RSS | FACEBOOK | NLA
ԳԼԽԱՎՈՐ | ՄՇԱԿՈՒՅԹ | ԸՆՏՐԱՆԻ | ՈՐՈՆՈՒՄ | ԱՐԽԻՎ | ԹԵՄԱ | ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐ
#046, 2016-12-09 > #047, 2016-12-16 > #048, 2016-12-23

ԱԶԳ ՕՐԱԹԵՐԹ - ՄՇԱԿՈՒՅԹ #48, 23-12-2016



ԱՐՁԱԳԱՆՔ

Տեղադրվել է` 2016-12-22 21:43:54 (GMT +04:00)


Ընթերցված է` 5523, Տպվել է` 18, Ուղարկվել է էլ.փոստով` 0

«ԵՐԵՒԱՆԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆ» 95-ԱՄԵԱԿ

Աւետիս ԵԱՓՈՒՃԵԱՆ

Հեղինակՙ Պարոյր Աղպաշեան

Այս հատորը սփիւռքահայ երախտագէտ ուսանողի մը երախտագիտական զգացումներուն արտայայտութիւնն է հանդէպ իր Մայր հայրենիքին, այն օրերու Խորհրդային Հայաստանի, հանդէպՙ Երեւանի Պետական համալսարանին, ուր ան «մարդ եղած էր», նաեւ հանդէպ իր դասախօսներուն, որոնք իր մէջ կերտած ու կոփած են Մարդն ու Հայըՙ գլխագիր: Երբեմնի այս ուսանողըՙ այսօրուան այնքան բեղուն գրիչով, այնքան հմտալից ու իմաստալից իր յօդուածներով, այնքան ծանօթ Պարոյր Աղպաշեանն է, որուն գրութիւնները կ՛ողողէին «Զարթօնք» օրաթերթին անհամար էջերը, երբ անոր պատասխանտու խմբագիրն էր ան, եւ այսօր ալՙ անոնք կ՛ողողեն «Նոր Օր» շաբաթաթերթին բազում սիւնակները:

Պարոյր Աղպաշեանի այս հատորը, Երեւանի Պետական համալսարանի իր դասախօսներուն գրեթէ կենսագրականն է, այն տարբերութեամբ, որ մինչ սովորական կենսագրութիւնները կու տան ենթականերուն կեանքին ու գործին չոր ու ցամաք տուեալները, Պարոյր Աղպաշեանի այս «հանրագիտարանը» կը ներկայացնէ իր «փարոսները», ինչպէս որ ան կը բնորոշէ իր դասախօսները, որպէս կենդանի, ապրող ու շնչող անձնաւորութիւններ: Պարոյր Աղպաշեան երախտագիտական անխառն զգացումներով տոգորուած է անոնց հանդէպ, որովհետեւ անոնց շնորհիւ է, որ ինք եղած է այն հրապարակագիրը, որուն հայագիտական պաշարը այնքան յորդաբուխ է, որ կը ժայթքէ անվախճանՙ բառին բուն առումով, սփիւռքահայ մամուլին անհատնում էջերէն դուրսՙ կազմելով ստուարածաւալ հատորներու ամբողջ շարք մը:

Պարոյր Աղպաշեան քիչերէն մէկն է, որոնք գիտութիւն ամբարելով Երեւանի Պետական համալսարանին մէջ, վերադարձան սփիւռքահայ գաղթօճախներըՙ իրենց իւրացուցած կենսաբուխ գիտութիւնը ի սպաս դնելու իրենց ժողովուրդինՙ մշակելով գրականութիւն մը, որ նուիրում է Հայ դատին, հայ մշակոյթին, հայ պանծալի ոգիին, անոնց ծառայելով իրենց ողջ կարելիութիւններով:

Այս հատորին Բ. բաժինը կ՛ընդգրկէ «կենսագրական գիծերն ու գլխաւոր գործերը» Պարոյր Աղպաշեանի այն դասախօսներուն, որոնց անունները դաջուած կը մնան հայ գրականութեան պատմութեան մէջ անջնջելիօրէն: Պարոյր Աղպաշեան հպարտ է իր այս պատկառելի դասախօսներով, երբ կը գրէ. «Իւրաքանչիւր դասախօս, իր ոճով ու հմայքով, իր դերով ու նպատակով, դարձաւ մնայուն փարոս մը, որովհետեւ բոլոր անոնք, որոնք իրենց կեանքի ասպարէզը դարձուցին այս մասնագիտութիւնը, հետեւելով իրենց դասախօսներուն ուղիին եւ այսօր հպարտ են անոնց աշակերտելով, հպարտ են դառնալով անոնց ժառանգորդները, հպարտ են այդ հուրը անշէջ պահելով ու հպարտ են շարունակելով այդ երթը»:

Պարոյր Աղպաշեան կը շեշտէ իր այս մեծանուն դասախօսներունՙ իրենց ուսանողներուն տուած ուսման առընթեր, նաեւ անոնց ջամբած հայրենասիրական զգացումներուն կարեւորութիւնը, եւ տալէ ետք «համալսարանական-լսարանային պատկերը», կը գրէ. «Բայց մանաւանդ կային հայրենաճանաչման ու հայաճանաչման խորիմաստ հնարաւորութիւնները, ի տես հայրենիքի հրաշագեղութեան, պատմականութեան, մշակութային կենդանութեան, արուեստի հնչեղութեան, տիրող ջերմ մթնոլորտին, որոնք բոլորն ալ մեր մէջ կերտեցին «վերածնունդ» մը անհատականութեան ու հեղինակութեան, մարդասիրութեան ու հայասիրութեան»:

Պարոյր Աղպաշեանՙ այս ձեւով մը «բացման խօսքը» կ՛աւարտէ հետեւեալ յատկանշական եւ հայ արի մտաւորականին վայել արտայայտութեամբ. «Ես ինքզինքս հպարտ կը զգամ, որ հակառակ բազմաթիւ առիթներուՙ մեկնելու այլուր եւ կամՙ ասպարէզ փոխելու, մնացի պատնէշի վրայ, ի ծառայութիւն մեր ազգային կեանքին ու գործունէութեան, կրթականէն մինչեւ դասախօսականը, հասարակականէնՙ միութենականը, լեզուագիտականէնՙ գրականագիտականը, հրապարակագրականէնՙ լրագրականը»:

Եւ այդ նուիրումը իր ժողովուրդին Պարոյր Աղպաշեան կը վերագրէ, իրաւացիօրէն եւ արդարացիօրէն, Երեւանի Պետական համալսարանէն իր ստացած ազգասիրական-հայրենսիրական դաստիարակութեան. «Ասիկա ի՞նչ ցուցանէ, եթէ ոչ Երեւանի Պետական համալսարանէն ստացած մեր կրթութիւնն ու դաստիարակութիւնը, հայերէնագիտական ու հայագիտական իրենց բովանդակ պարունակով ծառայեցնելու այն պարտաւորութիւններուն ու պարտականութիւններուն, որոնք մեր ճիտին պարտքն են»:

Եւ Պարոյր Աղպաշեան Երեւանի Պետական համալսարանին հզօրացման ազդակը կը նկատէ. «Թերեւս 95 տարեկան համալսարանին հզօրացման գագաթնակէտը հանդիսացաւ խորհրդային կարգերու շրջանը, երբ ան դարձաւ ոչ միայն հայ ժողովուրդին յոյս եւ լոյս ներշնչող աղբիւրը, այլ նաեւ հպարտութիւն ու վստահութիւն առթող կիզակէտը»:

Իսկ այս հատորին տուն տուող նպատակին առնչութեամբ Պարոյր Աղպաշեան կը գրէ. «Միտքի ու գրիչի ճամբով, երախտագիտական ու շնորհապարտական խօսք ուղղել դասախօսներուս, որոնք եղան մեծեր ու լուսաւորիչներ, դառնալով մեր մասնագիտութեան բարեհունչ, ջերմաշունչ ու համահունչ ներդրողներն ու գործիչները»:

Այս հատորին մէջ ամփոփուած են քսան դասախօսները Պարոյր Աղպաշեանի, որոնք հայագիտութեան մէյ-մէկ տիտաններ էին իրենց ժամանակին, եւ այդպիսին ալ անոնց անունները քանդակուած պիտի մնան հայ գրականութեան էջերուն մէջ:

Այսօր, երբ Պարոյր Աղպաշեանի այս հատորը լոյս կը տեսնէ, հայ գրականութեան այդ տիտանները չկան արդէն, անոնք իրենց աչքերը փակած են առյաւէտ, սակայն անոնք չեն կորսուած, անոնք կ՛ապրին իրենց ուսանողներուն մտքին մէջ, եւ կ՛ապրին մանաւանդ Պարոյր Աղպաշեանի այս երախտագիտական հատորին շնորհիւ, որովհետեւ անոնք հայ գրականութեան անփոխարինելի հմայքը փոխանցելով իրենց ուսանողներուն, իրենք ալ այսօր կ՛ապրին անոնց հետ, կ՛ապրին իրենց հայագիտական վաստակով, որ անմոռանալի կը մնայ հայ ժողովուրդին պատմութեան տարեգրութիւններուն մէջ: Այս հատորը Պարոյր Աղպաշեանի երախտագիտական զգացումներուն արդար եւ անզուսպ պոռթկումն է: Վարձքդ կատար, սիրելի Պարոյր, թող օրինակդ վարակիչ ըլլայ նաեւ ուրիշներու համար:

Սիտնի, Աւստրալիա

 
 

ԱԶԳ ՕՐԱԹԵՐԹ - ՄՇԱԿՈՒՅԹ #48, 23-12-2016

Հայկական էկեկտրոնային գրքերի և աուդիոգրքերի ամենամեծ թվային գրադարան

ԱԶԳ-Ը ԱՌԱՋԱՐԿՈՒՄ Է ԳՐԱՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

ԱԶԴԱԳԻՐ