտրոնային գրքերի և աուդիոգրքերի ամենամեծ թվային գրադարան

ԱԶԳ-Ը ԱՌԱՋԱՐԿՈՒՄ Է ԳՐԱՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

ԱԶԴԱԳԻՐ